ՄԱՐԴԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

«Մար­դա­պաշ­տու­թիւն» կամ «մարդ­կայ­նու­թիւն»՝ «humanisme» կը նշա­նա­կէ՝ մար­դը պաշ­տող, ա­նոր հան­դէպ մեծ ու չա­փա­զանց սէր ցոյց տուող տե­սու­թիւն, «մար­դա­դա­ւա­նու­թի՛ւն»։ «The Christian Century» շա­բա­թա­թեր­թի խմբագ­րա­կան­նե­րու մէջ կը հան­դի­պինք հար­ցու­մի մը՝ որ կը հարց­նէ. «Ի՞նչ է մար­դը»։

«Ի՞նչ է մար­դը»։ Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը թէ­պէտ կարճ է, եւ սա­կայն կ՚ար­ժէ կար­դալ ե՛ւ խոր­հիլ ա­նոր վրայ, խորհր­դա­ծել, քա­նի որ դա­րե՜ր շա­րու­նակ մարդ­կա­յին միտ­քը զբա­ղե­ցու­ցած է այս հար­ցու­մը, եւ կը շա­րու­նա­կէ զբա­ղեց­նել, քա­նի որ մարդ «ան­ծա­նօթ» մըն է եւ պի­տի մնայ միշտ «ան­ծա­նօ՛թ»՝ նախ ինք ի­րե՛ն նկատ­մամբ եւ ի­րա­րո՛ւ նկատ­մամբ։

Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ա­մէն շրջա­նին վե­րո­յի­շեալ. «ի՞նչ է մար­դը, ի՞նչ է ա­նոր վախ­ճա­նը եւ նպա­տա­կա­կէ­տը» հար­ցու­մին իբր պա­տաս­խան, կարգ մը ի­մաս­տա­սէր­ներ, նաեւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րեր սա վսեմ ու ի­մաս­տա­լից պա­տաս­խա­նը կու տան. «Մար­դը՝ Աս­տու­ծոյ փառ­քին հա­մար ստեղ­ծուած էա՛կ մըն է»։­

Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր չէ, որ խումբ մը մար­դիկ, որ հետզ­հե­տէ սկսան մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մել, պատ­րաստ էին այդ պատ­կա­ռե­լի պա­տաս­խա­նը մէկ կողմ դնե­լու եւ ա­նոր տեղ սա­պէս ը­սե­լու. «մար­դուն ծա­ռա­յու­թիւ­նը»՝ որ­պէս նպա­տա­կա­կէտ։

Alexander Smith, սկով­տիա­ցի բա­նաս­տեղ­ծը սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ա­մե­նէն տխուր բա­նը այն ա­տեն կը պա­տա­հի հո­գիի մը, երբ ան կը կորսնց­նէ իր հա­ւատ­քը առ Աս­տուած»։ Ու­րեմն ե­թէ, ինչ­պէս կը հա­ւա­տանք Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեա­նը եւ մեր հա­ւատ­քը այն­քան սեր­տօ­րէն կա­պուած են մար­դուն եւ մարդ­կա­յին կեան­քին եւ եր­ջան­կու­թեան հետ, ա­պա ու­րեմն, ո՜ր­քան գե­րա­զան­ցօ­րէն ա­ւե­լի՛ մօ­տէն կա­պուած են ա­նոնք ժո­ղո­վուր­դի մը կեան­քին ու գո­յու­թեան հետ, քա­նի որ իր հա­ւատքն ու Ե­կե­ղե­ցին ե­ղած են, այս­քան դա­րե­րու մի­ջո­ցին ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող ու տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող ա­մե­նէն զօ­րա­ւոր ազ­դակ­նե­րը։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս Մեծ պահ­քի օ­րե­րուն պէտք չու­նին ի­րենց սխալ­մունք­նե­րուն, մո­լո­րանք­նե­րուն վե­րա­հաս ըլ­լա­լու, քա­նի որ մար­դա­պաշ­տա­կան են­թադ­րու­թիւն­նե­րը՝ «humanistic» տե­սու­թիւն­նե­րը եւ հա­մո­զում­նե­րը, մարդ­կա­յին կեան­քի մա­սին մա­նա­ւանդ, ա­ւան­դա­կան ներ­կայ հա­ւա­տա­լիք­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը «սնան­կու­թեան» դու­ռը հաս­ցու­ցած կ՚ե­րե­ւին, գրե­թէ ան­կա­րե­լի ը­նե­լով մար­դուս յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը։

Դառն փոր­ձա­ռու­թեամբ սոր­վե­ցան մար­դիկ, թէ ի­րենք չեն կրնար հա­ւատք ըն­ծա­յել մար­դուն՝ մին­չեւ որ Աս­տու­ծոյ ա­ւե­լի՛ հա­ւատք չըն­ծա­յուի։

Ուս­տի մին­չեւ որ ա­ռաջ Աս­տուած չսի­րուի, բա­ւա­կան դժուա՛ր է սի­րել ըն­կե­րը եւ նոյ­նիսկ ինք­զինք։

Մար­դա­պաշտ­նե­րը «humanists» եր­բեմն կը յայ­տա­րա­րեն եւ կամ ա­ւե­լի լա՛ւ է ը­սել, կը յայ­տա­րա­րէին, թէ՝ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­լը, պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ որ մարդ ինքն իր եւ ըն­կե­րին վար­կը նուաս­տաց­նէ, ցածց­նէ՛։ Սա­կայն այս կէ­տին մէջ, մար­դուն «սիրտ»ը՝ նե­րաշ­խար­հը եւ հո­գին սխա՛լ ըմբռ­նած էին, քա­նի որ բուն ա­սոր հա­կա­ռակն է ճշմա­րիտն ու ճշմար­տու­թիւ­նը։

Մարդ չի կրնար շա­րու­նա­կել ապ­րիլ, կեանք վա­րել ա­ռանց ինքն ի՛ր վրայ հա­ւատք ու­նե­նա­լու, եւ նոյն ա­տեն այդ հա­ւատ­քը չի կրնար ու­նե­նալ, ա­ռանց հա­ւա­տա­լու տիե­զեր­քի մը՝ որն որ կա­րո՛ղ պի­տի ըլ­լայ իր «կեան­քը ար­ժեց­նել»ու սե­փա­կան ար­ժա­նի­քով մը, ո­րով պի­տի կրնայ մնա­յուն, մշտա­կայ կա­րե­ւո­րու­թեան հասց­նել, եւ այս տե­սակ տիե­զեր­քի մը հա­ւա­տա­լու միակ ու ճշմա­րիտ ճամ­բան Աս­տու­ծոյ վրայ հա­ւա՛տք ու­նե­նալն է եւ ամ­բողջ էու­թեամբ վստա­հիլ Ա­նոր։

Խիստ նշա­նա­կե­լի, ի­մաս­տա­լից եւ այժ­մէա­կան է վե­րո­յի­շեալ խտա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ զոր խորհր­դա­ծու­թեան ա­ռար­կայ ը­նե­լով պէտք է ման­րա­մասն քննել, ու­սում­նա­սի­րել, եւ մարդ­կա­յին ներ­կայ յեղ­յե­ղուկ եւ ան­կա­յուն մտքի վի­ճա­կին ու­ղիղ եւ շի­տակ ուղ­ղու­թիւն տալ կեան­քի հիմ­նա­կան եւ էա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու մա­սին, եւ դար­ձեալ դառ­նալ այս ան­խախտ հա­ւատ­քին.

«Աս­տու­ծոյ փառ­քը», փո­խա­նակ «մար­դուն ծա­ռա­յու­թիւ­նը», եւ ա­հա՛ մար­դուս կեան­քին պատ­ճա­ռը, նշա­նա­բա­նը եւ ամ­բողջ ի­մաս­տը, եւ գոր­ծու­նէու­թեան ու ծա­ռա­յու­թեան մղիչ ու­ժը։

Ու­րեմն պէ՛տք է ըստ ար­ժան­ւոյն ըմբռ­նուի «մար­դու կեանք»ին նպա­տա­կը եւ ի­մաս­տը, եւ այդ ի­մաս­տին անդ­րա­դառ­նա­լէ յե­տոյ, պէտք է զօ­րաց­նել ու հաս­տա­տել հա­ւատ­քը՝ կրօն­քի ի­րա­կա­նու­թեան, եւ ամ­բողջ էու­թեա­նը մէջ։ Եւ սա պէտք է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներշն­չուի կեն­սու­նա­կու­թեան եւ հա­ւա­տար­մօ­րէն հա­ւա­տա­լու ո­գին։

Եւ այս­պէս, ժո­ղո­վուր­դին ի­մա­ցա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեանքն ալ կը զար­գա­նայ միշտ եւ նշա­նա­կա­լից ու գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ­ներ կը պար­զէ։ Եւ երբ միտ­քեր զար­գա­նան՝ հո­գի­ներ ալ հետզ­հե­տէ կ՚ազ­նուա­նան։

Ար­դա­րեւ մտա­պէս զար­գա­ցած՝ բա­րե­կիրթ ու ազ­նուա­կան մար­դը «գա­ղա­փա­րի կռիւ» մղե­լու ա­տեն վեր կ՚ել­լէ անձ­նա­կա­նու­թե­նէ եւ քա­ղա­քա­վար ու վա­յե­լուչ ո­ճով կը պար­զէ իր տե­սա­կէտ­նե­րը, յար­գե­լով միան­գա­մայն իր­մէ տար­բե­րող­նե­րու կար­ծի­քի ա­զա­տու­թիւ­նը եւ զայն յայտ­նե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Ուս­տի պէտք է մշա­կուի ա­զա­տա­կան ու հան­դուր­ժո­ղա­կան ո­գին մար­դոց մէջ՝ եր­ջա­նիկ կեանք մը ապ­րե­լու հա­մար։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ՝ նիւ­թա­պաշ­տա­կան եւ զա­նա­զան ի­րե­րա­մերժ գա­ղա­փար­նե­րու եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու հո­սան­քէն տա­րուած ան­հատ­նե­րու ապ­րած սա դա­րուն՝ կա­րե­ւո՛ր է եւ անհ­րա­ժեշտ ժո­ղո­վուր­դի մէջ հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րար­ծար­ծու­մը՝ մէկ կող­մէն ա­ւան­դա­կան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար, եւ միւս կող­մէ իբ­րեւ դեղ­թափ՝ հա­կազ­դե­լու հա­մար թու­նա­ւոր ու խա­թա­րիչ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու։

Այս կեն­սա­կան խնդրին ի­րա­գոր­ծու­մը եւ յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­խեալ է նկա­րագ­րով, նուի­րու­մով եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ պա­շա­րա­պինդ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­րաս­տու­թե­նէն։ Կա­րող եւ ար­ժա­նա­ւոր ան­ձե­րու հա­մար ե­կե­ղե­ցա­կան կո­չու­մը պէտք է տա­նե­լի դարձ­նել, խո­չըն­դոտ­նե­րը բառ­նա­լով։ Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ ե­կե­ղե­ցա­կան բա­րե­կար­գու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին կրօ­նա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան հարցն է էա­պէս։ Ե­կե­ղե­ցա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ընդ­հան­րա­պէս հա­կա­ռակ, ու­րա­ցող ու մեր­ժող գա­ղա­փար­նե­րու դէմ պայ­քա­րը կա­րե­լի է մղել նուի­րուած, բարձր նկա­րագ­րի տէր, ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած, գի­տա­կից եւ մա­նա­ւանդ ի­րա՛ւ հա­ւա­տա­ցեալ «պաշ­տօ­նեայ»նե­րու մի­ջո­ցով։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ ի­րա՛ւ հո­գե­ւո­րա­կա­նը պէտք է ի­րա­պէս նուի­րուած ըլ­լայ Ե­կե­ղե­ցիին, եւ ո՛չ թէ իր անձ­նա­կան շա­հե­րուն. ան­կեղծ կեր­պով պէտք է պաշտ­պան կանգ­նի Ե­կե­ղե­ցիի շա­հե­րուն, մին­չեւ իսկ զո­հե­լով իր անձ­նա­կան շա­հե­րը, եւ միայն ա՛յս­պէս կրնայ դի­մադ­րել «օ­տար» ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու եւ չտա­րուիլ ա­նոնց­մով, ո՛չ միայն ինք, այլ մա­նա­ւա՛նդ իր ժո­ղո­վուր­դը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 25, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016