ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Յինանց 43-րդ օրը, Հայ Եկեղեցին կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։ Այս տարի, 28 Մայիս Կիրակի օրուան կը հանդիպի այս տօնը՝ որ Քրիստոսի Համբարձման յաջորդող Կիրակի օ՛րն է։ Այս տօնը Ծաղկազարդի անունէն առած է իր կոչումը։
Երկրորդ Ծաղկազարդը համբարձեալ Քրիստոսի Վերին Երուսաղէմ մտնելու յիշատակն է։ Երբ Քրիստոս համբարձաւ, հրեշտակներ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին զԱյն։ Ըստ ընկալեալ աւանդութեան, Խոր Վիրապի մէջ բանտարկուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, չորրորդ դասի պատկանող հրեշտակ մը կը սպասարկէր։ Քրիստոսի համբարձման չորրորդ օրը, այսինքն՝ Երկրորդ Ծաղկազարդի Կիրակի օրը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին չ՚այցելեր, անշուշտ, Սուրբը շատ կը զարմանայ հրեշտակին այս անակնկալ բացակայութեանը համար։
Յաջորդ օրը, երբ դարձեալ կը յայտնուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, հրեշտակը եւ կը շարունակէ սպասարկել։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը հարցնէ հետաքրքրութեամբ հրեշտակին անակնկալ բացակայութեան պատճառը։ Հրեշտակը կ՚ըսէ, թէ այն օրը որ բացակայած էր, երկնային Արքայութիւնը կը տօնէր Յիսուս Քրիսոտսի երկինք համբառնալը եւ նոյն օրը չորրորդ դասակարգութեան տօնն էր։
Ուստի Համբարձման յաջորդող ինը օրերուն Քրիստոս հրեշտակներու ինը դասերուն եկաւ եւ իւրաքանչիւր դասակարգ Քրիստոսի այցելութիւնը տօնեց՝ Քրիստոսի երկինք յաղթական վերադարձը փառաբանելու համար, ինը օրեր շարունակ հանդէսներ սարքուեցան հրեշտակներու ինը դասակարգներու կողմէ։
Հոս, միջանկեալ, կ՚ուզենք խօսիլ հրեշտակներու մասին, որոնք Աստուծոյ ծառայութեան յատկացուած՝ անմարմին՝ հոգեւոր էակներ են։ «Հրեշտակ» բառը ըստ լեզուաբաններու, ծագած է աւեստայի լեզուէ՝ զենդերէնի «fraesta» կամ պահլաւերէն «frestak» բառերէն՝ որոնք լատիներէն «angelus», յունարէն «անգելոս»՝ կը թարգմանուին՝ պատգամաւոր, սուրհանդակ, հոգեղէն էակ՝ որ միաստուածեան կրօններու մէջ կը համարուի «Աստուծոյ պատգամաբերը»։
Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Հրեշտակներ՝ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ բոլոր հրեշտակներու տօնը։ Եւ ահաւասիկ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին Խոր Վիրապի մէջ սպասարկող հրեշտակը ասոնցմէ՝ չորրորդ դասակարգի պատկանող հրեշտակ մըն էր։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի համաձայն, բացի հրեշտակներու ամենաստորին դասէն, որոնք ալ կը ծառայէին Քրիստոսին երկրաւոր կեանքին մէջ, հրեշտակներու միւս դասերը չէին գիտեր Տիրոջ փրկարար տնօրինութեան մասին որեւէ բան՝ մինչեւ Անոր Համբարձումը։
Քրիստոսի համբարձման ժամանակ, երբ Յիսուս կ՚անցնէր հրեշտակներու դասերու մէջէն, հրեշտակները զարմացած եւ հետաքրքրութեամբ կը հարցնէին, թէ ո՞վ է այս հզօր «թագաւոր»ը։ Իսկ Քրիստոսի ուղեկից ստորին դասու հրեշտակները, որոնք զԻնք գիտէին իր երկրային կեանքէն, կը բացատրէին ամէն ինչ Անոր մասին։
Հրեշտակները այս երկխօսութիւնը կ՚ընէին՝ համաձայն Աստուածաշունչ Մատեանի Սաղմոսներու Գիրքին, ուր կ՚ըսէ. «Ո՞վ է այս փառքի արքան, կարողութեամբ հզօր Տէրն է Ան, պատերազմի մէջ զօրաւոր Տէրը։ Վեր քաշեցէ՛ք, իշխաններ, դուռները, թո՛ղ բացուին ձեր յաւիտենական դուռները, եւ փառքի Արքան թող ներս մտնէ», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 8-9)։ Եւ այս նոյն հարց ու պատասխանը նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին կատարուող վերաբերումի մաս կը կազմէ։
«Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը վերստին կը յիշեցնէ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ Քրիստոսի Համբարձումը եւ մահուընէ յետոյ երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ երանութիւն վայելելու յոյսի պարգեւը։
Արդարեւ, առաջին Ծաղկազարդին՝ կը խորհրդանշուի Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ մարդիկ Տէրը կը դիմաւորէին փառաբանութեամբ եւ ցնծութեամբ՝ ծառերու ճիւղեր սփռելով Անոր ոտքին առջեւ։
Եթէ առաջին Ծաղկազարդին կը յիշատակուէր Տիրոջ գալուստը երկրային Երուսաղէմ, ապա երկրորդ Ծաղկազարդի ժամանակ կը յիշատակուի Անոր գալուստը հրեշտակներու մօտ՝ Վերին Երուսաղէմ։
Առաջին Ծաղկազարդին Քրիստոս կը փառաբանուէր որպէս «Դաւթի Որդի», իսկ երկրորդ Ծաղկազարդին՝ որպէս «Աստուծոյ Որդի»։
Արդարեւ, երկրորդ Ծաղկազարդը համբարձեալ Քրիստոսի Վերին Երուսաղէմ մուտքի յիշատակն է, երբ զԱյն մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կը դիմաւորէին հրեշտակները։
Համբարձման ժամանակ, երբ Քրիստոս կ՚անցնէր հրեշտակներուն մէջէն, անոնք հետաքրքրութեամբ կը դիտէին զԱյն, եւ կը զարմանային։
Ծաղկազարդը հայ կրօնական գրականութեան մէջ երբեմն կը յիշատակուի որպէս «Արմաւենեաց Կիրակի», որ կապուած է Քրիստոսին արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորուելու դէպքին հետ։
Եկեղեցիէն բերուած օրհնուած ճիւղերով մարդիկ զիրար կը հարուածէին՝ հաւատալով, որ այդ ճիւղերը առողջութիւն եւ յաջողութիւն կը բերեն։
Հին ժամանակներուն ձիթենին համարուած է իմաստութեան, խաղաղութեան, յաղթանակի եւ փառքի խորհրդանշան։ Հին յոյները ձիթենիի եւ դափնիի պսակներով կը պատուէին յաղթական ըմբիշները։ Ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու ընծայումը Քրիստոսին՝ որ մեռեալ Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, ըստ Եկեղեցիի հայրերու, խորհրդանի՛շն է մահուան հանդէպ յաղթանակին։
Հայեր, ընդհանրապէս այս ճիւղերը կը դնէին ամբարներու մէջ՝ հացի առատութեան, գոմերու մէջ՝ անասունները չար աչքերէ հեռու պահելու նպատակով։ Կը դնէին նաեւ տան պատուհանին մօտ՝ կայծակէն զերծ մնալու մտադրութեամբ։ Ճիւղերը օգտագործուած են նաեւ բուժական նպատակներով՝ տենդի եւ հազի դէպքերուն հանդէպ։
Ծաղկազարդի նուիրուած շարականները՝ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը արտայայտող եւ պատկերացնող բերկրալից եւ ցնծագին բնոյթ ունին։
Երկրորդ Ծաղկազարդը մեզի կը յիշեցնէ եւ կ՚ազդարարէ մեր անձնական մուտքը Վերին Երուսաղէմ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2017, Իսթանպուլ