ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ ԵՒ ՎԻԺՈՒՄ
Մարդկային կեանքը շնորհ մըն է՝ արժէ՛ք մը, որ կարելի չէ համեմատել որեւէ արժէքի հետ։ Արդարեւ, եթէ «կեանք» չըլլայ՝ չըլլար նաեւ որեւէ արժէք, քանի որ ամէն ինչ կախում ունի կեանքէն, այսինքն եթէ կեանք կայ՝ կա՛ն նաեւ բոլոր միւս արժէքները։ Այս իսկ պատճառով, կեանքը ինքնին «արժէ՛ք» մը կը ներկայացնէ։ Այս ուղղութեամբ մարդկային կեանքը պէտք է յարգը-ւի եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուի։ Կեանքը քանի որ ամենամեծ արժէքն է, ուրեմն անոր յարգանքը պէտք է ըլլայ ամենաբարձր եւ անվերապա՛հ։ Կեանքը շնորհ մըն է, ըսինք, մեզի տրուած աւանդ մը՝ որ պէ՛տք է պահենք հաւատարմութեամբ։
Մարդկային կեանքը կը սկսի յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Արդարեւ, իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէտք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ, որոնց կարգին է ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի բնական-էական իրաւո՛ւնքը։
Ուստի Երեմիա մարգարէ կը վկայէ այս ճշմարտութեան երբ կ՚ըսէ. «Դուն տակաւին չձեւաւորուած մայրենի արգանդին մէջ, Ես կը ճանչնայի քեզ։ Դուն տակաւին չելած արգանդէն, Ես սրբացուցի քեզ» (ԵՐԵՄ. Ա 5)։ Ահաւասիկ, ա՛յս է Աստուծոյ Խօսքը, որ բացայայտ կերպով ցոյց կու տայ, թէ յղութեան առաջին պահէն իսկ «ա՛նձ»ը արդէն կազմուած կ՚ըլլայ։ Նոյն ճշմարտութեան մասին կը վկայէ նաեւ Սաղմոսերգուն. «Ոսկորներս Քեզի համար ծածուկ չէին, երբ ես կազմուեցայ գաղտնապէս, հիւսուած երկրին ընդերքներուն մէջ» (ՍԱՂՄ. ՃԼԸ 15)։
Պատմականօրէն, առաջին դարէն սկսեալ, Եկեղեցին հաստատեց «բարոյական չարութիւնը ամէն պատճառուած վիժումի»։ Եւ այս ուսուցումը չէ փոխուած դարերու ընթացքին։ Այս սկզբունքը կը մնայ անայլայլելի՝ անփոփոխելի եւ մշտնջենական։
Այս իմաստով, ուղղակի, այսինքն՝ իբր «նպատակ» կամ իբր «միջոց» ուզուած վիժումը, ծանրօրէն հակառա՛կ է բարոյական օրէնքին։ Ուստի պէտք չէ՛ վիժումով սպաննել նախասաղմը եւ կորուստի մատնել նորածինը՝ որ արդէն «ա՛նձ» մըն է իր առաջին պահէն իսկ։ Ուրեմն ի՞նչ տարբերութիւն կայ մարդ մը սպաննելու եւ վիժումով վերջ տալու անձի մը՝ որ արդէն կը վայելէ կեանքի բոլոր իրաւունքները։
Ուստի, Աստուած կեանքին Տէ՛րն է. Ան մարդոց կը փոխանցէ եւ կը վստահի կեանքին վսեմ պաշտօնը, արժէքը՝ զոր մարդը պարտի կատարել եւ պահպանել-պաշտպանել Անոր արժանավայել կերպով։ Կեանքը ուրեմն պէ՛տք է պահպանուի եւ պաշտպանուի ծայրագոյն խնամքով եւ հոգատարութեամբ յղութենէն իսկ։ Վիժումը եւ մանկասպանութիւնը գարշելի ոճիրներ են։ Այս իմաստով «կեանք»ի մը վերջ տալ՝ կեանքը վայելելու բնական իրաւունքը բռնաբարել կը նշանակէ, ինչ որ ծանր յանցանք մըն է։
Նոյնպէս՝ վիժումի մը բացայայտ մասնակցութիւնն ալ կը գոյացնէ ծանր յանցանք մը։
Քանի որ յղութենէն սկսեալ, սաղմը պէտք է իբր «անձ» նկատուի, ան պէտք է պաշտպանուի իր ամբողջականութեան մէջ, եւ կարելիութեան չափով խնամուի եւ բուժուի, ինչպէս ուրիշ ոեւէ մարդկային էակ։
«Նախածննդական ախտաճանաչում»ը բարոյապէս օրինաւոր է, եթէ կը յարգէ կեանքը եւ ամբողջականութիւնը մարդկային նախասաղմին եւ սաղմին, եւ եթէ կը ձգտի անոր պահպանումին կամ անոր անհատական բուժումին։ Ան բարոյական օրէնքին ծանրօրէն կը հակադրուի, երբ կը նախատեսէ, ըստ արդիւնքներուն, վիժում կատարելու հաւանականութիւնը։
Արդարեւ, ախտաճանաչում մը պէտք չէ՛ համազօր եւ նոյնիմաստ ըլլայ մահավճիռի, քանի որ կեանքին պահպանումն է էականը եւ օրինաւորը։
Ուստի պէտք է իբրեւ «օրինաւոր» նկատել մարդկային նախասաղմին վրայ կատարուող միջամտութիւնները՝ պայմանաւ որ անոնք յարգեն կեանքը եւ ամբողջականութիւնը նախասաղմին եւ անոր դէմ անհամաչափ վտանգներ չբերեն, այլ մանաւանդ ձգտին անոր բուժումին, անոր առողջութեան պայմաններուն բարւոքումին կամ անոր անհատական վերապրումին։ Այստեղ ալ անհրաժեշտ է պահպանել եւ պաշտպանել կեանքը վայելելու անբռնաբարելի՛ իրաւունքը։
Նախաբջիջային կամ ծննդական տարրերու բնագաւառէն ներս միջամտելու կարգ մը նախափորձեր բուժական չեն, այլ կը ձգտին արտադրելու մարդկային զտուած էակներ, ըստ սեռին կամ ըստ կանխաւ սահմանուած յատկութիւններու, որոնք հակառա՛կ են մարդկային էակին առանձնական արժանապատուութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2019, Իսթանպուլ