ՕՏԱՐԱՆԱԼԸ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ ՄԸ ՉԷ
Արաբ ժողովուրդը յայտնի է իր հարուստ մշակոյթով, սակայն ինչպէս չես գիտեր, այսօր անոնք աշխարհին կողմէ կը ճանչցուին իրենց ահաբեկչական խմբաւորումներով, թէեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը յաջողեցաւ մասամբ մը փոխել այդ կարծրատիպերը: Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ինքզինք համեմատութեան մէջ դրաւ արաբներուն, պարսիկներուն ու թուրքերուն հետ եւ ինքզինք աւելի բարձր ու քաղաքակիրթ նկատեց. գուցէ անոնց մէջէն հայը առաջինը հասկցողը եղաւ, թէ ինչքան կարեւոր է կրթութիւնը, քաղաքակրթութիւնը՝ ազգի մը յառաջդիմութիւնը ապահովելու համար: Կրօնական ազդեցութիւնը նկատի ունենալով հայը ինքզինք աւելի մօտիկ զգաց Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ այլ զարգացած երկիրներու եւ այդ յերիւրածով հեգնեց արաբն ու միւսները: Սակայն ճշմարտութիւնը այնպէս դուրս եկաւ, որ արաբը, պարսիկն ու թուրքը շա՛տ աւելի ազգասէր դուրս եկան՝ քան հայը, որ ինքզինք աւելի վեր ու գերազանց կը նկատէր:
«Գաղթականութիւն» եւ «ցեղասպանութիւն» բառերը ասպար մը եղաւ հայուն համար սքօղելու համար այդ ամօթը. հայը կամաց կամաց սկսաւ կորսնցնել իր լեզուն, իր մշակոյթը եւ իր ստեղծած կարծեցեալ «քաղաքակրթութիւն»ը ձուլեց օտարինով եւ այդ բոլորին մեղաւորութիւնը ի՛նքն իր մէջ գտնելու փոխարէն քննադատեց կուսակցութիւնները, քննադատեց եկեղեցին ու ազգային միւս կազմակերպութիւններն ու կառոյցները. այդ ձուլումին որպէս պատճառ ու հետեւանք տրտում ու թախծոտ ձեւով արտագաղթը հիմք ընդունեցինք, տեղ մը մենք մեզ համոզելով, թէ «օտարութեան մէջ ո՞ր ազգը չի ձուլուիր». շատեր ալ այս համոզումին ընդհանրապէս հակառակ մերժեցին այն կարծիքը, որ օտարութիւնը կրնայ իրենց մէջ մեռցնել հայը:
Սակայն ճշմարտութիւնը, ընդունինք թէ ոչ, բոլորովին տարբեր է, որովհետեւ օտարութիւնը չի՛ կրնար հայը մեռցնել հայուն մէջ՝ եթէ հայը պատրաստ չըլլայ իր հայութիւնը ինքնասպան ընել։ Օտարացումն ու ձուլումը ճակատագիր մը չէ, այլ ընտրութիւն է, որ սերունդէ սերունդ աւելիով մեր ազգին մէջ՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին կը մեռցնէ հայութիւնը: Այս բոլորը փաստելու լաւագոյն ձեւը արաբները, պարսիկներն ու թուրքերն են. անոնք եղեռն չապրեցան, սակայն կեանքի բերումով իրենք եւս ունեցան եւ կը շարունակեն ունենալ սփիւռք, ի տարբերութիւն մեզի, որ յաջողեցան օտարութեան մէջ պահել իրենց ինքնութիւնը։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, այսօր աւելի քան երեքուկէս միլիոն արաբներ կ՚ապրին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. եթէ ո՛չ ամբողջը, ապա մեծամասնութիւնը գիտէ՛ իր լեզուն, գիտէ իր կրօնական սկզբունքներն ու սովորութիւնները. նոյնն է պարագան թուրքերուն, պարսիկներուն, հրեաներուն եւ բազմաթիւ ուրիշներուն. հակառակ կործանիչ համաշխարհայնացման գրոհին, անոնք կը շարունակեն պահել իրենց պահքը, աւանդութիւնները՝ որ իրենց կեանքին անբաժան մէկ մասը կը նկատեն. օրինակը վերցուցէք արաբներէն եւ ո՛չ շահ հեռու երթալով. վկայ Թուրքիա հաստատուած արաբները, որոնք թրքանալու փոխարէն փորձեցին ու կը փորձեն թուրքերը արաբ դարձնել իրենց խանութներու ճակատին թրքերէնի փոխարէն գրելով արաբերէն:
Մեր աշխարհասփիւռ հայերէն քանի՞ն Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերը իր տան մէջ ունի՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, թէ օտարութեան մէջ ապրող քրիստոնեայ արաբներու մեծամասնութիւնը իրենց տուներէն ներս ունին իրենց պաշտելի Սուրբ Շէրպիլի սրբապատկերը, որ ամենէն պարզ երեւոյթն է ազգային արժէքներու հանդէպ ունեցած կապուածութեան:
Ընդունինք թէ ոչ, մեր համոզումով ճշմարտութիւնը ա՛յն է, որ հայը կամաւոր ձեւով հեռացաւ իր հայութենէն. ցեղասպանութիւնը պատճառ չեղաւ որ մենք ձուլուինք. փա՞ստ. ահաւասիկ մեծագոյն փաստը.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած մամուլ մը 4 օգոստոս 1906 թուակիր իր հրատարակութեան մէջ հետեւեալ տողերը կ՚արձանագրէ.- «Ահա յաջորդ սերունդը ո՛չ միտում ունի հայ կոչելու ինքզինքը, ոչ ալ փափաք ունի հայ լեզուն սորվելու» («Կոչնակ», Զ. տարի, թիւ 31, էջ 489-490): Եղեռնէն առաջ գրուած հազար ու մէկ նման արտայայտութիւն կարելի է գտնել հին մամուլին մէջ, որովհետեւ արեւու լոյսի պէս յստակ էր, որ հայը պիտի կորսնցնէ իր հայութիւնը:
Նման յօդուածներ երբ գրի կ՚առնենք, կը յայտնուի անձ մը, որ կ՚ըսէ. «....ի՞նչ է լուծումը»։ Նման հարցեր յաճախ կ՚ուղղեն այն համոզումով, որ չկայ լուծում նման օտարացման։ Պարզապէս պէտք է ենթարկուիլ մեր սեփական ընտրութեամբ որդեգրած «ճակատագրին»։ Ահաւասիկ պարզ լուծումներ.-
Ա.- Սփիւռքի մէջ գործող մեր դպրոցները (որոնք մեծ մասամբ եկեղեցւոյ եւ կամ կուսակցութիւններու հսկողութեան տակ կը գտնուին) պէտք է հասկնան, որ անոնք հասութաբեր հաստատութիւններ չե՛ն եւ չեն կրնար ըլլալ. հայկական դպրոցները եկեղեցին կամ կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշ անհատներ հարստացնելու համար հաստատուած հաստատութիւններ չեն. կը հաւատանք, որ ամէ՛ն գաղութ (եթէ իրապէս ուզէ) կրնայ ամբողջութեամբ անվճար ընել ուսումը. թող մէկը չըսէ, թէ ուրկէ՞ գումար այդ բոլոր ծախսերը հոգալու. բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչքա՜ն անխնայ ու չմտածուած գումարներ կը ծախսուին սփիւռքի մէջ. բոլորս ալ գիտենք եկեղեցւոյ եւ կուսակցութիւններու ունեցած կարողութիւնները: Սփիւռքի մէջ օտար դպրոց մը չի՛ կրնար աւելի մատչելի ու դիւրամատոյց ըլլայ՝ քան հայկական դպրոցները: Լիբանան ապրելով լաւապէս գիտեմ, թէ ինչպէս հայ ծնողներ դպրոցական ծախսերը նկատի ունենալով՝ իրենց զաւակները կը ղրկէին օտար վարժարաններ, որոնք լոկ հայուն մէջ հայութիւնը սպաննելու կը միտին:
Բ.- Պէտք է դուրս գալ «ուզելու» մոլութենէն. բոլորը՝ եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ կը տառապին «ուզելու» ախտէն. ախտ՝ որ երբեք վերջ մը չունի. մեր ժողովուրդը մինչեւ այսօր աւելիով տուած է՝ քան ստացած եւ այդ մէկը արթնցուցած է «խաբուած» ըլլալու զգացում մը, մանաւանդ երբ տեսած է թէ կուսակցական ղեկավարներ ու որոշ առաջնորդներ ինչպէս կը հարստանան. մեր ժողովուրդի բարօրութեան նուիրուած հաստատութիւններ ժամանակի ընթացքին աւելիով բարօրալի դարձած են՝ քան ժողովուրդը: Թող ուզելու փոխարէն անցնին տալու. իսկ եթէ կը հարցնէք, թէ ի՞նչ պէտք է տան՝ ըսենք: Լիբանան, Սուրիա եւ Հայաստան տակաւին կան իրապէս յուսալի երիտասարդներ, որոնք հակառակ ժամանակի պահանջներուն կը շարունակեն մնալ հայրենասէր. անոնցմէ շատեր գիտնալով հանդերձ որ աշխարհի վրայ արդէն իսկ գրեթէ տեղ չունին, կը շարունակեն իրենց ուսումը յանձն առնելով հայագիտական կրթութիւն ստանալ. այդ երիտասարդները տարէ՛ք աշխարհի չորս կողմը եւ անոնց առի՛թ տուէք ազատութեամբ գործելու եւ կեանքի կոչելու բոլոր այն համոզումները՝ որոնց հանդէպ հաւատք ունին: Քանի՜ քանի երիտասարդներ կը ճանչնամ, որոնք մեկնեցան Եւրոպայի զանազան երկիրներ՝ հայագիտական իրենց կրթութեամբ հայութիւն «քարոզել»ու ձուլման ենթակայ գտնուող հայորդիներու, սակայն յուսախաբ վերադարձան Հայաստան կամ Լիբանան. պատճա՞ռ... անոնց վրայ «պատասխանատու» նշանակուած տգէտ կուսակցական մը եւ կամ պատասխանատու մը, որ իր իշխանութեամբ կ՚ուզէ չէզոքացնել նուիրուած երիտասարդի երազներն ու ձգտումները:
Վերոյիշեալ երկու կէտերը պարզապէս կաթիլներ են՝ մեր ծով կարիքներուն դիմաց. հաւատացողն ենք, որ տակաւին ուշ չէ օտարացման շեմին գտնուող հայութիւնը փրկելու, սակայն նոյն անտարբերութեամբ եթէ շարունակենք ապրիլ՝ այդ վերջը կ՚ըլլայ անխուսափելի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Օտարանալը ճակատագի՞ր է, թէ ընտրութիւն:
Պատասխան. Օտարանալը կրնայ դիտուիլ թէ՛ որպէս ճակատագիր եւ թէ որպէս անձնական ընտրութիւն. եթէ նայինք որպէս ճակատագիր, ապա ան կրնայ յառաջանալ համակարգային անհաւասարութիւններէն, մշակութային ու ազգային կեանքի պակասէն, որոնք մարդը կը մեկուսացնեն ազգային սեփական արժէքներէ: Սակայն այդ մէկը կրնայ դիտուիլ որպէս ընտրութիւն եւս, որովհետեւ մարդ գիտակցաբար կրնայ ընտրութիւն ընել. հետեւաբար օտարանալը արտաքին ուժերու եւ անհատական ընտրութեան միջեւ խճճուած փոխազդեցութիւն մըն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան