ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ գեղեցկութիւնը տեսնել՝ լուսնին նայեցէք, եւ եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ զօրութիւնը, կարողութիւնը եւ փառքը տեսնել՝ արեւին նայեցէք»։ Այսպէս կ՚ըսեն Եբրայեցիներ աստուածային գեղեցկութիւնը եւ փառքը բացատրելու համար։ Արդարեւ Աստուած ամէն գաղափարի, ամէն արժէքի, ամէն առաքինութեան բացարձակը, անսահմանը, անվիճելին է եւ անկախ ամէն բանէ. ծայրագոյնը, գագաթնակէտը եւ զենիթը ամէն արժէքի, որ կարելի չէ համեմատել որեւէ արժէքի հետ, մանաւանդ մարդկային սահմանաւոր եւ չափաւոր մտքի արտայայտութիւններուն եւ արտադրութիւններուն հետ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս գաղափարային արժէք մը բնորոշելու, սահմանելու համար կ՚օգտագործեն տեսանելի եւ երբեմն ալ շօշափելի, մասամբ յայտնի, հասկնալի կամ ըմբռնելի միջոցներ։ Եւ ահաւասիկ երբ կը խօսին «գեղեցկութեան» վրայ՝ զայն կը բնորոշեն լուսինով, լուսնին գեղեցկութեան նմանութեամբ։ Եւ երբ կը խօսին զօրութեան, փառքի կամ կարողութեան մասին՝ զայն այլաբանութեամբ կը ներկայացնեն արեւի օրինակով։

Հոգեւոր նիւթերու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն «վերաբանութիւն» կամ «նմանութիւն»։ Մտքի եւ մտաւոր գործողութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ այս կերպով միայն կրնան բացատրուիլ։ Մարդկային ցեղին մանաւանդ «տղայութեան» ժամանակ գրեթէ միշտ գործածուած է այս «այլաբանական» լեզուն, հասարակ իրողութիւնները եւ իրերը անգամ այլաբանական բառերու օգնութեամբ նկարագրուած կը գտնենք։ Զոր օրինակ, որովհետեւ մարդկային մտքի ըմբռնելու գործողութիւնը նմանութիւն ունի աչքի գործողութեան հետ, կ՚ըսուի, թէ «միտքը կը տեսնէ». ինչպէս «հոգի» բառը նախապէս կը նշանակէր «շունչ», «խորհրդածել» բային նշանակութիւնն է «խորհուրդը դարձեալ բերել». «ուշադրութիւն» կամ «մտադրութիւն» որ մտաւոր գործողութիւն է՝ կը նշանակէ միտքը բանի մը վրայ դնել, կեցնել։ «Ածել» եւ «դնել» բառերը որ կը նշանակեն մարմնի անդամներուն միջոցաւ կատարուած գործողութիւններ՝ վերաբանութեամբ կամ նմանութեամբ ըսուած են իմացական գործողութիւններու համար։ Ուստի մարդկային վիճակը այնպէս է, որ մարդ չի կրնար պարզ կերպով, այսինքն՝ առանց զգալի բաներու բառերը կամ անունները գործածելու, բացատրել մտքի կամ վերացեալ ճշմարտութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ։ Իմացական գաղափարները բացատրելու համար մեր այս բնական կերպին զիջանել ուզելով, Աստուած մեզ ծանօթ «զգալի» իրերու նշաններով կամ բառերով հաղորդած է մեզի կրօնական կամ հոգեւոր ճշմարտութիւններ. ուրիշ խօսքով, ծանօթացուցած է զանոնք մեզի «ընտանի միջոց»ներով։

Արդարեւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ բացատրելու համար Սուրբ Գիրքին այլաբանական լեզու գործածելուն օրինակները շատ են, որոնցմէ են՝ Աստուծոյ գեղեկցութիւնը եւ Աստուծոյ փառքը, ամենակարողութիւնը։

Բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը նմանապէս, ճշմարտութիւնը հետը կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։

Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցի՛կ է։

Աստուած ճշմարտութիւնն իսկ է եւ հետեւաբար «գեղեցի՛կ»։ Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ տիեզերական բարբառովը արարչագործութեան, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան, կարգը եւ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին՝ զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը» (ԻՄՏ. ԺԳ 5). «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք» (ԻՄՏ. ԺԳ 3)։

Իմաստութիւնը արդարեւ բխումն է Աստուծոյ զօրութեան, կարողութեան. մաքրամաքուր ծորումը՝ Ամենակալին փառքին, այս պատճառով՝ ո՛չ մէկ պիղծ բան մուտք կը գործէ անոր մէջ։ Ան ցոլքն է Յաւիտենական Լոյսին, անբիծ հայելին՝ Աստուծոյ գործին, պատկերը՝ Անոր բարութեան. (ԻՄՏ. Է 25-26)։ «Իմաստութիւնը արդարեւ աւելի գեղեցիկ է քան արեգակը, ան կը գերազանցէ բոլոր համաստեղութիւնները, ան գերիվեր է քան լոյսը, որովհետեւ բոլոր լոյսը կը նահանջէ գիշերուան առջեւ, մինչդեռ չարը չի յաղթանակեր իմաստութեան» (ԻՄՏ. Է 29-30)։ «Ես սիրահարը դարձայ Անոր գեղեցկութեան» (ԻՄՏ. ԺԸ 2)։ Մարդ գեղեցկութիւնը կ՚արտայայտէ գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 25, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019