Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Ե. դարու մեծ հեղինակ կը հանդիսանայ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ՝ որուն անունը անմահացած է Հայ տառերու գիւտով։ Թէ ան ինչպէ՞ս գլուխ հանեց այդ մեծ գործը, այդ՝ հայոց գրականութեան պատմութեան կը վերաբերի։ Սակայն անոր մեծ վաստակը կը վերաբերի իր եկեղեցական-գրական գործերու մասին։
Այս մեծ անձնաւորութիւնը՝ Հայոց աշխարհի անձանձրոյթ Ուսուցիչը՝ իր անընդհատ գործունէութեան մէջ դրական գործերով եւս զբաղելու ժամանակ ունեցաւ. յատկապէս կը յիշուի, որ ան է թարգմանած «Սողոմոնի Առակաց Գիրքը», իսկ Կորիւնը անոր համար կ՚ըսէ, թէ ան «շատ խրատիչ եւ զգաստացուցիչ նամակներ ուղարկած էր Հայաստանի բոլոր գաւառները»։ Այս նամակներու ժողովածուն յայտնի է «Յաճախապատում ճառեր»՝ միշտ կրկնելի ճառեր անունով, որ կը վերագրուի նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին։ Կարելի է կարծել, թէ վերջինն է իսկական հեղինակը, իսկ առաջինը՝ նոյն գործը թարգմանած է նորանոր յաւելումներով։
Գիրքը իր ներքին բովանդակութեամբ Ե. դարու շրջանակէն դուրս չի գար, տեղ մը Արշակունեանց տոհմը իրեն օրինակ բերելով՝ պարզ ցոյց կու տայ, թէ ան Ե. դարու առաջին կիսամասէն առաջ գրուած է։ Ամբողջ գիրքը 23 ճառերէ կազմուած է. անոնց մէկ մասը կը խօսի դաւաբանական, իսկ միւսները՝ բարոյական խնդիրներու մասին. ի՞նչ է հաւատքը, ի՞նչ է չարը, ի՞նչ է անձնիշխանութիւնը, որո՞նք են քրիստոնէական առաքինութիւնները, ի՞նչ ճանապարհով մարդս կարող է առաքինութեան հասնիլ, ահա այս եւ այլ անոնց նման բարոյական խնդիրներու լուծման նուիրուած է ամբողջ գործը։
Արդարեւ, Մաշտոց կ՚աշխատի վերացական (abstait) գաղափարները միշտ թանձրացնել եւ թանձրացեալ (concret) օրինակներով հասկնալի՝ ըմբռնելի դարձնել, եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ ոսկերիչ, հանդերձարար, խոհարար, հողագործ, բժիշկ եւ դարբին եւ այլն, որոնք ժողովուրդին աւելի ծանօթ էին։
Ճառերէն յատկապէս պէտք է յիշատակել իններորդը՝ «Վասն ամենարուեստ կատարեալ պահոց», ուր մի առ մի կը թուէ այն բարի հետեւանքները, որոնք պահեցողութենէն առաջ կու գան։ Պէտք է նկատել, որ Զգօն Ափրաատ պարսկի ճառերու եւ «Յաճախապատում»ի մէջ բաւական ընդհանուր կէտեր կան։ «Յաճախապատում»ի 23-րդ ճառը վանական կազմակերպութեան նուիրուած է, եւ ինչպէս արդէն յիշուած էր, այդ ճառը Բարսեղ Կեսարացիի վանական կանոններու ամփոփումը կը ներկայացնէ։
Մեսրոպ Մաշտոցի կը վերագրուի ապաշխարութեան շարականներուն մէկ մասը՝ որ մինչեւ մեր օրերը կ՚երգուին։ Այս շարականները թէեւ իմաստի տեսակէտէ միակերպութիւն կը ներկայացնեն, սակայն շատ ազդու եւ միանգամայն խորապէս զգացուող սրտի հառաչանքներ են։ Սաղմոսներու ազդեցութիւնը պարզ եւ բացայայտ կ՚երեւի Մաշտոցի քնարերգութեան վրայ. նոյնպէս համառօտ, նոյնպէս կրկնութիւններով։ Ժամանակի կեանքը կը պատկերացնէ Մաշտոցը, որմէ ան զզուած անապատ քաշուեցաւ, երբ կը գոչէ. «Ծով կենցաղոյս հանապազ զիս ալեկոծէ, նաւապետ բարի ինձ օգնեա։ Խորք պատրանաց զիս կորուսանեն, այլ դու, նաւապետ բարի, շնորհեա ինձ նաւահանգիստ»։
Վերջապէս Մաշտոցի կամ ծիսարանի կազմութիւնը եւս Մեսրոպ Մաշտոցին կը վերագրուի. բայց այս խնդրի մասին առ այժմ կարելի չէ եղած որոշ կարծիք յայտնել…
Ս. Սահակի եւ Մաշտոցի աշակերտները եւս որոնք երէց կամ առաջին թարգմանիչ՝ նախընտրաբար «մեկնիչ» անունով յայտնի են, աշխատեցան Հայ գրականութիւնը զարգացնել՝ ճոխացնել թարգմանական եւ ինքնագիր գործերով։ Անոնցմէ յատկապէ՛ս կարելի է յիշատակել բուն եկեղեցական-հոգեւորական մատենագիրները. Եզնիկ Կողբացին՝ Ճակատք գաւառի Կողբ գիւղէն։ Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոսը. (Տ. Ս. Յովհաննէս Ա Մանդակունի. 478-490), ո՛չ միայն նշանաւոր եղաւ իբրեւ գործիչ, այլ եւ իբրեւ եկեղեցական մատենագիր։
Իբրեւ նշանաւոր եպիսկոպոս կը յիշուի Ե. դարու եւ փիլիսոփոս Մովսէսը՝ որ իր երկրաւոր կեանքին «հրեշտակային կեանք» ունեցած եւ գրած է բազմաթիւ լուսաւորիչ եւ տգիտահալած մատեաններ, ինչպէս Փարպեցին կը վկայէ, բայց այդ գրական գործերէն մեզի ոչինչ հասած է։
Իբրեւ Ե. դարու մատենագիրներ կը յիշուին Եղիշէն, Մամբրէ վերծանողը (վերծանել=լուծել՝ մեկնել՝ պարզ ձեւի բերել), Դաւիթ անյաղթը եւ ուրիշներ։
Քննադատութիւնը այդ մատենագիրներուն արդէն Զ.-Է. դարերու տարածուած է, երբ հրապարակ ելան երկրորդ կամ «կրտսեր թարգմանիչներ»ը՝ այսինքն՝ մեկնիչները…
Սրբոց Թարգմանչաց Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակի տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք՝ որ իրապէ՛ս Թարգմանչաց Ոգին կը շարունակեն ներկայացնել։
Թարգմանչաց սուրբերուն բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ բոլորիս, մաղթելով որ անոնք շարունակեն ներշնչել իրենց հոգեշունչ եւ ոգեշահ, սրտաշարժ ոգին, ինչ որ կը նշանակէ՝ համընթաց համարել հոգին եւ մի՛տքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 26, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/18/2025
- 01/18/2025