ԵԶՆԻԿԻ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»ԷՆ՝ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Ա -

«Եղծ Ա­ղան­դոց»ի հե­ղի­նա­կը՝ Եզ­նիկ, ոս­կե­դա­րեան այս պատ­կա­ռե­լի գրի­չը՝ Ե. դա­րու ա­մե­նէն ինք­նա­տիպ եւ ու­շագ­րաւ մա­տե­նա­գիր­նե­րէն մէկն է ե­ղած։ Եզ­նիկ ճանչ­ցուած է մա­նա­ւանդ իր դա­սա­կան լե­զուի կա­տա­րե­լու­թեամբ, մտա­ւո­րա­կան զար­գա­ցու­մով, հե­ղի­նա­կա­ւոր բարձր դիր­քով եւ գրա­կան մար­զի մէջ իր մշա­կած ճիւ­ղի ինք­նու­րոյ­նու­թեամբ։ Ան ա­մե­նէն կար­կա­ռուն դէմքն է ճանչ­ցուած թարգ­ման­չաց ա­ռա­ջին փա­ղա­գին։

Ստո­րեւ, մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք, Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Խա­չա­տու­րեա­նի կող­մէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծուած «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն շա­հե­կան հա­տուած մը՝ «Չա­րին Ծա­գու­մը»։

­Հա­տուա­ծը կը ներ­կա­յաց­նենք նոյ­նու­թեամբ՝ հե­ղի­նա­կին ե՛ւ թարգ­մա­նի­չին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով։

«Դար­ձեալ, այս­պի­սի ճշմա­րիտ ը­սուած­նե­րուն ան­յար­մար հար­ցում­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ո՞ւս­կից են հա­պա, -կ՚ը­սեն- այդ­պի­սի ան­ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­ներ. զի, ե­թէ Աս­տուած Բա­րի, եւ ո՛չ թէ չար բա­նե­րու է ա­րա­րիչ, ո՞ւս­կից է խա­ւա­րը, ո՞ւս­կից են չա­րիք­նե­րը, ո՞ւս­կից են չար­չա­րանք­նե­րը, լլկանք­նե­րը՝ մերթ ցուր­տէն եւ մերթ խոր­շա­կէն։ Կամ, ո՞ւս­կից են անզ­գա­մու­թիւն­նե­րը. վասն զի կը տես­նենք եր­կու մար­դիկ ի­րա­րու ազ­գա­կից եւ մէկ­մէ­կու դէմ գրգռուած եւ մէ­կը միւ­սի մա­հուան եւ ա­րիւ­նին ծա­րա­ւի։ Եւ ու­րիշ­ներ գե­րեզ­ման­ներ կը կրկտեն եւ հո­ղի տակ թա­ղուած մար­մին­նե­րը մեր­կաց­նե­լով եւ խայ­տա­ռա­կե­լով՝ ա­րե­ւին կը ցու­ցադ­րեն եւ մե­ծա­րե­լի դին, ա­ճա­պա­րան­քով չծած­կե­լով, թե­րեւս ալ շու­նե­րուն կեր կը թո­ղուն։

«Եւ կը պա­տա­հի եր­բեմն, որ մէ­կը փախ­չե­լով՝ անձ­նա­պուրծ կ՚եր­թայ տեղ մը իր կեան­քը փրկե­լու, եւ ու­րիշ մը, ցա­սու­մով բոր­բո­քած, սու­րով ե­տե­ւէն կը վա­զէ ան­դա­դար, մին­չեւ որ յա­գեց­նէ իր ցա­սու­մը։ Ո՞ւս­կից է այս ան­յագ ցա­սու­մը։ Մէ­կը կը մեր­կաց­նէ ըն­կերն իր զգես­տէն, եւ ե­թէ ընդ­դի­մա­նայ՝ ա­րե­ւէ ալ կը զրկէ զայն. ու­րիշ մը, միտ­քը դնե­լով գող­նալ մէ­կուն ա­մուս­նու­թիւ­նը, եւ ա­նօ­րէ­նու­թեամբ մտնե­լով օ­տար մա­հիճ, թոյլ չի­տար զա­ւակ­նե­րու հայր ըլ­լալ ա­նոր՝ որ օ­րի­նա­ւո­րա­պէս ա­մուս­նա­ցած է։

«Եւ եր­բեմն կը յու­զուին պա­տե­րազմ­ներ՝ ուր մե­ղա­ւոր­ներ եւ ար­դար­ներ հա­ւա­սա­րա­պէս կը կո­տո­րուին եւ տա­րա­ժամ ու չա­րա­չար ախ­տեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Եւ ի՞նչ պէտք է մե­զի թուել մի առ մի. ը­սենք կարճ՝ թէ ո՞ւս­կից է այս բո­լո­րը, եւ ո՞վ է սկզբնա­պատ­ճառ եւ գոր­ծող այս­պի­սի ան­պա­տե­հու­թեանց, բայց ե­թէ կայ չար զօ­րու­թիւն մը՝ որ գոր­ծել կու տայ այս բո­լոր ան­ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­նե­րը եւ ինքն ալ ա­րա­րիչն է ա­դոնց, վասն­զի այդ­պի­սի ի­րե­րու ա­րա­րիչ նկա­տել զԱս­տուած եւ ը­սել, թէ ան­կից են գո­յա­ցած չա­րիք­նե­րը,- ան­յար­մար է։ Ի՞նչ­պէս կա­րե­լի է կար­ծել թէ Աս­տուծ­մէ են այդ­պի­սի բա­ներ. զի Աս­տուած բա­րե­րար է եւ ա­րա­րիչ լա­ւու­թեանց, եւ որ ե­ւէ չա­րու­թիւն չի մօ­տե­նար ա­նոր, եւ ոչ ալ ինք ա­նոր վրայ խնդալ կ՚ա­խոր­ժի, այլ նոյն իսկ կը մեր­ժէ թէ՛ գոր­ծե­րը եւ թէ՛ գոր­ծող­նե­րը, զի չա­րիք­նե­րը օ­տար են ա­նոր բնու­թե­նէն։

«Ուս­տի, կը կար­ծուի թէ ի­րեն հետ կար բան մը՝ ո­րուն ա­նունն էր հիւ­լէ, այ­սինք՝ նիւթ, ուս­կից ստեղ­ծեց բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը զատ զատ՝ իր ա­մե­նա­րուեստ ի­մաս­տու­թեամ­բը, զար­դա­րե­լով զա­նոնք վա­յել­չօ­րէն։ Արդ, չա­րիք­նե­րը յա­ռաջ ե­կած պէտք է նկա­տել այս նիւ­թէն, որ ան­ձեւ էր եւ ան­կեր­պա­րան եւ խառն ի խուռն կը վազվ­զէր ան­սանձ եւ կը կա­րօ­տէր Աս­տու­ծոյ ա­րուես­տա­գի­տու­թեան։ Եւ Աս­տուած չթո­ղուց որ ան խառն ի խուռն շար­ժի միշտ եւ ո­րո­շեց ստեղ­ծել ա­րա­րած­նե­րը եւ ա­նոր յո­ռե­գոյն­նե­րէն ազ­նուա­գոյն­նե­րը զա­տել կա­մե­ցաւ։

«Եւ ան­կից ա­ռաւ այն­չափ բան, որ­չափ կը վա­յե­լէր Աս­տու­ծոյ՝ ստեղ­ծե­լու հա­մար ա­րա­րած­նե­րը։

«Եւ ի՛նչ որ կար ա­նոր մէջ մրրա­խառն եւ ա­րար­չու­թեան ան­յար­մար՝ թո­ղուց զայն։ Եւ այդ մրու­րէն յա­ռաջ ե­կան մար­դոց չա­րիք­նե­րը։

«Պա­տաս­խան։ - Ար­դա­րեւ, չա­րիք­նե­րը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նան, տա­րա­կոյ­սի մէջ կը ձգեն շա­տե­րը, եւ բազ­մա­թիւ ա­ւագ մար­դիկ այդ բա­նին հա­մար մե­ծա­մեծ խնդիր­ներ յա­րու­ցին։

«Ո­մանք Աս­տու­ծոյ անսկզբ­նա­կից բան մը ու­զե­ցին են­թադ­րել. ու­րիշ­ներ՝ ան­կէ դուրս բան մը, զոր հիւ­լէ կ՚ա­նուա­նեն, ը­սե­լով թէ ան­կից ստեղ­ծեց ա­րա­րած­նե­րը։ Ե­ղան ալ որ բո­լո­րո­վին հրա­ժա­րե­ցան քննե­լէ, իբր այն թէ այդ քննու­թիւ­նը չու­նի վերջ։ Բայց մենք հար­կադ­րուե­ցանք, ի սէր բա­րե­կամ­նե­րու եւ նկա­տե­լով ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու սխալ տե­սու­թիւ­նը, որ­չափ կը նե­րէ մեր տկա­րու­թիւ­նը եւ ա­պա­ւի­նե­լով Աս­տու­ծոյ, ձեռ­նա­մուխ ըլ­լալ քննե­լու այս ը­սուած­նե­րը։ Մա­նա­ւանդ վստա­հօ­րէն կը յու­սանք, թէ յօ­ժա­րու­թեամբ պի­տի լսեն ուղ­ղա­միտ­նե­րը, ո­րով եւ պի­տի կա­րե­նան սոր­վիլ ճշմա­րի­տը եւ մենք ալ ի զուր խօսք մսխած պի­տի չըլ­լանք։ Վասն­զի ոչ թէ ա­նի­րա­ւու­թեամբ յաղ­թել պի­տի ջա­նանք, այլ ի­րա­ւուն­քով ճշմա­րիտն ու­սու­ցա­նել։

«Արդ, յայտ­նի է թէ եր­կու անս­տեղծ­ներ միա­սին չեն կրնար ըլ­լալ. զի ուր որ եր­կուք միա­սին ըլ­լան, անհ­րա­ժեշ­տա­բար պէտք է ըլ­լայ բան մը՝ որ զա­տո­րո­շէ զա­նոնք ի­րար­մէ։ Ուս­տի, ի՛նչ է ի­րենց կար­ծի­քը Աս­տու­ծոյ մա­սին. տե՞ղ մըն է, ամ­բողջ հիւ­լէի՞ն մէջ, թէ ա­նոր մէկ մա­սին մէջ։

«Ե­թէ կ՚են­թադ­րենք որ Աս­տուած իր լրու­թեամ­բը ամ­բողջ հիւ­լէին մէջ է, որ­չափ ալ ա­ւե­լի մեծ նկա­տեն զԱս­տուած, հիւ­լէն ա­ւե­լի մեծ կ՚ըլ­լայ քան զԱյն։ Զի այն՝ ո­րուն մէջ է մէ­կը, ա­ւե­լի մեծ կ՚ըլ­լայ քան զայն՝ որ իր մէջ է, քա­նի որ կրցաւ բո­վան­դա­կել զայն իր մէջ ամ­բող­ջու­թեամբ։

«Եւ ե­թէ ո՛չ ա­նոր մէջ էր եւ ո՛չ ալ ա­նոր մէկ մա­սին մէջ, յայտ­նի է թէ անջր­պետ մը կար եր­կու­քին մի­ջեւ եւ եր­կու­քէն ալ մեծ։ Եւ այս­պէս, ոչ միայն եր­կու, այլ ե­րեք անսկզբ­նա­կից­ներ կ՚ըլ­լան,- Աս­տուած, հիւ­լէն եւ անջր­պե­տը, եւ մա­նա­ւանդ անջր­պե­տը ա­ւե­լի մեծ քան միւս եր­կու­քը։

«Իսկ ե­թէ հիւ­լէն եր­բեմն ան­զարդ էր, ան­ձեւ ու ան­կեր­պա­րան եւ Աս­տուած զար­դա­րեց զայն, ա­նոր յո­ռու­թիւն­նե­րէն լա­ւի դարձ­նել կա­մե­նա­լով,- ա­պա ու­րեմն կար ժա­մա­նակ մը, երբ Աս­տուած ալ ան­զարդ էր, ան­ձեւ ու ան­կեր­պա­րան եւ հարկ էր որ հիւ­լէին նման ինքն ալ խառն ի խուռն շար­ժէր։

«Եւ ե­թէ, ինչ­պէս կ՚ը­սեն, ամ­բողջ հիւ­լէին մէջ էր Աս­տուած՝ երբ զայն զար­դի, ձե­ւի եւ կեր­պա­րան­քի կը բե­րէր,- ինք ո՞ւր պէտք էր ամ­փո­փուիլ, զի կա­րե­լի չէր որ տեղ մը ամ­փո­փուէր։ Մի՞­թէ ինք­զինքն ալ հիւ­լէին հետ զար­դի, ձե­ւի եւ կեր­պա­րան­քի կը բե­րէր, քա­նի որ ամ­փո­փուե­լու տեղ չկար։ Բան մը՝ որ վեր­ջին ծայր ամ­բարշ­տու­թիւն է…»։

-Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ.

«Դի» = դիակ, մե­ռե­լի մար­մին։

«Անձ­նա­պուրծ» = անձ եւ պրծիլ՝ ինք­զինք փրկող, ա­զա­տող, վտան­գէն պրծող։

«Հիւ­լէ» = «atome», «molecule». կո­րիզ, ա­ռա­ջին տարր։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016