ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ - Դ -

Հաւատարմութիւնը՝ օրէնքին կիրարկման ամենակարեւոր ազդա՛կն է։ Օրէնք մը, կանոն մը որքան ալ արդար եւ նպաստաւոր ըլլայ, որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, եթէ հաւատարմութեամբ չգործադրուի։

Նոյնն է անշուշտ պարագան ամուսնութեան միութեան մէջ՝ ամուսնութիւն մը որքան ալ արտաքնապէս լաւ երեւի, եթէ հոն կը պակսի հաւատարմութիւնը, ներքնապէս շեղած է իր նուիրական նպատակէն եւ կը դառնայ կատարեալ «ինքնախաբէութի՜ւն» մը, եւ դժոխային միջավայր մը կը ստեղծուի՝ ուր անտանելի կ՚ըլլայ կեանքը ընդհանրապէս։

Հաւատարմութիւնը՝ սիրո՛յ հետ, նախապայմանն է ամուսնութեան խորհրդաւոր միութեան կազմութեան։

Եւ ամէն մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, անհաւատարմութիւնը՝ քանդիչ դեր մը կը խաղայ։

Ուստի, հաւատարմութիւնը, ընդհանուր առումով, կ՚արտայայտէ հաստատամտութիւնը տրուած խօսքին պահպանումին մէջ։ Հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն. այոն «այո՛» եւ ոչը «ո՛չ» համարել եւ հաստատ մնալ խոստումին ուղիղ կիրակման վրայ։

Ինչպէս նախորդ գրութիւններու մէջ ակնարկեցինք, ամուսնական հաւատարմութեան պարագային, ոմանք, անհաւատարմութիւնը «բնազդ»ի փաստարկումով արդարացնել կը ջանան։s

Արդարեւ, մանաւանդ այր-մարդոց այս համոզումին դէմ բարոյականի բացարձակ մաքրութեան մասին մաքրապաշտներու գաղափարականն է՝ ամուսնացած մարդուն համար օրէնքով իրեն կապուած կնոջմէն զատ ուրիշ ո՛եւէ մէկուն խորհուրդն իսկ վտարել իր միտքէն։ Մաքրապաշտներ, ամուրիներուն իսկ կը պատուիրեն զսպել սեռի որեւէ փափաք, մինչեւ որ քաղաքական կամ եկեղեցական օրէնքով կապուին կնոջ մը հետ՝ օրինաւոր ամուսնական միութեան մը կազմութեամբ։

Այսօրուան պայմաններու մէջ, անշուշտ յետամնաց եւ ժամանակավրէպ՝ յետադիմական գաղափարներ կրնայ նկատուիլ այս կարծիքները։

Բայց մարդ պէտք չէ խորհի այս հարցը միայն անհատական իրաւունքի եւ ազատութեան նկատմամբ, այլ եւ մանաւանդ՝ հաւաքականութեան եւ ապագայ սերունդներու առողջ կազմաւորման տեսանկիւնէն՝ աւելի լայն հորիզոնի մը վրայ։

Արդարեւ, անհատը պէտք չէ՛ խորհի միայն իր շահը, այլ նաեւ՝ ընկերութիւնը, ամբողջ հասարակութեան շահը եւ օգուտը։ Եւ դարձեալ անհատին համար կարեւորը միա՛յն ներկան չէ՛, այլ նաեւ՝ ապագայէն ալ պատասխանատու է, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, հապա բարոյապէս ալ։ Անհատական պատասխանատուութիւնը եւ հաւաքականը պէտք չէ՛ շփոթել իրարու։ Ուստի որպէս ընկերային միութեան անդամ, իւրաքանչիւր անհատ, պարտականութիւններ ունի նաեւ ընկերութեան հանդէպ եւ այդ պարտականութիւններն ալ հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կը ստեղծեն։ Եւ ասիկա անհատական «բնազդ»ի փաստարկումով թեթեւցնել կարելի չէ՛։

Ուստի մաքրութեան՝ հաւատարմութեան այս օրէնքը որքան այր-մարդոց համար, նո՛յնքան եւ փոխադարձաբար կին-մարդոց համար ալ ի զօրու է՝ հաւասարապէս կը պատկանի թէ՛ այր-մարդոց, թէ՛ կին-մարդոց։ Կը կարծուի թէեւ, կին-մարդոց մէջ, այս փորձութիւնը աւելի տկար ըլլալ, եւ «յանցաւոր» ու պատասխանատու գտնուիլը աւելի դժուարին ու ծանրակշիռ։

Ուրեմն, կարելի՞ է այս գաղափարականին համեմատ ապրիլ եւ կեանք վարել։

Պէտք է անկեղծութիւնը ունենալ ընդունելու, թէ որեւէ հարցի մէջ, գաղափարը եւ գործնականը տարբեր բաներ են եւ շատ անգամ այս երկուքը իրարու չեն համապատասխաներ։ Գեղեցիկ գաղափար մը, կարելի է որ գործնական արժէք չներկայացնէ։ Բայց ասիկա գաղափարին իսկական արժէքը երբեք չի՛ չնուազեցներ։

Գաղափարի մը գործնականի չվերածուելու միակ պատճառը՝ մարդուն բնական տկարութիւնն ու թերութիւններն են, ի՛նչ որ գաղափարի արժէքը չի փոխեր։ Եթէ մարդ շիլ աչքով նայի շիտակ բանի մը եւ անիկա շեղ տեսնայ, ասիկա չի նշանակեր որ շիտակը ծուռ է՝ շիտակը միշտ ուղիղ կը մնայ, նոյնիսկ անոր նայողը շեղած տեսնէ եւ այդպէս նկատէ զայն։

Պահ մը փորձենք հոգեւոր աչքով դիտել եւ դատել անհաւատարմութեան այս հարցը։

Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս, որ «լո՛յս»ն է աշխարհի, ինչպէս Ի՛նք կը վկայէ (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46), առանց այդ լոյսին, եւ առանց այդ լոյսէն օգտուելու եւ լուսաւորուիլ ջանալու, «շնութեան հաւասար եւ համազօր» մեղք կը նկատէ նայուածք մը իսկ՝ սրտի մէջ գոյութիւն ունեցող գաղտնի խորհուրդ մը, ցանկալի մտածում մը կամ զգացում մը իսկ, որոնք հեշտասիրական կիրք ցոյց կու տան։ Այր-մարդոց եւ կին-մարդոց շատ անգամ անվնաս կամ անմեղադրելի նկատած սիրաբանութիւնն ալ ասոնց կարգէն է։

Դարձեալ, հոս ալ պէտք է նկատի ունենալ ո՛չ միայն անհատական պատասխանատուութիւնը անձին, որ իրաւունքի, ազատութեան արդարացումներով եւ ազատ կամքի փաստարկումներով օրինաւորութեան գետնի վրայ ցոյց տալու ջանք մը կը տարուի անհաւատարմութեան, այլ՝ ամբողջ ընկերութեան եւ գալիք սերունդներու շահը կամ վնասը, բարիքը կամ չարիքը։ Քանի որ սխալ մը սերունդներու յաջորդականութեան մէջ կրնայ փոխանցուիլ եւ մէկու մը սխալ արարքէն կրնայ վնասուիլ յաջորդ սերունդ մը, որքան ալ ուղղակի գործակից եղած չըլլայ այդ սխալին։

Յայտնի խօսք է որ մեծհօր գործած մէկ սխալին պատճառով կը տուժէ եւ կը վնաս-ւի իր թոռը։ Կ՚ըսեն, թէ՝ «երբ մեծ հայրը խակ խաղող ուտէ, իր թոռնիկին ատամները՝ ակռաները կը կրճտէ կամ կը բթանայ, եւ կամ կը փտի»։

Ուրեմն, կա՛ն այնպիսի սխալներ, մոլորութիւններ, որոնք «ժառանգակա՛ն» են եւ կը փոխանցուին սերունդէ՜-սերունդ, ըստ այնմ զգո՛յշ պէտք է ըլլայ մարդ այդ մասին…։

- Պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 21, 2017, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017