ԹՈՒՔԴ Ա՛Ռ, ԵԿՈ՛ՒՐ

Աւելի քան դար մը առաջ ապրած հայ գրող եւ մտաւորական Գամառ Քաթիպա, գուցէ տեսնելով հայազգի անտարբեր մեծահարուստները, յանդուգն եւ խիզախ ձեւով կը յայտարարէր. «Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չի կայ, թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:

Եթէ այսօր մե՛նք ունենանք այդ յանդգնութիւնը ընելու այն՝ ինչ որ Գամառ Քաթիպա կ՚ուզէր ընել, վստահաբար պիտի տառապինք «քսերոստոմիա»ով (Xerostomia՝ բերնի չորացման հիւանդութիւն): Այդպիսիները այսօր մեր շուրջ այնքա՜ն շատ են եւ կը տառապին անտարբերութեան ախտէն՝ հանդէպ ազգայինին ու հայկականին:

Այսօր ինչքա՜ն շատ են այն հայորդիները՝ որոնք ճոխութեան փարթամամոլութեամբ կ՚ապրին, սակայն նոյնքան եւ աւելի՛ գոյութիւն ունին չքաւորներ ու կարօտեալներ. աւելին, (անհաւատալի բայց իրաւ) գոյութիւն ունին անձեր՝ որոնք կ՚ապրին զուրկ ամէն տեսակ մարդկային պարզ ու բնական պէտքերէ:

Վերոյիշեալ երկրորդ կարգի մարդոց կարիքներու հետեւանքով է, որ հայ ազգի մէջ ծնունդ առած է Պօղոս Նուպար փաշաներ, Գալուստ Կիւլպէնկեաններ, Կարապետ Մելգոնեաններ, Յարութիւն Պէզճեաններ եւ ուրիշներ. անձեր՝ որոնք իրենց մահէն աւելի քան դար մը ետք կը շարունակեն յիշուիլ, գրուիլ ու խօսուիլ՝ անկախ իրենց կամեցողութենէն:

Սակայն ընողներէն աւելի ունինք խումբ մը չընողներու, որոնք առաւելագոյնը արժանի են մեր թուքերուն, որոնք կը սնին ուրիշի չքաւորութենէն: Եւ այդ երեւոյթը միայն այսօր չէ՛ որ գոյութիւն ունի. բացէ՛ք ու կարդացէ՛ք Յակոբ Պարոնեան, Գրիգոր Զօհրապ, Երուանդ Օտեան եւ ուրիշներ, որոնք ապրած են դար մը առաջ: Երեւոյթները նոյնն են՝ դերակատարներն են տարբեր:

Սակայն ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր միա՛յն անհատներ չեն, որոնց վրայ պէտք է թքել. այդ «դիրքը» նուաճած են նաեւ մեր մէջ ապրող, գործող եւ, սարսափելին, ազգային գործի գլուխ անցած անհատներ, որոնք մամոնապաշտութեան սիրոյն քաոս կը ստեղծեն հայոց արժանապատուութեան մէջ:

Օրինակնե՞ր... ցաւո՛վ փոխանցեմ: Այսօր երբ բեմերէն, ամպիոններէն ու խորաններէն կը քարոզուի հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն. երբ մի՛շտ ահազանգը կը տրուի ձուլումի ու հայակործանման, անդին աշխարհի վրայ տեղ մը ճի՛շդ քարոզուածին հակառակ սպիտակ եղեռն տեղի կ՚ունենայ՝ ի պատրուակ դրամի: Եւ այդ եղեռնը հիմնականին մէջ կը կատարուի ազգի «ղեկավար»ներուն կողմէ: Լիբանանի մէջ տեղեա՞կ էք, թէ քանի՜ հայորդիներ Հայկական վարժարանէ դուրս դրուած են՝ կրթաթոշակը չկարենալ վճարելնուն պատճառով: Տեղեա՞կ էք, թէ քանինե՜ր իրենց պսակադրութիւնը արաբական եկեղեցիներու մէջ կը կատարեն՝ Հայկական եկեղեցիներու կողմէ ճշդուած սակը չկարենալ վճարելնուն պատճառով: Տեղեա՞կ էք, թէ արաբական դպրոցներուն մէջ ինչքա՜ն շատ են հայ աշակերտներուն թիւը, որովհետեւ օտարինը աւելի մատչելի է՝ քան հայինը: Սակայն մենք կը շարունակենք քարոզել հայրենասիրութի՜ւն ու ազգասիրութի՜ւն...:

Ի՞նչ խիղճով կարելի է հայ աշակերտ մը դուրս դնել հայկական դպրոցէ՛ն՝ լոկ սակագինը չկարենալ վճարելուն պատճառով: Եւ անդին գոյութիւն ունին հազարաւո՜ր հայորդիներ, որոնց համար այդ կրթաթոշակը վայելքի համար մսխած իրենց մէկ օրուան ծախսն է:

Լիբանան ապրած ժամանակ մարդասիրական առաքելութեամբ այցելեցինք մի քանի հայորդիներու տուն. 14 ամեայ հայ պատանի մը կը տառապէր երեք տարբեր հիւանդութիւններէ. համր էր, հաշմանդամ (ունէր Autism) եւ անդամալոյծ էր: Ընտանիքը ի վիճակի չէր անդամալոյծի բազկաթոռ (wheel-chair) առնելու եւ այդ պատանին ստիպուած գետինը սողալով կը շրջէր տունին մէջ: Եւ գիտէ՞ք չէ, այդ բազկաթոռը նուիրելու համար Կիւլպէնկեան կամ Քըրք Քըրքորեան մը ըլլալու կարիքը չկար:

Արդ, սիրելի ընթերցող, ինչպէ՞ս չթքել նման մարդոց վրայ, որոնք ունին առիթը, իշխանութիւնն ու կարողութիւնը, սակայն կամայ կ՚անգիտանան:

Գրիգոր Զօհրապ «Կանանց բժիշկը» նորավէպին մէջ հետեւեալ միտքը կը գրէ. «Հարուստները միշտ պիտի փափաքին որ ամէն ոք կարօտ ու աղաչաւոր դիրք մ՚ունենայ իրենց քով», Արփիար Արփիարեան զանոնք կ՚որակէ որպէս «Նիւթապէս հարուստ, բայց մտաւորապէս աղքատ», իսկ այլ պոլսահայ գրող մը՝ Պետրոս Դուրեան 151 տարիներ առաջ՝ 21 դեկտեմբեր 1870-ին Պ. Տ. Ադամեանին գրած նամակին մէջ կը յիշէ. «հարուստները ջահերով կ՚զբօսնուն, աղքատները առկայծ հողէ կանթեղով մը կը մսին...»:

Պոլսահայ գրող մըն է դարձեալ ըսողը. «Այս թաղին մէջ օրէնք մը կայ, որով աղքատներուն խստիւ արգիլուած է հիւանդ ըլլալը. հարուստները միայն իրաւունք ունին հիւանդանալու» (Յակոբ Պարոնեան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ»): Այսօր եւս հիւանդութեան ծախսերը հոգալ չկարենալուն պատճառով մահացող, հիւանդութեան մէջ տառապող հազարաւո՜ր հայորդիներ ունինք: Ձեր հոգին չէ՞ վիրաւորուած Հայաստանի մէջ կամ այլուր տեսնելով մուրացող մը՝ որ հայ է: Ունինք ոսկի սերունդ մը՝ որոնցմէ շատեր նիւթական զանազան դժուարութիւններով հեռու կը մնան ուսումէ ու համալսարանական կրթութենէ: Շատ են հարուստներ, որոնք կրնան նիւթապէս օժանդակել անոնց ուսման, սակայն ինչպէս Յակոբ Պարոնեան կ՚ըսէ, չեն ուզեր ընել. «վասն զի իրենց ծախքով սնած, մեծցած ու դաստիարակուած տղաներու ճակատը չպիտի կրնան գրել, տպագրեալ եւ հրատարակեալ արդեամբ եւ ծախիւք… աղայի...»:

Տարիներ առաջ հայկական մամուլը կը փոխանցէր հետեւեալ բօթը. «Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը փակելու որոշումը կը ցնցէ երկրի Հայ Համայնքը»։ Պատճա՞ռ. նիւթական անապահով վիճակ եւ որոշում կ՚առնուի դպրոցը վարձով տալ արաբներու...: Չգտնուեցա՞ւ հայ մը ըսէր, որ դպրոց մը փակելով՝ գաղութը կործանման հունին մէջ դնել կը նշանակէ... ես կը հոգամ ինչ որ պէտք է...: Ի դիմաց այս լուրին, տեղադրեմ այլ լուր մը. գրեթէ դպրոցը փակելու նոյն ժամանակահատուածին «Tert.am» կը տեղադրէր հետեւեալ լուրը. «Լիբանանահայ անյայտ մեծահարուստ մը 100-115 միլիոն տոլարի կը գնէ Լիբանանի նշանաւոր «4 Season» պանդոկը»: Այդ գումարի միայն 0,1 առ հարիւրով կարելի պիտի ըլլար չփրկել այդ դպրոցը: Ազգութիւնն ու հայութիւնը մեր աչքերուն դիմաց հոգին կ՚աւանդէ, իսկ մենք կուրաբար հայրենասիրութիւն կոչուած զաւեշտը կը շարունակենք:

Զորն ասեմ կամ զորն խոստովանիմ. արդէն թուքս ալ կամաց կամաց կը սկսի չորնալ:

Շարունակե՛նք մեր ազգին մէջ ստեղծել Աբիսողոմ աղաներ, որոնց շնորհիւ հայ աշակերտը հեռու պիտի մնայ հայկական դպրոցէն, դարաւոր թերթ մը՝ յաւերժօրէն պիտի փակէ իր էջերը, հայ մտաւորականը անօթի պիտի ապրի, սակայն մենք դարձեալ ծափահարենք զիրենք՝ քանի որ դրամ ունին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՇԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(1869-1936)

Մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 27 յուլիս 1936-ին Երեւանի մէջ մահացած է հայ դերասան եւ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Արշակ Յարութիւնեան:

Արշակ Յարութիւնեան ծնած է 5 ապրիլ 1869-ին, Թիֆլիզ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուր սկսած է երեւան գալ դերասանական տաղանդը:

Յարութիւնեանի թատերական ասպարէզը սկիզբ առած է 1887 թուականին: Որպէս դերասան աշխատակցած է Յովհաննէս Աբէլեանի, Գէորգ Չմշկեանի, Մանսուրեան-Զարիֆեանի եւ այլ խումբերու հետ: Զանազան առիթներով բեմ բարձրացած է Թուրքիոյ, Կովկասի, Պարսկաստանի եւ Միջին Ասիայի մէջ:

Արուեստագէտը Երեւանի Առաջին պետական թատրոնի բացման օրը՝ 25 յունուար 1922-ին, գլխաւոր դերով հանդէս եկած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» ներկայացումով: Գլխաւոր դերեր ստանձնած է Ալեքսանտր Շիրվանզատէի «Պատուի համար», Սունդուկեանի «Քանդուած օջախ», Շէյքսփիրի «Օթելլօ» եւ «Համլէթ» ներկայացումներուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ ներկայացումներու մէջ:

Դերասանութեան կողքին Արշակ Յարութիւնեան յօդուածներով եւ բանաստեղծութիւններով հանդէս եկած է «Թատրոն», «Արաքս», «Մշակ», «Տարազ» եւ այլ պարբերականներու մէջ եւ 1897-ին Թիֆլիզի մէջ հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէնի նկարահանումներու մէջ, ինչպիսիք են՝ «Գիքոր»ը, «Շորն ու շորշորը», «Մեր կոլխոզի մարդիկ»ը եւ ուրիշներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021