ԱՆՑԱԾ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅՀՈՅՈՂԻՆ

Եթէ մեր նախահայրերուն դրած օրէնքներն ու կանոնները համեմատենք մեր առօրեայ կեանքին հետ՝ վստահ կրնանք ըլլալ, որ բոլո՛րս ալ ձախողած ենք, իսկ կրօնական օրէնքներու պարագային՝ արժանի գեհենի:

Անցեալ օր, ազատ պահերէս մէկուն ընթացքին սկսայ կարդալ Յովհաննէս Երզնկացիի հայհոյողներու մասին գրած մէկ գրութիւնը, ուր հայրապետը կ՚ըսէ. «Մեծ եւ անքաւելի մեղք է հայհոյանքը եւ աւելի չար՝ քան Ադամէն մինչեւ այսօր բոլոր հերձուածները, որոնք նզովուած են: Մեծագոյն հերձուածը հայհոյանքն է, որ բոլոր մոռցուած մեղքերն ու չարիքները յիշել կու տայ Աստուծոյ, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն»:

Վերոյիշեալ հայրապետը եթէ ներկայիս ապրած ըլլար կա՛մ նման բան մը պիտի չգրէր եւ կա՛մ ալ ուրախութիւնը պիտի ապրէր, որ ներկայ ժամանակաշրջանէն շատ դրախտ գացող չկայ, որովհետեւ բոլո՛րը հայհոյող են այս օրերուն:

Հաւանաբար ծիծաղելի, սակայն այս օրերուն ամէն բան ունի իր բացատրութիւնը, ունի իր հոգեբանութիւնը՝ մինչեւ իսկ հայհոյանքը: Հայհոյանքի հոգեբանութիւնն ու դրդապատճառները բացատրող ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ «հայհոյելը կարիք մըն է», որովհետեւ հայհոյելը, ըստ գիտական աշխատութիւններու, հայհոյանքը կը հանգստացնեն պրկուած ջիղերն ու մկանները եւ խաղաղութիւն կու տան մարդուն:

Մեր օրերուն հայհոյանքը արդէն իսկ պարզ խօսակցութեան մաս կը կազմէ գրեթէ. օրական դրութեամբ բազմաթիւ հայհոյանքներ կը լսենք՝ ճամբան քալած ժամանակ, համացանցի, ժապաւէններու եւ տեսերիզներու ճամբով, ինչու չէ յաճախ նաեւ գրութեամբ (որովհետեւ կարծես գրականութեան մաս կազմել կը փորձէ հայհոյանքը):

Անցեալին հայհոյանքը կը դիտուէր՝ որպէս անէծք ու թշնամանք. հայհոյողը մեղք մըն էր, որ կը գործէր. տակաւին հայրապետներէն շատեր այդ մէկը կը կոչէին սատանայական, որովհետեւ անոնց համոզումով միայն սատանան է, որ կրնայ նախատինք ու թշնամանք սերմանել, մինչ «Աստուծոյ մարդը» հեռու պէտք է ըլլար անկէ: Սակայն ներկայ ընկերութեան մէջ, հայհոյանքը դուրս գալով նախկին դերէն, ստանձնած է ուրիշ դեր մը՝ քիչ մը աւելի տարբեր:

Ներկայ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ հայհոյախառն խօսակցութիւնը երիտասարդութեան մօտ աւելի մտերմութիւն ու հարազատութիւն կը ստեղծէ. զիրար «հայվան» կոչող երկու երիտասարդներ իրարու հանդէպ աւելի անկեղծութիւն ու հարազատութիւն կը զգան՝ քան առանց հայհոյանքի, որ ներկայ սերունդին մօտ քիչ մը պաշտօնականութեան ազդեցութիւն կը գործէ. հաւանաբար այս է պատճառը, որ ներկայ սերունդի անկեղծ բարեկամներ իրարու հայհոյանքով ու նախատինքի խօսքերով կը դիմեն՝ առանց երբեք նեղանալու իրարմէ, որովհետեւ այդ մէկը բարեկամութեան տարբեր աստիճան մըն է:

Իրականութիւն է, որ ներկայ դարու մարդ արարածը հաճոյք կը զգայ հայհոյանքէն. կարդացէ՛ք Օտեանի ու Պարոնեանի երգիծական գործերը. այդտեղ դժուար թէ հանդիպիք հայհոյանքի. այդտեղ ծիծաղ պատճառողը երեւոյթն ու մարդիկն են, իսկ ներկայիս ծիծաղելի ըլլալ կը կարծեն, երբ հայհոյեն. այսօրուան մարդը պատրաստ է երկար խնդալ ու ծիծաղիլ հայհոյանքի համար, որովհետեւ ամէն ինչի կողքին երգիծական ճաշակի արժէքը եւս փոխուած ու կորսուած է:

Շատեր ալ կը կարծեն, թէ հայհոյելը կամքէ անկախ դուրս եկող բան մըն է՝ մանաւանդ ներկայ աշխարհի դժուարին պայմաններուն մէջ. եթէ անցեալին դժուարութեան դիմաց մարդիկ «ո՞ւր էիր Աստուած» կը կոչէին, այսօր պատրաստ են նոյնիսկ ա՛յդ Աստուծոյ հայհոյել՝ այս կամ այն դժուարութեան համար: Հայհոյանքը մեծաւ մասամբ ջղայնութեան պահերուն է, որ դուրս կու գայ եւ ներկայ դարուս գրեթէ ամէ՛ն մարդ ջղային է՝ տնտեսապէս ի՛նչ մակարդակի վրայ որ ալ գտնուի եւ այդ ջղային վիճակը, յոգնածութիւնը, խնդիրներու անլուծելի ընթացքը մարդը կ՚առաջնորդեն այդ բոլորը դուրս տալու՝ որպէս հայհոյանք եւ այս մէկը անձէ անձ կը տարբերի. անձ մը ջղայնութիւնը իր կինն ու զաւակները ծեծելով կրնայ դուրս տալ, իսկ ուրիշ մը լոկ հայհոյելով. շատեր ալ այդ բոլորը կը տանին լռութեամբ՝ ներաշխարհին մէջ թաղելով ամէ՛ն բան:

Այս բոլորէն ետք Երզնկացի կը գրէ. «կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսը, վարդապետը կամ քահանան իշխանութիւն չունին հայհոյողը օրհնել, հաղորդել ու թաղել կամ զաւակները կնքել ու պսակել...». եթէ այս բոլորը ի գործ դրուին այսօր, կարծեմ ո՛չ ոք կ՚արժանանայ եկեղեցական պսակի կամ մկրտութեան. ո՛չ ոք հաղորդութիւն կը ստանայ կամ եկեղեցական արարողութեամբ կը թաղուի՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ կամայ թէ ակամայ եկեղեցականներ շատ անգամ իրե՛նք կը հայհոյեն... այս կամ այն դժուարութենէն դրդուելով:

Այսօր, անցեալին հակառակ, հայհոյանքը սկսած է քաղցրութիւն մը ունենալ. այսօր հայկական շրջանակներու մէջ եւս մանուկին կը փորձեն հայհոյանք սորվեցնել... որովհետեւ «տղայ զաւակ է» եւ տղայ զաւակ ըլլալու օրէնքին համաձայն պէտք է տիրապետէ ու գիտնայ բոլոր հայհոյանքները։ Հայհոյանքը այսօր այնպիսի քաղցրութիւն մը ունի, որ շատ անգամ մենք պատուէրով կ՚ուզենք լսել այս կամ այն հայհոյանքը, այս կամ այն անձէն... Որովհետեւ գոհացում կը զգանք այդ բոլորէն, վերջապէս տղամարդ ըսածդ պիտի հայհոյէ, չէ՞:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -2-

Կիպրոսէն Լիբանան կը ժամանէ քահանայ մը. եկեղեցական բարեկամ մը կը խնդրէ, որ զինք մեքենայով տանիմ քահանային մօտ՝ սուրճ մը խմելու: Քահանան կը փոխանցէ իր հասցէն եւ ես ու եկեղեցականը կ՚երթանք:

Բացի քահանայէն նստած են երկու անծանօթ կիներ, որոնցմէ մէկը փաստօրէն քահանային զոքանչն է: Եկեղեցականը զիս ծանօթացուց՝ որպէս լրագրող եւ ի յայտ եկաւ, որ քահանային զոքանչը հեռու անձ մը չէ լրագրութենէ: Տարբեր տարբեր նիւթերու շուրջ զրուցելէ ետք քահանային զոքանչը ուզեց հարցնել լրագրողի մը մասին. «ի՞նչ կարծիք ունիք»:

Եկեղեցականը առանց պահ մը մտածելու սկսաւ իր անկեղծ կարծիքները արտայայտել.

- Իրականութեան մէջ գրել չի գիտեր. հոսկէ հոնկէ կ՚ընդօրինակէ յետոյ ես գրեցի ըսելով կը դնէ: Սիրուած անձ մը չէ, մէկ բառ հայերէն ալ չի գիտեր, պարզապէս ասոր ատոր հոստեղը հոնտեղը լզելով կրցած է տեղ մը հասնիլ: Ինչքան գիտեմ մի քանի անգամ ալ բանտ մտած ելած է... այդքան ալ մաքուր, բռնուելիք անձ մը չէ:

Քահանային զոքանչը, որ տուած էր յայտնի անձնաւորութեան մասին հարցումը, առանց դիրքը փոխելու մտահոգ ու քիչ մըն ալ ջղային նայուածքով ըսաւ.

- Տղաս կ՚ըլլայ...

«Սուրճերդ միշտ» մը ըսելով դուրս եկանք:

***

Կարծեմ՝ 2013 թուականն էր։ Լիբանանահայ «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութենէն ես ու թերթի սրբագրիչ Յովսէփ Արթինեան դուրս եկանք խմբագրատունէն, մեքենայ մը առնելու եւ տուն երթալու համար:

Բաւական երկար սպասելէ ետք մօտեցաւ շատ փոքր հանրակառք մը, որուն մէջ միայն երկու նստելու տեղ կար: Հանրակառքին դուռը բացի. առաջին տեղը նստողը պէտք է նստէր ահաւոր գէր մարդու մը մօտ եւ ես ինքս գէր ըլլալուս՝ քիչ մը անյարմար էր:

Դառնալով Յովսէփին ըսի.

- Յովսէփ, այս մարդուն քովը դուն նստիր... փաթաթեսի պէս նստեր է...

Տեղաւորուելէ ետք մարդը դժուարութեամբ ու սրտնեղած ետեւ դարձաւ ու հայերէնով ըսաւ.

- Ինչո՞ւ, դուն պակա՞սն ես...

Առանց տրամադրութիւնս խանգարելու ըսի Յովսէփին.

- Քեզի չըսի՞ որ «Ամէ՛ն տեղ հայ կայ...»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2022