ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԸ

Ի՜նչ գե­ղե­ցիկ է սա բնու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­րիմ եւ ան­կե՛ղծ։

Պահ մը խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք դաշտ մը կամ բլուր մը՝ ուր կը շրջա­գա­յիք մտա­ծում­նե­րու մտե­րիմ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, կը նշմա­րէք ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք կը լու­սա­բա­նեն, կը պար­զա­բա­նեն հա­զար ու մէկ նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ մայր բնու­թեան, ան­կեղծ բնու­թեան ցոյց տուած վար­մուն­քը՝ որ կը նմնաի մարդ­կա­յին վար­մուն­քին։ Եւ կ՚անդ­րա­դառ­նանք, թէ դուք ալ, որ­պէս մարդ, մասն էք այդ հրա­շա­լի՜ ե­րե­ւոյ­թին՝ բնու­թեան։

Այս մտա­ծում­նե­րով կ՚անդ­րա­դառ­նաք ձեր էու­թեան, ձեր ինք­նու­թեան, ձեր կեան­քին եւ կը սկսիք հետզ­հե­տէ ի­մաս­տա­սի­րել, ի­մա­նալ, հասկ­նալ ա­նոնք եւ վեր­ջա­պէս կ՚ը­սէք. «Ա­հա­ւա­սի՛կ ես եմ, կ՚ապ­րիմ, կը մտա­ծեմ եւ կը զգամ…», եւ ի՜նչ եր­ջա­նիկ պահ մըն է այդ պա­հը։

Զոր օ­րի­նակ, նկա­տի ու­նե­ցէք վա­զուն ջու­րը՝ ա­ռուակ մը կամ հսկայ գետ մը, ի՜նչ ուժ, ի՜նչ զօ­րու­թիւն, որ կ՚ո­րո­շէ ա­նոր ըն­թաց­քը՝ ան­շեղ, անս­խալ, կարգ ու կա­նո­նի մէջ։ Ուս­տի կը խոր­հիք, թէ ի՞նչ զօ­րու­թիւն է որ կ՚ո­րո­շէ եւ կը կար­գա­ւո­րէ ջու­րին ըն­թաց­քը։ Եւ ջու­րին այդ բնա­կան ըն­թաց­քը տես­նե­լով կը հարց­նէք դուք ձե­զի. «Մա՞րդն է որ կը տի­րա­պե­տէ բնու­թեան, թէ բնու­թիւ­նը՝ մար­դուն»։ Իս­կու­թեան մէջ ան­պա­տաս­խան է, ան­լու­ծե­լի՛ է այս հար­ցը՝ այս փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Բայց այս փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թեան մէջ բնու­թիւ­նը նա­խա­դաս է, քա­նի որ ե­թէ բնու­թիւ­նը չըլ­լար, մա՛րդն ալ գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նար, ո­րով­հե­տեւ մար­դը իր էու­թեամբ բնու­թեան մէջ՝ բնու­թեան մէկ մասն է։

«Վա­զուն ջուր»ի օ­րի­նա­կով շա­րու­նա­կենք։

Հար­ցու­ցած էինք, թէ՝ ի՞նչ ուժ, զօ­րու­թիւն է որ կ՚ո­րո­շէ ջու­րին ըն­թաց­քը, քա­նի որ կան զա­նա­զան խո­չըն­դոտ­ներ՝ ո­րոնք վերց­նե­լու բա­ւա­կան ուժ չու­նի հո­սող ջու­րը ինք­նին։

Երբ հո­սող ջու­րին դէ­մը կ՚ել­լէ լեռ մը, կամ բլուր մը, ո­րուն վրայ մագլ­ցե­լու ան­կա­րող է, կը դառ­նայ ա­նոր շուր­ջով, եւ ա՛յդ­պէս կը շա­րու­նա­կէ իր հոս­քը, բայց ան­պայ­մա՛ն կը շա­րու­նա­կէ։ Ա­պա ու­րեմն ո՞ւր­կէ է այդ ու­ժը, զօ­րու­թիւ­նը՝ որ փո­խել կու տայ ըն­թաց­քը ջու­րին եւ շա­րու­նա­կե­լու իր ճամ­բան։ «Խոր­հուրդ» մըն է այդ, քա­նի որ ջու­րը խելք չու­նի, ի­մաս­տուն չէ, ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նի, բայց կեր­պով մը կը շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բան, ո՛­չինչ հա­մա­րե­լով ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ։ Զար­մա­նա­լի՜ է բնու­թիւ­նը…։

Հո­սող, վա­զուն ջու­րը շրջե­լով կը հաս­նի տեղ մը, ուր սա­հանք մը կը կտրէ իր ճամ­բուն ըն­թաց­քը մէկ ոս­տու­մով, փրփրե­լով, ֆըշ­ֆը­շա­լով կը նե­տուի վե­րի մա­կար­դա­կէն՝ վա­րի­նը եւ կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը։ Գի­տէ՞ ջու­րը որ ո՛ւր կ՚եր­թայ։ «Գի­տէ՛», ը­սել կա­րե­լի չէ, բայց ան կը կտրէ այդ ճամ­բան հաս­տա­տա­կամ ու հաս­տա­տա­մի՛տ՝ ա­ռանց կամ­քի ու ա­ռանց միտ­քի։ Զար­մա­նա­լի չէ՞…։

Մինչ­դեռ մարդ՝ այդ բա­նա­ւոր ու խե­լա­ցի՜, ի­մաս­տո՜ւն էա­կը գի­տէ՛ թէ ո՛ւր պի­տի եր­թայ, նպա­տակ մը ու­նի, բայց կը դժուա­րա­նայ իր ըն­թաց­քը կա­տա­րե­լու շատ ան­գամ, ու­ժը կը պակ­սի խո­չըն­դոտ­նե­րը անց­նե­լու, խել­քը չի բա­ւեր խոր­հե­լու «ու­րիշ ճամ­բայ» մը եւ կը շուա­րի, կը կորսնց­նէ իր ճամ­բան եւ կը կոր­սուի…։

Ա­հա­ւա­սի՛կ տար­բե­րու­թիւ­նը մար­դուն եւ բնու­թեան։ Տար­բե­րու­թիւ­նը ու­ժե­րու, զօ­րու­թեան եւ կա­րո­ղու­թեան բա­նա­կա­նու­թեան եւ բնա­կա­նու­թեան։

Են­թադ­րենք, որ գե­տի մը ըն­թաց­քը ար­գի­լուե­ցաւ լեռ­նե­րու շղթա­յով մը. այն ա­տեն ի՞նչ կ՚ը­նէ գե­տը։

Շատ պարզ է ը­րա­ծը. ա­կա­մայ՝ ան­գի­տակ­ցա­բար եւ անզ­գա­լա­բա՛ր կը փո­խէ իր «նկա­րա­գիր»ը եւ կ՚ըլ­լայ լիճ։ Գե­տը երբ չի կրնար ըն­թացք գտնել, չի կրնար քա­լել ու յա­ռա­ջա­նալ, կ՚ու­ռի, կը տա­րա­ծուի, եւ կ՚ամ­փո­փուի լեռ­նե­րու քա­շած շրջա­պա­տին մէջ, եւ կ՚ըլ­լայ ան­շարժ ջրա­կոյտ մը՝ ո­րուն սո­վո­րա­կան ա­նունն է լի՛ճ։

Աշ­խար­հագ­րա­կան ե­րե­ւոյթ մը, ե­թէ նե­րուի մե­զի բա­րո­յա­պէս բա­ցատ­րել փոր­ձել՝ պի­տի ը­սենք, թէ «լիճ»ը կո­թո­ղա­յին ա­պա­ցոյց մըն է «գե­տին յե­տին յու­սա­հա­տու­թեան»։ Ի­րա­պէս «մե­լա­մաղ­ձոտ» վի­ճակ մը կը նշմա­րուի «լճակ»ին մէջ, նոյն­պէս եւ մեծ լի­ճի մը մէջ՝ որ կը մատ­նէ ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը հո­սող ջու­րին զօ­րու­թեան։ Ու­րիշ խօս­քով կը տես­նուի, որ հո­սող ջու­րին ըն­թացք տուող զօ­րու­թիւնն ալ, ուժն ալ վեր­ջա­պէս սահ­ման մը ու­նի։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ բնու­թեան մէջ ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ զօ­րու­թիւն «ան­սահ­ման» է՝ բնու­թիւնն ալ ու­նի չափ, աս­տի­ճան եւ կշի՛ռ իր ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեա­նը մէջ։ Տար­բեր ձե­ւով ը­սենք. բնու­թեան ու­ժը ան­սահ­ման է թէեւ, բայց գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հա­մե­մա­տա­կան՝ ո­րոշ չափ եւ կշի­ռի մը հա­մա­ձայն։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, «լիճ» մը բա­ցա­յայ­տու­թիւնն է, խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը՝ գե­տին պար­տու­թեան, ան­զօ­րու­թեան, ու­ժա­թա­փու­թեան ու ու­ժաս­պա­ռու­թեան ար­գելք­նե­րու առ­ջեւ՝ ո­րոնք իր դէ­մը կը կանգ­նին։ Բայց ա­ւելց­նենք, կա­րեկ­ցա­բար, խոս­տո­վա­նինք՝ գե­տին «ճար­տա՛ր» պար­տու­թիւ­նը։ Պար­տու­թե­նէն շահ ա­պա­հո­վե­լու, եւ կամ պար­տու­թեան վնա­սը նուա­զա­գոյն զգա­լու ճար­տա­րու­թի՛ւն։

Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ պատ­մուած «Ա­նի­րաւ տնտես»ին ա­ռա­կը ծա­նօթ է ձե­զի։ Ու­րեմն «վնա­սէն շահ ա­պա­հո­վել»ու ճար­տա­րու­թիւ­նը կա՛յ նաեւ բնու­թեան մէջ, եւ ու­րեմն բնա­կան է այդ, թե­րեւս բնազ­դա­յին։

Ու­րիշ օ­րի­նակ մը. տե­սած էք, թէ ինչ­պէս ժայ­ռի մեծ ու ծանր կտոր մը, բլու­րի մը կողն ի վար գլտո­րած ու ի­ջած է՝ մին­չեւ որ հսկայ ծա­ռի մը բու­նը կա­սե­ցու­ցած ու գա­մած թա­ղած է զայն իր ոտ­քը՝ ան­շարժ, ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար, եւ ո՜վ գի­տէ, թե­րեւս մշտնջե­նա­ւո­րա­պէս։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս ի­րո­ղու­թեան մէջ ալ եր­կու բնա­կան ու­ժեր ի­րա­րու կը հան­դի­պին, եւ մէ­կը կը պար­տուի ու միւ­սը տե­ղի կու տայ։

Մարդ­կա­յին-ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ ալ պա­րա­գան նո՛յնն է՝ եր­կու հո­գի երբ կը կռուին, եր­կու կողմն ալ կը վնա­սուի՝ մէ­կը ա­ւե­լի, միւ­սը հա­մե­մա­տա­բար նուազ, բայց ի վեր­ջոյ եր­կուքն ալ կը վնա­սուին։ Եր­կու կողմն ալ ու­ժաս­պառ կ՚ըլ­լան եւ յոգ­նա­բեկ կը հե­ռա­նան ի­րար­մէ։

Ին­չո՞ւ։ Քա­նի որ եր­կու կռուող­նե­րու ու­ժը բա­ւա­րար չ՚ըլ­լար վճռա­կան, վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ մը ձեռք բե­րե­լու։ Մէ­կը միւ­սէն հա­մե­մա­տա­բար գե­րա­դաս կը հա­մա­րուի։ Ու­ժե­րու բա­ցար­ձակ գե­րակ­շիռ ըլ­լա­լը միւ­սին նկատ­մամբ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար եւ եր­կու կողմն ալ կո­րուստ կ՚ու­նե­նայ՝ կը վնա­սուի։

Ար­դա­րեւ, կ՚ը­սուի, որ դատ մը՝ օ­րէն­քի յանձ­նուած վէճ մըն ալ, ամ­բաս­տա­նո­ղին ու մե­ղադ­րուո­ղին նկատ­մամբ ի­րա­րու զար­նուած գա­ւաթ­նե­րու կը նմա­նին՝ մէ­կը երբ կը փշրուի, միւսն ալ կը ճա­թի՛։

Ու­րեմն թէ՛ բնու­թեան մէջ եւ թէ բնու­թեան մէկ մա­սը՝ մար­դուն փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չէ՛ «բա­ցար­ձակ ուժ»ի մա­սին խօ­սե­լու փորձ կա­տա­րել, այլ ու­ժե­րու հա­մե­մա­տա­բար ի­րա­գոր­ծու­թեան ար­դիւնք­նե­րը պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, քա­նի որ բնու­թեան մէջ ա­մէն ուժ ան­բա­ւա­րար է, գո­հա­ցու­ցիչ չէ բա­ցար­ձակ եւ հա­տու ար­դիւնք մը ձեռք ձգե­լու։ Եւ ու­րեմն, բնու­թիւ­նը հաս­տա­տուա՛ծ է ու­ժե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ կշռոյ­թին վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 5, 2016, Գնա­լը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2016