ԽՈՆԱՐՀ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ԱԶՆԻՒ
Աշխարհի բարձրացման, զարգացման եւ բարօրութեան համար պէտք եղած ազդակները ա՜յնքան վարժուած են սպասել մարդիկ՝ եւ իրաւամբ անշուշտ՝ միտքով, սիրտով եւ կարողութիւններով «մեծ մարդ»երէ, որ յաճախ կը մոռցուին եւ կ՚անտեսուին, թէ իրենց շուրջը, իրենց մօտիկը կը գտնուին ուրիշ յատկութիւններ ունեցող մարդիկ՝ խոնարհ, համեստ ե՛ւ ազնիւ անձեր, որ երբեմն, եթէ ո՛չ տաղանդ եւ զարգացում, գոնէ սրտի ազնիւ տրամադրութիւններ եւ պատուական առաքինութիւններ կը ցուցադրեն իրենց համեստ կեանքին մէջ։
Բայց իրողութիւնը այն է, որ այն «համեստ» նկատուած անհատներու մէջ ալ երբեմն, եթէ ո՛չ յաճախ, կարելի է հանդիպիլ մտքի եւ հոգիի այնպիսի չքնաղ զարդերու՝ որոնց նմանը ամէն միջավայրի եւ ամէն վիճակի մէջ տեսնել կարելի չ՚ըլլար։ Եւ հաճելիօրէն յուսախաբ կ՚ըլլայ մարդ, երբ գրեթէ «ցեխին մէջ ադամանդ» մը կը գտնէ, եւ կարծես այդ ադամանդին արժէքը կը կրկնապատկուի։
Մասամբ, համեմատաբար «խոնարհ» նկատուած խաւերէն ելած, աճած եւ հասած նկարագրի ազնուութիւնը կարծես մարդուն վրայ այն ազդեցութիւնը կը գործէ, թէ շնորհափայլ եւ անուշաբոյր ընտանի ծաղիկ մը տեսնուած է լերան մը ամայի մէկ կողին վրայ։ Հաճելի եւ նո՛յնքան զարմանալի անակնկալ մը…։ Մարդուս վրայ, ահաւասիկ այսպէս տպաւորութիւն մը կը թողու՝ համեստ շրջանակէ մը երեւելի եւ մեծ անձնաւորութեան մը երեւումը։
Զոր օրինակ, պարզ բեռնակիր մը՝ համեստ, խոնարհ, շատ անգամ անտեսուած այդ անձը, իրականութեան մէջ շատ ծանր բեռ մը կը կրէ՝ ազնիւ, մաքուր եւ սիրով լեցուն սի՛րտ մը. ան բեռնակիրն է իր ազնիւ սրտին, որ մարդիկ չեն տեսներ այդ բեռը, այլ՝ անոր կրած սովորական բեռները միայն…։
Ան թերեւս պարզ բեռնակիր մըն է, բայց անոր կրած անգին, մեծարժէք սիրտը ուրիշներ կրնան չկրել։ Այլապէս մարդ պէտք չէ՛ չափուի իր արտաքին տեսքով, այլ «ներքին մարդ»ով, որ է իսկակա՛ն մարդը, անկեղծ եւ բնակա՛ն։ Այն բեռնակիրը՝ պարզ, համեստ, խոնարհ եւ անտեսուած, երջանիկ է եւ իր կեանքէն գոհ, քանի որ խոշոր սիրտ մը կը կրէ՝ լեցուած եւ ծանրացած սիրով։ Արդարեւ անոր միակ մտահոգութիւնն է ապահովել իր ընտանիքին օրապահիկը, հայթայթել այն ի՛նչ որ անհրաժեշտ է իր ընտանիքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Անոր կեանքը պարզ է՝ ո՛չ խաբէութիւն, ո՛չ խարդախ միտումներ ունի եւ ո՛չ իսկ որեւէ յետին նպատակ։ Ծանր է իր բեռը եւ պատասխանատուութիւնը, քանի որ ան կը կրէ իր ընտանիքին ամբողջ բեռը՝ սէրը, հոգածութիւնը, խնա՛մքը։ Առտու եւ իրիկուն, ամառ եւ ձմեռ ուրախ է, երջանիկ, քանի որ իր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի եւ կ՚աշխատի բարի նպատակի մը համար, օգտակար ըլլալու համար իր ընտանիքին՝ օգտակար ըլլալով ուրիշներուն։
Համեստ եւ խոնարհ բեռնակիրին միակ դրամագլուխն է իր անձնական ուժը եւ բեռնակիրի յատուկ չուանը, այն չուանը՝ որմէ կախում ունի ընտանիքի ամբողջ անդամներուն կեանքը։ Վեհանձն բեռնակիրին չուանին ծայրէն են կախուած կեանքեր, որուն գիտակցութեամբ կրած բեռերուն ծանրութիւնը զգալի չ՚ըլլար՝ իր կրած խոշոր ազնիւ սրտին ծանրութեանը տակ։ Բեռնակիրին ամբողջ կեանքը՝ խելքը, դաստիարակութիւն, կրթութիւնը, այդ «բեռնակիրի չուան»ն է՝ ապրուստը ուղղամտօրէն հայթայթելու միջո՛ցը։ Չուանը նոյնացած է բեռնակիրին հետ։
Զարմանալի չէ՛ ուրեմն, որ տեսակ մը գուրգուրոտ վերաբերում ունենայ բեռնակիրը այդ չուանին հետ, որ իր կեանքին անբաժան եւ սիրելի ընկերն է։ Իր մութ օրերուն մէջ իրեն համար տեսակ մը լոյս է չուանը՝ յոյս՝ իր ընտանիքին համար։ Ան որքան պարզ, համեստ եւ խոնարհ, նո՛յնքան ազնիւ եւ իմաստուն է, երբ հեգնական ակնարկութեան մը առթիւ պարծանքով եւ իրեն անսովոր խրոխտութեամբ մը կը նետէ իր իմաստալից խօսքը։
Այս ազնիւ եւ իմաստուն մարդը՝ բեռնակիրը մտքի մշակութիւն, զարգացում, ուսում չունի բնաւ, նաեւ հեշտօրէն անգիտակ՝ օտար է քաղաքակիրթ կեանքի առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն, պարզ հոգի մըն է ան, շատ պարզ հոգի մը միայն։
Բայց այս պարզ հոգին այնպիսի պատուական յատկութիւններ, առաքինութիւններ ունի, որ մարդ կը զարմանայ անոր նման մարդու մը վրայ գտնելով զանոնք։
«Այս չուանը ամբողջ ընտանիքի մը պէտքերը կը հոգայ»։ Ահաւասիկ այս իմաստալից խօսքը պարզութեան մէջ իմաստութեան արտայայտութիւնն է. խօսք մը՝ որ ամէն ինչ կը բացատրէ, կեանքը կը վերլուծէ, կեանքին նպատակը, իմաստը կը բովանդակէ եւ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան դա՛ս մը կու տայ։
Դրական առաքինութիւններով է օժտուած այդ պարզ եւ համեստ բեռնակիրը, որուն միտքը թէեւ չէ զարգացած, բայց հոգին ազնուացած է։ Սովորական կարգ մը վատ մոլութիւններու եւ ունակութիւններու բացակայութիւնն ալ այդ պարզ եւ համեստ հոգիէն անոր ուրիշ մէկ պատուական կողմը ցոյց կու տայ։
Ան, իր կեցուածքով եւ կենցաղով, խոնարհ խաւերու պատուական ներկայացուցիչը, հրաշալի՜ տիպարն է, որ իր ունեցած լոյսին եւ յոյսին համեմատ ուղղամիտ, անկեղծ, հաւատարիմ, աշխատասէր եւ մանաւա՛նդ գոհունակ եւ երջանիկ կեանքով կ՚ապրի, եւ իր անբաժանելի սիրելի չուանը՝ որ ամբողջ ընտանիքի մը պէտքերը կը հոգայ, իր ուսին վրայ եւ իր պարտականութեան գիտակցութեամբ գործի «որսորդութեան» կ՚ելլէ։ Իր ուղղամտութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ ցոյց կու տայ այդ պարզ մարդը, թէ ուսումի, գիտութեան, զարգացման չափ կարեւոր է նկարագիրը, հոգիի ազնուութիւնը։ Ան կենդանի վկայ մը, մեծ տիպար մըն է ազնիւ հոգիով երջանկութեան եւ կատարելութեան հասնելու իրողութեան։
Բեռնակիրը՝ այդ պարզ, համեստ մարդը ցոյց կու տայ, թէ իսկական բարձրութիւնը խոնարհութեան մէ՛ջ է, ինքնաճանաչութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, անկեղծութեան եւ աշխատասիրութեան մէ՛ջ է։ Բեռնակիրին հոգիին այս ազնիւ յատկութիւնները եթէ ունենան մարդիկ իրենց սրտին եւ հոգիին մէջ, եւ իրականացնեն զանոնք իրենց գործերուն մէջ, կեանքը որքա՜ն աւելի դիւրատար եւ որքա՜ն աւելի հաճելի կ՚ըլլայ, եւ աշխարհ որքա՜ն կը նպաստաւորուի այդ կեանքին արդիւնարար շողերէն։ Եւ եթէ մարդիկ գիտնային չափաւորութեան, պարզութեան արժէքը, անդրադառնային համեստութեան, խոնարհութեան կարեւորութեան, թէ իսկական մեծութիւնը եւ բարձրութիւնը համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ է։ Եթէ անդրադառնայի՜ն…։
Հա՞րկ է կեանքին մէջ միշտ բարձր, միշտ մեծ երեւելու աշխատիլ երբ տակաւին հոգիով բարձր եւ մեծ չէ մարդ։ Արդարեւ «երեւիլ» եւ «ըլլալ» բոլորովին տարբեր վիճակներ են, զոր օրինակ, «բարի երեւիլ» եւ «բարի ըլլալ», «գիտուն երեւիլ» եւ «գիտուն ըլլալ», «հաւատացեալ երեւիլ» եւ «հաւատացեալ ըլլալ»։ Բոլոր այս զանազանութիւնները կ՚որոշուին անկեղծութեա՛մբ, պարզութեամբ եւ համեստութեամբ։ Եթէ մարդ երեւի այնպէս՝ ինչպէս որ է, անկեղծութեան մարմնացում մը կ՚ըլլայ՝ տիպա՛ր բոլորին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 13, 2018, Իսթանպուլ