ԱԲԳԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՆԱՄԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ՝ ՅԻՍՈՒՍԻ
Նախապէս անդրադարձած էինք Աբգար թագաւորի նամակին մասին, ուղղուած Յիսուսի, որ կը հրաւիրէր զԱյն բժշկուելու համար իր ծանր հիւանդութենէն։
Մերօրեայ պատմական քննադատութիւնը իբրեւ ճշմարիտ չի նկատեր այս իրադարձութիւնը, յայտնելով միանգամայն թէ այս պատմութեան մէջ նկարագրուած է ասորւոց եւ ո՛չ թէ հայոց դարձը, թէ Ուռհայի (=Եդեսիայի) թագաւորութիւնը հայկական չէր, թէ Յիսուսի ժամանակակից Աբգար Ե. Ուքաման (Սեւանը) քրիստոնէութիւն չէ ընդունած եւ ոչ իսկ թղթակցութիւն ունեցած Յիսուսի հետ, թէ միմիայն Աբգար թագաւորը Քրիստոսի թուականին՝ 26-ին քրիստոնեայ դարձած է։
Ընդունելով հանդերձ պատմական այս քննադատութեան յայտնութիւնները, պէտք չէ սակայն մերժենք թէ քրիստոնէութիւնը շատ հին ժամանակներուն քարոզուեցաւ ինչպէս ասորիներուն, նոյնպէս եւ հայոց, որոնց երկիրը աշխարհագրական դրութեամբ աւելի մօտ էր քրիստոնէութեան կեդրոն Պաղեստինին, քան թէ Ասիոյ հեռաւոր գաւառները, ուր Պօղոս առաքեալ գործեց։ Գործք Առաքելոցը (ԳՈՐԾ. Բ 9) թուելով քրիստոնէութիւն քարոզուած երկիրներու անունները՝ ի միջի այլոց կը յիշատակէ եւ «Հրէաստան» անունը։
Ուստի, կը կարծուի եւ այս՝ Տէրտուղիանոսի վկայութեան վրայ հաստատուած, թէ Գործք Առաքելոցի «Հրէաստան»ը՝ «Հայաստան» պէտք է ուղղել եւ այդպէս հասկնալ, մանաւանդ որ անուններու դասաւորման կարգն ալ ա՛յդ կը պահանջէ։ Ինչպէս՝ Միջագետք, Հայաստան եւ ապա Գամիրք. Կապադովկիա։ Այսպիսի մեկնութեամբ հաստատուած է քրիստոնէութեան հնագոյն քարոզութիւնը Հայոց երկրին մէջ։
Պէտք չէ մոռնալ եւ այն, որ Հայոց երկիրը բազմաթիւ հրեաներ կային, որոնք սերտ յարաբերութեան մէջ էին իրենց Մայր երկրի հետ եւ բնականաբար նոր կրօնի գաղափարներու եւ վարդապետութեան տարածիչներ կրնային ըլլալ…։
Եդեսիայի մէջ քրիստոնէութիւնը հաստատուելէ յետոյ՝ Թադէոս իրեն փոխանորդ Ագգէ (Ադդէ) մետաքսագործը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ ինքը Աբգարի հրովարտակով կու գայ բուն Հայոց երկիրը Սանատրուկի մօտ, որ Աբգարի քեռորդին էր եւ անոր կողմէ Հայ աշխարհի եւ զօրքի վրայ իշխան կարգուած։
Իր քարոզութեամբ Թադէոս շատերը դարձի կը բերէ, որոնց մէջ մանաւանդ նշանաւոր էին Սանատրուկի դուստր Սանդուխտը, Սամուէլ եւ Զեմենդ իշխանները եւ Զարմանդուխտ տիկինը։ Նոյնիսկ Սանատրուկն ալ քրիստոնեայ կը դառնայ, բայց ապա նախարարներու երկիւղէն հաւատքը կ՚ուրանայ եւ հալածանք կը հանէ քրիստոնէութեան դէմ։ Այս հալածանքի ժամանակ Արտակ գաւառին մէջ կը նահատակուի Թադէոս առաքեալը, Սանդուխտ կոյսը եւ ուրիշներ։
Թադէոս առաքեալի նշխարները ամփոփուած են Մակու քաղաքի մօտ գտնուած Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքին մէջ։
Հայ եւ օտարազգի վկայաբանութիւններ Հայոց երկրորդ քարոզիչ կը համարեն Բարթուղիմէոս առաքեալը՝ որ Աւետարանի մէջ յիշատակուած Նաթանայէլի հետ նոյն կը համարուի։ Բարթուղիմէոսը նախնաբար Պարսից երկրի հարաւային կողմերը կը քարոզէ եւ ապա Հնդկաստան կ՚անցնի։ Տիրամօր՝ Աստուածածնի վերափոխումէն յետոյ, որու ննջման ներկայ չէր եւ այս իսկ պատճառով իբրեւ մխիթարութիւն ստացաւ Յովհաննէս Աւետարանիչի շինած պատկերը, Թովմաս առաքեալի յորդորանքով ան Հայաստան կու գայ Սանատրուկի թագաւորութեան 29 տարին՝ Թադէոս առաքեալի գործը շարունակելու։
Բարթուղիմէոս առաքեալը քարոզութեան կեդրոն կ՚ընտրէ Վասպուրական նահանգի Անձեւացեաց գաւառը՝ որ յայտնի էր իբրեւ հեթանոսական պաշտօնատեղի, յատկապէս Դարբնաց քար կոչուած վայրը Անահտական մեհեանով։ Առաքեալը իր քարոզութեամբ կ՚աշխատի ջնջել հեթանոսութիւնը, կը շահի հետեւողներ, կը շինէ փոքրիկ եկեղեցի մը Սուրբ Աստուածածնի անունով, որուն մէջ կը գտնուի իր հետ բերած Տիրամօտ պատկերը եւ եկեղեցւոյ պահպանութիւնը սուրբ կանանց կը յաձնէ, որոնց մէջ յատկապէս կը յիշուի Մարիամ՝ Յուսիկ իշխանի քոյրը, Աննա՝ Որմզդատի քոյրը եւ Աննա՝ Մաքովտի քոյրը։ Այս եկեղեցին յետոյ յայտնի դարձաւ «Հոգեաց վանք» անունով։
Անձեւացեաց գաւառը իբրեւ կեդրոն ընտրելով՝ Բարթուղիմէոս առաքեալ շրջած է նաեւ Հայաստանի այլ եւ այլ կողմերը։ Կ՚աւանդուի, որ Բարթուղիմէոս առաքեալ քարոզած է Գողթն գաւառի մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2022, Իսթանպուլ