ԲԱՄԲԱՍՈՂԻՆ՝ ՄԱՀԱՊԱՏԻԺ
Պատմութեան մէջ կար ժամանակ՝ երբ ամէ՛ն մարդ իր գործով կը զբաղէր: Մտաւորականը իր խոհերը կը գրէր, կօշկակարը կօշիկ կը նորոգէր, բժիշկը իր գիտելիքը ի գործ կը դնէր, սակայն ժամանակ մը ետք փոխուեցաւ ամէն բան եւ կօշկակարը՝ բժիշկ, բանուորը՝ դատաւոր եւ անուսը մտաւորական դարձաւ եւ այդպէս ալ մնաց: Եթէ անցեալին կօշկակարը արհեստաւոր էր, այսօր քաղաքական գործիչ, քիչ մը քննադատ, հրամանատար ու պատերազմի մասնագէտ մըն է, որու խորհուրդներով ազգը «փրկել» պիտի յաջողէինք:
Անցեալին կար «չգիտնալ»ու համեստութիւն մը, սակայն այսօր ամէ՛ն մարդ կարծես ամէ՛ն բան գիտէ՝ նոյնիսկ եթէ չգիտնայ:
Այս սանձարձակ վիճակը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի մարդիկ սկսին հանգստութեամբ քննադատել, մինչեւ իսկ անարգական արտայայտութիւններ ունենան երկրի ղեկավարներուն, հոգեւոր առաջնորդներուն եւ բոլո՛ր անոնց դէմ՝ որոնք իրենց սահմաններէն դուրս կը գտնուին: Այսօր համացանցի վրայ մեր հայ ժողովուրդը երեւակայութեան սահմանները քանդելով աներեւակայելի հայհոյանքներու անձրեւ մը կը տեղացնէ բոլորին վրայ՝ բժշկութեան ոլորտէն սկսեալ, մինչեւ իսկ կրթական, քաղաքական ոլորտներ, որովհետեւ գիտէ թէ իշխող ուժ մը չկայ, որպէսզի կարենայ զինք արգիլել այլ բոլորը ընելէ:
Այս չարիքը 21-րդ դարը յառաջ բերաւ՝ «ազատութիւն» խորագրին տակ, որովհետեւ մարդը համոզեց, թէ ինք ազատ է խօսելու ամէ՛ն բանի մասին՝ նոյնիսկ իր հասկացողութենէն վեր եղածներուն:
Այս բոլոր սանձարձակ իրողութիւններուն դիմաց կը կարդամ մի քանի դարեր առաջ գրուած «Դատաստանագիրք Աստրախանի Հայոց» օրէնսգիրքը, որուն մէջ որպէս քրէական մեղք ու յանցանք կը ներկայացուի իշխող թագաւորին դէմ ապստամբիլը: Աւելին՝ իշխանութեան դէմ ապստամբողը մահուան կը դատապարտուի՝ գլխատմամբ եւ անոր բոլոր ունեցուածքը թագաւորութեան կը պատկանի. իր ժառանգորդները որպէս ամօթ կը դառնան աղքատներ ու ողորմելիներ, որպէս արդիւնք իրենց հօր խայտառակութեան: Պատիժ կը հասնի նաեւ անոր՝ որ գիտնալով հանդերձ ուրիշի կատարած սխալը՝ լուռ կը մնայ, մինչ մեծապէս կը գնահատուի ան, որ իշխանութեան կը տեղեկացնէ այս կամ այն անձի ապստամբութեան կամ մեղքին մասին:
Խիստ օրէնսգիրքը բառացիօրէն կը գրէ. «Եթէ ոք ընդդէմ արքայական մեծութեան առողջութեան մեղանչիցէ կամ առ թշնամիս նորին փախիցէ, կամ թշնամեացն խորհրդով դրամով կամ զօրօք օգնեսցէ, կամ հրաւիրեսցէ զժողովուրդս առ ի ապստամբիլ արքայէ, կամ պատերազմեսցէ ընդդէմ արքայի՝ մահապարտ է, հատցի գլուխ նորին եւ ունեւորութիւնք նորին հասցի յարքունիս»:
«Դատաստանագիրք Աստրախանի Հայոց» շարունակելով խիստ օրէնքները խստագոյնս պատժել կը հրամայէ այն անձը՝ որ կը բամբասէ իշխանութեան դէմ եւ կը յանձնարարէ ներել եթէ բամբասողը խելագար, պանդուխտ կամ օտարական է: Օրէնսգիրքը կը հրամայէ աքսորի ենթարկել այն անձը, որ կը համարձակի դրամի վրայէն ջնջել թագաւորին պատկերը. նման անձն մը ամբողջ կեանքը պէտք է որպէս ծառայ անցընէ: Թագաւորին անունով սուտ խօսելու կամ կեղծ հրովարտակ հանելու պարագային օրէնսգիրքը կը հրամայէ մահուան դատապարտել մեղաւորը:
Նման ծայրայեղ օրէնքներու դիմաց քանի՞ հայորդի զոհուած է՝ չենք գիտեր, սակայն կը կարծենք որ անոնց թիւը այնքան ալ քիչ ըլլալու չէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի արեան մէջ կայ քննադատելն ու «բան մը չհաւնիլ»ը: Նման օրէնք մը ներկայ օրերուն ինչքանո՞վ տրամաբանական կ՚ըլլար. ազգին մեծամասնութիւնը զոհ կը դառնար այս օրէնքին, իսկ այլ մաս մը կը պարգեւատրուէր, որովհետեւ գումարի դիմաց հայը պատրաստ է մի՛շտ ծախել թէ՛ ընտանիքը եւ թէ՛ իր անձը:
Այնպէս չէ, որ անցեալին քննադատութեան նիւթ չէին դառնար ղեկավարներն ու հոգեւոր առաջնորդները, սակայն տարբերութիւնը այն է, որ անցեալին կար առողջ քննադատութիւն՝ հիմնուած տրամաբանութեան վրայ: Ներկայիս փոխուած է նաեւ քննադատութեան հասկացողութիւնը եւ վերածուած է ցեխարձակումի. անցեալի քննադատութիւններուն առանցքը կը կազմէ այս կամ այն անձին գործը, սակայն այսօր կեդրոնացումը նոյնինքն անձը կը դառնայ, որովհետեւ մենք անձը գործէն զանազանել չգիտնալու ախտէն կը տառապինք: Եթէ չսիրենք անձ մը՝ ինքնաբերաբար չենք սիրեր նաեւ անոր գործերը՝ ինչքան ալ ազգանպաստ ըլլան, իսկ անոր հակառակ կը սիրենք ու կը գովաբանենք ապուշ գործ մը, որուն հեղինակը մեր սիրած անձերը կ՚ըլլան:
Այս բոլորը մեզ կը հասցնեն այն եզրակացութեան, որ արդար դատողութիւնը մեռած է աշխարհի մէջ եւ մարդիկ սկսած են դատել այնպէս՝ որ կարենան շահ մը ապահովել անպայման:
Մենք «Պապի անսխալականութիւն»ը ընդունող ժողովուրդ մը չենք եւ հետեւաբար բնական երեւոյթ է քննադատելը, սակայն պէտք է լաւապէս հասկնալ, թէ ինչ ըսել է քննադատել։ Այսօր Վեհափառ Հայրապետին կամ Հայաստանի վարչապետին նկարներուն տակ գրուած հայհոյանքները քննադատութիւններ չեն եւ իրենց մէջ ո՛չ մէկ շինիչ բան կը ներառեն:
Այս բոլորին դիմաց, սակայն, ազգը չենք մեղադրեր. մեղաւոր կը նկատենք ան՝ որ «ազատութիւն» կոչեցեալը յաջողեցաւ մարդոց միտքին մէջ փորագրել, որ որպէս պաշտպան-փաստաբան կու գայ պաշտպանելու մարդոց բոլո՛ր տխմարութիւններն ու յիմարութիւնները, որովհետեւ յիմար յիմար դուրս տալն ալ տեղ մը ազատութիւն է այսօր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -29-
Յաճախ մարդիկ կ՚ըսեն, որ մարդու երեսէն իր ինչ ըլլալը յայտնի կ՚ըլլայ: Այս հաստատումը ինչքանո՞վ ճիշդ է չեմ գիտեր, սակայն հետեւեալ երկու դէպքերը կրնան փաստ հանդիսանալ այս կարծիքին:
Տակաւին նոր Հայաստան հաստատուած, կ՚ուզէի մինակս տեղ մը երթալ. ճամբաները իրար խառնեցի եւ որոշեցի պատահական անցորդէ մը ճամբայ հարցնել:
Փողոցին ծայրը մարդ մը մարզական հագուստներ հագած ինքնաշարժը կը լուար. մօտեցայ եւ հարցուցի երթալիք տեղս: Փոխանակ ճամբան բացատրելու շուարած դէմքիս նայեցաւ. «Դուն եկեղեցակա՞ն ես», ըսաւ. զարմացայ. ուրկէ՞ գիտցաւ: Յայտնեցի զարմանքս եւ ըսի նախկին եկեղեցական ըլլալս. «Ճակատիդ վրայ միւռոնը քսուած է, երեսէ՛դ յայտնի է», ըսաւ:
***
Հայաստանի մէջ ծանօթացայ տարեց կնոջ մը. դէմքը այնքա՜ն նման էր ուսուցիչի: Առանց գիտնալու իր պաշտօնը ըսի. «Ձեր երեսէն յայտնի է, որ դուք ուսուցիչ էք»։ Ճիշդ կռահած էի. հայոց պատմութեան ուսուցիչ էր տեղւոյն վարժարաններէն մէկուն մէջ:
Ուսուցչուհին փոխադարձ գուշակում մը ըրաւ. «Դուք էլ Տէրտէր-ի էք նման»։ Փաստօրէն ի՛նք եւս ճիշդ կռահած էր:
Ուրեմն աշխարհի վրայ կան դէմքեր, որոնք իրենց ինչ ըլլալը այսպէս կամ այնպէս ցոյց կու տան՝ նոյնիսկ չգիտցողներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ