ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ըստ եկեղեցական իրաւաբանութեան՝ «նշանադրութիւն» կը նշանակէ պսակուելէ առաջ երկու կողմի համաձայնութեամբ կայացուած վճիռը՝ որով կը յայտարարուի ոեւէ աղջիկ «նշանած» տղու մը։

Այս սովորութիւնը շատ հին է, նոյնիսկ՝ նախաքրիստոնէական։ Ուստի, ժողովրդական սովորութեամբ դեռ օրօրոցի մէջ, ծնողներ կը խօսէին խնամի դառնալու մասին, «օրօրոցախազ» կը կատարէին՝ փոքրիկ երեմխաներու օրօրոցներու վրայ խազ կը քաշէին իբրեւ նշան համաձայնութեան՝ որ երեխաները երբ մեծնան իրար պիտի առնեն, իրարու հետ պիտի պսակուին։ Խազը, այդ խօսքին նշանը կը նկատուէր «նշանադրութիւն»։ Աւելին՝ կ՚օրհնէին այդ նշանը։ Երկրորդ անգամ, Եկեղեցւոյ միջամտութեամբ հարսնցուի եւ փեսացուի ապագայի ամուսնական շաղկապը կ՚ամրապնդէին։

Պսակէն միջոց մը առաջ, երբ տղան եւ աղջիկը հարսնախօսներու՝ խնամախօսներու (աղջիկ ուզելու գացողներ) միջոցով կամ ուղղակի խնամիներու համաձայնութեամբ նշանադրէքի օր կը նշանակէին, կը բերէին մատանի կամ օղակ կամ լամբակ տղու տունը, քահանան կ՚օրհնէր եւ նշանադրութիւնը կատարուած կը համարուէր։

Օրհնութեամբ եղած նշանադրութենէն յետոյ կը պատահին դէպքեր, երբ որեւէ թիւրիմացութիւն տեղի կ՚ունենայ երկու կողմի մէջ, այդ պարագային դժուարութիւններ կը ստեղծուին թէ՛ ծախքերու վերաբերմամբ, թէ՛ քահանայի կողմէ նշանի օրհնութիւնը դժուարութեամբ լուծելու նկատմամբ։

Անկիւրիայի ժողովի 11-րդ կանոնը կը սահմանէ, որ եթէ նշանուած աղջիկը առեւանգուի եւ մինչեւ իսկ լլկուի. դարձեալ պիտի երթայ նախկին նշանածին։ Այս կանոնը շատ խիստ է, եւ դժուար գործադրելի։ Բարսեղի 22 կանոնը աւելի ազատ սահմանում ունի, իրաւունքը յանձնելով փախցուած աղջկան եւ ծնողներուն։ Լեւոն իմաստասէրի օրէնքով, եկեղեցական նշանադրութիւնը կարելի էր կատարել ոչ կանուխ, քան թէ եկեղեցական չափահասութեանը հասնիլը, այն էր՝ տղու համար 13 եւ 15 տարի. աղջկան համար՝ 9 տարի։ Նոյնը հաստատեց Ալէքսի Կոմնենոս կայսրը 1054 թուականին՝ բացատրելով, որ եկեղեցական նշանադրութիւնը՝ որ աղօթքով եւ օրհնութեամբ կատարուած է, պէտք է ընդունուի հաւասարազօր պսակին եւ անքակտելի՛։

Իսկ փոքրահասակ ժամանակ կատարուած նշանադրութիւնը ընդունիլ իբրեւ քաղաքացիական խոստում պսակուելու, որուն խախտումը կախում չունի եկեղեցական որեւէ արարողութեան հետ կցելով, որ եկեղեցական օրհնութեամբ նշանադրութիւնը քակտել կարելի է այն կերպով՝ որ պսակը կը լուծուի։ Յոյն Եկեղեցին հետեւելով կայսերական կարգադրութեան, համարեա նոյնութեամբ ընդունեց նշանադրութեան համազօրութիւնը պսակի հետ, մինչեւ իսկ նշանուած անձի ետ դառնալը եւ ուրիշի հետ ամուսնանալը համարել երկրորդ պսակ։

Պետրս Մեծը յունական օրէնքները նշանադրութեան վերաբերմամբ փոփոխեց, նշանակելով 6 շաբաթ ժամանակ պսակէն առաջ եւ ազատութիւն տալով անոնց պսակուելու կամ ո՛չ։

Մեր կանոններու մէջ որոշ հրահանգներ չկան այդ մասին, որ Սահակ կը պատուիրէ նշան դնել նշանուածներու հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ. Գէորգ Դ. աւելի խստացուց այդ կանոնները, պատուիրելով նշանադրութիւնը լուծելու համար դիմել առաջնորդին կամ յաջորդին եւ նուէր ստանալէ յետոյ, բարեգործական հաստատութեան նպաստին, իրաւունք տալ լուծելու։

Բայց ընդհանրապէս տիրապետող սովորութիւն է՝ եթէ երկու կողմ հաշտուած են ծախքի համար եւ գանգատներ չեն ներկայացներ, նշանադրութիւնը խախտուած կը համարուի առանց հոգեւոր իշխանութեան մասնակցութեան եւ միջամտութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 25, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024