ԻՄԱՍՏԸ՝ «ՍԻՐՏ» ԵԶՐԻՆ
Ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «սիրտ»ը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ յարաբերութիւններու մէջ եւ ուղեցոյց մը կ՚ըլլայ անոնց զարգացման համար։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր աւանդութիւնն ալ շե՛շտը կը դնէ սրտին վրայ՝ որ սուրբ գրային իմաստով՝ «խորքն է էակին», ինչպէս կ՚ըսէ Մարգարէն. (ԵՐՄ. ԼԱ 33)։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է որ մարդ կը վճռէ՝ «Աստուծոյ հետ» կամ «Աստուծոյ դէ՛մ» ըլլալ։ Եւ երբ հարցը՝ «սիրտ»ի մասին է, կ՚արժէ անդրադառնալ սրտով աղքատութեան։
Յիսուս կը պատուիրէ Իր աշակերտներուն՝ որ նախընտրեն զԻնք ամէն բանէ եւ ամէն անձէ վեր եւ կ՚առաջարկէ անոնց, որ «հրաժարին իրենց ամէն ունեցածէն» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 33), Իրեն եւ Աւետարանին համար։ Իր չարչարանքէն միջոց մը առաջ՝ Ան անոնց իբր օրինակ տուաւ «Երուսաղէմի աղքատ այրին», որ իր չքաւորութեան մէջ տուաւ «ի՛նչ որ ունէր իբր ապրուստ»։
Ուստի հարստութիւններէ հրաժարելու եւ անջատուելու պատուէրը պարտաւորի՛չ է երկինքի Արքայութիւնը մտնելու եւ զայն կարենալ վայելելու համար։
Տէրը կ՚ողբայ հարուստները, քանի որ անոնք իրենց ինչքերուն եւ ստացուածքներուն առատութեան մէջ կը գտնեն իրենց խաղաղութիւնը եւ մխիթարութիւնը։
Արդարեւ, Յիսուս կարեւորութիւն կ՚ընծայէ սիրոյ զգացումներու քան նիւթականի, նիւթական արժէքներու եւ նիւթականով ապահովուած ժամանակաւոր վայելքներու։
Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալները պարտին «պատշաճ կերպով կանոնաւորել իրենց սիրոյ զգացումները», որպէսզի աշխարհի պատկանող արժէքներու գործածութիւնը եւ աւետարանական աղքատութեան հոգիի հակադրող արժէքներուն եւ հարստութիւններուն փարումը չշեղեցնեն զիրենք «սիրոյ կատարելութեան» հետապնդումէն։ Յիսուս երանի՜ կը կարդայ հոգիով աղքատներուն. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 3)։ Երանութիւնները կը յայտնեն դասաւորումը երանութեան եւ շնորհքի, գեղեցկութեան, բարութեան եւ ներքին խաղաղութեա՛ն։ Յիսուս կը ներբողէ աղքատներուն տրուած ուրախութիւնը, քանի որ անո՛նցն է Արդարութիւնը. (ՂՈՒԿ. Զ 20)։
Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի այս մասին կ՚ըսէ.
«Աստուածային Բանը մարդկային հոգիին կամովին խոնարհութիւնը եւ հոգիով հրաժարումը կը կոչէ.- Հոգիով աղքատութի՛ւն։ Իսկ Առաքեալը՝ Աստուծոյ աղքատութիւնը մեզի օրինակ կու տայ երբ կ՚ըսէ.- Աղքատացաւ մեզի համար. (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)»։ Ուստի «ամբարտաւանը կը փնտռէ երկրաւոր զօրութիւնը, մինչդեռ հոգիով աղքատը կ՚որոնէ երկինքի Արքայութիւնը» (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։ Երկնային Հօր Նախախնամութեան ապաւինիլը կ՚ազատէ մարդը վաղուան մտահոգութիւններէն։ Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը մարդը կը տրամադրէ աղքատներու երանութեան։
Արդարեւ, անոնք պիտի տեսնեն զԱստուած։
«Սիրտ»ը բնակարանն է՝ ուր ես կամ, ուր ես կը բնակիմ եւ ըստ սեմական կամ սուրբ գրային ասացուածքին՝ ուր ես «կ՚իջեւանեմ»։ Սիրտը մարդուն թաքուն կեդրո՛նն է, ան անհասանելի ու անիմանալի կը մնայ թէ՛ իր մտքին եւ թէ՛ ուրիշին համար։ Միա՛յն Աստուծոյ Հոգին կարող է զայն խորազննել, ուսումնասիրել եւ ճանչնալ։
Ան որոշումին վայրն է. թաքնուած՝ մարդկային հոգեկան ձգտումներուն խորը։ Ան վա՛յրն է ճշմարտութեան, հոն՝ ո՛ւր մարդ «կեանք» կամ «մահ» կ՚ընտրէ։ Ան հանդիպավայրն է՝ ուր Աստուծոյ պատկերին նման, մարդս ալ կ՚ապրի յարաբերումի կեանքին մէջ. սիրտը վա՛յրն է ուխտին։ Սիրտը կեդրոնն է հաւատքին։
«Հայեցողական աղօթք»ին ընթացքին եւ ամբողջ տեւողութեան ընտրանքը կախում ունի վճռական եւ սրտին գաղտնիքները յայտնաբերող «կամք»է մը։ Մարդ «հայեցողական աղօթք»ը չ՚ըներ երբ ժամանակ գտնէ, այլ այդ ժամանակը ի՛նք կը սահմանէ՝ Տիրոջ հետ ըլլալու համար, այն հաստատ վճռակամութեամբ՝ որ նոյն ժամանակը մարդ ճամբուն կէսին ետ պիտի չառնէ Անկէ, հակառակ՝ փորձութիւններուն ցամաքութեան հանդիպելուն։
Ի՞նչ է «հայեցողական աղօթք»ը։
Սրբուհի Թերեզա Աւիլացի կը պատասխանէ.
«Հայեցողական աղօթքը, ըստ իս, սերտ բարեկամութեան առեւտուր մըն է՝ ուր առ դէմ առանձին կը խօսինք այն Աստուծոյ հետ, զոր գիտենք որ մեզ կը սիրէ»։
Ուստի հայեցողական աղօթքը կը փնտռէ «սրտին սիրածը» (ԵՐԳ. Ա 7)։ Եւ «սրտին Սիրածը» Յիսուսն է, եւ Անոր մէջէն՝ Հա՛յրը։
Յիսուս փնտռած է ե՛ւ փնտռուած, քանի որ այն մաքուր հաւատքին մէջ է՝ Իրեն բաղձալը միշտ սկիզբն է սիրոյ եւ Ան փնտռուած է սրբութեան մէջ, այն նուիրականութեան մէջ՝ որ մարդս Իրմէ կը ծնի եւ ապրիլ կու տայ, կը գոյատեւէ Իր մէջ։ Հայեցողական աղօթքին մէջ որքան սրտին սիրածը կը փնտռուի, եւս կարելի է «մտածական» ընել, սակայն եւ մանաւա՛նդ մարդուս նայուածքը ուղղելով դէպի Տէ՛րը։
Արդարեւ, կարելի չէ ամէն ատեն մտածական ընել, սակայն կարելի է միշտ մտնել հայեցողական աղօթքին մէջ, ինչ ալ ըլլան մարդուս առողջութեան, աշխատաքին կամ յուզականութեան պայմանները։ Սիրտը վա՛յրն է Աստուծոյ որոնումին եւ հանդիպումին, աղքատութեան եւ հաւատքին մէջ։
Հայեցողական աղօթքէն ներս մուտքը նման է Պատարագի մէջ մուտքին. «հաւաքել» սիրտը, ամփոփել մեր ողջ էութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ներքեւ, հաստատուիլ Տիրոջ բնակարանին մէջ՝ որ մե՛նք ենք, արթնցնել մեր մէջ հաւատքը՝ մտնելու համար Անոր ներկայութեան մէջ, որ կը սպասէ մեզի՝ վար առնել մեր դիմակները եւ ուղղել մեր սիրտը դէպի մեզ սիրող Տէրը՝ որպէսզի մենք մեզ յանձնենք Անոր իբրեւ մաքրուելիք եւ կերպարանափոխուելիք ընծա՛յ մը։
Արդարեւ սէրը միշտ նոյն սէ՛րն է, զոր Սուրբ Հոգին կը զեղու իր սրտին մէջ, քանի որ ամէն ինչ շնո՛րհք է Աստուծոյ կողմէ։ Հայեցողական աղօթքը՝ անձին խոնարհ եւ աղքատ յանձնո՛ւմն է Հօր սիրազեղ կամքին, օրէ օր աւելի խորունկ միութեան մէջ Անոր սիրելի Որդիին հետ։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Քրիստոսի սիրտը կը մատնանշէ Սուրբ Գիրքը, իսկ Սուրբ Գիրքը կը ճանչցնէ Քրիստոսի սիրտը։ Այս սիրտը փա՛կ էր չարչարանքէն առաջ, քանի որ Սուրբ Գիրքը մութ էր։ Սուրբ Գիրքը բացուեցաւ Անոր չարչարանքէն ետք, քանի որ անոնք որ այսուհետեւ ունին Սուրբ Գիրքին իմացումը, գիտեն ինչպէ՛ս նկատի առնել եւ զանազանել մարգարէութիւններու մեկնաբանութիւնը»։
Սիրտը մարդուս «գա՛նձ»ն է, ապա ուրեմն ան պէտք է լա՛ւ պահպանուի, հոգ տարուի եւ խնամուի այնպէս՝ ինչպէս հոգ կը տանին մարդիկ իրենց աշխարհային-նիւթական եւ ժամանակաւոր գանձերուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 6, 2016, Իսթանպուլ