Ի՜ՆՉ ԱՊԵՐԱԽՏ ՄԱՐԴԻԿ ԵՆՔ ԱՍ ՀԱՅԵՐՍ
Աւելի քան դար մը առաջ, Գրիգոր Զօհրապ տեսնելով հայորդիներու ընդվզումն ու քրթմնջիւնը Պերլինի Վեհաժողովին կապուած 28 դեկտեմբեր 1878-ին գրած մէկ նամակին մէջ կ՚արձանագրէ. «Ի՜նչ ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս»:
Պերլինի Վեհաժողովին հանդէպ բողոքելով ինչքա՞նով ապերախտ գտնուեցանք. չե՛մ գիտեր: Սակայն մէկ բան վստահ գիտեմ. ամբողջական իմաստով՝ ի՜նչ ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս...: Ապերախտ՝ մեր սրբութեանց, ապերախտ՝ մեր մեծութիւններուն, ապերախտ նուիրական արժէքներուն եւ ապերա՛խտ նոյնիսկ մեր երակներէն վազող հայու արիւնին հանդէպ: Ու նման ընկերութեան մը բարօրութեան համար յոգնիլը՝ ապերախտ կռուանի մը վրայ կեանք մաշեցնելէ տարբեր բան չի՛ կրնար ըլլալ:
Սկիպիոն Ափրիկեցի Աւագ՝ որ յաղթած էր համբաւաւոր զօրավար Հանիպալին, մեռնելէն առաջ կը հրամայէր իր շիրիմին վրայ գրել. «Ապերախտ հայրենի՜ք, դուն իմ ոսկորներս չպիտի ունենաս», սակայն մեր ազգը Սկիպիոնի ազգէն շա՜տ աւելի ապերախտ է, որովհետեւ ճակատագիրը մեր արժէքներէն շատերո՜ւն զլացած է շիրմաքար մը ունենալու մարդկային իրաւասութիւնը, որուն վրայ մի քանի բառ գուցէ մի քանի տող գրել պիտի փափաքէին նաեւ մերինները:
Պատկերացուցէք անձ մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրէ հայ գրականութեան. դառնայ արձակագիր, հրապարակախօս, գրաքննադատ ու խմբագիր: Զանազան թերթերու աշխատակցութենէ բացի ըլլայ հիմնադիրն ու խմբագիրը մէկէ աւելի թերթերու: Խմբագրութեան պաշտօնը ստանձնէ տասնեակ մը թերթերու եւ պարբերականներու: Որպէս ազգային գործիչ, օտարութեան մէջ գտնուող հայերու կեանքը ծաղկեցնելու համար մեկնի Եգիպտոս, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Շուէտ: Հեղինակ դառնայ աւելի քան երկու տասնեակ հատորներու՝ սակայն յետ մահու շիրմաքար անգամ չունենայ...:
Ի՜նչ ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս:
Վերջերս կը կարդամ Վահան Մալէզեանի «Տարագրի մը յուշերը» աշխատութիւնը, տպուած Գահիրէ՝ 1915 թուականին: Հեղինակը կը խօսի գերեզմանոցի մասին, ուր գրի կ՚առնէ հայկական ապերախտութեան մը ամբողջական պատկերը: Գրութեան խորագիրը՝ «Լքուած գերեզմանը»:
«Արփիարը բերինք հոս:
«Ուսերնուս վրայ տարինք անոր արիւնլուայ մարմինը, բզքտուած, եղբայրադաւ եղեռնի սեւ օր մը, իր բոլոր գրչի եղբայրները եւ միտքին աշակերտները՝ համասուգ դառնարտասուք:
«Հիմա, հողհաւասար անյայտացեր է մեծ-հայուն գերեզմանը: Ո՛չ մէկ տապանագիր. ոչ իսկ քարի կամ փայտի յայտարար նշան մը. իր կեանքին նման՝ տէրվիշի գերեզման մը, եւ արդէն լքուած, արմաւենիի մը նիհար շուքին տակ...:
«Եթէ գերեզմանապահը, կէս մեռել գեղջուկ մը, չյիշեցնէ այցելուին, այդ նուիրական հողը կոխկրտելէն պիտի անցնի երթայ անիկա անտարբեր...»:
Արփիար Արփիարեանի գերեզմանն էր:
Եւ աւելի՞ն... Արփիարեան երեք անյաջող մահափորձէ ետք նոյնինքն ՀԱՅՈՒ ձեռքով կը մահանայ:
Արփիարեան պարզապէս օրինակ մըն է հազարաւոր ա՜յն ուխտեալ մշակներէն՝ որոնց հանդէպ պատմութիւնը անարդար գտնուած է, մոռացութեան յանձնելով նոյնիսկ անոնց անունը: Այսօր թէ՛ Գահիրէի, թէ՛ Պէյրութի, թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն ունին հայազգի հսկաներու գերեզմաններ: Գերեզմանները անոնց՝ որոնք հայութեան ու հայրենիքի համար ապրեցան, սակայն յետմահու իրենց դիակը նոյնիսկ չկրցան այնքա՜ն պաշտած հայրենիքի մէջ թաղել: Մովսէս մարգարէ թափառեցաւ անապատին մէջ՝ որպէսզի ժողովուրդը հասցնէ խոստացուած երկիր, սակայն ինք չմտաւ այդտեղ... Մեր ազգի մէջ ալ բազմաթիւ են ա՛յն Մովսէսները, որոնք երբեք ալ չկրցան տեսնել, կամ հանգիստ ննջել այն հողին վրայ՝ որուն համար ապրեցան:
Այդ ապերախտութիւնը միայն անցեալին չէր. տակաւին մի քանի տարիներ առաջ ականատես եղայ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Աբրահամ Ալիքեանի յուղարկաւորութեան. ի՜նչ անտարբերութիւն. ծերութիւնը անցուց ծերանոցի մէջ, իսկ թաղման՝ հազիւ տաս հոգի:
Ի՞նչ կրնանք ընել. ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս: Ու ի դիմաց այս ապերախտութեան ինչքա՜ն անձնազոհ ու անձնուէր կը հնչեն Նիկողոս Սարաֆեանի բառերը.
«Ի՛նչ փոյթ թէ խուլ են եղեր եւ ապերախտ ինծի դէմ,
Թէ տառապեր եմ ի զուր, չառնելով ոչ մէկ յագուրդ
Եւ ոչ ալ վարձքը ճիգիս… Ես ապրեցայ, ու գիտեմ,
Որ սիրտս աճեր է, մեծցեր, լեցուեր լոյսով մը մաքուր»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՈՒՐԳԷՆ ՋԱՆԻԲԷԿԵԱՆ
(1897-1978)
Մեր թուականէն 43 տարիներ առաջ՝ 27 սեպտեմբեր 1978-ին մահացած է յայտնի հայ դերասան Գուրգէն Ջանիբէկեան:
Ջանիբէկեան ծնած է 18 մայիս 1897 թուականին՝ Երեւան: Նախնական կրթութիւնը Երեւանի մէջ ստանալէ ետք, 1917-ին աւարտած է Երեւանի ռուսական ուսուցչական պատրաստութեան դասընթացքը:
Երիտասարդ տարիքէն Ջանիբէկեան մեծ սէր ունեցած է թատրերգութեան հանդէպ ու զանազան սիրողական թատերախումբերու հետ ելոյթներ ունեցած: Բեմ բարձրացած է Մկրտիչ Գարագաշի եւ Սուզան Գարագաշի բեմական ներկայացումներուն: Որոշ ժամանակ մասնակցած է նաեւ Զարիֆեան-Աբէլեան խումբերու ներկայացումներուն: Ջանիբէկեան, դերասանական համբաւ ձեռք ձգելէ որոշ ժամանակ ետք անդամակցած է Ամօ Խարազեանի շրջիկ թատրոնին, Արմէն Արմէնեանի թատերախումբին եւ «Թիֆլիզի հայ տրամա»յի թատրոնին: Դերասանը 1924 թուականին եղած է Երեւանի առաջին պետական թատրոնի (այժմ՝ Սունդուկեանի անուան թատրոն) դերասան, իսկ 1965-1967 թուականներուն նոյն թատրոնին տնօրէնը: Եղած է Հայկական թատերական ընկերութեան առաջին նախագահը՝ 1940-1949 թուականներուն: Դերասանութեան կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. բազմաթիւ օտար թատրերգութիւններ թարգմանած է հայերէնի:
Ջանիբէկեան դերասանութեան կողքին զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ, որոշ ժամանակ դասաւանդելով Երեւանի Թատերական հիմնարկին մէջ: Գուրգէն Ջանիբէկեան ընդհանրապէս բեմ բարձրացած է «աղա»ներու դերերով եւ եղած է «հակառակորդ» դերերու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը:
Թատրերգութեան կողքին Ջանիբէկեան դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ են՝ «Կարօ», «Զանգեզուր», «Սեւանի ձկնորսները», «Թռիչք անդունդի վրայով» եւ ուրիշներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ