ԿԵԱՆՔԻ ԵՌԵԱԿ ՔԱՈՍ ՄԸ
Ներկայ մարդկութեան կեանքը իրականութեան մէջ պայքար մըն է՝ մղուած անցեալի, ներկայի եւ անյայտ ապագայի միջեւ, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս համար տարբեր բան ըսել է անցեալ, ներկայ եւ ապագայ եւ այդ տարբերութիւնն է, որ մարդը կը զանազանէ մարդէն: Մարդկութեան մէկ մասը իր կեանքը բանտուած կը տեսնէ անցեալին մէջ, ուրիշներ մոռցած անցեալն ու մշուշապատ ապագան լոկ ներկան կը փորձեն ապրիլ, իսկ երրորդ խումբ մը թէ՛ անցեալը եւ թէ՛ ներկան կը զոհէ՝ ի սէր ապագային, որ նոյնքան անյստակ է՝ ինչքան իր ներկան:
Մեր մտաւորականները եւս կորսուած եղած են այս քաոսին մէջ. անոնցմէ մի՛ն անկարեւոր նկատելով անցեալը ուզած է շեշտել ապագայի կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «Անցեալը մարդուն վերադարձող ժամանակաբաժին մը չէ. միայն ապագան է որ պիտի գայ մարդուն» (Բիւզանդ Եղիայեան), իսկ ուրիշ մը կենսական նկատած է միա՛յն անցեալը, ըսելով. «Ներկային վրայ՝ այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի» (Ծերենց), մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելով ապագայի վրայ. անդին այս երկու մտածումներուն հակառակ երրորդ մը կու գար թէ՛ անցեալը եւ թէ՛ ապագան մոռցնել տալու, ըսելով. «Անփոյթ եղէ՛ք, անփոյթ. անցեալը մտքերնիդ բերելով ապառնիդ մի՛ թշուառացնէք ի զուր» (Յակոբ Պարոնեան) եւ այսպէս կարելի է երկարել շարքը այն մտաւորականներուն՝ որոնք անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հարցով հակասած են զիրար:
Այս քաոսէն դուրս գալու համար կարելի չէ հասարակաց վերջնական պատասխան մը գտնել, որովհետեւ մարդկութիւնը մի՛շտ ալ այս երեքին մէջ պիտի տատանի՝ ինքզինք ու այս կեանքին իմաստը գտնել փորձելով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր պատկեր կը ներկայացնեն.
Ա.- ԱՆՑԵԱԼԻ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑՆԵՐԸ.- Թէեւ սխալ, բայց ընդհանրապէս ընդունուած է, որ անցեալի կողմնակիցները ընդհանրապէս յառաջացած տարիքի մարդիկ են. ծերունիներն են, որ այլեւս իրենց ներկայէն եւ ապագայէն յոյս ու սպասում չունենալով անցեալով կ՚ապրին եւ վստահաբար ա՛յդ է պատճառը, որ տարեցներ կը սիրեն անընդհատ պատմեն իրենց անցեալի յիշատակներուն ու «սխրագործութիւններուն» մասին. նման մարդոց մասին խօսելով Մաքսիմ Կորքի կը գրէ. «...իրենց երիտասարդական բուրումը չեն կորսնցներ, եւ երբ յիշողութիւնը զանոնք արթնցնէ», որովհետեւ յառաջացած տարիքին մէջ իրենց այս կեանքին պահող ո՛չ մէկ բան կայ՝ բացի յիշատակներէ:
Սակայն միայն տարեցները չե՛ն որ անցեալով կ՚ապրին իրենց ներկան. թէեւ պէտք է ըսել, որ անցեալով ապրողները ընդհանրապէս «դժբախտ» մարդիկ են, որովհետեւ անհետ կորածին ցաւը կը կրծէ անոնց սիրտը. անցեալին մէջ բանտուած կը մնան բոլոր անոնք, որոնք անցեալի մէջ կորսնցուցած են սիրելի մը եւ կամ ապրած կեանքի ամենէն երջանիկ օրերը. այդ երջանկութեան բացակայութիւնն է, որ նմանները հեռու կը պահէ ներկայէն, որոնց մէջ ինքնաբերաբար կը մեռնի նաեւ ապագայի հանդէպ յոյսը եւ անոնք ամբողջ կեանք մը կը մնան անցեալի մէջ. մարմնապէս ներկային մէջ են՝ դէպի ապագայ գացող, սակայն իրենք մնացած են հոն՝ ուր սիրտն ու հոգին մնացած են բանտուած: Անցեալի բանտուածներ են բոլո՛ր անոնք, որոնք կարօտը ունին իրենց մէջ. կայ երկու տեսակ կարօտ. մի՛ն ժամանակի մը համար յառաջացած, իսկ միւսը յաւիտեան մնացող եւ այդ երկրորդ տեսակը ունեցող մարդիկն են անցեալի կողմնակիցները:
Բ.- ՆԵՐԿԱՅԻ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑՆԵՐԸ.- Այս խումբին պատկանողները ընդհանրապէս հասակ առնող նոր սերունդն է, որ անցեալին եւ ապագային վրայ անտարբերութեամբ նայելով իրենց ներկան լաւագոյնս կը փորձեն ապրիլ: «Զարգացած» երկիրներ այս հոգեբանութեամբ ու տրամաբանութեամբ կը փորձեն դաստիարակել նոր սերունդը. մի՛շտ դէպի առաջ, դէպի նոր յոյս, դէպի նոր լոյս, ինչ որ անտարբեր ապրելու վարժութիւն մը կը ստեղծէ մարդուն մօտ եւ այդ անհոգութիւնն է պատճառը այդ զարգացած երկիրներու դժբախտութեան՝ որոնք հեղինակներ իսկ են դժբախտութեան:
Ներկան կարեւոր է եւ իրողութեան մէջ աւելի կարեւոր՝ քան անցեալն ու ապագան, որովհետեւ այսօրն է, որ կը պատկանի մարդուն. անցեալը այլեւս անվերադարձ իրը չէ, իսկ ապագան՝ անյստակ ըլլալով դարձեալ իրը չէ, հետեւաբար պարտաւոր է մնալ ներկայի մէջ: Սակայն ներկային մէջ մնալով անցեալը եւ ապագան անտեսելը մարդուն մէջ կը սպաննեն շատ մը արժէքներ՝ մինչեւ իսկ սրբութիւններ, որոնք կրնան մարդկային չնկատուիլ. օրինակի համար, ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ամուսինը կորսնցուցած կին մը շա՛տ աւելի շուտ կը վերադառնայ իր բնականոն ու ընկերային կեանքին՝ քան առաջ. շատեր մինչեւ իսկ քառասունքը չհասած ամուսնանալ կը հասցնեն, ինչ որ շարք մը արժէքներու մերկացումը ցոյց կու տայ եւ մարդոց անտարբերութիւնը նախ իրարու եւ ապա կեանքին նկատմամբ:
Գ.- ԱՊԱԳԱՅԻ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑՆԵՐԸ.- Այս խումբին պատկանողները իրենք զիրենք աւելի խելացի ու իմաստուն կը նկատեն՝ քան նախորդները. անոնք անցեալն ու ներկան կը գործածեն ի շահ իրենց ապագային, վստահ ըլլալով որ անցեալը անվերադարձ, իսկ ներկան ալ անհաստատ ճշմարտութիւն մըն է, որ վայրկեան առ վայրկեան կ՚երթայ անցեալին միանալու: Սակայն անցեալն ու ներկան ամբողջութեամբ անտեսելով ապագայի վրայ կեդրոնանալը եւս առողջ տրամաբանութիւն մը չէ, որովհետեւ մէկը միւսն է որ կ՚ամբողջացնէ. շէնք մը բարձրանալու ժամանակ առաջին յարկ չհասած մարդ չի՛ կրնար երկրորդ յարկ հասնիլ եւ կեանքի ընթացքն ալ այդպէս է. մանուկը կը ծնի եւ իր ծնած առաջին իսկ երկվայրկեանէն կը սկսի իր ճանապարհորդութիւնը՝ անցեալէն ներկայի, իսկ ներկայէն ապագայի անցնելու՝ ճանապարհորդութիւն մը, որ օր մը անակնկալօրէն վերջ պիտի ունենայ:
Անցեալը, ներկան թէ ապագան. ո՞ր մէկը կարեւոր է՝ չեմ գիտեր, սակայն ազգովին այնպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուինք, որ թէ՛ անցեալէն սորվելու, թէ՛ ներկային մէջ իմաստուն շարժելու եւ առանց աւելի՛ դժբախտանալու ապագային երթալու պարտաւորուած ենք: Աշխարհի վրայ հայէն աւելի իր անցեալին հետ պայքարող ազգ մը դժուար է գտնել, որովհետեւ մենք ուզած ենք մոռնալ մեր ազգի դժբախտ անցեալը, սակայն ո՛ւր որ փորձած ենք երթալ՝ շուքի մը պէս հետեւած է մեզի եւ մնացած՝ անբաժան մեր մասնիկը մեր ինքնութեան:
Թող տայ Աստուած, որ ազգովին արաբ յայտնի գրող Հասան Միմ Եուսէֆի խօսքերուն չարժանանաք. «Ա՛ն որ անցեալը կը մոռնայ, կը դատապարտուի զայն կրկնելու եւ անոր տառապանքը վերստին ապրելու»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -55-
Ծերերուն համար անցեալին ինչ ըլլալը հասկցած եմ մեծ մօրս ճամբով, որ նոյն պատմութիւնը հակառակ հազար անգամ պատմած ըլլալուն առաջին անգամ պատմողի մը հոգեբանութեամբ ու խանդավառութեամբ կը պատմէր ու այդ տրամադրութիւնը չխանգարելու համար առաջին անգամ լսողի մը հոգեբանութեամբ մտիկ կ՚ընէի: Շատ անգամ եղելութիւնները փոփոխութիւն կը կրէր (Աստուա՜ծ գիտէ քանիերրորդ անգամ ըլլալով) ու հակառակ պատմութեան միւս տարբերակները գիտնալուս կը շարունակէի մնալ լուռ:
Այդ խանդավառութեան մէջ արդէն իսկ կը տեսնուէր անցեալի կարօտը. ինք իր տկար մամնով դէմս նստած, սակայն հոգիով հեռուն էր՝ այնտեղ, ուր վերադարձը անհնար էր այլեւս յաւիտեան:
Հիմա իր կարօտն է, որ որպէս անցեալ կու գայ այցելել ինծի. անցեալը պատմէր դարձեալ կը լսէի՞... կասկած չկա՛յ, որովհետեւ իմ անցեալիս մէջ ի՛նք եւ ի՛ր անցեալին մէջ այդ պատմութիւններն են, որոնք կ՚ապրին առյաւէտ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ