ՆԵՐՔԻՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ կը խօսուի «ներքին գեղեցկութեան» վրայ, եւ ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ կարեւորը արտաքին գեղեցկութիւնը չէ, այլ՝ ներքին գեղեցկութիւնը։ Արդարեւ, այս խօսքով, մարդիկ կը մատնանշեն հոգիին, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ նաեւ հոգի։ Մարդ արտաքնապէս կրնայ շատ հրապուրիչ չըլլալ, ըսենք, տգեղ ըլլալ, բայց եթէ անոր հոգին «գեղեցիկ» է, ան աւելի հրապուրիչ է, քան արտաքնապէս գեղեցիկ մէկը, որուն հոգին «տգեղ» է։ Պատի՜ւ տգեղութեան մը՝ որուն գլխուն վրայ կը հանգչի առաքինութիւններու լուսապսակ մը։
Բնութեան մէջ շատ կան նրբիրան ծառեր, ինչպէս արմաւենին, ցարասին, եղեւնին եւ ուրիշներ, բայց կը գտնուի սիրուն ծառ մը՝ որուն բունը չարքաշ եւ արկածալից կեանքի մը պատմութեան արձանագրութիւնը կը կրէ իր բունին կոշկոռոտ կեղեւին վրայ։ Անտառին մէջ շնորհալի ծառերու նազանքին ալ տեղ կայ, ինչպէս մարդկային ընկերութեան մէջ՝ «փափկասուն կանանց», որոնք ուրախութիւն են աչքերու, ինչպէս եւ սրտին, բայց «կեանքը իրական է եւ նպատակ ունի», ինչպէս երգած է բանաստեղծը, եւ գեղեցկութենէ եւ փափկութենէ աւելի՝ բիրտ ուժի կը կարօտի։ Արդարեւ, անտառին «նահապետներ»ն են այն կոշկոռոտ բունով ծառերը՝ որոնք անխռով եւ աներկիւղ խարսխուած կը նստին իրենց տեղերը, երբ հիւսիսէն կամ հարաւէն կը փչեն հովերը, երբ երկինք կը գոռայ եւ կը փայլատակէ եւ հեղեղահոս անձրեւներ կ՚իջնեն գլխերնուն։ Անոնց բուները անսասան կը կենան ամէն տեսակ սպառնալիքի դէմ, ինչպէս զրահաւորուած անառիկ պատնէշ մը պիտի կենար աննուաճելիօրէն թշնամի բանակի մը յարձակումներուն դէմ։
Փափկութիւնը հակապատկերն է բիրտ ուժին, կամ ըսենք. փափկութեան հակապատկերն է բիրտ ուժը, եւ մարդու կեանքին այդ կողմն է որ կը խորհրդանշեն այդ ծառերը։ Սիւքին հետ չեն կրնար պարել, այդ հինաւուրց ծառերը, ինչպէս կը պարեն թեթեւ եւ բարակ ոտքերով եւ թեւերով ծառերը, բայց ասոնք ալ կրնան կռուիլ, ոգորիլ, պայքարիլ ամէն տեսակ չար ոգիի դէմ։ Այո՛, սիւքին՝ զեփիւրին հետ չեն կրնար պարել այդ ծառերը, բայց մահուան դէմ պաշտպանութեան գիծը կը բռնեն հերոսաբար այդ ծառերը, անոնց տգեղ արտաքինը առեղծուածաբար ներքին գեղեցկութեան փա՛ստ է. հաստատամտութիւն, հաւատարմութիւն, օգտակարութիւն, քաջութիւն…։
Ահաւասիկ, մարդկային ընկերութիւնը կարօտ է այնպիսի անհատներու, որոնք տարիներու փորձառութիւնով թրծուած են, եւ ճշմարտութեան, ուղղամտութեան, արդարութեան, եւ փորձուած՝ ընդունուած ամէն տեսակ բարոյական սկզբունքի ախոյեան են եղած։ Նաեւ մարդոց՝ որոնք ուժեղ առաջնորդներ են եւ կրնան փրկել ընկերութիւնը քաոսէ եւ կորստեան խաւար վիհերէ։
Ժողովուրդ մը կը բարձրանայ իր բարի եւ արդարադատ առաջնորդներով՝ որոնք չեն վախնար «ճակատէն կամ կռնակէն զարնող» վատերու դաշոյնէն, եւ մութի մէջ լարուած ամէն տեսակ դաւերէն։ Թոյլ եւ մեղկ բարոյականի տէր մարդիկ ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն մարդկութեան, բայց միայն՝ վնա՛ս։
Ուստի, ճշմարտութիւնը խօսիլ դիւրին չէ ժամանակի մը մէջ՝ ուր ճշմարտութիւնը կը նշանակէ ստախօսներու կողմէ՝ թշնամութի՛ւն։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարտութեան վարդապետութիւնը հրապուրեց բոլորը, եւ սակայն Անոր ճշմարտախօսութեան վարձատրութիւնը եղաւ մա՛հ։ Ուստի խաւարի մէջ ապրողներ կ՚ատեն լոյսը, թշնամի են լոյսին, քանի որ անոնք միայն խաւարով կը սնանին։
Բայց ճշմարտութեան ախոյեանը՝ ճշմարտախօսը՝ մահէն ալ չի վախնար։ Դաւիթ կը վկայէ եւ կ՚ըսէ, «Իմ ուժս հազարաւոր մարդոց ուժին պէս է, որովհետեւ սիրտս մաքուր է»։ Հալածանքը եւ սպառնալիքը՝ չե՛ն տկարացներ զօրաւորը, ընդհակառակը, եւս կ՚աւելցնեն անոր ուժը եւ զօրութիւնը։
Կոշկոռած «տգեղ» ծառին առակը մարդկութեան համար է, այսօրուան եւ ապագային համար, քանի որ դարե՜ր ալ անցնին, մարդուն նկարագիրը երբեք չի փոխուիր, մարդը կը մնայ միշտ նոյն «մարդ»ը՝ որքան որ ալ արտաքնապէս փոխուած երեւի, քաղաքակիրթ եւ արդիական երեւի։
Վատեր կրնան «քարկոծել» իրենց առաջնորդները, բայց երբեք չեն կրնար իրենք հանդուրժել այն առաջին հարուածին՝ որ ճշմարտութիւնը կ՚իջեցնէ իրենց գլխուն։
Վատերը կը թաղուին մոռացութեան խաւար գերեզմանի մը մէջ, որ իրենք իրենց ձեռքով պատրաստած են նախապէս, իրենց վատ գործունէութեամբ. բայց ճշմարտութեան ախոյեան հերոսները անմա՛հ են, եւ թէեւ մեռցուին՝ անոնք չե՛ն մեռնիր, այլ՝ կ՚ապրին ցմիշտ, իրենց անունովն ալ, իրենց գործովն ալ։ Ուստի մարդ պէտք չէ խաբուի արտաքինով, քանի որ ճշմարիտ գեղեցկութիւնը արտաքինը չէ, այլ՝ ներքինը։ Արտաքին գեղեցկութիւնը տեսանելի է, բայց ո՞վ տեսած է «ճշմարիտ»ը՝ ան միայն գաղափար մըն է, անտեսանելի բայց զգալի՛. ապրելով, կեանքի մէջ՝ տեսանելի միայն հոգեւոր աչքերով, բայց ո՛չ մարմնական աչքերով։ Մարմինը դատապարտուած է օր մը ոչնչանալու, բայց հոգին յաւիտենական է՝ մշտատեւ եւ միշտ կենդանի, եւ այս իսկ պատճառով կ՚ըսենք, կարեւորը «ներքին գեղեցկութիւն»ն է՝ մնայո՛ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2 2022, Իսթանպուլ