ԲԱՌԱՐԱՆ ԿԱՐԴԱԼ
Գիրք կարդալ, ընդհանրապէս ընթերցանութիւն, մարդուս հաճոյք պատճառող զբաղում մըն է, քանի որ մարդուս մէջ հետաքրքրութիւնը, տեղեկութիւն ունենալը եւ սորվիլը ընդոծին զգացում մըն է։ Այս իմաստով կարդալը պահանջք մըն է։ Եւ եթէ «գիրք կարդալ», կ՚ըսենք՝ ընդհանրապէս կը հասկնանք գիտական կամ արուեստական, այսինքն մտքի եւ զգացումի արտադրած զանազան գիրքեր, քանի որ ինչպէս ըսինք՝ հետաքրքրութիւնը բնածին զգացում մըն է մարդուս համար եւ ան կ՚ուզէ ծանօթանալ նոր մտածումներու եւ նոր ու զանազան զգացումներու հետ։
Ուստի հետաքրքրութիւնը մարդուս շատ մը գիտակից կամ անգիտակից շարժումներուն գլխաւոր շարժառիթը կամ դրդապատճառն է։ Ուստի հետաքրքրութեան մղումով, մարդ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ առարկաներու, երեւոյթներու վրայ, որ կը նշանակէ՝ մշակոյթի եւ գիտութեան ասպարէզին մէջ կը շրջի եւ կերպով մը գոհացում եւ յագեցում կը փնտռէ։ Հոգեկան եւ մտային ամէն գոհացում, բնականաբար հաճո՛յք կը պատճառէ ենթակային։ Եւ հետաքրքրութեան պահանջը, մարդ, ամենէն աւելի կը գոհացնէ կարդա՛լով։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ կ՚ըսուի, թէ կարդալը, ընդհանրապէս հաճոյք կը պատճառէ կարդացողին։
Արդարեւ հետաքրքրութիւնը սորվելու նկատմամբ յաջողութեան նախապատճառը եւ նախապայմա՛նն է։
Նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու փափաքը զանազան հոգեկան ու մտային երեւոյթներու նկատմամբ, հետաքրքրութեան զգացումին մէկ արդիւնքն է։
Ուստի, քանի որ մարդ բանական էակ մըն է, ապա ուրեմն բնական է, որ միշտ հարցնէ. «ի՞նչ», «ինչպէ՞ս» եւ «ինչո՞ւ» հարցումները եւ խորանայ իմաստներու եւ գաղափարներու խորը՝ ուր ի վերջոյ պիտի գտնէ ինքզինք՝ որ միշտ փնտռած է…։
Այսպէս կը հասնինք կարեւոր կէտի մը մարդկային էութեան. ինքնագիտակցութիւն կամ ինքնաճանաչութիւն։ Եւ երբ «ինքնաճանաչութիւն» կամ «ինքնագիտակցութիւն» կ՚ըսենք, կարեւոր դեր մը կը խաղայ «անուն»ը, իր իմաստին համաձայն ազդեցութիւն կը գործէ ենթակային վրայ։
Ուստի, ինքնաճանաչութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը մարդկային էութեան կազմաւորման եւ բարելաւման համար կարեւոր եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ ազդակ մը, շարժառիթ մըն է։ Ուստի ինքնագիտակցութիւնը մարդկային գիտակցութեան բարձրագոյն արտայայտութիւնը եւ մակարդա՛կն է։ Եւ այս բոլորը կ՚իրականանայ՝ գիտնալով, տեղեկանալով եւ ծանօթանալով, իմաստներու թափանցելով, խորանալով, ճշմարտութեան բարիքը վայելելով…։
Բոլոր այս խորհրդածութիւններէն կարելի է սա եզրակացութեան հասնիլ, թէ՝ գիտելիքը, սորվիլը բնական ու բանական պահանջք մըն է մարդուս համար եւ թէ գիտելիքը ո՛ւժ մըն է։ Եւ ուրեմն մարդ կ՚ուղղուի դէպի գիտելիք, որուն ամենէն սովորական միջոցն է՝ կարդա՛լ։
Ինչպէս նախապէս ըսինք, մարդ, երբ կարդալու մասին կը խօսուի, կը հասկնայ զանազան գիրքեր կարդալ՝ գիտական կամ գրական-գեղարուեստական։ Զոր օրինակ՝ մարդոց մէջ ընդհանրացած է ամենէն շատ՝ կարդալ հետաքրքրական անցքերու, դէպքերու կամ անձերու ընդարձակ ու մանրամասն նկարագրութիւնը՝ իրական կամ մտացածին երեւոյթներով։
Վէպը ամենէն աւելի կը հետաքրքրէ մարդոց ուշադրութիւնը, քանի որ վէպին մէջ անոնք կ՚ապրին այն՝ ի՛նչ որ կը փափաքէին ապրիլ, կ՚ուզէին զգալ իրենց կեանքի ընթացքին, բայց չեն կրցած ապրիլ կամ զգալ իրենց իրական կեանքին մէջ։ Վէպը այս պատճառով կը գրաւէ մարդոց հետաքրքրութիւնը։ Պատմուածքներ, զանազան գրական գործեր, բանաստեղծութիւններ ու քերթուածներ կը կարդան մարդիկ, ընդհանրապէս նոյն պատճառով։ Գրականութիւնը մարդուս զգացական կեանքը կը ճոխացնէ եւ կը զարգացնէ։
Եւ երբ կարդալը, ընդհանրապէս կը հասկցուի՝ գրական կամ գիտական գիրք կարդալ, շատ անգամ աչքէ կը վրիպի «բառարան կարդալ»ը։
Մինչդեռ «բառարան կարդալ»ը՝ հետաքրքրական է այնքան՝ ո՛րքան շահեկան վէպ մը, օգտակար է այնքան՝ ո՛րքան հետաքրքրաշարժ գիտական գիրք մը։ Արդարեւ «բառարան կարդալ» կը նմանի՝ լողացողի մը երբեմն ջուրին խորը սուզուելուն՝ ուր անբացատրելի, հիանալի գեղեցկութիւններ, տեսարաններ կը տեսնէ։ Բառարան կարդալը՝ թէեւ շատ ընդհանրացած ընթերցումի ձեւ մը չէ, բայց անգամ մը երբ մարդ փորձէ, թէ՛ մտային եւ թէ հոգեւոր հաճոյքներ կ՚ապրի ու կը վայելէ։ Կ՚արժէ անգամ մը փորձել «բառարան կարդալ», եւ սովորութիւն պիտի դառնայ այլեւս։
Մենք յաճախ բառարան կը կարդանք, եւ կարծես ամէն անգամին նոր «բարեկամ»ներու հետ կը ծանօթանանք, նոր խանդավառութիւններ, ոգեւորութիւններ կ՚ապրինք, եւ անշուշտ զանոնք կը փափաքինք բաժնել, դուք աւելի ընթերցող բարեկամներու հետ։
Արդարեւ Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ. «Կարեւորը լա՛ւ հասկնալն է՛, ոչ՝ շատ բան հասկնալը», ի՛նչ որ կու տայ մարդուս բառարան մը՝ ամէն մէկ բառով, խորանալով ու թափանցելով անոր իմաստին։
Վերը անդրադարձանք անունի ազդեցութեան վրայ, շեղում մը ընելով մեր խորհըր-դածութեան բուն նիւթէն։ Կրկնենք՝ անունը մեծ մասամբ կ՚ազդէ զանյն կրողին նկարագրին վրայ, կերպով մը իր անունով «ինքնութիւն» եւ «անձնաւորութիւն» կը ստանայ մարդ, կեանքին ընթացքը մեծ մասամբ որոշելով եւ «կեանքի գիծ» մը գծելով անոր։ Եւ այս իսկ պատճառով կարեւոր եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ կը նկատենք, իւրաքանչիւր անձի համար գիտնալ իր անունին իմաստը։ Կարեւոր է նախ այն պատճառով, որ մարդ իրեն սեփականը պէտք է ճանչնայ, իրեն պատկանածին ծանօթանայ, գիտնայ անոր էութիւնը։ Արդարեւ մարդ երբ որեւէ առարկայ կը գնէ՝ ծախու կ՚առնէ բծախնդրութեամբ կ՚ուսումնասիրէ զայն։ Հապա իր անձին անմիջական յատկանիշը՝ անունը, շատ անգամ անգիտակցաբար կը կրէ, եւ կրնանք ըսել՝ շատեր անծանօթ եւ օտա՛ր են իրենց անունին, զոր իրենց կը պատկանի, իրենց սեփականութիւնն է։ Մինչդեռ անունը իր ներքնազգեստէն շա՜տ աւելի մօտ է…։
Եւ ճի՛շդ այս պատճառով իսկ, փափաքեցանք ուսումնասիրել անուններու իմաստները եւ բաժնել մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ, օգտուելով մանաւանդ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց Անձնանուններու Բառարան»էն, Թ. Խ. Յակոբեան, Ստ. Տ. Մելիք-Բախշեան եւ Հ. Խ. Բարսեղեանի «Հայաստանի եւ Յարակից Շրջաններու Տեղանուններու Բառարան»էն եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հրանդ Գանգրունի եւ Փարամազ Կ. Տօնիկեանի «Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան»ի «Անձնանուններու Բառարան» յաւելուածէն, որոնք հետզհետէ պիտի ներկայացնենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 26, 2015, Իսթանպուլ