«ԺԱՄԱՆԱԿ»ՈՎ ԱՊՐԻԼ

Մարդկային ամբողջ կեանքը ժամանակի մէջ՝ ժամանակով եւ ժամանակաւոր ապրուած ընթացք մըն է։

Ապրուած ժամանակին երկար կամ կարճ ըլլալը այնքան կարեւոր չէ, որքան ժամանակին օգտակար կերպով գործածուած ըլլալը։ Ուստի, Հիպոկրատ կ՚ըսէ. «Արուեստը՝ երկար, կեանքը՝ կա՛րճ»։ Այս իմաստով, Սէնէկայի համաձայն, հարցը կեանքին կարճ ըլլալը չէ, այլ ժամանակը լաւ եւ օգտակար չկարենալ գործածե՛լն է։ Այս կը նշանակէ՝ «Pauca, sed bona», այսինքն՝ քիչ, բայց լա՛ւ։ Ուրիշ խօսքով՝ կարեւորը քանակը չէ՛, այլ՝ որա՛կը։

Այս խորհրդածութիւններով կը տարուինք երբ մեր բոլորին «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը կը գտնուի իր արդիւնաւոր ծառայութեան 111-րդ տարուայ սեմին, մեր ժամանակաւոր կեանքին մէջ…։

110 տարի ծառայել հանրութեան, աւելի քան դար մը ապրիլ օգտակար, այդ ընթացքը լա՛ւ գործածել, անխոնջ, անդադար աշխատիլ՝ զոհել եւ զոհուիլ բարձր նպատակի մը համար անձնուիրաբար, անդուլ եւ անխախտ, անյողդողդ հաւատով եւ հաւատարմութեա՛մբ…։

Երկար ապրիլ եւ ապրուած ամէն մէկ պահը նպատակի մը համար օգտագործել՝ հաւատարիմ մնալ ապրուած կեանքին իմաստին. ահաւասի՛կ այս է, այսպիսի բան մըն է «ժամանակ»ով ապրիլ, ժամանակին գիտակցութեամբը ապրիլ։

Արդարեւ, ժամանակին մէջ ապրիլ կը նշանակէ նպատակի մը համար ապրիլ, ժամանակին արժէքը գիտնալով ապրիլ եւ վերջապէս ժամանակին իմաստին անդրադառնալով ապրիլ։

Եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը՝ որ ապրեցաւ աւելի քան դար մը, իր իմաստին գիտակցութեամբ եւ հաւատարիմ իր կոչումին, գիտակից իր պատասխանատուութեան՝ անցեալին, ներկային եւ ապագային հանդէպ։ Արդարեւ, մանաւանդ անոնց համար, որ հանրային ծառայութիւն կը մատուցանեն, չի բաւեր պատասխանատու զգան իրենք զիրենք միայն ներկային հանդէպ. անոնք պատասխանատո՛ւ են անցեալին նկատմամբ, քանի որ իրենց առաքելութիւնը եւ պարտականութիւնն է պատմութեան ձեւաւորման նպաստել, քանի որ մեծ մասամբ անոնց արարքներով է որ կը կազմաւորուի պատմութիւնը։

Այս իմաստով «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը 110 տարիէ ի վեր պատմութեան ձեւաւորման գործին լուրջ եւ կարեւոր դեր մըն է խաղացած։ Ուստի, ընդհանրապէս մամուլը կը ստանձնէ այս կարեւոր դերը ամէն շրջանի մէջ։

Ո՜րքան իմաստալից է եւ տպաւորիչ Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը, որ կ՚ըսէ մամուլի համար.

«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։

Եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը 110 լման տարիներ եղաւ «Նախախնամութեան մատ»ին ներկայացուցիչը եւ կը շարունակէ իր լուսաւոր ճամբան՝ լուսաւորելու համար միտքեր եւ հոգիներ։ Արդարեւ, մարդկութեան եւ աւելի նեղ շրջանակի մը մէջ, հանրութեան ծառայել աստուածահաճոյ գործ մըն է, որ մամուլը, եւ անոր պատուաբեր մէկ անդամը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը 110 տարի կատարեց, եւ կը շարունակէ կատարել։ Ուստի այսքան տարի ժողովուրդին համակրութիւնը շահիլ եւ անով ապրիլ դիւրին բան չէ։ Ամէն ապրող էակ, ամէն կենդանի էութիւն կրնայ երկար ապրիլ պարագաներու համեմատ, բայց գիտակցութեամբ ապրիլ, պարտականութեանը հաւատարմութեամբ ապրիլ, օգտակար ապրիլ, լոյսով, լոյսի մէջ ապրիլ, եւ մանաւա՛նդ իր լոյսով լուսաւորել սերունդներ, ահաւասիկ ասիկա դժուար է, որ քիչեր են որ կրնան իրականացնել։ Մարդկային միտքը ունի բնածին տեսիլ մը, որ է բարիին տեսիլը, որուն իրականացումը կը կատարուի արդարութեամբ եւ առաքինութեամբ, որոնք կը կազմեն բարոյականութիւնը, եւ մամուլը կը հետապնդէ այս ճամբան՝ հասնելու համար իր նուիրական նպատակին։

Եւ դարձեալ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ. «Այնպիսի դարու մը մէջ ենք, ուր չկայ փրկութիւն առանց մամուլի ազատութեան»։ Արդարեւ, մամուլը զօրութիւն է, քանի որ իմացականութի՛ւն է։ Ապրող, կենդանի փող մըն է. ժողովուրդներու զարթուցիչն է ան. լոյսին ծագումը կը ծանուցանէ աշխարհին։

Անշուշտ շատ բծախնդիր աշխատանք եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ ազատութիւնը, եւ յատկապէս մամուլի ազատութիւնը, որուն սահմանները պէտք է լաւ եւ ճշգրտութեամբ որոշել եւ չանցնիլ ազատութեան սահմաններէն եւ գիծերէն դուրս, որոնք կ՚որոշեն ուրիշ ազատութիւններու սահմաններ եւ յատկապէս մարդկային արժանապատուութի՛ւնը։ Եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ» իր ամբողջ կեանքին մէջ հաւատարիմ մնաց եւ հաւատարիմ կը մնայ այս սկզբունքին՝ մամուլի ազատութիւնը ներդաշնակելով մարդկային արժանապատուութեան հետ։ Արդարեւ, ազատութիւնը չափաւոր սահմաններու մէջ եւ օրինապահութեան մէջ գործածել հմտութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ, ինչ որ ունի «ԺԱՄԱՆԱԿ»՝ երկար տարիներու միշտ երիտասարդ պահած այս պատմական արժէքը։ Եւ կարելի է ըսել, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը «ԺԱՄԱՆԱ՛Կ» ընող ուժը այս իրողութեան մէջ ծածկուած է։

Սկզբունքի տէր ըլլա՛լ։ Ահաւասիկ առաքինութիւն մը, որ նկարագիրը կը կազմէ ամէն ապրող գոյութեան։ Եւ, քանի որ ընդհանրապէս մամուլն ալ «կենդանի-ապրող էութիւն» մըն է, ապա ուրեմն ան ալ ունի նկարագիր մը՝ որ կը բացայայտնուի իր գործերով, իր սկզբունքներով, որոնք կը փոխանցուին եւ կը շարունակուին գոյատեւել սերունդէ՜ սերունդ։

Այս իմաստով, «ԺԱՄԱՆԱԿ» ջանադրութիւնը միշտ համեմատած է արդիւնքին հետ եւ իր կատարած քայլափոխերուն ամէն մէկուն մէջ միշտ գտնուած է «գաղափար»ը, եւ այս գաղափարին շնորհիւ մէկ քայլը շղթայուած է միւս քայլին հետ տրամաբանօրէն։ Ուստի այս կերպով, գաղափարէն ետք եկած է լուծումը եւ իրաւունքէն ետքն ալ՝ յաղթութիւնը։

Թէ ի՞նչ է յաղթութիւնը։

Մամուլին համար յաղթութիւնը ծառայել է հանրութեան՝ լուսաւորելով, ուղեցոյց ըլլալով, եւ լուսաւոր, ուղիղ ճամբաներու առաջնորդելով զայն։ Մամուլը օգնականն է ուղղամիտին եւ քննադատողը՝ մոլորածի՛ն։

Մամուլին էական պաշտօնն է լուսաբանել հանրութիւնը, տեղեկացնել ընկերային իրադարձութիւններու մասին հասարակութիւնը։ Ուստի ամէն ողջամիտ անհատի պաշտօնն է ընկերութեան հնօրեայ քարաշէն հիմերը փոխել, ճշմարիտ կարգաւորութիւնը հաստատել եւ ամէնուրեք երեւոյթին տեղ իրականը յաջորդեցնել։ Եւ ողջամիտ անհատի գործակիցն է եւ մղիչ ուժը՝ մամուլը իր արդա՛ր ծառայութեամբ։

«ԺԱՄԱՆԱԿ» իր պաշտօնի գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, մի՜շտ նեցուկ եւ պաշտպան է կանգնած ժողովուրդին արդար եւ իրաւացի պահանջներուն իրականացման նուիրական գործին մէջ. ան միշտ եղած է արդարադատ եւ կողմնակալ միշտ բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին։ Արդէն կարելի չէ ապրիլ աւելի քան դար մը առանց այս առաքինութիւնը, հաստատա-մըտութիւնը եւ ճշմարտասիրութիւնը ունենալու։

Եւ հաւատարիմ ընթերցողներ կը զօրացնեն զայն իր երկարատեւ կեանքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018