ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

«Երախտագիտութիւն»ը այն ազնիւ զգացումն է՝ որով մարդ իրեն եղած բարիքը չի մոռնար։ Արդարեւ, երախտագէտ մարդը շնորհակալութեան զգացումով կը տոգորուի։ Երախտագիտութիւնը, այս իմաստով զօրաւոր նկարագրի մը արտայայտութիւնն է, քանի որ մարդ, ընդհանրապէս իրեն եղած բարիքը կը մոռնայ եւ կամ «մոռնալ կը ձեւացնէ», որովհետեւ ամէն բարիք իրեն վերագրելու, իրեն սեփականացնելու տրամադրուած է։ Կան ոմանք, որ ուրիշէն օգնութիւն ստանալ, բարիք տեսնելու պարագային իրենք զիրենք նուաստացած կը տեսնեն, ինչ որ անկեղծութեան բոլորովին ներհակ՝ սխա՛լ միտում մըն է։

Հին Ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող հացը եւ գինին Արարչին զոհ մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Բայց Ելից Գիրքի շրջագիծին մէջ հացը եւ գինին նոր նշանակութիւն մը կը ստանան. ամէն տարի Զատիկին օրը Իսրայէլի ճաշակած բաղարջ հացերը կը յիշատակեն Եգիպտոսէն ազատումի շտապ՝ աճապարանքով մեկնումը։

Անապատի մանանան Իսրայէլին միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ կ՚ապրի Աստուծոյ Խօսքին հացով։

Վերջապէս ամէնօրեայ հացը՝ խոստացուած Երկրին պտուղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած խոստումներուն հանդէպ։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ երախտագիտութիւնը կ՚ենթադրէ յիշողութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Եղած բարիքը միշտ յիշել եւ հաւատարիմ մնալ յիշատակին՝ նախապայմանն է երախտագիտութեան։

Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Հօր մատուցուած գոհաբանութեան զոհակատարում մըն է, օրհնութիւն մը՝ որով Եկեղեցին Աստուծոյ իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայայտէ այն բոլոր բարիքներուն եւ այն ամէն ինչին համար, զորս Ան իրագործեց Իր արարչագործութեամբ, ստեղծագործութեամբ, փրկչագործութեամբ եւ սրբացումով։

Սուրբ Պատարագի խորհուրդը, ուրեմն նախ եւ առաջ կը նշանակէ «Գոհաբանութիւն», որուն արտայայտութեան ձեւն է «երախտագիտութի՛ւն»ը։

Քանի որ նոյնինքն Քրիստոս խորանին խորհուրդին մէջ ներկա՛յ է, հարկ է մեծարել զԻնք երկրպագութեան պաշտամունքով։ Ամենասուրբ Խորհուրդին այցելութիւնը եւ անոր մասնակցութիւնը ինքնին երախտագիտութեան ապացոյց մըն է։ Բարոյական գոյութիւնը պատասխա՛ն է Տիրոջ սիրազեղ նախանձախնդրութեան։ Ան երախտագիտութիւն է, մեծարանք է Աստուծոյ եւ պաշտամունք՝ գոհաբանութեան։ Ան համագործակցութիւն, մասնակցութիւն է այն «ծրագրին հետ, զոր Աստուած կը հետապնդէ պատմութեան մէջ»։

Ըսուեցաւ՝ երախտագիտութիւնը անկեղծութիւն կ՚ենթադրէ, եւ հոն ուր անկեղծութիւն կայ, կա՛յ նաեւ մտերմութիւն։ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ուխտը եւ երկխօսութիւնը վկայուած են այն իրողութեամբ, որ բոլոր պարտաւորութիւնները բանաձեւուած են առաջին դէմքով, զոր օրինակ՝ «Ես եմ Տէրը», եւ ուղղուած են ուրիշ ենթակայի մը. «Դո՛ւն…»։ Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն մէջ «եզակի» անձնական դերանունով մը կը նշանակուի հասցէատէրը։

Աստուած Իր կամքը կը ճանչցնէ ո՛չ միայն ամբողջ ժողովուրդին, այլ նաեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձնապէս։ Ուրեմն «երախտագիտութիւն»ը անհատական-անձին կապուած զգացում մը եւ այդ զգացումին արտայայտութիւնն է, որ կը պահանջէ մտերմութիւն եւ անկեղծութիւն։

Այս ուղղութեամբ արդա՛ր է զոհեր մատուցանել Աստուծոյ ի նշան երկրպագութեան եւ երախտագիտութեան, պաղատանքի եւ հաղորդութեան։

«Իսկական զոհ է ամէն արարք, որ կը կատարուի սուրբ հաղորդութեամբ Աստուծոյ փարելու եւ երջանկանալու համար», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Արտաքին զոհը իսկական ըլլալու համար, պէտք է հոգեւոր զոհին արտայայտութիւնը ըլլայ. «Իմ զոհս, խոնարհ հոգին է…» (ՍԱՂՄ. Ծ 19)։

Եւ երախտագիտութիւնը հաւատարմութեան արտայայտութեան կերպերէն մին է։

«Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ որպէսզի աշխարհի վրայ երկար կեանք ունենաս, զոր քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (ԵԼՔ. Ի 12)։

«Որդինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ի Տէր» եւ ասիկա արդար է։

Յատկապէս զաւակներու ուղղուած պատ-ւէրներ նկատի առնուած անոնց յարաբերութիւնները իրենց հօր եւ մօր հետ, որովհետեւ այս առընչութիւնը ամենէն տիեզերականն է։ Անոնք կը պատուիրեն պատիւ, սէր եւ երախտագիտութիւն ծնողներուն հանդէպ։

Յարգանքը ծնողներուն հանդէպ, որ կ՚անուանուի «ծնողասիրութիւն», կը կայանայ «երախտագիտութեան» մէջ անոնց հանդէպ, որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ աշխարհ բերին իրենց զաւակները եւ հնարաւոր դարձուցին, որ անոնք մեծնան հասակով, աճին եւ զարգանան իմաստութեամբ եւ շնորհքով։

«Ամբողջ սրտովդ փառաւորէ՛ հայրդ եւ մի՛ մոռնար ցաւերը մօրդ։ Յիշէ՛ որ անոնք քեզ լոյսին բերին. դուն անոնց ըրածը ի՞նչպէս պիտի փոխադարձես» (ՍԻՐ. Է 28-30)։

Որդիական յարգանքը կը յայտնուի ճշմարիտ հլու հնազանդութեամբ։ Մեծնալէ ետք ալ, զաւակները պիտի շարունակեն յարգե՛լ իրենց ծնողները։

Զաւակներուն չափահասութեամբ՝ անոնց հնազանդութիւնը ծնողներուն հանդէպ կը դադրի, բայց ո՛չ յարգանքը, որուն ցմիշտ պարտաւոր կը մնան։ Արդարեւ յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ, որ մէկն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն։

Յարգանքը, արդարեւ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումէն բխող առաքինութիւն մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020