ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔԸ

Լրագրութիւնը աշխարհիս մեծագոյն բնական պահանջներէն մին է։ Ետ գացէք մինչեւ Պօղոս առաքեալի օրերը, եւ միեւնոյն տենչանքն է, որ կը նշմարէք. երբ աթէնացիներուն համար կ՚ըսուի, թէ իրենց միակ զբաղումը ըրած էին պատմել կամ լսել «նոր բան» մը։

Այդ տենչանքը, թէպէտ աւելի զօրաւոր եղած ըլլայ աթէնացիներուն մէջ, անոնց սահմանափակուած չէ՛։

Անժխտելի իրողութիւն մըն է, որ լրագրութիւնը մեծ ուժ մըն է աշխարհի ամէն կողմը։ Անով է, որ մարդիկ հասարակաց մտաւոր զօրութիւն մը կը ստանան եւ ընկերութեան մէջ իւրաքանչիւր անհատ հասարակաց կէտի մը վրայ կը միանայ ուրիշ անհատի մը հետ եւ այս կերպով կը ստեղծուի «հասարակաց միտք» մը։

Thomas Carlyle (1795-1881թթ.) լրագիրներու եւ շաբաթաթերթերու համար հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Անոնք ժողովուրդին կը քարոզեն ամէն օր կամ ամէն շաբաթ. մինչեւ իսկ թագաւորներուն խրատ կու տան, խաղաղութեան եւ պատերազմի համար խորհուրդ կու տան այնպիսի հեղինակութեամբ մը, որ միայն առաջին բարեկարգիչներուն կը վերաբերէր կամ Պապերու վաղեմի դասակարգին, բարոյական պարսաւի պատիժը դնելով անոնց վրայ, տալով բարոյական քաջալերութիւն, մխիթարութիւն եւ շինութիւն»։

Յիրաւի լրագրութիւնը հսկայական եւ ազդու զօրութիւն մը ունի աշխարհի վրայ. բայց կարելի չէ ուրանալ, որ նաեւ ահեղ եւ վտանգալից ուժ մըն է ան։ Երբ Կիւթէնպէրկ, տպագրութեան երջանկաբեր գիւտին հեղինակը, խցիկի մը մէջ կ՚աշխատէր, կ՚ըսէ մեզի, թէ երկու ձայներ իրեն կը խօսէին։ Մէկը կ՚ըսէր իրեն, որ ետ կենայ այդ աշխատութենէն, կը պատմէր անոր այն զօրութեան վրայ, զոր իր հնարագիտութիւնը պիտի դնէր չար մարդոց ձեռքը՝ ծառայելու իրենց ամբարշտութեանը, կը պատմէր անոր, թէ մարդիկ ի՛նչպէս պիտի սրբապղծեն այն արուեստը, զոր ինք ստեղծած էր, եւ թէ ի՛նչպէս ապագայ սերունդը պատճառ պիտի ունենար անիծելու այն մարդը, որ աշխարհին տուաւ։

Կիւթէնպէրկ ա՛յնքան խորապէս ազդուեցաւ իր լսածէն՝ որ մուրճ մը առաւ եւ ջախջախեց այն տպագրական տառերը, զորս ինք այնքան աշխատութեամբ իրարու քով դրեր էր։ Այս իր աւերումի գործը, սակայն, արգիլուեցաւ ուրիշ ձայնով մը՝ անո՜ւշ եւ երաժշտական, որ հիմա իր ականջին կը հասնէր, ըսելով անոր, որ իր գործը առաջ տանի եւ հրճուի անով, թէ ամէն բարի բան կրնայ չարի ալ պատճառ ըլլալ, սակայն Աստուած ի վերջոյ պիտի օրհնէ ի՛նչ որ ուղիղ է։

Այս անուշ եւ երաժշտական ձայնը, յատկապէս, պէտք է հասնի անոնց, որոնք կրօնական եւ բարոյական թերթեր հրատարակելու շատ օգտակար գործին ձեռնարկներ են։

Ի՜նչ երանաւէտ գործ, ի՜նչ փառահեղ ձեռնարկ. առնել այս աշխարհաշարժ ուժը եւ զայն ծառայեցնել բարիի, ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ կրօնի, Աւետարանի մեծափառ փաստին, գործածել զայն իբր Արքիմեդէսեան նոր լծակ մը՝ վեր բարձրացնելու ո՛չ թէ ֆիզիքական-մարմնական երկրագունդը, այլ բարոյական-հոգեկան աշխարհը, որ աւելի վիթխարի ուժի մը կը կարօտի։

Մեծահռչակ երկրախոյզ James Cook-ի (1728-1779թթ.) մրցակից հանդիսացող նոյնքան հռչակաւոր երկրախոյզ Jean François La Pérouse (1741-1788թթ.) կը պատմէ, թէ իր բեւեռի խուզարկութիւններու մէջ պատահած էր անգամ մը՝ որ երբ բալխիրով՝ ձիւնի վրայ սահող կառքով կը ճամբորդէր դէպի բեւեռ, ինք կարծեց, թէ իր բալխիրով օրը տասը մղոն յառաջ կ՚երթայ դէպի հիւսիս. սակայն քիչ վերջը անդրադարձաւ եւ տեսաւ, որ այն սառնարանը, որուն վրայէն ինք կ՚ընթանար բալխիրով, ամբողջութեամբ դէպի հարաւ վար կը սահէր, օրը տասներկու մղոն, անանկ որ հէգ խուզարկուն հասկցաւ, թէ փոխանակ ամէն օր տասը մղոն յառաջ երթալու՝ օրը երկու մղոն ետ կ՚երթար իրականին։ Եւ երկրախոյզը զարմանալի կերպով, միջոցով մը կրցաւ իր սխալը ուղղել եւ հասկնալ իր ճշգրիտ վիճակը։ Ան վեր վերցուց իր աչքերը երկինք եւ աստղերուն, որոնք հաւատարմաբար յայտնեցին իրեն, թէ իրապէ՛ս յառաջ չէր երթար, այլ՝ ե՛տ։

Եւ ահաւասի՛կ, այսօր, թերթերու տրուած կարեւորութիւնը, երանի՜ թէ մեր աչքերը կարենայինք բարձրացնել երկինք եւ աստղերը, ուրկէ ստանայինք ուժ եւ կարողութիւն, զգաստութիւն՝ թերթերու պէտք եղած կարեւորութիւնը եւ արժէքը հասկնալու եւ ըստ այնմ վարուելու համար։

Արդարեւ, Հայ թերթը իր ընթերցողին հետ ընտանիք մը կը կազմէ։ Եւ ո՜վ կ՚ուզէ իր ընտանիքէն հեռանալ՝ մէկը միւսը մինակ թողուլ։ Եւ այսօր Հայ թերթին հանդէպ անտարբեր, անհոգ կեցուածքով, ժողովուրդը ցաւ կը պատճառէ ընտանիքի գիտակցութիւն ունեցող իւրաքանչիւր ընթերցողի։

Ուստի, այս անտարբերութեան սառնապատ ամայութեան մէջ վե՛ր դարձնենք մեր աչքերը՝ հո՛ն իբր ճշմարիտ առաջնորդ՝ տեսնենք անհո՜ւն եւ յաւիտենական Աստուածը, որուն ոսկեփողփող ճաճանչները կը լեցնեն ամբողջ տիեզերքը։

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ի՞նչ կայ Հայ թերթին մէջ։

Հայ թերթին մէջ կա՛յ Հայ գիրը, Հայ մշակոյթը, Հայ ոգին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023