ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ը.)
ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԶԱՅՐՈՅԹԸ
Զայրոյթը այնպիսի զգացում մըն է, որ գերազանցելով տարիքը կ՚ազդէ մարդ անհատին վրայ՝ փոքրէն մինչեւ մեծ: Այնպէս ինչպէս մեծահասակները, նոյնպէս մանուկները ջղային կը դառնան, ինչ որ կազմաւորման բնական ընթացքն է եւ այստեղ եւս ծնողքը մեծ դեր ունի զայրոյթը կառավարել սորվեցնելու մէջ:
Այժմ խօսինք այն ազդակներուն մասին, որոնք մանուկը ջղային կը դարձնեն:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ ամէն տարիքային շրջան ունի իր ջղայնութիւնը արտայայտելու տարբեր ձեւեր. օրինակ՝ 0-2 տարեկան մանուկներուն մօտ ջղայնութիւնը լալով կ՚արտայայտուի, քիչ մը աւելի մեծերուն մօտ չարութեամբ ու անհնազանդութեամբ եւ կը հասնի մինչեւ իսկ բռնութեան: Մանուկներուն մօտ ջղայնութիւնը ունի հիմնական պատճառներ.
Ա.- Փափաքներու անտեսում:
Բ.- Ծնողքի կողմէ անհետաքրքրութեան պակաս:
Գ.- Նախանձ:
Դ.- Հիասթափութիւն:
Ե.- Վախ:
Վերոյիշեալ բոլոր պարագաներուն մանուկը ջղային վիճակ մը կ՚ունենայ, որովհետեւ տակաւին չունի գիտակցութիւնը կառավարելու անոնց յուզմունքներն ու պատճառած հետեւանքները եւ այդ յուզումներուն անհասկնալի ըլլալը ջղայնութեան պատճառ կը դառնայ անոնց մօտ:
Մանուկը ջղայնացնող ազդակներէն մէկը հաղորդակցելու դժուարութիւններն են. շատ մը մանուկներ չեն յաջողիր իրենց խնդիրները, ցաւերը, մտահոգութիւններն ու պէտքերը լաւապէս արտայայտել ծնողին. այդ մէկը կրնայ լեզուական խնդիրներէ յառաջանալ եւ կամ հոգեկան բարդոյթներէ եւ այդ անկարող վիճակը մանուկին մօտ ջղային իրավիճակ մը կը ստեղծէ:
Մանուկը ջղայնացնող այլ ազդակ մըն է առօրեայի փոփոխութիւնը. օրինակի համար, եթէ ծնողք մը վարժեցուցած է իր մանուկին կէսօրին քնանալ, սակայն օր մը այս կամ այն պատճառով զանց ընէ այդ սովորութիւնը, մանուկին մօտ ջղային ու տարօրինակ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի, որովհետեւ դիւրին չէ մանուկին առօրեան փոխել եւ այդ է պատճառը որ ծնողներ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին հաստատ ժամեր եւ վարժութիւններ կը սահմանեն:
Մանուկը կ՚ուզէ եւ կ՚անկնկալէ, որ ծնողքը հասկնայ զինք՝ նոյնիսկ եթէ ինք լաւապէս չէ կրցած արտայայտել իր կարիքներն ու միտքերը: Շատ անգամ բնականօրէն ծնողներ կը դժուարանան հասկնալ եւ այդ անհասկնալը մանուկին մօտ ջղային մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որովհետեւ մանուկը չ՚ունենար այն գիտակցութիւնը, որ ինք չէ կրցած արտայայտել իր խնդիրները, այլ կը մտածէ, թէ ծնողքը չ՚ուզեր հասկնալ զանոնք եւ հետեւաբար ջղային կը դառնայ: Այդ անհասկացողութեան մաս կը կազմէ օրինակ՝ անօթութիւնը, հիւանդութիւնը, յոգնութիւնը եւ այլն:
Մենք գիտենք, որ մանուկներ շատ անգամ մեծ աղմուկ կը բարձրացնեն, սակայն ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ մանուկը շատ անգամ բարձր աղմուկի պատճառով ջղային կրնայ դառնալ. բարձր աղմուկը (օրինակ՝ տան մէջ կռիւի ու վիճաբանութեան պարագային) մանուկին մէջ կը յառաջացնէ վախի ազդեցութիւն, որովհետեւ մանուկները կրնան զանազանել տան մէջ տեղի ունեցող պարզ խօսակցութիւնն ու վիճաբանութիւնը, զգալ անապահով, ինչ որ ջղային վիճակի մը կը մղէ զիրենք:
Մանուկը ջղայնացնող ազդակներէն մին պարտադրանքն է. օրինակի համար, մանուկներ փոքր տարիքէն ինքնվար ըլլալ ուզելով՝ յաճախ կ՚ունենան նախընտրած եւ անոր դիմաց անախորժելի ճաշացանկ մը. օրինակ՝ գիտենք, որ մանուկներուն մեծամասնութիւնը ոլոռն չի սիրեր. ծնողներու կողմէ ի գործ դրուած պարտադրանք մը մանուկը ջղայնութեան կ՚առաջնորդէ. նոյն այդ վիճակը կը տեսնենք, երբ մանուկը կ՚ուզէ կարմիր հագուիլ, սակայն մայրը կը ստիպէ եւ կը պարտադրէ, որ սեւ հագուստը հագուի. այս մէկը մանուկը սեփական ինքնավարութեան եւ իր Ես-ին դէմ վիրաւորանք որպէս կ՚ընկալէ եւ հետեւաբար ջղային հոգեվիճակ մը կ՚ունենայ:
Անոնց մօտ ժամանակ մը ետք ջղային վիճակ կը ստեղծուի հասակակիցներու հետ ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով. անոնց միջեւ եղած անհամաձայնութիւնները (նոյնիսկ պարզ ու աննշմար նիւթերու շուրջ) կը ստանան լարուած վիճակ եւ երկու «հակառակ» կողմերը կ՚առաջնորդեն ջղայնութեան, որուն աւարտը յաճախ լացով կ՚ըլլայ, որ ինքնին ջղայնութիւնը արտայայտելու մէկ ձեւն է մանուկին համար:
Նախորդ գրութիւններուն մէջ ըսինք, որ մանուկը հայելին է ծնողքին։ Ջղայնութեան պարագային եւս ծնողքը մեծ դեր ունի կատարելիք, որովհետեւ յաճախ մանուկը կը ջղայնանայ այնպէս՝ ինչպէս մայրը կամ հայրը եւ հետեւաբար մօր կամ հօր կողմէ ջղայնութեան հաւասարակշռութիւնը մեծապէս կարեւոր է օրինակ դառնալու համար մանուկին: Մանուկները իրենց ծնողներու շարժուձեւերը ուսումնասիրելով կը սորվին կամաց կամաց ջղայնութիւնը զսպելու եւ կառավարելու նուրբ արուեստը:
Խօսինք, թէ ծնողներ ինչ պարտին ընել մանուկի մը ջղայնութեան դիմաց:
Առաջին հերթին կ՚առաջարկենք, որ ծնողներ իրենց մանուկին ջղայնութեան ջղայնութեամբ չհակադարձեն, այլ փորձեն մնալ հանգիստ ու զուսպ, որովհետեւ ջղայնութեան ջղայնութեամբ հակադարձելը կրնայ աւելիով հրահրել ջղային մթնոլորտը, մինչ հանդարտ պահուածքը կրնայ մեղմել անոնց ջղային վիճակը:
Հանդարտ մթնոլորտի կողքին, պէտք է ծնողքը յաջողի իր զաւակը հաւատացնել, որ ան իրապէս կը հասկնայ իրավիճակը եւ ամենայն լրջութեամբ կ՚ընդունի անոր հոգեկան ապրումները: Այդ բոլորը իրագործելու համար պէտք է առիթ տալ, որ մանուկը խօսի եւ իր ջղայնութիւնը խօսելու ճամբով թեթեւցնէ, որովհետեւ անոնք տակաւին չափահասներ չեն, որպէսզի կարենան այդ ջղայնութիւնը խեղդեն իրենց ներաշխարհին մէջ եւ հետեւաբար խօսելով այդ մէկը կատարելը շատ աւելի նպաստաւոր է:
Մանուկները իրենց ջղային վիճակէն դուրս բերելու ամենէն ազդու միջոցներէն մին «ճի՛շդ ես», «իրաւունք ունիս», «ես քեզ կը հասկնամ» արտայայտութիւններն են. այլ խօսքով պէտք է մանուկին կարեկցանքով մօտենալ, ինչ որ իր ԵՍ-ը շոյելու լաւագոյն միջոցներէն մին է:
Ծնողքը պէտք է մանուկին բացատրէ, որ ջղայնանալը մարդկային է, ամէն մարդ որոշ պարգաներու կ՚ապրի այդ զգացումը, սակայն անոր կողքին պէտք է սորվեցնել այդ զգացումներն ու անոր պատճառած հետեւանքները զսպելը. օրինակ՝ զարնել, այս կամ այն առարկան կոտրել եւ այլն: Այս մէկը աւելիով յաջողելու համար ծնողքը պէտք է առաջարկէ հարցը միասնաբար լուծել, որովհետեւ միաժամանակ մանուկը պիտի սորվի, թէ ինչպէս պէտք է դիմագրաւել հարցերը եւ ջղայնանալու փոխարէն լուծել սեփական խնդիրները:
Հետեւաբար ծնողքը պէտք է ըլլայ համբերատար. ջղային մանուկի մը վրայ ջղայնանալու փոխարէն պէտք է որոշ ժամանակ տրամադրէ, խաղաղութիւն մը ստեղծէ եւ ապա խօսի. այս մէկ կէտը կատարելու մէջ մեր հայ մայրերը շատ թերութիւններ ունին, որովհետեւ ջղայնութեան դիմաց ջղայնանալով անոնք մի՛շտ աւելիով կը սրեն խնդիրը՝ քան կը լուծեն:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -379-
Տարիներ առաջ բարեկամներէն մէկուն 8-9 տարեկան եղբայրը հիւանդութենէ մը կը տառապէր. հիւանդութիւնը տարօրինակ էր. ունէր խօսելու եւ արտայայտուելու դժուարութիւն եւ հակառակ տարիքին, չէր կրնար յստակ խօսիլ. բացի խօսելու դժուարութենէն ունէր անհաւասարակշռուած վիճակ մը. 8-9 տարեկան ըլլալով հանդերձ տարօրինակ ուժ մը ունէր եւ յաճախ ջղայնանալով առանց անդրադառնալու կը սկսէր աջ ու ձախ հարուածել:
Մի քանի անգամ փորձեցին դպրոց ղրկել մանուկը. վիճակը անտանելի էր: Կը հարուածէր դասընկերները, ուսուցիչները եւ չէր հանդարտեր. մի քանի անգամ յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու համար նախատեսուած հաստատութիւններ ղրկեցին, սակայն վիճակը նոյնն էր:
Սկսաւ իր մօրը անգամ հարուածել. կը յիշեմ, խեղճ կնոջ դէմքը յաճախ արիւնլուայ կ՚ըլլար:
Վերջաւորութեան որոշեցին բժշկական հաստատութիւն մը դնել. բժիշկները որոշեցին մանուկին մէջէն այդ ջղային ու յարձակողական վիճակը դուրս հանելու համար ճշդել որոշ դեղեր, որոնք քայլող մեռելի մը կը վերածէին մանուկը: Յաճախ կ՚երթային այցելութեան. յոգնած մարմնով ու աչքերով կու գար. հազիւ բարեւ մը կու տար. քունը կը հոսէր աչքերէն:
Մօտաւորապէս մէկ տարի բժշկական այդ հաստատութեան մէջ մնալէ ետք, ցաւ ի սիրտ, 10 տարեկանին հոգին աւանդեց:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024