ՄԵՂՈՒՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

Ո՜րքան հետաքրքրական է դիտել մեղուներու աշխատանքը, հետեւիլ անոնց գործունէութեան եւ ուսումնասիրել ապրելու եւ աշխատելու իրենց եղանակը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ անոնց աշխատելակերպը տիպար մըն է մարդոց համար մանաւանդ յարատեւելու, անվհատ գործելու կարեւորութիւնը ցոյց տալու տեսակէտէ։ Մեղուէն առնել դաս մը՝ որ ընդհանրապէս կը պակսի մարդո՛ւս։

Հիանալի՜ է մանաւանդ տեսնել բնազդին շնորհիւ անոնց երեւան բերած հրաշալի՜ գործերը, արտադրութիւնները՝ որոնք կարծես կը հեգնեն դարուն գիւտերն եւ գիտութիւնը։

Արդարեւ, մեղուներու աշխատութեան մէջ է՝ յարատեւութիւնը, կազմակերպութիւնը, լրջութիւնը եւ մանաւանդ կարգապահութիւնը։

Մարդիկ ընդհանրապէս կը գանգատին ըսելով թէ՝ կ՚աշխատինք եւ մեր աշխատութեան արդիւնքը չենք ստանար, կը գործենք եւ չե՛նք յաջողիր։

Ինչո՞ւ։ Քանի որ միայն աշխատանքը բաւարար չէ՛ յաջողութեան համար, այլ աշխատութեան պէտք է ընկերակցին յարատեւութիւնը, գիտութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ մանաւանդ կարգապահութի՛ւնը։

Անասուններու, մանաւանդ մեղուներու աշխատութեան մէջ՝ գիտութեան փոխարէն բնա՛զդն է որ կը գործէ, ինչ որ մարդկային գիտութենէն աւելի՛ ստոյգ է, քանի որ բնազդը երբեք չի սխալիր եւ չի շեղիր իր գործունէութեան եղանակէն։ Մինչդեռ գիտութիւնը կրնայ սխալիլ, կրնայ թերութիւններ ունենալ, կրնայ սխալ գործադրուիլ եւ շատ անգամ կրնայ մարդս սխալ ճամբաներու առաջնորդել։

Մեղուները կ՚աշխատին, անոնց աշխատութեան եղանակը տիպար կը կազմէ աշխատութեան ե՛ւ մարդոց։ Արդարեւ, առանց ուսում առնելու, առանց դպրոց երթալու, առանց գիտութիւն ունենալու՝ գիտնականներ են մեղուները, առանց աշակերտած ըլլալու՝ ճարտարապետ են անոնք, առանց որեւէ վարդապետութեան հետեւելու եւ հետամուտ ըլլալու՝ իմաստուններ են անոնք, եւ առանց խորհրդատուի մը՝ կարող եւ անձնուէր աշխատաւորներ, գործիչներ են անոնք…։

Մեղուները ի՛նչ որ կ՚ընեն, բնազդով կ՚ընեն եւ անթերի եւ կատարեալ կ՚ընեն, ինչ որ կ՚ընեն։ Անոնցը ո՛չ վարժութիւն է, եւ ոչ իսկ սովորութիւն, այլ միա՛յն բնատուր բնազդ, որ կատարեալ կերպով եւ արդիւնաբեր աշխատելու միակ միջոցն է մեղուներուն։

Եւ եթէ իրենց աշխատանքի պայմանները եւ գործունէութիւնը, գործելակերպը ստացական ըլլար, հաւանաբար թերութիւններ կ՚ունենար եւ այսքան կազմակերպուած, այսքան կատարեալ չէր ըլլար…։

Մեղուները քա՛ջ անդամներն են աշխատութեան կեանքին՝ առանց գիտութեան, առանց վարժութեան եւ առանց «վկայական»ի։ Անոնք կը գործեն, կ՚աշխատին առանց որեւէ պահանջքի՝ միայն կ՚արտադրեն, կ՚արդիւնաւորեն իրենց աշխատանքը առանց որեւէ յետին նպատակի։ Անոնք միա՛յն կ՚աշխատին, եւ միա՛յն կ՚արտադրեն, եւ ուրիշ որեւէ բան չի հետաքրքրեր զիրենք։

Հոս անգամ մը եւս կը յիշենք այն խօսքը՝ որ խոր իմաստ կը պարունակէ իր մէջ. «Չգիտնալը՝ երջանկութի՛ւն է»։ Անշուշտ, առաջին ակնարկով, այս խօսքը բացառական արտայայտութիւն մը կը թուի շատերուն։ Կամ հեգնական խօսքի մը բնոյթը կը տեսնուի անոր մէջ։ Բայց երբեմն «շատ գիտցողը շատ կը սխալի», ինչ որ կեանքի փորձառութիւնը կը վկայէ այս խօսքին իրականութեան։

Անշուշտ որ գիտութեան արժէքը եւ օգուտը կարելի չէ անտեսել կամ ուրանալ, բայց բնականը՝ պարզը եւ չափաւորն ալ կը հակակշռէ գիտութեան սխալ գործածութեան հետեւանքները եւ կը ներդաշնակէ «գիտութիւն»ը եւ «անտեղեակ» ըլլալու արդիւնքները։ Արդարեւ, գիտութեան հորիզոնը անսահմանօրէն լա՜յն է, ինչպէս՝ տգիտութեա՛նը։ Ուստի կարեւորը՝ այս «անսահման»ներուն կարենալ չափ մը, կշիռ մը եւ սահմա՛ն մը դնել, գոնէ հանգրուան մը՝ աստիճան մը որոշելն է…։

Այս պայմաններուն տակ, կարելի՞ է «ամենագէտ» ըլլալ։ Խնդրական է։ Կարելի՞ է «մասնագէտ» ըլլալ։ Թերեւս կարելի ըլլայ, եթէ ենթական իր մասնագիտութեանը մէջ նոյնիսկ անդրադառնայ եւ ընդունի, որ տակաւին շատ թերութիւններ ունի գիտութեան տեսակէտով, եւ չբաւականանայ իր «մասնագիտութեամբ»ը եւ շարունակէ սորվիլ, սրովիլ, սորվիլ յարատեւօրէ՛ն։

Արդարեւ բուն գիտունը այն է, որ կ՚անդրադառնայ իր չգիտցածին եւ ըստ այնմ կը զարգացնէ ինքզինք։ Գիտութեան անհո՜ւն ովկիանոսէն կաթիլ մը աւելի ստանալ իրական գիտունը կ՚երջանկացնէ՝ նպատակին քայլ մը եւս կը մօտենայ։

Եւ դարձեալ ճշմարիտ գիտունը այն է՝ որ գիտութեան կը միացնէ իմաստութիւնը նաեւ։

Ուստի, չգիտնալը գիտնալ իմաստութի՛ւն է, եւ գիտցած կարծել՝ ինքնախաբէութի՛ւն։ Եւ հետզհետէ կատարելութեան կը մօտենայ այն անձը՝ որ գիտութիւնը կը զօրացնէ իմաստութեամբ։

Իմաստասէրը՝ իր սիրոյն կը տիրանայ երբ գիտութեամբ կը զօրանայ, եւ ի վերջոյ կը հասկնայ, թէ՝ «ամենագէտ» ըլլալ գրեթէ անկարելի է, եւ կը հանգստանայ, խաղաղութեամբ կը լեցուի, բայց կը շարունակէ կաթիլներ ընդունիլ գիտութեան այն անհուն, անսահմա՜ն ովկիանոսէն։

Ուստի իմաստասիրական լուրջ ուսումնասիրութիւն մը պիտի ըլլար եւ նո՛յնքան հետաքրքրական՝ մեղուներու կեանքը եւ գործունէութիւնը իրենց բազմապիսի երեւոյթներով։ Հրահանգիչ պիտի ըլլար մանաւանդ մտածել աշխատանքի եւ ներդաշնակ գործունէութեան տիպա՛րին վրայ, որուն օգտակար կեանքը կրնայ շա՜տ դասեր հայթայթել գիտուն, ուսեալ եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան։

Բայց մարդիկ թաղուած իրենց գիտութեան կամ տգիտութեան ովկիանոսին մէջ՝ մեծ մեծ գաղափարներով, իմաստալից կամ անիմաստ տեսութիւններով, գիտուն մարդու հովերով լուծում կը փնտռեն իրենց հարցերուն ե՛ւ աշխատանքի արդիւնաւորոթեան, գործի արտադրութեան մասին։ Եւ քիչ անգամ, երբեմն երբե՛ք կը մտածեն մեղուին եւ անոր մարդկութեան մատուցած ձրի եւ պարզ ծառայութիւններուն վրայ։

Արդարեւ, ճշմարտութիւնը պարզութեան եւ չափաւորութեան մէ՛ջ է, եթէ անիկա շա՜տ հեռու եւ վեր տեղեր փնտռել փորձէ մարդ, անմիջապէս իր մօտ գտնուած ճշմարտութիւնը չի կրնար տեսնել եւ մութին մէջ կը կորսուի։ Բնութիւնը մարդուս տուած է ամէն ինչ, բա՛ւ է որ մարդ անդրադառնայ եւ օգտագործէ զանոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 22, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017