ՍՏԱԽՕՍԻՆ ՊԱՏԻԺԸ

Սուտը՝ ճշմարտութեան հակառակ արտայայտութիւն մըն է. ճշմարտութիւնը ուրանալ եւ կամ կերպով մը ծածկել եւ կամ տարբեր ձեւով ներկայացնել կը նշանակէ։ Ժողովրդական պարզ մտայնութեամբ սովորութիւն է եղած ըսել. «Սուտ խօսելուն պատճառով ո՞վ մեռած է…»։ Թերեւս արդարացման ճամբայ մը, ձեւ մըն է այս խօսքը՝ որ շատ ալ չի՛ համաձայնիր սուտին հետեւանքներուն հետ, քանի որ սուտը մա՛յրն է ամէն յանցանքի եւ մեղքի։ Ուրեմն այդ խօսքը կարելի չէ՛ բարոյագիտական համարել։ Ուրիշներ ալ, դարձեալ, սուտին ազդեցութիւնները մասամբ թեթեւցնելու համար կ՚ըսեն՝ թէ ներելի սուտեր կան, որոնք մարդ կը պարտաւորուի գործածել՝ որպէսզի չարիքի մը արգելք ըլլայ, բարի նպատակի մը ծառայէ։ Այսպէս մտածողներ ալ ներելի սուտերը կ՚անուանեն «ճերմակ սուտեր» կամ «վարդագոյն սուտեր»։

Բայց սուտը միշտ եւ ամէն պարագայի սո՛ւտ է եւ ճշմարտութեան հակառակ, ճշմարտութիւնը ծածկող կամ փոխուած ներկայացնող արարք մը։

Ուրեմն սուտը եւ ստախօսը արդարացնել բարոյագիտական ոչ մէկ օրէնքի կրնայ յարմարիլ։

Սուտը եւ ստախօսը արդարացնելու աշխատողներ, ջանք ընողներ, թերեւս իրենքզիրենք այդ կերպով արդարացնել կ՚ուզեն, եւ կամ իրենց համար «արդար» կամ «իրաւացի» սուտի մը ճամբան կը բանան…։

Եւ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, կարելի չէ արդարացնել որեւէ սուտ, քանի որ այդ սուտը յառաջիկային կրնայ պատճառ ըլլալ բազմաթիւ ուրիշ սուտերու՝ որոնց արգելք հանդիսանալ եւ անոնց հետեւանքներէն փրկուիլ կարելի չ՚ըլլար։

Նաեւ սուտը երբ վարժութիւն ըլլայ, սովորութիւն դառնայ, կարելի չ՚ըլլար առաջքը առնել եւ այդ կերպով սուտը եւ ստախօսութիւնը այլեւս սովորական արարքի մը վերածուելու վտանգը կը գոյանայ։ Եւ երբ սուտը, ստախօսութիւնը սովորական դառնայ, այդ կը նշանակէ որ բարոյական անկումը արդէն սկսած է…։

Մեր սիրելի ընթերցող բարեկամները պէտք է լսած ըլլան նախապէս Անանիայի եւ Սափիրայի պատմութիւնը՝ ուր ստախօսութեան պատճառով այր եւ կին, երկուքն ալ մահով պատժուեցան։ Գործք Առաքելոց Գիրքին Ե գլխուն 1-16 համարներուն մէջ յիշուած դէպքը մեզի ցոյց կու տայ, թէ սուտի պատճառով կրնայ մարդ մեռնիլ, կամ մահուամբ պատժուիլ։ Ուրեմն ստախօսութեան պատճառով կրնա՛յ մարդ մեռնիլ…։

Հակիրճ կերպով մը յիշենք դէպքը։

«Բայց մարդ մը Անանիա անունով իր կինը Սափիրային հետ մէկտեղ ստացուածք մը ծախեց, եւ անոր գինէն խորեց, որ կինն ալ գիտէր, ու մէկ բաժինը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Եւ Պետրոս ըսաւ.- Անանիա, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս, ու ագարակին գինէն խորես… եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգին աւանդեց, հոգի տուաւ…» (ԳՈՐԾ. Ե 1-5)։

Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ թէ նախնի քրիստոնեաները «միասիրտ» եւ «միակամ» էին եւ անոնց ստացուածները «հասարակաց» էր։ Անոնց միաբանութեամբ եւ իրարու վրայ վստահութեամբ եւ սիրով վարուիլը մանաւանդ քան իրենց ստացուածքը հասարակաց ընելը նպաստ եղաւ նախկին Քրիստոնէական Եկեղեցւոյն պայծառութեանը։

Ուրեմն պէտք էր որ Անանիա իր ծախած ստացուածքին փոխարժէքը ամբողջութեա՛մբ տար առաքեալներուն, առանց խորելու, այսինքն ծածուկ պահելու մաս մը։ Խորել, տեսակ մը գողնալ էր՝ ուրիշին բանը իրեն սեփականացնել. ուրեմն մնացեալը առաքեալներուն տալով, ծախուած ստացուածքին գինին մասին սուտ խօսեցաւ Անանիա։ Եւ այդ սուտին պատիժը եղաւ մա՛հ։

Այս դէպքին ժամանակը ստուգել կարելի չէ։ Բայց այս հատուածին մէջ եկեղեցին ներքին վտանգի մը հանդիպած կը տեսնենք։ Արդարեւ, Անանիայի եւ Սափիրայի յանկարծական մահը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյն հոգեւոր բարօրութեանը նպաստաւոր եղաւ։

Այս պատմութենէն կը սորվինք, թէ անարժան մարդիկ միշտ կրնան սպրդիլ մտնել Քրիստոսի եկեղեցւոյն մէջ։ Բայց կը սորվինք եւս, թէ եկեղեցւոյն գերագոյն Գլուխը միշտ յարմար միջոցներ կը գործածէ, որ եկեղեցին մաքուր պահուի։

Արդարեւ, վաճառուածին գինէն մաս մը «գողնալ»ով, այսինքն՝ խորելով՝ իրենց քով պահելով, մնացածը հասարակաց արկղին յանձնելու համար բերին պաշտօնեաներուն, այսինքն առաքեալներուն։

Կը հետեւի որ այս երկու անձերը ճշմարիտ հաւատացեալ չէին, ուստի եւ ո՛չ սրտի նորոգութիւն, ոչ ալ Սուրբ Հոգիին մասնաւոր ազդեցութիւնը ստացած էին։ Անշուշտ, անտարակոյս Պետրոս առաքեալ Աստուծոյ մասնաւոր ազդեցութեամբը գուշակեց անոնց գաղտնի խորհուրդը եւ պատուհասեց զանոնք։ Եւ եթէ այս պատուհասը չափազանց խիստ կ՚երեւնայ, պէտք է գիտնալ որ, եթէ անոնք այսպէս չպատժուէին, կերպով մը հաճութիւն տրուած պիտի ըլլար անոնց, եւ այդպիսի սուտ մը՝ խաբէութիւն մը մուտ գտնելով ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ, շատերուն կորստեանը պատճառ պիտի ըլլար։

Ուստի, երբեմն, մարդիկ մեղքի կամ յանցանքի պատիժէն վախնալով ետ կը կենան մեղքէ։ Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը մեղքի դէմ միշտ այս կերպով չի յայտնուիր, քանի որ Աստուած կ՚ուզէ որ մարդիկ անդրադառնան մեղքին եւ ետ կենան։

Այս համարներէն կը հասկցուի, որ կնոջը մեղքն ալ միեւնոյն պատիժին արժանի էր, ուստի ան ալ մահով պատժուեցաւ, քանի որ միաբանած էր իր ամուսնոյն։

Վերոյիշեալ դէպքը թէեւ պատմական դէպք մըն է, բայց քանի որ մարդուս բնութիւնը չէ փոխուած դարերու ընթացքին, այսօր ալ կարելի է նման դէպքերու հանդիպիլ, անշուշտ տարբեր տրամադրութիւններու եւ պայմաններու տակ։ Ուստի դէպքին արտաքին ձեւը կրնայ փոխուած ըլլալ, շրջանները կը փոխուին, բայց ներքնապէս սուտը եւ խաբէութիւնը միշտ նոյնը կը մնայ եւ օրուան պայմաններուն նկատմամբ պատի՛ժի մը կ՚արժանանայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2018