ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդը՝ ամբողջ բնութեան մէջ էակ մըն, որ յաճախ տիրել, գերազանցել կ՚ուզէ բնութեան եւ կը կարծէ տիրել, բայց ի վերջոյ դարձեալ բնութիւնը տիրական կը հանդիսանայ։ Եւ ո՛րքան ճիշդ տեսութիւն մըն է՝ ճշմարտութի՛ւն մը՝ թէ մարդ ի՛նչ որ կ՚առնէ բնութենէն, ի վերջոյ կը պարտաւորուի զայն վերադարձնել բնութեան, հատուցանել նոյնիսկ աւելիով։

Մարդ չի կրնար գերազանցել բնութիւնը, ինչպէս չի կրնար գերազանցել զԱստուած։ Ուստի մարդ պէտք է գիտնայ իր տեղը, դիրքը եւ աստիճանը բնութեան մէջ։ Մարդը, արդարեւ յատուկ տեղ մը ունի բոլոր միւս արարածներուն նկատմամբ, քանի որ ան օժտուած է բանականութեամբ, մտածելու, դատելու եւ որոշելու յատկութիւններով։ Իր այս յատկութիւնը թէեւ որոշ դիրք մը կու տայ, աստիճան մը կը ստանայ միւս արարածներուն նկատմամբ, բայց ան երբեք չի կրնար գերազանցել ո՛չ բնութիւնը եւ ոչ ալ զԱստուած։

Alphonse de Lamartin (1790-1869) իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ՝ թէ մարդ յաճախ կը փոխուի, սակայն բնութիւնը միշտ նո՛յն բնութիւնը կը մնայ, եւ արեւը, ամէն օր անխափան ամէնուն վրայ կը ծագի։

Արդարեւ, մարդ շա՜տ դասեր ունի սորվելիք բնութենէն, զոր օրինակ, հաստատամտութիւն՝ անայլայլելի, ամուր նկարագիր, անաչառութիւն, արդարադատութիւն, հաւասարութեան սկզբունքի հաւատարմութի՛ւն։ Բնութիւնը թէեւ բանականութիւն չունի մարդուն պէս, բայց ան այս բոլոր սկզբունքները կատարելապէս կը գործադրէ. դուք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բնաւ տեսած կամ վկայա՞ծ էք, որ արեւը երբ կը ծագի խտրութիւն ստեղծէ մարդոց միջեւ, կամ անձրեւը երբ կը թրջէ՝ թաց վիճակի կը մատնէ բոլոր մարդիկը, ոմանք չթրջէ, չոր պահէ, այսինքն խտրութիւն դնէ մարդոց միջեւ, կարելի չէ՛։ Եւ դարձեալ արեւը կրնա՞յ զրկել իր ջերմութենէն եւ լոյսէն ոմանք, որ «չար» են եւ կամ չեն ախորժիր իրմէ։ Ո՛չ, որովհետեւ բնութիւնը բացարձակապէս անաչառ է. հաւասարութեան, արդարութեան սկզբունքներուն միշտ հաւատարիմ է։

Ուրեմն բնական պայմաններու մէջ բնութիւնը, թէեւ բանականութիւն չունի մարդուն պէս, բայց մարդուն յատուկ առաքինութիւններուն հաւատարիմ գործադրողն է։ Բնութեան հաւասարութիւնը, արդարութիւնը, արդարադատութիւնը բացարձակ է, անայլայլելի եւ մշտնջենական։ Պայմաններու, պարագաներու համաձայն չի փոխուիր բնութեան սկզբունքը։

Մա՛րդն է, որ կը փոխուի եւ կը փոխէ բնութեան գործունէութիւնը, բայց միա՛յն իր կողմէն, զոր օրինակ, կը պատսպարպուի, կը պաշտպանուի եւ միջոցներ կ՚որոնէ անձրեւի կաթիլներէն չթրջուելու համար եւ կամ արեւին ջերմութենէն զերծ մնալու, լոյսը խափանելու համար։ Բայց այս բոլորը մասնակի միջոցառումներ են, քանի որ անձրեւը տեղալու եւ մարդիկը թրջելու, արեւը ծագելու եւ իր ջերմութիւնը եւ լոյսը տարածելու անխափան կը շարունակեն։ Եւ մարդ չի կրնար գերազանցել բնութիւնը, ինչպէս անոր Արարիչը եւ իր Արարիչը՝ զԱստուած։ Մարդ կրնայ իր յատկութիւնները գործադրել չափաւոր կերպով, սահմանաւոր տարածութեան մը մէջ։

Մարդ պէտք չէ՛ փորձէ անկարելին, արդարեւ բանականութիւնը իրեն տրուած է որոշելու կարելին եւ անկարելին։ Կարելին պէտք է ջանք ընէ, ձեռքէն եկածը չխնայէ, աշխատի, բայց անկարելիին առջեւ պէտք է գիտնայ կանգ առնել։

Եւ այնպէս կը կարծուի, թէ կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար պէտք է բանականութիւնը գործածել՝ լաւ հաշիւ ընել, կարելին զանազանել անկարելիէն եւ ըստ այնմ աշխատիլ։ Այլապէս անկարելին կատարելու աշխատիլ՝ «հոսանքի դէմ թիավարել» կը նշանակէ, ինչ որ թէ՛ ուժի եւ թէ ժամանակի վատնում է եւ երբեք յաջողութեան չի տանիր մարդը։

Այս իմաստով բնութեան հետ մրցիլ կարելի չէ, քանի որ ի վերջոյ բնութիւնը կը յաղթէ։ Բայց երբ մարդ մրցիլ կ՚ուզէ, պէտք է սիրոյ մէջ, բարութեան մէջ մրցի, մրցակիցներ ունենայ՝ սէրը եւ բարութիւնը միշտ կարելի՛ է, քանի որ սէրը եւ բարութիւնը սահման չեն ճանչնար, անհո՜ւնօրէն կը տարածուին մարդկային հոգիներու մէջ, եւ մարդուն կը մնայ անդրադառնալ անոնց եւ տարածել զանոնք համայն մարդկութեան։

Բնութիւնը պէտք է օրինակ ըլլայ մարդուն իր անայլայլելի, հաստատ ընթացքով, իր անխափան աշխատութեամբ, յարատեւութեամբ, եւ մանաւանդ անաչառութեամբ եւ արդարադատութեաբ։ Յարափոփոխ մարդկային կեանքը պէտք ունի բնութեան կանոնաւոր, մշտնջենական, հաստատ կազմութեան, քանի որ շատ անհամաձայնութիւններ, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ ծնունդ կ՚առնեն փոփոխամտութենէ՝ անստոյգ, անորոշ վիճակներէ, եւ եթէ մարդկային կեանքի մէջ ամէն ինչ յստակ ըլլայ, յայտնի եւ բացայայտ, անկերծ ըլլան մարդիկ, եթէ ո՛չ բոլորովին բայց մեծ մասամբ խաղաղութիւն կը տիրէ եւ մարդիկ կ՚ապրին համերաշխ, հա՛շտ։

Եւ եթէ սիրոյ կարեւորութեան անդրադառնան մարդիկ եւ նմանիլ փորձեն բնութեան՝ վճռականութեան տեսակէտէ, այն ատեն մեծ մասամբ կ՚անհետանան ատելութիւն, թշնամութիւն, հակառակութիւն, կը տիրէ արդար մրցակցութիւն մը սիրոյ մէջ, բարութեան մէջ, եւ մարդիկ կ՚ապրին երջանիկ։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ Յիսուսի խօսքը, որ յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Եւ ուրեմն սիրոյ քով միշտ պէ՛տք է ըլլայ քաջութիւն, որպէսզի սէրը գործնականի կարենայ վերածուիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 23, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019