ԹՌՉՈՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԳԸ

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն բնաւ փորձա՞ծ էք ունկնդրել թռչունի մը երգը։ Թռչունի մը երգը ունկնդրողներու համար կը բաւէ մարդկային ունայն մեծամտութիւնը փշրուած զգալ։ Բնութիւնը, թռչունի մը երգով, զգաստացուցիչ դաստիարակ մը կը հանդիսանայ, որ մեզ գիտակից կը դարձնէ մարդկային սահմանաւորութիւններուն, եւ կախման աղբիւրէ մը զօրութեան՝ որ իր անհունութեամբ՝ կ՚ահաբեկէ մեզ։

Ուստի ականջ տալ փորձենք այն «երկնային երաժիշտ»ին երգին, որ ծպտուած կ՚երեւի որպէս փոքրիկ թռչուն մը։

Առաւօտ կանուխ ժամերուն, թող ըլլայ ժամը 4, տիրող խորհրդաւոր լռութեան մէջ, եւ Բնութեան ծոցին մէջ, լարուած պահենք մեր ականջները խել մը թռչուններու ճռուողումին եւ պիտի տեսնենք, որ ի՛նչ երաժշտական կանոնով կ՚երգեն անոնք։ Եւ փորձենք տակաւին հետեւիլ անոնց ընդհատեալ ձայնական խազերուն եւ պիտի յանգինք այն եզրակացութեան, թէ այս թռչունները իրարու հետ կը խօսին, կը հասկցուին երգով, ինչպէս բեմի մը վրայ երգիչները։

Քանի մը նօթ եւ դադար մը որուն միջոցին լսելի կ՚ըլլայ դարձեալ ընդհատ նօթերով ե՜րգ մը կամ ճռուողում մը ուրիշ թռչունէ մը, որ մօտակայ ծառի մը ճիւղին վրայ թառած է։

Հիանալի՜ տեսարան, հիանալի՜ երգահանդէս…։

Թռչուններ ի՞նչ կ՚ըսեն իրարու. գաղտնիք է, բայց «խօսակցութիւն» մըն է, որ իրենց լեզուովը յառաջ կը տանին՝ բացայայտ իրողութիւն մը կը թուի ըլլալ։ Եւ սա իրականութիւն մըն է, որ թռչունները «կը խօսին» իրենց «լեզու»ով եւ կը հասկցուին, հակառակ որ մարդիկ անոնք կը կոչեն «անբան» եւ «անասուն»։

Արդեօք կը սխալի՞ն մարդիկ… երբ այդ ապրող էակները «անբան» եւ «անասուն» կը կոչեն եւ միայն իրենք բանաւոր եւ ասուն ըլլալ կը կարծեն…։ Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի՜ներ։

Արդարեւ, սա յստա՛կ է, որ իրականութիւն մը չտեսնել, չհասկնալ այդ իրականութեան հանգամանքը չի փոխեր. թերեւս ենթակայական նայուածքով այդ իրականութիւնը իրակութիւն չհամարուի, բայց առարկայական հայեացքով ան միշտ «իրականութիւն» է եւ այդպէս կը մնայ։

Եւ մենք ալ, մարդիկ, երբ զինք հասկնար թռչուններուն «լեզու»ն, այդ չի նշանակեր, որ անոնք իրենց յատուկ լեզուով չեն խօսիր, չեն հասկցուիր։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս որ մեր չգիտցած եւ չհասկցած որեւէ լեզու մը, լեզուներ՝ որոնք մարդիկ կը խօսին եւ մեզի «օտար» կը թուի, «լեզու» ըլլալէ չի դադրիր, այնպէս ալ թռչուններու «խօսած լեզու»ն, որ մենք չենք հասկնար, իր ամենալայն իմաստով «լեզո՛ւ» ըլլալէ չի դադրիր։ Թռչուններ իրենց յատուկ լեզուով կը խօսակցին եւ մա՛րդ չի հասկնար, ինչ որ մարդուն սահմանաւորութիւնը ցոյց կու տայ եւ մարդ միայն կը տարուի թռչուններու լեզուին խորհրդաւորութեամբը եւ կը խորհի, թէ ինք ո՜րքան թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի եւ ո՜րքան անկատար եւ անկարող է Բնութեան հանդէպ, Բնութեան հրաշալիքներուն եւ կատարելութեան նկատմամբ եւ ուզէ կամ չուզէ այդ Բնութեան ստեղծիչին՝ Աստուծոյ ներկայութեան դիմաց կը ջանայ իր տեղը եւ դիրքը որոշել…։

Թռչունները երբ «կը խօսին» իրարու հետ, իրենց փոքր եւ խորհրդաւոր աշխարհին մէջ, այդ աշխարհին ո՛ր մէկ իրականութիւնը, ո՛ր մէկ փորձառութիւնը եւ ո՛ր մէկ ապրումը իրարու կը պատմեն արդեօք։ Ի՞նչ կայ տիրական իրենց կեանքին մէջ, որ կարեւոր կը համարեն իրարու հաղորդել. անձկութի՞ւն, վա՞խ, վտա՞նգ, ցա՞ւ, թէ ուրախութիւն, երջանկութիւն, խաղաղութիւն, անդորրութիւն, սէր…։

Մարդկային փորձառութիւններէն քանի՞ն արդեօք նաեւ հասարակաց են թռչուններուն, կամ ընդհանրապէս կենդանական աշխարհին։ Սա յստակ եւ անվիճելի է, թէ անպատճառ հաղորդակցութեան-խօսակցութեան միջոց մը ունին բոլոր կենդանի արարածները ե՛ւ «անբան» եւ «անասուն»ները, ինչպէս բանաւոր եւ ասուն մարդը։ Բայց այդ խօսակցութեան միջոցը երբեմն կրնայ համր ըլլալ, երբեմն ալ ձայնաւոր, բայց չի փոխուիր անոր «խօսակցութեան» հանգամանքը։ Եւ կարելի չէ խորհիլ, թէ անոնք մարդոց պէս չխօսելուն համար «լեզու» մը չունին…։

Մարդիկ «լեզու» ունին, «կը խօսին» եւ կը գործածեն իրենց լեզուն, յաճախ հրեշտակներու պէս, Աստուծոյ ձայնին արձագանգը, բայց նաեւ՝ սատանաներու պէս, որոնք կը դաւեն, կը ստեն, կը զրպարտեն, կ՚անիծեն, կը հայհոյեն, կ՚անպատուեն. մինչդեռ լեզուն եղեր է որ սէր խօսի։

Արդեօք սէ՞ր է թռչուններու խորհրդաւոր լեզուին նիւթը…։

Սա պահուս ակնարկ մը նետեցի ժամացոյցին՝ ժամը առաւօտեան 4-ն է եւ տեսածներս, լսածներս, ապրածներս եւ զգացածներս երբեք երազ մը չե՛ն, այլ՝ Բնութեան անայլելի եւ հիանալի՜ իրականութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 23, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020