ՅԱՐԳԱՆՔԸ ԿԸ ԲՂԻ ՍԷՐԷՆ
Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութի՛ւնն է, ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած յարգանքին եւ պատիւին։ Անչափահաս թէ խելահաս, զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։ Ան պատուիրուած է աստուածային պատուէրէն։
Արդարեւ, յարգանքը անկեղծ է եւ իրական, երբ ան կը ծնի բնական սէրէն։ Ուրիշ խօսքով՝ եթէ չկայ սէր, կարելի չէ՛ հոն նկատել իրական յարգանք։ Յարգանքը չի պարտադրուիր, այլ կը բխի սիրտէն, եւ սիրտն ալ նոյնինքն սէ՛րն է։
Ծնողներուն հանդէպ յարգանքը՝ ծնողասիրութիւնը կը կայանայ երախտագիտութեան մէջ անոնց հանդէպ՝ որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ հնարաւոր դարձուցին, որ անոնք մեծնան հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։
«Ամբողջ սրտովդ փառաւորէ՛ հայրդ եւ մի՛ մոռնար ցաւերը մօրդ։ Յիշէ՛ որ անոնք քեզ լոյսին բերին. դուն անոնց ըրածը ի՞նչպէս պիտի փոխադարձես». (ՍԻՐ. Է 28-30)։
Հոս շեղում մը ընենք. մարդ երբ մէկու մը ձեռքը «յարգանքով» համբուրէ, բայց իր մէջ անոր հանդէպ սէր չունենայ, այդ համբոյրով արտայայտուած յարգանքը ո՞րքան անկեղծ կ՚ըլլայ։
Համբոյրը, ըստ էութեան, հպում մը՝ հաղորդակցութեան միջոց մըն է։ Արդարեւ համբոյրը ձեւականութիւն մը, ցոյց մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ սրտաբուխ եւ սիրալիր։ Ուստի, սէրը սիրտէն կու գայ եւ շրթունքներէ աւելի՛ աչքէն կը ցոլայ։ Այս իմաստով՝ համբուրողին ո՛չ թէ շրթունքներուն, այլ պէտք է աչքին ուշադրութիւն դարձուի։
Յարգանքի եւ սիրոյ մասին այս միջանկեալ խորհրդածութենէ ետք, դառնանք մեր նիւթին։
Որդիական յարգանքը կը յայտնուի ճշմարիտ հլու հնազանդութեամբ։
«Որդեա՛կ, պահէ՛ պատուէրը հօրդ եւ մի՛ մերժեր խրատը մօրդ…։ Քու կեանքի ընթացքի մէջ՝ անոնք պիտի առաջնորդեն քեզի, քու հանգիստի պահուն՝ անոնք պիտի հսկեն վրադ, երբ արթննաս՝ պիտի խօսին քեզի». (ԱՌԱԿ. Զ 20-22)։
«Իմաստուն զաւակը կը սիրէ խրատուիլ, իսկ արհամարհոտ զաւակը՝ չ՚անսար յանդիմանութեան» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 1)։
Մեծնալէ՝ հասուն տարիքի հասնելէ ետք ալ, զաւակները պիտի շարունակեն յարգե՛լ իրենց ծնողները։ Պիտի կանխեն անոնց փափաքները, սիրով պիտի դիմեն անոնց խրատներուն եւ պիտի ընդունին անոնց արդարացի յանդիմանութիւնները։ Զաւակներուն չափահասութեամբ՝ անոնց հնազանդութիւնը ծնողներուն հանդէպ կը դադրի, բայց ո՛չ յարգանքը, որուն ցմիշտ պարտաւո՛ր կը մնան։
Արդարեւ, յարգանքը ինչպէս նաեւ սէրը, արմատները ունին Աստուծոյ իմաստութեան եւ երկիւղին մէջ, որ մէկն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2023, Իսթանպուլ