ՊԱՀՔԻ ՄԱՍՒՆ

Աստուած, երբ մարդը ստեղծեց, դրախտին մէջ, արդէն անոր համար պահք սահմանեց։

«Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, քանի որ այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս», (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։

«Պահքը դրախտին մէջ օրինադրուեցաւ, եւ այն այնքան հին է՝ որքան մարդկութիւնը», կ՚ըսէ Բարսեղ Կեսարացի իր «Վասն Պահոց» ճառին մէջ։ Արդարեւ, եթէ մեր նախածնողները պահէին պահքը՝ հնազանդէին պահքի պատուիրանին, պիտի ժառանգէին անմեղ, անմահ, յաւիտենական կեանք մը։

Բայց չհնազանդեցա՛ն…։

Ուստի, հակիրճ ակնարկ մը նետենք եւ տեսնենք՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «բարիի եւ չարի գիտութեան ծառ» ասութիւնը։ Ինչպէս կը մեկնաբանեն Եկեղեցւոյ վարդապետները, Աստուած դրախտին մէջ Ադամին եւ Եւային արգիլեց ճաշակել «բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն», ո՛չ թէ ընդմիշտ, այլ՝ միառժամանակ, մինչեւ որ անոնք հասուննային դրախտի ծառերը մշակելով եւ պահելով, այսինքն՝ «առաքինութեան պտուղ»ներ տալով։

Բայց որովհետեւ անոնք չհնազանդեցան Աստուծոյ պատուէրին, այլ լսեցին օձին խաբող ձայնը եւ խախտեցին սուրբ պատուիրանը, զրկուեցան Աստուծոյ շնորհներէն եւ վտարուեցան դրախտէն։

Մինչ այդ անոնք կապուած էին միայն բարիքի հետ, իսկ հիմա անոնց վրայ իշխանութիւն ստացաւ չա՛րը։ Զրկուելով շնորհի լոյսէն՝ իրենց մոլորած եւ խաւարած միտքով անոնք այլեւս չկարողացան զանազանել չարը բարիէն։

Այսպէս, ահաւասիկ, «բարի»ն եւ «չար»ը մնացին մարդկութեան մէջ չճանչցուած եւ չզատուած, մինչեւ որ եկաւ Աստուծոյ Որդին եւ խաչի՝ «Կենաց ծառ»ի բարի պտուղներով յաղթահարեց չարը եւ «չարիք»ը՝ մեզի շնորհելով ոչ միայն «բարին չարէն զատել»ու, այլեւ բարիով չարին յաղթելու կարողութի՛ւն։ («Սրբազան Ժառանգութիւն» Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթի համառօտ Հանրագիտարան)։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ «Սատանայ»ն՝ որ օձի կերպարանքով մօտեցած էր մարդուն, խաբած էր զայն՝ խափանելով անոր բանականութիւնը՝ չարը եւ բարին զանազանելու կարողութիւնը։

Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետ (Ճառեր - Աշխարհաբար՝ Եփրեմ Արքեպս. Թապագեան, 2001), խիստ պահեցողութեան մասին կ՚ըսէ. «Ազդեցիկ, օգտակար եւ կարեւոր են խիստ պահեցողութիւնն ու որկրամոլութեան զսպումը, մանաւանդ անոնց համար, որ գիտակցութեամբ կը մօտենան խիստ պահեցողութեան եւ իրօք գիտեն թէ որքան օգտակար է ան։ Իսկ անոնք, որ պահքի նկատմամբ անուշադիր են այս աշխարհի մէջ, այժմէն իսկ երեւելի բաներու միջոցաւ պէտք է ըմբռնեն ժուժկալութեան մաքրութիւնը եւ կուշտ ստամոքսի վնասը։ Անոնք գիտեն թէ այնպէս ինչպէս երաշտ վայրերու մէջ ամէն տեսակի բանջարներ չեն բուսնիր, նոյնպէս ալ դատարկ ստամոքսները պիղծ խորհուրդներ չեն ծնիր…։ Անոնք որ ստամոքսին կը ծառայեն, անհնար է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ըլլան։ Իսկ անոնք որ պահեցողութեամբ իրենք զիրենք կը զրկեն, ո՛չ միայն անօրէնութիւններու պղծութիւններէն կը սրբուին, այլեւ Սուրբ Աստուածը իրենց մէջ կը բնակեցնեն։

«Ուրեմն, երբ խիստ պահեցողութիւնը եւ ժուժկալութեան առաքինութիւնը զօրաւոր են, անոնք կը շղթայեն մարմնի բոլոր անդամները՝ զանոնք կը զրկեն բոլոր տեսակի անպատեհ ցանկութիւններէն ու անմաքուր մտածումներէն, մտքերէ հեռու կը վանեն յարձակումը դեւերու, որոնք կ՚ուզեն պղտորել եւ պղծել մաքրուածներուն սրտերը։ Վասնզի, պահեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւնները եւ հաւատքի զօրութիւնը. ան թշնամիին դէմ հզօր աշտարակ մըն է ու Սատանայի բոլոր նետերուն դէմ՝ ամուր պարիսպ մը։ Որովհետեւ պահեցողութեան առաքինութիւնը մեծապէս կարեւոր է մեր բնութեան համար եւ բազմաթիւ թերութիւններ խոնարհ պահեցողութեամբ կը սրբագրուին. այդ իսկ պատճառաւ, երբ Աստուած մարդը ստեղծեց, անոր բնութիւնը խիստ պահեցողութեամբ օժտեց ու առաջին մարդուն որպէս առաջին պատուիրան խիստ պահեցողութիւնը պարտադրեց, որ է արգիլուած ծառէն չճաշակել։ Եթէ առաջին մարդը պահած չըլլար պահեցողութեան պատուիրանը, առաքինի, անմահ եւ անմեղ կեանք մը պիտի ժառանգէր ու երկնքի մէջ բոլոր բարութիւնները պիտի վայելէր, որովհետեւ բոլոր անոնք, որ պահեցին խիստ պահեցողութիւնը, բազմաթիւ վիշտերէ փրկուեցան…։

«Ահաւասիկ Ադամ խիստ պահեցողութիւն չկատարեց եւ դուրս ելաւ դրախտէն եւ փշալից երկիրը մտաւ…։

«Բայց պահք պահողները պէտք է որ արթուն ըլլան, որովհետեւ Սատանան կրնայ կորուստի մատնել թէ՛ պահեցողը եւ թէ պահեցողութիւնը, եթէ երբեք պահեցողը անպարկեշտ բամբասանքներ կատարէ, ինքզինք ուրիշներէն գերիվեր ցոյց տայ, կամ կերակուրները պիղծ նկատէ եւ կամ կեղծաւորներու նման պահեցողութիւն ընէ իր պահեցողութիւնը ուրիշներու նայուածքներէն հեռու պահելով, որպէսզի սնապարծ եւ կեղծաւոր չերեւայ, բայց կը փափաքի նաեւ որ իր ժուժկալութիւնը նկատուի ուրիշներու կողմէ ու երբ ոչ ոք նշմարէ, ինք առիթը կը ստեղծէ իր խիստ պահեցողութիւնը ցոյց տալու, որպէսզի սքանչանան զայն իրագործելու իր համբերութեան վրայ։

«Արդարեւ, նման պահքեր ո՛չ կը սրբեն եւ ոչ ալ կ՚արդարացնեն, այլ կը պղծեն եւ կորուստի կը մատնեն։

«Եթէ մէկը ժուժկալութիւն ցոյց տայ ուտելիքներու նկատմամբ, բայց իր մարմնի միւս անդամները անժուժկալ պահէ, զուր են իր ճիգերը։ Ահաւասիկ այն ի՛նչ որ կ՚ուզեմ ըսել.- եթէ մէկը իր լեզուն չզսպէ, աչքերուն, ականջներուն, մտածումներուն եւ հոգիին վրայ չհսկէ, ընկերոջ դէմ ոխ պահէ, եղբօրը դէմ ատելութիւն ունենայ, կամ կեղծաւոր կերպով բարեկամութիւն հաստատէ անոր հետ, ընկերոջը խոնարհութեամբ չծառայէ, պատիւ եւ փառքի հետամուտ ըլլայ կարծելով որ պեհացողութիւն կ՚ընէ, նման անձ մը, ամբողջութեամբ պիտի խելագարի Սատանային դրդումով։ Արդարեւ, խոնարհ պահեցողութիւն մը չէ ասիկա, այլ՝ խաբեբայ, կեղծաւոր, անպէտք եւ ծոյլ պահեցողութիւն մը…»։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ պահեցողութիւնը պէտք է ըլլայ անկեղծ եւ ամբողջակա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018