ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ԻՐԱԿԱ՞Ն Է

Կաղանդ պապային իրական ըլլալ-չըլլալու հարցը որքան ալ անկարեւոր ու երկրորդական թուի մեզմէ շատերու համար, վստահ եղէք, որ ձեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի ան «զարգացած» երկիրներուն համար:

Տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաղորդավար մը խօսակցութեան ընթացքին ըսաւ հետեւեալ տողերը. «Արդէն բոլորս ալ գիտենք, թէ Կաղանդ պապան ստախօսութիւն մըն է». այդ արտայայտութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց երկրին մէջ: Ծնողներ սկսան բողոքել, թէ այդ պահուն մանուկներ եւս կը նային այդ հաղորդումին: Բազմաթիւ մայրեր իրենց զաւակները օրին տարին հոգեբաններու մօտ, իրենց զաւակը դուրս բերելու «խաբուած» ըլլալու հոգեբանութենէն:

Այդ օրէն սկսեալ սկսաւ լոյս տեսնել բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու հոգեբանական յօդուածներ, թէ մեծահասակներ ինչպէ՞ս պէտք է մօտենան Կաղանդ պապային մանուկներու ներկայութեամբ:

Հոգեբաններ այս հարցին պատասխան տալու մէջ կը բաժնուին երկուքի. անոնցմէ ոմանք կը հաւատան, թէ մանուկը «խաբել»ը ապագային կրնայ իրենց մէջ հոգեբանական լուրջ հարցեր յառաջացնել, զիրենք սուտ խօսելու երեւոյթին առաջնորդել եւ ընտանիքին հանդէպ վստահութեան պակաս մը ստեղծել, մինչ ուրիշներ կը պնդեն, թէ տարին մէկ «փոքր» սուտ մը մանուկի հոգեբանութեան վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, մանաւանդ երբ այդ «սուտ»ը մանուկը ուրախացնելու կը ծառայէ:

Հոգեբաններ այն կարծիքի են, թէ այնպէս ինչպէս հեքիաթները անոնց մտապատկերին մէջ իրականութիւն են, նոյնպէս ալ Կաղանդ պապան անբաժան մէկ մասն է այդ երեւակայական աշխարհին եւ այդ մէկը մեծապէս կ՚օգնէ անոնց երեւակայական աշխարհի զարգացման:

Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ մանուկը գիտնայ, թէ այն Կաղանդ պապան, որ բազմաթիւ նուէրներ ու ուրախութիւններ բերած էր իրեն... գոյութիւն չունի: Հոգեբաններու համաձայն՝ այդ «սուտ»ի բացայայտումը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է մանուկը պատրաստելու կեանքի «տխրութեան», որ բնական եւ անբաժան մէկ մասնիկն է մեր կեանքին:

Սակայն հակառակ այս բոլորին, մանկավարժական ու հոգեբանական խնդիրներ գոյութիւն ունի. ծնողք մը մանուկին մինչեւ 6-7 տարեկան կը բացատրէ ու կը սորվեցնէ, թէ սուտ խօսիլը լաւ բան չէ, պէտք չէ սուտ խօսիլ, սակայն ժամանակ մը ետք մանուկը կը յայտնաբերէ, թէ տարիներ շարունակ իր ծնողքը սուտեր ըսած է Կաղանդ պապայի ինքնութեան մասին եւ այս մէկը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մանուկը սկսի ստախօսութիւնը որպէս բնական ու պարզ երեւոյթ տեսնել, նկատի ունենալով որ իր ծնողը ստած է:

Հաւանաբար չափազանցուած, սակայն «զարգացած» երկիրներու մանկավարժներ կը յայտնեն, թէ այդ մէկը անվստահութիւն կը յառաջացնէ մանուկին մէջ:

Միջին Արեւելքի մեր ընտանեկան մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնը  տարբեր է «զարգացած» պետութիւններու հոգեբանութենէն. մեր ծնողներուն համար Կաղանդ պապան հրաշք է՝ մանուկի դաստիարակութեան մէջ մե՜ծ դերակատարութիւն ունեցող: Մեր մայրերը կրնան ամբողջ տարին իրենց մանուկները վախցնել «Կաղանդ պապան նուէր չի՛ բերեր» ըսելով ու թեթեւցնել անոր չարութիւններն ու անհանդարտութիւնները: Աշխարհի բոլոր երկիրներու նոր տարուան երգերուն մէջ Կաղանդ պապան մի՛շտ բարի, մանուկները սիրող կը ներկայանայ, մինչ մեր մօտ Կաղանդ պապան «նուէր կու տայ բարիներուն, աղուոր ծե՛ծ մը չարերուն»: Այս մէկը մաս կը կազմէ մեր դաստիարակութեան եւ մանուկը կ՚առաջնորդէ չարութենէն բարութիւն՝ խոստացուած նուէրի մը համար:

«Զարգացած» երկիրներու մանկավարժներ կամ հոգեբաններ այս երգին բառերը լսելով քանի՞ յօդուած ու ուսումնասիրութիւն կը կատարեն՝ չե՛մ գիտեր, սակայն ինչքան գիտեմ հայ մայրը ուրախ ու երջանիկ է անոր «ծեծել»ու առաւելութենէն՝ որ յատուկ է մեզի:

Կաղանդի պարագային Կաղանդ պապային ինքնութեան կողքին նուէրները եւս հոգեբանական հարցերու դուռ կը բանան։ Հաւաքականութեան մէջ մանուկը երբ կը տեսնէ, թէ իր ընկերոջ նուէրը աւելի՛ աղուոր է քան իր ունեցածը, նախանձի զգացում ու անտեսուած ըլլալու զգացում մը կը յառաջանայ մանուկին մէջ, այդ իսկ պատճառով «զարգացած» երկիրներու մէջ ծնողներ եթէ ունին մէկէ աւելի զաւակներ, կը փորձեն նոյն նուէրը տալ անոնց, կանխելու համար խտրութեան նախազգացումը:

Եզրակացութիւն. Կաղանդ պապային իրական ըլլալն ու չըլլալը հոգեբանական ի՞նչ խնդիրներ կը յառաջացնէ, թող հոգեբանները հետաքրքրուին, սակայն ճշմարտութիւն է, թէ անոր գոյութիւնը ուրախութիւն է բոլորի տուներէն ներս՝ մանաւանդ դժուարին այս ժամանակներուն։ Գրեթէ ամէ՛ն տուն, ըլլան աղքատ, ըլլան սգաւոր կամ տխուր, ամենէն համեստ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ կը փորձեն Կաղանդ պապայէն նուէր մը տալ իրենց մանուկներուն, որոնց այնչա՜փ երջանկութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ, իսկ մեր ուրախութիւնը անոնց ուրախ ըլլալն է: Մանուկներուն համար Կաղանդ պապային հարուստ ըլլալը չէ՛ կարեւորը, այլ մոռցուած չըլլալու երեւոյթը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՈՂՈՄՈՆ ՏԱՐՕՆՑԻ
(1904-1971)

Մեր թուականէն 117 տարիներ առաջ՝ 27 դեկտեմբեր 1904-ին Մուշի Կոփ աւանին մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Սողոմոն Տարօնցի (բուն անունով՝ Սողոմոն Մովսիսեան):

Սողոմոն Տարօնցի նախնական կրթութիւնը ստացած է իր մանկավարժ եւ ազգագրագէտ հօր մօտ. Մեծ եղեռնի տարիներուն ընտանիքին հետ գաղթած ու հաստատուած է Կիւմրի, ուր շարունակած է իր կրթութիւնը ստանալ: Ապա 1926 թուականին ընդունուած է Երեւանի համալսարանի պատմագրական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1930 թուականին:

Սողոմոնի առաջին գիրքը՝ «Անապաստաններ»ը տպագրուած է 1926 թուականին, ուր նկարագրած է անապաստան որբերու կեանքը: Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւնները: Տարօնցի երկար տարիներ զբաղուած է խմբագրական ու թարգմանական աշխատանքներով. թարգմանած է բազմաթիւ ռուս գրողներու բանաստեղծութիւններ ու մամուլի ճամբով հրատարակած: Արձակ ու բանաստեղծական ստեղծագործութիւններու կողքին, Տարօնցի հեղինակ է նաեւ մանկական պատմուածքներու: Ան հրատարակած է տասնեակ գիրքեր. ինչպէս՝ «Սերունդներու երգը» (1930), «Աստղափուշ» (1934), «Ծոյլ տղան» (1940), «Մի տուփ լուցկիի համար» (1942) եւ տասնեակ մը այլ աշխատութիւններ: Անոր գործերէն «Գիրք երջանկութեան»ն ու «Բանաստեղծութիւններ» աշխատութիւնները թարգմանուած են ռուսերէն լեզուի:

Տարօնցի 1934 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

Գրողը մահացած է 17 յուլիս, 1971-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021