ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ.- ԱՆԲԱՐՈ՞Յ, ԹԷ ՄԵԾ ԳՐՈՂ

Կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն արժէք յարաբերական է՝ ինչպէս որ յարաբերական է նաեւ անոր ձգած ազդեցութիւնն ու տպաւորութիւնը ուրիշներու վրայ: Յարաբերական է աղջկայ մը գեղեցկութիւնը, որովհետեւ ինծի համար գեղեցիկ թուացող աղջնակ մը ուրիշի համար կրնայ տգեղ թուիլ. քեզի հաճելի թուացող երաժշտութիւն մը կրնայ ինծի համար սրտնեղիչ ըլլալ եւ անոր յարաբերական վիճակը իրականութենէն ոչ մէկ բան կը փոխէ:

Նոյն երեւոյթը գոյութիւն ունի նաեւ գրականութեան պարագային. յաճախ կը հանդիպինք անձերու, որոնք սիրահարութեամբ կ՚ընթերցեն հեղինակի մը գործերը՝ որոնք մեզ չեն կրցած գրաւել եւ յաճախ ալ մենք կը կարդանք հեղինակներ՝ որոնք նոյն տպաւորութիւնը կը ձգեն ուրիշներու վրայ:

Յարաբերական վիճակը աւելի յստակ ու պարզ դարձնելու համար կ՚ուզենք համեմատութեան դնել հայ գրականագէտ եւ ակադեմիկոս Արսէն Տէրտէրեանի եւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրաքննադատ Մուշեղ Իշխանի ունեցած կարծիքը անուանի գրող եւ թատերագիր Լեւոն Շանթի մասին: Նոյն գրողին եւ անոր հեղինակած աշխատութիւններուն մասին երկու մտաւորականներ կ՚ունենան երկու հակառակ կարծիքներ. Մուշեղ Իշխան Լեւոն Շանթի մասին իր տպաւորութիւններն ու ուսումնասիրութիւննը գրի կ՚առնէ «Մեծ հայեր» աշխատութեան մէջ՝ Լեւոն Շանթը նկատելով հայ իրականութեան տիտաններէն մին, իսկ Արսէն Տէրտէրեան կը հրատարակէ «Լեւոն Շանթ, սեռի եւ դասալքութեան երգիչը» խորագրեալ աշխատութիւն մը, փորձելով անբարոյականի տպաւորութիւն մը ստեղծել Լեւոն Շանթի անձին շուրջ:

Արսէն Տէրտէրեան Լեւոն Շանթի մասին հրատարակած իր քննադատական աշխատութիւնը կը սկսի «Լեւոն Շանթին բախտը ժպտաց անակնկալ կերպով» արտայայտութեամբ, գրողի համբաւը վերագրելով բախտի պատահականութեան՝ փոխան տաղանդի, մինչ այս կարծիքին հակառակ Մուշեղ Իշխան կը գրէ. «Իր հոգիին պէս՝ Լեւոն Շանթի գրականութիւնն ալ յարատեւ վերելք մը եղաւ, աւելի կատարեալին, աւելի վսեմին, աւելի ամբողջականին ձգտումով ու նուաճումով»:

Արսէն Տէրտէրեան բախտի կը վերագրէ Լեւոն Շանթի համբաւը նկատի ունենալով Շանթի «Հին աստուածներ»ուն այդ ժամանակաշրջանին ունեցած տարածումն ու անոր հանդէպ ընթերցասէր հանրութեան հետաքրքրութիւնը. բախտ՝ որովհետեւ Տէրտէրեան ունի այն համոզումը, որ բազմաթիւ գրութիւններէ ետք «մէկ հատը» գործ տեսաւ եւ յաջողեցաւ անուն տալ Շանթին, մինչ այս կարծիքին ամբողջութեամբ հակառակ Լեւոն Շանթ իր գրութեան մէջ կը պնդէ, թէ «Հին աստուածներ»ը չե՛ն որ Լեւոն Շանթը դարձուց գրող եւ փայլուն մտաւորական. Մուշեղ Իշխանի խօսքերով. «Իր գլուխ գործոցը ո՛չ «Հին աստուածներ»ն է, ոչ ալ «Կայսր»ը, այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը, որ քար առ քար բարձրացած, ամբողջացած եւ գեղեցկացած ստեղծում մը կը ներկայացնէր»:

Մուղեղ Իշխան կը խօսի Լեւոն Շանթի ներկայացուցած գեղեցկութեան մասին եւ անոր մէջ կ՚ուզէ տեսնել Աստուածայինն ու կատարեալը, մինչ նոյն «գեղեցկութիւնը» Տէրտէրեան կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Շանթի բնութեան եւ տեղերի նկարագիրների մէջ ամենէն գեղեցիկն ու բանաստեղծականը նրանք են, որոնք մարդկային մարմնի զանազան մասերի ու վիճակների պատկերներն են ստանում». այլ խօսքով Տէրտէրեան Շանթի գեղեցիկին հանդէպ ունեցած պատկերացումը միայն աղջկայ մը մարմինին մէջ տեսնելը կ՚ուզէ շեշտել. իրապէս ալ Լեւոն Շանթ գրեթէ ամէն երեւոյթ կը համեմատէր աղջկայ մը մարմինին հետ։ Օրինակ՝ 1892 թուականին գրուած «Երազ օրեր» վիպակին մէջ Շանթ հետեւեալ տողերով կը նկարագէ երաժշտութիւնն ու անոր առթած հաճոյքը. «Ես յուզուած կ՚երազէի, թէ լսածս եղանակ մը չէր, այլ չարաճճի աղջկան մը եթերային մարմինը...»:

«Լեռան աղջիկը» երկարաշունչ վիպերգին մէջ եւս կը հանդիպինք բազմաթիւ կրքոտ ու աղջկայ մարմինը գովաբանող արտայայտութիւններու. անոնցմէ մէկն է օրինակ՝ «Եւ ի՜նչ թարմ մարմին, եւ ի՜նչ հրապոյր, ինչպէս նրբակազմ, ինչպէս կենսաբոյր» տողերը:

Պէտք է ընդունիլ սակայն, որ Լեւոն Շանթ գեղապաշտ մը ըլլալով բնական է որ աստուածացնելու չափ գովաբանէ աղջկայ մը մարմինը՝ գեղեցիկին հանդէպ կատարեալ պատկերացում մը փոխանցել կարենալու համար:

Լեւոն Շանթ անբարոյակա՞ն էր... չենք կրնար ըսել, սակայն հետաքրքրական է զինք մեծարող Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Լեւոն Շանթ քիչ անգամ կը փորձուէր բարոյականի քարոզներ տալ իր աշակերտներուն». Լեւոն Շանթ կրօնասէր անձնաւորութիւն մը չէ եղած եւ հիներ իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախ զինք նկարագրած են որպէս «անաստուած» եւ հաւանաբար այդ անհաւատի կեանքն էր, որ զինք հեռու կը պահէր բարոյական քարոզախօսութիւններէ:

Կը կարծեմ, որ Տէրտէրեանի քննադատութիւնը առողջ քննադատութիւն մը ըլլալէ անդին «նախանձ» մըն է հաւանաբար Շանթի համբաւին հանդէպ, որովհետեւ այսօր եւս շա՜տ շատեր գիտեն, թէ ով է Լեւոն Շանթ, մինչ անդին շատ քիչեր գիտեն Արսէն Տէրտէրեանի մասին:

Կասկածէ վեր է, որ Լեւոն Շանթ մեր հայ իրականութեան ամենէն լաւ ու նուիրուած գրողներէն մին է. մարդ՝ որ մեքենայի մը նման, մինչեւ իր կեանքի վերջը առանց յոգնելու ինքզինք նուիրեց գրականութեան եւ ապագայ սերունդներուն ձգեց հսկայական տասն հատորներէ բաղկացած աշխատութիւն մը: Երեւոյթ է Լեւոն Շանթ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց հայեցի դաստիարակութիւնը, խրախուսեց երիտասարդները եւ յորդորեց կարդալ ու անվերջ կարդալ: Լեւոն Շանթ գրող ըլլալէ անդին բնածին հոգեբան եւ վերլուծող մըն էր՝ երեւոյթներու խորքը թափանցող:

Հակառակ անոր որ անոր մահէն անցած է 71 տարիներ, սակայն կը շարունակէ մնալ առեղծուած՝ ուսումնասիրութեան արժանի մտաւորական մը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -131-

Աշակերտութեանս օրերուն որոշեցինք ներկայացնել թատրերգութիւն մը, ուր ես թագաւոր պիտի ըլլայի, սակայն պէտք է գտնել նաեւ թագուհի մը: Նկատի ունենալով Դպրեվանքի աշակերտ ըլլալս, դասարանին մէջ իգական սեռի ներկայացուցիչներ գոյութիւն չունէին, հետեւաբար պէտք է տղոցմէ մին ծպտել ու թագուհիի դերը յանձնել: Որոշեցինք անմօրուք տղոցմէ մէկուն տալ այդ «չուզուած» դերը:

Սուրբ Թադէոս առաքեալի դերը յանձնեցինք Յ.-ին, որ թատրերգութեան գրութիւնը սորվելու այդքան ալ սէր չունէր:

Թագուհիի դերը ստանձնող տղան նեղացած կ՚ուզէր Սուրբ Թադէոսի դերը ստանձնել, այդ իսկ պատճառով Յ.-էն առաջ ամբողջը սորվեցաւ: Փորձերու ընթացքին տեսանք որ Յ.-ն իր դերէն ո՛չ մէկ տող սորված է եւ որոշեցինք փոխել դերերը. թագուհին դարձաւ առաքեալ... իսկ առաքեալը՝ թագուհի:

Յ.-ն այս վիճակէն նեղացած հետեւեալ զաւեշտալի խօսքը ըսաւ. «Թագուհի կ՚ըլլամ... բայց մօրուքս չեմ ածիլեր...»:

Մօրուքաւոր թագուհի տեսա՞ծ էք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022