ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆԸ
Տարօրինակ հակասութիւն մը չէ՞ որ ամբողջ մարդկութիւնը նիւթականի համար կը պայքարի, կը տառապի, կը տանջուի, սակայն համաձայն կը գտնուի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Դրամով կարելի չէ երջանկութիւն գնել»: Այս դարաւոր խօսքը շատերու համար պարզապէս լոզունգ է ստեղծուած ունեւոր ու դրամատէր մարդկանց կողմէ, որովհետեւ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, որ դրամը ունի ուժն ու կարողութիւնը երջանկութիւն եւ երանութիւն տալու մարդու կեանքին: Այս մէկը յարաբերական է, որովհետեւ ամէն մէկուն համար երջանկութիւնը տարբեր նկարագրութիւն ու հասկացողութիւն ունի, որովհետեւ երջանկութիւնը ունի իր նիւթական եւ բարոյական տեսակները: Թէեւ շատեր կը հաւատան, որ առանց նիւթականի բարոյականը եւս ընկճուած վիճակ մը կ՚ունենայ, որովհետեւ մեր օրերուն մարդոց համար չկայ աւելի կարեւոր բան՝ քան նիւթականը, որ ուժը ունի նոյնիսկ եղբայրը եղբօր, հայրը՝ զաւակին թշնամի դարձնելու:
Հարուստներ յաճախ կ՚ըսեն, թէ «Դրամը երջանկութիւն չի բերեր». եթէ այս խօսքը անհաւատալի է շատերու համար, այսօր կու գանք փաստել այդ մէկը, շատ մը մեծահարուստներու դժբախտ կեանքով: Տակաւին մի քանի օրեր առաջ կը կարդայի, թէ ինչպէս անգլիացի մեծահարուստ Ճոնաթան Ռէյթ (Jonathan Wraith), հակառակ իր ունեցած նախանձելի հարստութեան, 35 տարեկան հասակին Նոր տարիէն մի քանի օրեր ետք ինքնասպան կ՚ըլլայ: Անգլիական լրատուութիւններ կը յայտնեն, թէ անոր հարստութիւնը կը հասնէր մօտաւորապէս 45 միլիոն ամերիկեան տոլարի. գուցէ շատեր մտածեն, որ նման նիւթական կարողութիւն մը բաւարար է ամբողջ կեանք մը հանգստութեան եւ փառքի մէջ ապրելու եւ երջանիկ ըլլալու. սակայն նման նիւթականի տէր մարդ մը ինչո՞ւ համար ինքնասպանութիւն կը գործէ իր երիտասարդ տարիքին: Ճոնաթան Ռէյթ կ՚ապրէր մեծաշուք դղեակի մը մէջ, կարողութիւնը ունէր ամենէն լաւ ինքնաշարժները քշելու, ցանկացած երկիր ճամբորդելու եւ հանգստանալու, առանց մտահոգութեան իր բոլոր պէտքերն ու ծախսերը հոգալու. հակառակ այս «երանութեան» ինչո՞ւ համար ինքնասպան ըլլար:
Անգլիական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Ճոնաթան Ռէյթի ինքնասպանութեան պատճառը (եւ կամ գուցէ պատճառներէն մին) իր կնոջ հետ ունեցած խնդիրներն էին, ինչ որ զիրենք հասցուցած էր ամուսնալուծութեան եզրին։ Այստեղ կը ծագի երկրորդ հարց մը. մերօրեայ երիտասարդ աղջիկները սիրոյ գաղափարը մէկ կողմ դրած մեծաւ մասամբ նիւթական մասին վրայ կը կեդրոնանան, հաւատալով, որ հարուստ ամուսնութիւն մը, նիւթապէս ապահով ապագայ մը երջանկութեան գրաւականն է. եթէ իրապէս այդպէս է, ինչպէ՞ս եղաւ որ Ճոնաթան Ռէյթի կինը՝ Փաուլան խնդիրներ ունեցաւ եւ որոշեց ամուսնալուծուիլ:
Այս մէկը բնականաբար մեզի մտածել կու տայ, որ դրամը իրապէս երջանկութիւն չի պատճառեր, որովհետեւ Ճոնաթան Ռէյթի պարագան պարզապէս մէկն է միւս բազմաթիւ պարագաներէն: Այսօր կարելի է թուել բազմաթիւ անձերու անուններ, որոնք մեծ հարստութիւն ունենալով հանդերձ ինքնասպան ըլլալով հեռացած են կեանքէն. կը հաւատանք, որ անոնց չափ եւ շատ աւելի կան դժբախտներ, որոնք հեռու մնալով ինքնասպանութեան մտածողութենէն, ուզելով կամ չուզելով շարունակած են իրենց կեանքը ապրիլ՝ մեծ հարստութեան մէջ ապերջանիկ կեանք մը ապրելով:
Մերօրեայ ժապաւէններու մեծամասնութիւնը հարուստ ընտանիքներու մէջ ապրուած դժբախտ պատահարներու մասին է. այս բոլորը մեր դիմաց կը դրուի, որպէսզի լաւապէս մտածենք, որ աշխարհի մէջ կան շատ աւելի կարեւոր արժէքներ՝ քան հարստութիւնն ու նիւթականը: Եթէ անոնցմէ էք, որ կը հաւատաք, թէ հարստութիւնը կրնայ ձեզ երջանիկ դարձնել, պահ մը ուսումնասիրեցէք այս մարդոց կեանքերը եւ ձեր համոզումները փորձեցէք համեմատել անոնց ապրելակերպին հետ:
Այս բոլոր պայքարը անիմաստ կը նկատենք, որովհետեւ վերջապէս ամէ՛ն բան մարդուն տրուած է ժամանակաւոր. աշխարհի ամենէն հարուստն ըլլաք անգամ այդ բոլորը որոշ ժամանակուան մը համար տրուած «երջանկութիւն» մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Իրականութեան մէջ հարստութիւնը մարդուն արտաքին հագուստն է պարզապէս, որովհետեւ բոլորս ալ կը ծնինք հաւասար եւ հաւասար ալ կը մեռնինք. միայն ծնած ու մեռած ժամանակ արտաքին աշխարհն է, որ կը փոխուի, խանձարուրի որակն է, որ կը փոխուի:
Սակայն ի հակասութիւն վերոյիշեալներուն, դրամը որոշ երջանկութիւններ կ՚ընծայէ մարդուն. օրինակի համար, լաւ կրթութիւն մը ստանալու համար նիւթական պէտք է. այսօր շատ են դժբախտները, որոնք ուսումի ծարաւը ունին, սակայն ուսման համար պէտք եղած նիւթականը չունին. եթէ աշխարհի մէջ ուսումը մարդուն տրուէր անվճար, վստահ եղէ՛ք, թէ աշխարհը ամբողջովին տարբեր պիտի ըլլար այսօր: Շատ անգամ հարուստը բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու կարողութիւնը ունի, սակայն կամքը չունի, իսկ շատ մը աղքատներ կամքը ունին՝ սակայն ոչ կարողութիւնը:
Դրամը երջանկութիւն կը բերէ այն ժամանակ, երբ կը ծառայէ ուրիշները երջանկացնելու. դրամը երջանկութիւնը կը բերէ ա՛յն ժամանակ, երբ սեփական հանգիստի փոխարէն բազմաթիւ մարդոց կեանքին համար օրհնութիւն կը դառնայ. մեր հայկական իրականութենէն ներս օրինակները բազմաթիւ են, ինչպէս՝ Կիւլպէնկեան, Նուպար փաշա, Մանթաշեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն երկարակեաց մարդը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն երկարակեաց անձը ճաբոնցի Քէյն Թանաքան է (Kane Tanaka), որ ծնած է 1903 թուականին եւ ապրած է մինչեւ 2022 թուականը (119 տարեկան):
Սակայն այս տեղեկութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ փոփոխութիւն կրել՝ նկատի ունենալով նոր ծնունդներն ու մահերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024