ՃԳՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷ
Ճգնութիւնը, մանաւանդ արդի ժամանակներու կեանքի՝ «տարօրինա՜կ վիճակ» կը նկատուի։ Արդարեւ, անիկա, որպէս կենցաղ, անբնականութեան եւ անկարելիութեան սահմաններուն կը մօտենայ արդի մարդուն հայեցակէտով։
Ճգնութիւնը՝ որպէս ապրելակերպ արդի մարդուն, արդի մտքին առհասարակ խորթ եւ անհաղորդ, անիմանալի, ընդհանրապէս անըմբռնելի կը թուի։ Արդարեւ, ներկայ դարը հսկայական մեքենական «կոյր ուժեր»ու ընթացք մը, մրցումներու եւ արագընթաց շարժումներու շրջան մըն է։ Նիւթապաշտ եւ գործնապաշտ դար մըն է ներկայ շրջանը, ուստի կը հակադրէ եւ կը մերժէ ամէն ամայութիւն եւ կ՚ուզէ նուաճել եւ ամէն լռութիւն, քանի որ արդի կեանքի մէջ յաջողութիւնը կը պահանջէ հաւաքականութիւն, որ կը նշանակէ ուժերու միացում եւ իրերօգնութիւն։ Դարը՝ միութեան եւ միասնականութեան դար է եւ ամէն անհատական ձեռնարկ ապարդիւն մնալու դատապարտուած է, քանի որ նպատակի հասնելու համար իրերօգնութիւնը անհրաժե՛շտ է։
Ճգնութիւնը, սակայն, կեանքի եւ գործակցութեան ուրացումը չէ իր խոր իմաստին մէջ։ Արդարեւ, ճգնութիւնը՝ հոգեկան եւ մտաւոր պատրաստութեան ընթացք մըն է։ Ներամփոփման շրջան մը, ինքնաքննութեան առիթ մըն է ճգնութիւնը։ Ան մարդոց ներքին ուժերը սեւեռուն կէտի մը վրայ խմբող, միացնող միջոց մըն է։
Քաջացման, զօրացումի, կատարելագործման պիրկ ընթացք մըն է ճգնութիւնը, մարդկային անձին իրեն սեփական հունին եւ հողին մէջ արմատացումը ունեցող որպէս հեռանկար՝ իտէալ։
Ճգնութիւնը իմաստին խորութեան գացող ապահով եւ անշեղ ճամբայ մըն է, որ երբեք «վերջակէտ» չունի, որովհետեւ տեւական ինքնապատրաստութեան, ինքնանորոգման, ինքնազօրացման ընթացք մըն է՝ որ մարդը կը տանի դէպի խորերը իր անձին եւ դէպի հեռո՜ւները իր գործին։
Արդարեւ, մարդ բազմութեան մէջ, ուրիշներու ներկայութեան իր ուշադրութիւնը չի կրնար դարձնել ինքն իր վրայ, մարդ ինքզինք կրնայ քննել առանձնութեան մէջ։ Ուստի, մեծութիւնները ընդհանրապէս իրենց համար անհրաժեշտ նախապայման ունին ճգնութեան մէջ ներքին լուռ աճումի ընթացքը։ Խոկումի պահը իմաստասիրական երեւոյթ մը չէ միայն բառին յատուկ առումով։ Ներհայեցողութեան այն ակնարկը՝ որով մարդ իր աչքերը իր հոգիի աշխարհին՝ ներքին աշխարհին վրայ կը դարձնէ եւ կը սեւեռէ, ոչ միայն կը հասունցնէ մարդը ինք իր էութեան ըմբռնումին եւ իր առաքելութեան իմացումին մէջ, այլեւ զայն կը մղէ դէպի շարժում՝ պրկումէ մը ետք։ Արդարեւ, յառաջ ոստնելու համար պէտք է նախ մի քանի քայլ ետ երթալ։ Յաջողութեան ճամբան միշտ նեղ է եւ աշխատանք կը պահանջէ։ Առանց չարչարանքի եւ խաչելութեան կարելի չէ՛ փառաւորուիլ՝ առանց մահու անմահութեան հասնիլ կարելի չէ՛։ Ուստի ուժական բնոյթով կեանքի վիճակ մը՝ ապրելակերպ մըն է ճգնութինը եւ ո՛չ՝ կայական կամ կրաւորական։ «Նեղ դուռ»ն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ լայն տարածութիւններու։
Առանձնացո՛ւմ է ճգնութիւնը. բայց ո՛չ մինակութիւն, միայնակութիւն։ Անջատուիլ աշխարհէն՝ այո՛։ Բայց աշխարհի արտաքին ժխորէն եւ ընթացիկ վազքէն միա՛յն։
Ճգնութիւնը բացակայութիւն մը չէ ընթացիկ վազքէն այս աշխարհի, բառին իսկական եւ խորունկ նշանակութեամբ եւ ըմբռնումով։ Ոչ ալ փախուստ է կեանքէն, ինչպէս շատ անգամ կը ներկայացուի ան «պարտուողական» հոգեբանութեան պիտակին տակ։ Ան խուսափում չէ՛ պարտականութիւններէ կամ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ ընկերութեան հանդէպ. ընդհակառակը՝ պատասխանատուութեան ամենէն նուիրական զգացումին մշակման եղանակն է եւ պարտի գիտակցութեան լարումի միջոցը։ Ուստի, քաջութեան, հոգեկան արի եւ տոկուն կեցուածքին մէջ տկարացում չէ՛ ան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024