ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր արարքներուն լաւ եւ վատ հետեւանքներուն նկատմամբ։ Այս պատճառով, ան պիտի ունենայ ո՛չ միայն որոշ չափահասութիւն, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ՝ կամքի ազատութիւն, կամ մերձիմաստ՝ «յօժարակամ հաւանութիւն». «consensus»։

Առանց ազատ կամքի կամ յօժարակամ հաւանութեան կատարուած գործի համար կարելի չէ պատասխանատուութիւն պահանջել գործողէն։ Այս ընդհանուր սկզբունքը այնքան զօրաւոր է թէ՛ բնական եւ թէ իրաւաբանական յատկութեամբ, որ մինչեւ իսկ մարդասպանը երբեք պատիժի ենթակայ չ՚ըլլար եւ պատասխանատուութիւն չի պահանջուիր, եթէ ան կատարած է իր չարագործութիւնը կամ ոճիրը առանց յօժարակամ հաւանութեան. զոր օրինակ՝ խելագարութեան մէջ, ուրիշ մէկու մը ազդեցութեան տակ՝ ստիպմամբ, բոլորովին անգիտակից՝ սխալմամբ, եւ այլն պարագաներու մէջ։

Այսպէս ուրեմն, եթէ «յօժարակամ հաւանութիւն»ը ամենագլխաւոր պայմաններէն մին է մարդու ամէն մէկ արարքին համար, ո՛րչափ առաւել եւս հարկաւոր եւ անհրաժեշտ է ան ամուսնութեան ամենածանր եւ ամենակարեւոր ձեռնարկութեան մէջ՝ ուր գլխաւոր եւ առաջնակարգ հիմունքն է երկու ամուսիններու՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն փոխադարձ սէրը, որուն բնականաբար կը յաջորդէ յօժարակամ հաւանութիւնը։ Արդարեւ, հոն՝ ուր սէր կայ, հոն կայ նաեւ յօժարակամ հաւանութիւն ամէն մարզի մէջ, եւ անշուշտ ամուսնութեան մէջ նաեւ։

Ահաւասի՛կ, այս է պատճառը, որ ամենահին ժամանակներէ ի վեր ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր պայմաններէն մին կը համարուէր ամուսնացողի ազատ կամքի կամ յօժարակամ հաւանութիւնը։

Հռովմէական օրէնքով յօժարակամ հաւանութիւնը՝ «consensus»ը գլխաւոր պայման կը համարուէր առհասարակ ամէն տեսակ ընկերական համաձայնութիւններու համար, առանց որու վաւերական եւ օրինաւոր չէր համարուեր այդ համաձայնութիւնը եւ որեւէ պատճառով յօժարակամ հաւանութիւն չունեցող մէկը իրաւունք չունէր ենթարկուիլ անհաձայնութեան պայմաններուն եւ կատարել պարտաւորութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ՝ յօժարակամ հաւանութիւն չունեցողը իրաւունք ունէր հրաժարիլ համաձայնութեան պայմանները եւ պարտաւորութիւնները կատարելէ։

Եւ այս պատճառով, եւ որովհետեւ ամուսնութիւնը նոյնպէս կը համարուէր բարոյական-քաղաքական համաձայնութիւն, ուստի անոր օրինաւորութեան համար գլխաւոր պայմաններէն մին կը համարուէր եւ կը պահանջուէր ամուսնացողներու ամուսնական յօժարակամ հաւանութիւնը՝ «consensus nuptialis»։

Այդ պայմանը Հռովմէական Օրէնքով այն աստիճան անհրաժեշտ կը համարուէր, որ եթէ միւս պահանջուած բոլոր պայմանները պահպանուած եւ լրացուցուած ըլլային եւ միայն «consensus nuptialis»ը պակսէր՝ ամուսնութիւնը անվաւեր կը նկատուէր եւ ապօրինի էր. եւ միւս կողմէ, ընդհակառակը՝ բաւական էր միայն այդ «յօժարակամ հաւանութիւն»ը երկու ամուսնացողներու կողմէ, բաւական էր այդ ամուսնական հաւանութիւնը, որ ամուսնութիւնը համարուէր բոլորովին օրինաւոր եւ վաւերական՝ որովհետեւ հռովմայեցիները կ՚ըսէին. «consensus facit nuptias», այսինքն՝ «հաւանութիւնը (կամ համաձայնութիւնը կը կազմէ ամուսնութիւնը)։

Բացի հռովմայեցիներէն եւ միւս բոլոր հին ազգերը նո՛յնպէս անհրաժեշտ կը համարէին ամուսնացողներու յօժարակամ հաւանութիւնը ամուսնութեան օրինաւորութեան համար։

Մինչեւ իսկ վայրենաբարոյ ցեղերու մէջ, ուր ազգակցութեան չհասութիւնը եւ ուրիշ շատ տեսակ պայմանները յայտնի չէին, յայտնի էր եւ կը յարգուէր ամուսնութեան համար ամուսնացողներու յօժարակամ հաւանութիւնը։

Քրիստոնէական Եկեղեցին, որ մէկ կողմէ՝ գլխաւոր սկզբունք կը համարէ մարդու ազատ արարքը, եւ միւս կողմէ՝ ամուսնութեան հիմունքը կը հաստատէ ամուսիններու՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն փոխադարձ սիրոյ վրայ, աւելի մեծ ուժ եւ նշանակութիւն կու տայ ամուսնացողներու յօժարակամ հաւանութեան։

Թէ՛ Արեւելեան կամ յոյն եւ յունադաւան ազգերու Եկեղեցին եւ թէ՛ Արեւմտեան կամ Կաթոլիկ Եկեղեցին անհրաժեշտ պայման կը համարեն միշտ ամուսնացողներու յօժարակամ հաւանութիւնը։

Ուստի, այժմեան բոլոր լուսաւորեալ ազգերու պետական օրէնքները նոյնպէս կը պահանջեն ամուսնացողներու յօժարակամ հաւանութիւնը՝ իբրեւ անհրաժեշտ պայման ամուսնութեան օրինաւորութեան համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 26 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023