ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ
Այն պահուն երբ մարդ կը տեսնէ եւ կը հասկնայ բարիին արդարութեան եւ իմաստութեան կարեւորութիւնը, բարոյական կատարելութեան հասնելու համար արդէն առաջին քայլը նետած կ՚ըլլայ։ Այդ լուսաւոր եւ երջանիկ պա՛հն է՝ որ մարդուս մտքին կը տիրապետէ «բարոյական կատարելութեան» գաղափարը։ Ուստի այս կատարելութեան հասնելու կարճ ճամբան է՝ ինքնաճանաչումը, մարդուս ինքն իր էութեան անդրադարձումը։ Մարդ երբ կ՚անդրադառնայ իր ներաշխարհին, այլեւս կը սկսի ճամբորդութիւնը դէպի կատարելութիւն։ Տպաւորիչ եւ սրտաբուխ խօսքեր, հոգեբուխ երգեր մարդուս մեծ մասամբ կ՚օգնեն իր կատարելութեան առաջացող քայլերուն մէջ…։
Մարդ, արդարեւ ընթերցումներով եւ երգերով սնուելու եւ ծաղկելու է, կարենալ օգտուելու համար աղօթքի եւ խոկումի պահերէն։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է կարեւորութիւնը հոգեմտաւոր պատրաստութեան, այսինքն հոգին ազնուացնելու եւ միանգամայն միտքը զարգացնելո՛ւ։
Արդարեւ, քառասնօրեայ շրջանը պատեհ առիթ մըն է՝ յառաջիկայ օրերուն արդիւնաբերութեանը համար։
Քառասնօրեայ շրջանի լաւագոյն օրինակը կարելի է տեսնել՝ Քրիստոսի քառասնօրեայ առանձնացումին եւ ծոմապահութեան մէջ։ Ուստի Քրիստոս, մկրտութենէն անմիջապէս ետք, լքելով ամէն գեղեցկութիւն եւ վայելք առանձնացաւ անապատին մէջ։
Առանձնութիւնը, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, «մինակութիւն»է տարբեր բան մը, տարբե՛ր վիճակ մըն է։
Առանձնութիւնը՝ մարդուս ինքն իրեն հետ ըլլալ, ինքզինք ճանչնալու վիճակ մըն է, ինքնամփոփ կերպով ճշմարտութեան ուղղուելու, հոգեպէս աշխոյժ ըլլալու, գործող եւ արտադրող ապրում մըն է։ Իսկ մինակութիւնը՝ ամուլ, անգործ եւ անարդիւն վիճակ մըն է, այլապէս աննպատակ ապրում մը։ Այս իմաստով մինակութիւնը ո՛չ մէկ օգուտ ունի մարդուս հոգեւոր կեանքին, նոյնիսկ երբեմն վնաս իսկ կրնայ պատճառել, քանի որ ամլութիւնը վնասակար է։ Եւ կարծեմ, «լա՛ւ է մաշիլ, քան ժանգոտիլ» խօսքը ճիշդ այս պարագային համար ըսուած է։
Ուրեմն առանձնութիւնը, քանի որ արդիւնաբեր է, երջանկութիւն կը ստեղծէ, մարդ առանձնութեան մէջ՝ հոգեպէս նորոգուած ու կազդուրուած՝ նոր կեանքի մը կրնայ սկսիլ եւ երջանիկ ըլլալ։ Ուստի, մանաւանդ, ժողովուրդի բազմութենէն հեռու, առանձին կեանք մը, մարդուս աւելի լաւ խորհելու, մաքուր հոգիով նոր եւ նորոգուած կեանքի մը սկսելու առիթը կու տայ։
Ինչպէս ըսինք, առանձնութիւնը մարդուս համար ինքն իրեն ամփոփուելու, ինքզինք գտնելու եւ ճանչնալու միջոց մըն է։ Առանձնութեան մէջ է որ կը զգայ սիրոյ արժէքը, կարօտն ու պահանջքը իր նմանին, կ՚անդրադառնայ իր նմանին գեղեցկութեանը, բարութեանը եւ վեհութեանը եւ կը սկսի սիրել զայն, քանի որ միշտ կը կրկնենք՝ սիրելու համար պէ՛տք է նախ ճանչնալ, առանց ճանչնալու, առանց իրերհասկացողութեան ո՛չ կարելի է սիրել եւ ո՛չ ալ՝ ատել։
Մէկու մը նուիրուելու ազնուութեան եւ առաքինութեան արժէքը կը հասկցուի առանձնութեան մէջ եւ դարձեալ առանձնութեան մէջ, մարդ աւելի ներողամիտ եւ աւելի՛ հանդուրժող կ՚ըլլայ, աւելի՛ մարդասէր, աւելի՛ անկեղծ, աւելի՛ կարեկից եւ ուրիշին ցաւերուն մասնակցող։ Առանձին մարդը աւելի մօտ է կատարելութեան, քանի որ աւելի մօտ է ճշմարտութեան, եւ կատարելութեան ճամբան կը սկսի ճշմարտութեան անդրադարձումով, մանաւանդ ճշմարտասիրութեա՛մբ։ Առանձնութիւնը ապրող մարդը աւելի դիւրին կրնայ նուիրուիլ եւ մինչեւ իսկ զոհել շատ բաներ՝ զոհուիլ ուրիշի մը բարիքին, օգտին համար։
Յիսուս մեզի տուաւ առանձնութեան օրինակը՝ Իր իսկ տիպարով, ո՛չ միայն խօսքով, այլ գործնական կերպով, երբ իր առաքելութեան սկսելէ առաջ, քառասուն օրուայ առանձնութեան շրջան մը բոլորեց՝ հոգեպէս պատրաստուելու միջոց մը ապրեցաւ։
Պէ՞տք էր Յիսուսի, որ այդ քառասուն օրերը ապրէր. եթէ պէտք չէր՝ Իր աստուածային բնութեան պատճառով, բայց պէ՛տք էր, անհրաժեշտ էր «օրինակ» ըլլալու համար, գործնականապէս հաստատելու համար ճշմարտութեան վարդապետութիւնը եւ անոր պահանջները մարդուս համար։ Եւ արդէն Ան ալ առանձնացաւ որպէս «կատարելապէս մա՛րդ»։
Եւ Յիսուս իր առանձնութեան շրջանը բոլորեց աղօթքով, այսինքն Աստուծոյ հետ՝ Հօրը հետ միանալով։ Ուրեմն առանձնութիւնը՝ որքան ինքն իր հետ ըլլալ, բայց նո՛յնքան Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ։
Աղօթքը, մանաւանդ առանձնութեան մէջ ուժ ստանալու կարեւոր մէկ միջոց մըն է միշտ։ Ուստի, Յիսուս իր փորձութեան ժամանակ, սատանային կը յաղթէ իր անձին մէջ։ Իսկ աւելի վերջ առաքելութեանը ընթացքին սատանան պարտութեան կը մատնէր բազմութեան ներկայութեան՝ ի վկայութիւն աստուածային ամենազօրութեան։ Եւ ամբողջ կեանքը աւելի եւս կը գեղեցկանար այդ յաղթութիւններով՝ որոնք հրապարակաւ կը կատարուէին եւ կ՚աւելցնէին ժողովուրդին վստահութիւնը։ Արդարեւ «օրինակ» ըլլալ, գործնական խրատներ, խօսքէն շա՜տ աւելի ազդեցիկ եւ տպաւորիչ կ՚ըլլան։
Աստուածային ազնիւ ուժի զօրութեան շնորհիւ միայն մարդ կրնայ ճանչնալ եւ գնահատել յաղթութեան մեծ նշանակութիւնը եւ փրկութեան իմաստը։
Մարդ կոչուած է կատարելագործուելո՛ւ, ուստի ան կը ձգտի կատարելութեան։ Ասիկա բնական է, քանի որ ամբողջ բնութիւնը ե՛ւ մարդը ենթակայ է բարեշրջումի մը, որ զինք կ՚առաջնորդէ կատարելութեան։
Մարդուն կոչումը եւ նպատակը կատարելութեան հասնիլ է։ Եւ քրիստոնեայ մարդուն ամբողջ կեանքը կը պսակուի, կատարելութեան հասնելու ընթացքին տրուած արժէքով եւ կարեւորութեամբ։
Կարելի է մարդ ունայնութիւն, աննպատակ եւ անիմաստ զբաղում համարէ շատ բաներ իրեն համար եւ ո՛չինչ նկատէ ինքզինք անհուն տիեզերքի անսահմանութեան մէջ։ Բայց ամենափոքր մասնիկ, որ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, անպայման ունի իր կարեւորութիւնը, անհրաժեշտութիւնը՝ կատարելագործելու համար աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը։ Ուստի ամենափոքր տարր մը, մասնիկ մը, իր դերը ունի այդ ծրագրին իրականացման մէջ։ Աւելի եւս մարդը, ամբողջ մարդկութեան ամէն մէկ անդամը, անխտիր, կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ այդ մեծ ծրագրին իրագործմանը մէջ։ Ուստի քրիստոնեայ վարդապետութեան վեհ գաղափարները եւ սկզբունքները ճի՛շդ ըմբռնումը կու տան մարդուն ինքնաճանաչման, կատարեալին ձգտելու իմացութեան։ Եւ այդ կէտին, աղօթքը եւ մանաւանդ առանձին աղօթքը մեծ դեր կը խաղայ մարդուն համար։
Աղօթքը մարդուն համար Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու, խորհրդակցելու եւ գործակցելու կարեւոր միջոց մըն է եւ մանաւանդ ապահով եւ վստահելի միջոց մը։ Առանձին աղօթքը, մարդուն սրտի խօսքն է առ Աստուած։ Եւ աղօթքով է որ մարդ կը վայելէ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ իր առանձնութեան մէջ։ Այս իմաստով «առանձին մարդ»ը՝ «մինակ մարդ» չէ՛, քանի որ առանձնութեան մէջ մարդ կը խորհրդակցի նախ ինք իրեն հետ եւ յետոյ Աստուծոյ հետ, կը վայելէ միասնութեան օգուտները, հոգ չէ, թէ ան հեռու ըլլայ բազմութենէ, ժխորէ եւ ամէն տեսակ ընկերութիւններէ։ Եւ մարդ երբ առանձին է, աւելի լաւ կրնայ շփուիլ, մտերմանալ Աստուծոյ հետ եւ ներշնչուիլ այդ պատեհութենէն։
Եւ վերջապէս, մարդ առանձնութեան մէջ, աղօթքի միջոցով, ի՛ր մէջ շարունակ կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը. առանձին մարդուն սրտին մէջ շա՜տ աւելի լայն տեղ կը գտնուի Աստուծոյ ներկայութիւնը ընդունելու համար։ Ուստի գիտնա՛նք առանձնութեան արժէքը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 24, 2017, Իսթանպուլ