ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս անհնազանդութիւնը, անհաւատարմութիւնը՝ անիշխանական եւ ինքնագլուխ ապրուած կեանքը նախապատիւ կը սեպեն։

Ասիկա կու գայ այն սկզբնական անհնազանդութենէն՝ որ իր ճիրաններուն մէջ առաւ Ադամը, եւ ան ենթարկուեցաւ իրերայաջորդ մեղքերու հոսանքին, եւ մարդկային բնութիւնը հետզհետէ՝ սերունդէ՜ սերունդ վարակուեցաւ այդ ախտէն։

Թերեւս «ծինային յաջորդականութեան» արդիւնքն է անհնազանդութիւնը, անհաւատարմութիւնը՝ ինքնագլուխ եւ ինքնաբաւ ըլլալու խաբէական զգացումը՝ որ բազմաթիւ մեղքերու դուռ է բացած։ Արդարեւ, անհնազանդութիւնը եւ անհաւատարմութիւնը ծնունդ կու տայ՝ ինքնահաւանութեան, ատելութեան եւ այլն վատ զգացումներու։

Մինչդեռ ուղիղին, շիտակին եւ մէկ խօսքով՝ ճշմարտութեան հնազանդիլ եւ հաւատարմութեամբ հետեւիլ՝ մարդս կը բարձրացնէ եւ իր սկզբնական կոչումին կը հասցնէ, կը կատարելագործէ։

«Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ։ Նախ քան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ.- Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս։ Բայց իր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով.- Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-14)։

Արդարեւ, Յիսուսն ալ չուզեցին՝ մերժեցին զԱյն, որ իրենց վրայ «Թագաւոր» ըլլայ, մինչդեռ Ան մարմնացաւ, մարդացաւ՝ մարմինով մա՛րդ եղաւ եւ մարդկային կերպարանք ստացաւ փրկելու համար մարդը։ Ան իջաւ մարդոց մէջ, բայց մարդը չկրցաւ բարձրանալ Անոր։ Ան Աստուածային բնութիւն ունէր եւ այդ կերպով երկինքէն երկիր եկաւ՝ զոհուելու եւ փրկելու համար աշխարհը, երկիրը։

Վերոյիշեալ Աւետարանի հատուածին մէջ տասը հոգի կը կանչէ Յիսուս։ Տասը թը-ւանշանը «ամբողջութիւն» կը ներկայացնէ, ինչպէս՝ եօթը եւ քառասուն թիւերը։ Եւ այս կը նշանակէ, որ Յիսուս ամբողջ մարդկութիւնը կանչեց Իրեն, քանի որ տասը թուա-նըշանը կը խորհրդանշէ ամբողջութիւնը։

Յիսուս կանչեց անխտիր բոլոր մարդկութիւնը։

Եւ այս իմաստով, երբ Յիսուս տուաւ տասը ոսկի, այս ալ կը նշանակէ թէ՝ ամէն ինչ Աստուած կու տայ մարդուն։ Ուստի մարդ ինչ որ ունի Աստուծոյ պարգե՛ւն է։ Ամէն յատկութիւն, ամէն շնորհ որ ունի մարդ, Աստուա՛ծ տուած է իրեն։ Արդարեւ, Աստ-ւած ամէն մարդու տարբեր յատկութիւններ, շնորհներ տուած է, միայն փրկութեան հաւատքը տուած է անխտիր ամէն մարդու։ Եւ երբ Աստուած յատկութիւն մը կու տայ մարդուն՝ ասիկա ո՛չ թէ կու տայ մարդուն որպէս անձնական շնորհ, այլ՝ հանրային շահուն, հասարակաց օգտին համար կու տայ, որպէսզի օգտուին բոլոր մարդիկ։

Իրերօգնութեան սկզբունքի հետեւանքն է տարբեր շնորհներով օժտուած ըլլալ, եւ հոն՝ ուր սէր կայ, հոն կայ իրերօգնութեան հոգի, ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ, թէ՝ «Ամէն բանէ առաջ՝ սրտանց սէր ունեցէք իրարու հանդէպ, որովհետեւ սէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներ-ւին», (Ա ՊԵՏՐ. Դ 8), եւ շարունակելով կ՚ըսէ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրարու տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ», (Ա ՊԵՏՐ. Դ 10)։

Իսկ Յուդա Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին մէջ կը զգուշացնէ. «Հաւատքին մէջ կասկածներ ունեցողները ամրապնդեցէ՛ք։ Ուրիշները դատապարտութեան կրակէն խլելով փրկեցէք։ Ողորմութիւն ցուցաբերեցէք նաեւ անոնց, որոնք մեղքերու մէջ են։ Բայց զգո՜յշ, ատեցէք անոնց մեղսալից կեանքը», (ՅՈՒԴԱ, 22-23)։

Ռուսական առած մը կ՚ըսէ. «Վստահէ, բայց ստուգէ՛»։ Ուրեմն պէ՛տք է վստահիլ, բայց ո՛չ թէ կուրաբար, առանց խորհելու հեւեւանքը…։

Ուստի, երբ Տէրը գայ եւ ամէն մէկէն հաշիւ պահանջէ, պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարենայ տալ իր հաշիւը՝ թէ ի՞նչ է շահած իրեն տրուած շնորհներով։ Եւ շնորհներով շահիլ կարելի է Քրիստոսի հնազանդելով՝ հաւատարիմ մնալով Անոր պատուէրներուն, ուսուցումներո՛ւն։

Մարդ կը շահի քրիստոնեայ կեանք ապրելով։ Ուստի, այն որ հաւատարիմ է Քրիստոսի, հնազանդ է Անոր, ասիկա պէտք է ցոյց տայ մանաւանդ իր կեանքով, իր ապրելակերպո՛վ։

Եւ երբ Յիսուս հաշիւ պահանջէ մեր շահածներուն նկատմամբ, պէտք է անպայման ներկայացնենք շահ, որ է հաւատքը տարածել, քանի որ հաւատքը անձին յատուկ շնորհ մը չէ, այլ՝ հասարակաց շնորհ մը։

Յակոբոս Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէ՛ք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ», (ՅԱԿՈԲ. Ե 19-20)։

Հատուածին մէջ «փոքրիկ» բառը կը նշանակէ, թէ՝ մարդ որքան ալ «մեծ» գործեր կատարէ, որքան ալ աշխատի, Աստուծոյ եւ Անոր գործերուն առջեւ միշտ «փո՛քր» է։

«Եւ նոյն Հոգին ինք վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներն ենք», (ՀՌՈՄ. Ը 18), կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, եւ կը շարունակէ. «Ես այնպէս կը խորհիմ, թէ ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի՛նչ են գալիք փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի», (ՀՌՈՄ. Ը 18)։

Արդարեւ, Տէրը առանց խոստումի, միշտ աւելի՛ն կու տայ, ինչպէս՝ «… ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 17)։ Իսկ այն, որուն ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ…», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 22), չար էր, քանի որ չէզոք էր մնացած։ Արդարեւ, անգործ ըլլալ՝ եթէ նոյնիսկ չարիք չէ, բայց բարիք ալ չի նշանակեր։

«Հետեւաբար, ո՛վ որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մեղք է որ կը գործէ», (ՅԱԿՈԲ. Դ 17), կ՚ըսէ Յակոբոս Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին մէջ, եւ հետեւաբար՝ հաւատքը գո՛րծ կը պահանջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 19, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018