ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ ԵՒ «ԱԶԴԱՐԱՐ»Ը - Բ -

Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Ա. Ամուրեանի, 1 մարտ 1980 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ հրատարակուած «Հայոց առաջին պարբերաթերթը =Ազդարար= Խմբագիր՝ Յ. Քհնյ. Շմաւոնեան» խորագրեալ յօդուածը։

Մի քանի հարուստ առեւտրականներ եւ հոգեւորականներ։ Առաջինները՝ ազատամիտ, երկրորդները՝ պահպանողական, սակայն երկու խմբակցութիւններն ալ հայրենասէր էր։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»ի խմբագրի սկզբունքն էր՝ գիտութիւն, լուսաւորութիւն, միաբանութիւն եւ ազատութիւն, եւ այդ ալ կը քարոզէր խմբագիրը, բայց մանաւանդ շեշտը կը դնէր կրթութեան վրայ, գրելով՝

«Հայէք դպրատան ըստ այլոց ազգաց եւ մուժէք ի նա զորդիքս գռեհկաց»։

Ազատութեան հասնելու համար՝ պէտք է միաբանութիւն. «Անդունդի եզրին կանգնած ազգերը ազատութիւն են ձեռք բերել միաբանութեան միջոցով»։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»ը կոչ կ՚ընէր հայութեան կեդրոնանալ իր հայրենիքին մէջ եւ դէմ էր արտագաղթին։

Ինչպէս կը տեսնենք «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի տեսակէտները այժմէութիւն ունին նաեւ այսօր, 200 տարի յետոյ։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»ի լեզուն պակասաւոր գրաբար էր, բայց երբեմն յօդուածներ կամ լուրեր լոյս կը տեսնէին Նոր Ջուղայի բարբառով։ Խմբագրի եւ հնդկահայ մտաւորականներու (Շահամիր Ս. Շահամիրեան) կարծիքով հայը հնագոյն ազգութիւն է, տեսակ մը՝ Աստուծոյ ընտրեալը, որովհետեւ ան է որ խօսած է Ադամի լեզուով, առաջին անգամ, Շահամիրեանի յօդուածով մէջբերում կ՚ընէ սպանական աշխարհագրական գիրքէ մը, հրատարակուած 1752 թուականին որ «Հայերը հեռու անցեալում խօսում էին ողջ մարդկութեան յայտնի Ադամայ լեզուով…»։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»ը լոյս կը տեսնէ ընդամէնը 18 տետրակ, ապա՝ կը դադրի 1795-ին։

Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանը, հայ անդրանիկ խմբագիրը, նկարագրով տոկուն, յամառ անկաշառ եւ գիտուն մէկն էր։

Տպագրական գործին մէջ իրեն կ՚օգնէին խումբ մը մտերիմներ, անվճար, յատկապէս իրեն զօրավիգ էր թաւրիզեցի Խաչիկ Զարիֆեանը։

Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան, հայոց առաջին խմբագիրը, «ջերմ հայրենասէր էր եւ ջատագով Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան։ Նա յատուկ զգացումներով հրատարակել է -Ազդարար-ի մէջ հայ պետական զինանշանը»։ (Նշանք թագաւորացն Հայոց)։

Հայոց առաջին խմբագիրը ողբերգութեամբ սկսաւ (իր երկու զաւակներու կորուստը), սակայն իր վախճանն ալ ողբերգական եղաւ։ Մխրճուած էր պարտքերու մէջ եւ իր մահուան օրը պարտատէրներն ու վաշխառուները դէմ եղան որ Յարութիւն Քահանան թաղուէր Մատրասի հայոց եկեղեցիի բակին մէջ, սակայն հանրութեան բանիմաց մասը յետ մղեց պարտատէրներու պահանջը եւ առաջին խմբագիրը թաղուեցաւ հայոց եկեղեցիի բակին մէջ։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»Ը ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՌԱՀՎԻՐԱՅ

Թէեւ դժբախտ վախճան ունեցաւ հայոց առաջին խմբագիր՝ երանելի Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանը (Շիրազէն), սակայն ան ուղի հարթեց հայ պարբերական մամուլի համար։

«ԱԶԴԱՐԱՐ»էն յետոյ երկրորդ հայ պարբերականն է «ՏԱՐԵԳՐՈՒԹԻՒՆ»ը, որ լոյս տեսաւ 1800 թուականին, Վենետիկի մէջ, խմբագրութեամբ Հ. Ղուկաս Ինճիճիճեանի։

«ՏԱՐԵԳՐՈՒԹԻՒՆ»ը աշխարհաբար լեզուով էր, անմշակ։ Սա եւս կարճատեւ կեանք ունեցաւ թէեւ, սակայն այդ պարբերականները մշակութային եւ հանրային մտքի զարգացման տեսակէտէն կարեւոր դեր ունեցան, անոնք արեւմտեան Եւրոպայի ազատական գաղափարները քարոզեցին հայ ժողովուրդին։

1820 թուականին Կալկաթայի մէջ «Իմաստախնդրեան մշակութային միութիւն»ը կը հրատարակէ «Հայելի Կալկաթեան» հանդէսը, որ կը տեւէ մէկ տարի։

Այս «ՀԱՅԵԼԻ ԿԱԼԿԱԹԵԱՆ»ի մէջ տպագրուած է հայ բանաստեղծութեան լաւագոյն նմոյշներէն՝ «Տէ՛ր, կեցո՛ զհայս»ը, որ կ՚երգուէր իբրեւ հիմն եւ արժանացած էր Միքայէլ Նալպանտեանի գնահատանքին։ Բանաստեղծութեան հեղինակ կը համարուէր Մեսրոպ Թաղիադեանը։ (Ծանօթ. հեղ.- Այժմ բանասէրներ՝ Գուշակեան եւ այլք կը գտնեն որ այդ բանաստեղծութիւնը չի պատկանիր Մեսրոպ Թաղիադեանին)։

1821-1823 թուականներուն Կալկաթայի մէջ կը հրատարակուի «ՇՏԵՄԱՐԱՆ» հանդէսը, խմբագրութեամբ Մարտիրոս Մկրտիչեանի, որ գրած է «Խտրադիմաց դրժողութեան» կատակերգութիւնը (1823 թուականին)։

1845-1848 թուականներուն կը հրատարակուի, Կալկաթայի մէջ, «ԱԶԳԱՍԷՐ» պարբերականը՝ Մեսրոպ Թաղիադեանի խմբագրութեամբ։

Ապա «ԱԶԳԱՍԷՐ»ի դադրելէն (1848 թուականին) յետոյ Մեսրոպ Թաղիադեանի կողմէ լոյս ընծայուած է «ԱԶԳԱՍԷՐ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ»ը (1848-1852 թուականներուն)։

«ԱԶԳԱՍԷՐ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ» եւ «ԱԶԳԱՍԷՐ» պարբերականներու շուրջ խմբուած էին հնդկահայ բազմաթիւ մտաւորականներ…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 25, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020