Ո՞ՒՐ ԷԻՐ ԱՇԽԱՐՀ

Պատերազմին ինչ ըլլալն ու ինչպիսի աւերներ գործելը հայ ազգէն աւելի ուրիշ ազգ մը դժուար թէ հասկնայ եւ ըմբռնէ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ այդ պատմութիւնը փաստ է, թէ այդ կրակը անպակաս եղած է հայ ժողովուրդէն:

Դժուար գտնուի ազգութիւն մը, ուր աւելի աւեր, մահ, արիւն ու կոտորած եղած ըլլայ. դժուար գտնուի ազգ մը, որ աւերակները բազմիցս շինած, սակայն ամէն անգամ անոնց քանդումը տեսած ըլլայ ու հակառակ այդ քանդումին դարձեալ նոյն ոգիով կառուցած ըլլայ այդ աւերակները:

Վստահաբար բոլորին ծանօթ են վերջին օրերուն Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ ունեցած ռազմական բախումները, որոնք այս օրերուս կը գրաւեն համաշխարհային հաղորդագրութեան ամենէն կարեւոր մէկ բաժինը:

Որեւէ մէկ ձեւով կողմնակից չենք պատերազմին, մանաւանդ որ վերջին տարիներուն անոր վնասները ազգովի տեսանք ու ապրեցանք, սակայն զարմացնողը աշխարհին արձագանգն ու դիրքորոշումն էր այդ պատերազմին դէմ, որ ակամայ կը վիրաւորէ հայկական ինքնասիրութիւնը:

Համացանցի էջերուն վրայ կը հանդիպիմ բազմաթիւ գրառումներու, որոնք կը քննադատեն պատերազմը, կը խօսին անոնց գործած աւերներուն ու վնասներուն մասին ու ակամայ նոյն հարցը կը ծագի միտքիս մէջ. Ո՞ՒՐ ԷԻՔ Արցախեան պատերազմի ժամանակ, երբ բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ թիրախ ու զոհ կը դառնային:

Ակամայ կը ստեղծուի այն մտայնութիւնը, որ աշխարհի երեսին վրայ կան երկիրներ, որոնց բնակչութիւնը «մարդ» կը համարուի, իսկ ուրիշներ՝ ոչ: Այս մէկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մարդը մարդուն դէմ ի գործ դրած ապերախտութիւն մը:

Ուքրայնայի մէջ չորս անմեղ քաղաքացիներու զոհուիլը կը դառնայ բարբարոսութիւն, սակայն բազմատասնեակ հայերու նահատակութիւնը պա՞րզ ու աննշան գործողութի՞ւն մը պարզապէս:  Այսօր Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ բազմաթիւ այդ քաղաքներու մէջ մարդիկ փողոցներու վրայ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն մէկ շաբաթէ աւելի կարճ կեանք ունեցող ռազմական գործողութեան մը համար: Արցախեան պատերազմը տեւեց 44 օր. ո՞ւր էին այսօր փողոցի վրայ իրենք զիրենք պատռտող խաղաղութեան պաշտպանները, որոնք յանկարծ սկսան յիշել, որ պատերազմը կործանիչ է ու պէտք է վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն:

Կ՚ուզեմ պարզապէս գիտնալ անոնց համար ի՞նչ է տարբերութիւնը ուքրանացի Քլարային եւ հայ Անահիտին, որոնք իրենց փոքր տարիքէն ականատես կը դառնան ռազմական բարբարոսութիւններուն. ի՞նչ է այն չափանիշը որ ուքրանացին աւելի՛ արժէք ներկայացնէ իրենց համար՝ քան հայը:

Համացանցի էջերուն վրայ աւելի քան հարիւր անգամ տեղադրուած գտայ այն դրուագը, ուր ուքրանացի զինուոր մը հրաժեշտ կու տայ իր զաւկին՝ մեկնելու համար պատերազմ: Բազմահազա՜ր գրառումներ. յուզի՜չ տեսարան. տարի մը առաջ բազմատասնեակ հայեր իրենց զաւակներն ու ընտանիքները ձգած մեկնեցան կռուի դաշտ ու չվերադարձան. ինչո՞ւ համար անոնցը յուզիչ չէր, սակայն ուքրանացի հօր բաժանումը այնքա՜ն ազդեցիկ կը դառնայ:

Այս բոլորին դիմաց արդար կը տեսնենք հայուն «Ո՞ւր էիր Աշխարհ» կանչը:

Այս ապերախտութիւնն ու անարդարութիւնը միայն հայուն հանդէպ չէ՛ որ ունի աշխարհը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ մէկ սեւամորթ կը մահանայ ու ամբողջ Ամերիկան մէկէն ի մէկ ոտքի կ՚ելլէ... Ափրիկեան երկիրներուն մէջ օրական դրութեամբ բազմատասնեակ սեւամորթներ կը մահանան, մարդ չի հետաքրքրուիր անոնցմով, որովհետեւ փաստօրէն հազարաւոր ափրիկեցիներ համարժէք անգամ չեն մէկ ամերիկացի սեւամորթին:

Երանի՜ այսօր աշխարհը անսար Մխիթար Գօշի այն օրէնքին, որ կ՚ըսէր. «Եւ այդպէս ամենեցուն հաւասարութիւն եղիցի, եւ տկար ազգն խնամեսցի, եւ մի՛ նուազ լիցի»:

Ինչքա՜ն կ՚ուզէի այսօր բոլոր բողոքի ցոյց ընողներուն դիմաց կենալ ու հարց տալ, թէ ո՞ւր էին տարի մը առաջ, ո՞ւր էր անոնց խաղաղութեան հանդէպ ունեցած մտածողութիւնն ու գաղափարները. ո՞ւր էր անոնց խիղճը՝ որ այսօր յարութիւն առած կարեկցութեամբ կը լեցուի ուքրանացի «եղբայր»ներուն հանդէպ: Ո՞ւր էր անոնց մարդկութիւնը եւ յանկարծ վերյիշած իրենց քրիստոնէութիւնը:

Թող ամէ՛ն մարդ թքած ունենայ այն աշխարհին վրայ, ուր գոյութիւն ունի խտրականութիւնը. ուր մարդը ո՛չ թէ իր մարդ ըլլալուն, այլ իր ազգութեան համեմատ արժէք կը ստանայ: Թքած ունենայ ա՛յն աշխարհին վրայ, որ ամերիկացին մարդ, իսկ ափրիկեցին ոչնչութիւն կը համարէ: Թքած ունենայ ա՛յն բոլոր բողոքողներուն վրայ, որոնք տարի մը առաջ կոյր, իսկ այսօր արդարութեան քարոզիչներ կը փորձեն դառնալ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ
(1880-1979)

Մեր թուականէն 142 տարիներ առաջ՝ 28 փետրուար 1880-ին Նոր Նախիջեւանի մէջ ծնած է նկարիչ եւ արուեստագէտ Մարտիրոս Սարեան:

Սարեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի երկլեզու վարժարանին մէջ. որոշ ժամանակ հետեւած է գեղանկարիչ Հմայեակ Արծաթպանեանի նկարչական դասընթացքներուն եւ ապա կատարելագործելու համար նկարչական գիտութիւնը մեկնած է Մոսկուա. ապա քանդակագործութեան դասեր ստանալու համար մեկնած է Եգիպտոս, ուրկէ անցած է Պարսկաստան եւ դարձեալ վերադարձած է ծննդավայրը:

Սարեան վերադառնալով մաս կազմած է «Ոսկէ Գեղմ» եւ «Արուեստի աշխարհ» ուսումնարաններու գեղարուեստական բաժնին։ 1901 թուականին մեկնած է Կովկաս, Երեւան, Աշտարակ, Վաղարշապատ եւ Սեւան. տարի մը ետք մեկնած է Անի. իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի բարքն ու ապրելակերպը, մշակոյթը, ճարտարապետութիւնը, որմնանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, յուշարձաններն ու եկեղեցիները:

Այդ տարիներէն Սարեան սկսած է իր ստեղծագործական աշխատութեան։ 1911 թուականին եղած է Պոլսոյ մէջ եւ մասնակցած է տեղի ցուցահանդէսներուն, ուր ռուսական խորհրդային արուեստի պատկերասրահը գնած է իր «Մրգեղէնի կրպակ», «Փողոց Կոստանդնուպոլսում» եւ «Գլիցինիաններ» աշխատութիւնները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Սարեան, յայտնի մտաւորականներ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի եւ այլոց հետ մեծ աշխատանք տարած է հայ որբերուն եւ գաղթականներուն ապաստան գտնելու սրբազան գործին մէջ. անոնք պայքարած են Հայաստանի մէջ այդ ժամանակ տարածուած համաճարակին դէմ եւ փրկած՝ բազմաթիւ գաղթականներու եւ որբերու կեանքը:

Այդ բոլորին դիմաց Սարեան ապրած է հոգեկան ծանր ցնցում ու խանգարում, որու պատճառով որոշ ժամանակ տեղափոխուած է Թիֆլիզ եւ ստացած բժշկական խնամք:

Սարեան 1916 թուականին նկարիչներ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Փանոս Թէրլէմէզեանի եւ Եղիշէ Թադէոսեանի հետ միասին ստեղծած է Հայ արուեստագէտներու միութիւնը: Տարիներ ետք՝ 1919 թուականին Նոր Նախիջեւանի մէջ Սարեան հիմնած է գաւառագիտական թանգարան:

Սարեան 1921 թուականէն ետք վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան, ուր ընտրուած է Հայաստանի Պետական թանգարանի վարիչ: Երեւանի մէջ Սարեան եղած է Գեղարուեստական ուսումնարանի հիմնադիրներէն մին եւ ստանձնած՝ Հայաստանի Կերպարուեստի աշխատողներու միութեան առաջին նախագահի պաշտօնը:

Ան հեղինակ է բազմաթիւ դիմանկարներու եւ բնանկարներու: Իր աշխատութիւններու մէջ Սարեան դուրս գալով աւանդական ոճէն՝ ստեղծած է նոր ոճ ու աշխատաձեւ մը, որ ժամանակուան մտաւորականութեան կողմէ կոչուած է «Սարեանական» ոճ. 1924 թուականին Վենետիկի մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու, իսկ 1928 թուականին Փարիզի «Ժիրայր» ցուցասրահին մէջ ունեցած է իր անհատական ցուցահանդէսը. ցուցահանդէսի աւարտէն ետք Սարեան Փարիզէն իր աշխատութիւնները Հայաստան ղրկած է նաւի միջոցաւ, որուն վրայ յառաջացած հրդեհի պատճառով ոչնչացած է նաեւ Մարտիրոս Սարեանի աշխատութիւնները: Ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ Մոսկուայի, Լենինկրատի եւ Թիֆլիզի մէջ:

Սարեանի յայտնի գործերէն են «Աշնանային մառախլապատ օր», «Ծաղիկներ», «Քայլող կինը», «Բակի անկիւն», «Եղիշէ Չարենց», «Ամառային տապ. վազող շուն»վ, «Կովեր» եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ: Նկարչութեան կողքին Սարեան կատարած է գիրքերու ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ բեմա-նըկարութիւն. նկարազարդած է Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթներ»ը, Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ն, Աւետիք Իսահակեանի «Բանաստեղծութիւններ»ն ու բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններ: Բեմազարդարում կատարած է Ալեքսանդր Սպենդիրեանի «Ալմաստ», Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ», Հարօ Ստեփանեանի «Քաջ Նազար» օփերա թատրոններուն:

Շնորհիւ իր վաստակին Սարեան արժանացած է «Լենին»ի, «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Պատուոյ նշան», «Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ անձնուէր աշխատանքի», շքանշաններուն: Արժանացած է Լենինեան եւ Ստալինեան մրցանակներուն եւ ստացած է Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ կոչումին:

Երեւանի մէջ 1967 թուականին բացուած է Սարեանի տուն-թանգարանը, ուր մինչեւ օրս կը գտնուի արուեստագէտի ստեղծագործութեան մեծ մասը. անոր գործերէն շատեր կը գտնուին Հայաստանի Պետական պատկերասրահէն ներս: Երեւանի կենդրոնական պուրակներէն մին կը կրէ Մարտիրոս Սարեանի անունը. անոր անունով փողոցներ կան Երեւանի, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի մէջ: Հայաստանի մէջ անոր անունով կայ նաեւ ուսումնարան: Հայաստանի Հանրապետութեան 20.000 արժողութեան թղթադրամը կը կրէ Մարտիրոս Սարեանի նկարը:

Արուեստագէտը մահացած է 5 մայիս 1972 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022