ԱՇԱԿԵՐՏՆ Է ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԵՒ Ո՛Չ՝ ԱՇԱԿԵՐՏԸ

Սփիւռքի պայմաններու մէջ յաճախ կը բողոքենք, թէ հայ ծնողներէն շատեր իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն. այս դժբախտ իրողութեան որպէս պատճառ կը մատնանշուի հայ դպորցներու ներկայ «դժբախտ» վիճակը: Գաղութներու ղեկավարութիւնը ամէն առիթի կը քննադատէ իրենց համար «ազգադրուժ» ծնողները, իսկ ծնողներ իրենց կարգին մեղաւոր կը ճանչնան ղեկավարութիւնը՝ զանազան պատճառներով:

Յաճախ կը կարծենք, որ այս երեւոյթը յատուկ է յետ ցեղասպանութեան, սակայն եթէ լաւապէս սերտենք նախկիններուն գրութիւնները, պիտի տեսնենք, որ այն երեւոյթը որ կը տեսնենք այսօր՝ միեւնոյնն էր անցեալին. այդ վիճակին աւելի յստակ ծանօթանալու համար կարդանք Գրիգոր Զօհրապի «Սորսորումը» խորագրեալ յօդուածը, ուր հեղինակը կը գրէ. «օտար վարժարանները իրենց մարդորսութեան մէջ կը յաջողին» եւ այս երեւոյթին որպէս արդիւնք կը նշէ, թէ «հայ աշակերտներ հռովմէական եւ ուրիշ օտար վարժարանները կը լեցնեն»:

Գրիգոր Զօհրապ այս դժբախտ երեւոյթին պատճառ որպէս կը յիշէ ղեկավարութիւնն ու այն անձերը՝ որոնց յանձնուած է դպրոցի ղեկավարութիւնը. Զօհրապի խօսքերով՝ «Պատճառները միեւնոյն են. հոս ալ, ինչպէս ամէնուրեք, անարժան ուսուցչութիւն մը, տգէտ, անկարող, օրուան աղային առջեւ քամակը ծռելու ստորնութեամբը իր ոչնչութիւնը պարտկող թաղականներ, հոգաբարձուներ որոնք իրենց անհատական հաշիւներուն, վէճերուն, կիրքերուն կը զոհեն ոչ միայն եկեղեցւոյն, դպրոցին նուիրական շահերը, այլ իրենց զաւակներուն ապագան»: Տասնամեակներ ետք, բան մը փոխուած չենք տեսներ. թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկային ղեկավարութեան եւ դպրոցի վարչութիւններուն առաջնահերթութիւնը հասակ առնող նոր սերունդը ըլլալու փոխարէն, իրենց աթոռներն ու դիրքը առաջնահերթ կը նկատեն:

«Անարժան» ուսուցչութիւնը գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր, որովհետեւ ուսուցիչ ընտրելու չափանիշը «նոր սերունդին ի՞նչ կրնայ փոխանցել»ը չէ, որովհետեւ ղեկավարութեան համար աւելի նախընտրելի է «ենթարկուող» ուսուցիչը՝ քան կարողը եւ այդ «ենթարկուող»ի մթնոլորտն է, որ նոր սերունդին մօտ կը խեղդէ ճշմարտութեան ու արդարութեան համար սէրն ու վստահութիւնը:

Գրիգոր Զօհրապին համաձայն, օտար դպրոց յաճախող աշակերտը իր լեզուի կողքին կամաց կամաց կը սկսի մոռնալ նաեւ մշակոյթը եւ մինչեւ իսկ իր հայրն ու մայրը, որովհետեւ օտար դաստիարակութիւնը իրենց մէջ պիտի սերմանէ սեփականը չսիրելու ախտը:

Մերօրեայ սփիւռքի դպորցի ղեկավարութիւնը կ՚անգիտանայ, որ իրենց գործը դպրոցի մը գոյութիւնը ապահովելէ աւելի սերունդներուն գոյութիւնը ապահովելն է. մեր սփիւռքի դպրոցները օտարազգի դպրոցներու նման նիւթականի միջոց որպէս պէտք չէ՛ ընդունիլ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ արաբական դպրոց յաճախող աշակերտը, կամ Թուրքիոյ մէջ թրքական դպրոց յաճախող աշակերտը ինքնութեան կորուստի այնքան վնաս չունի՝ ինչքան մենք սփիւռքի մէջ: Անտրամաբանական է, երբ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարանի մը կրթաթոշակը ըլլայ աւելի՛ սուղ՝ քան տեղական դպրոցինը, որովհետեւ շատ մը ծնողներ չե՛ն անդրադառնար օտար դպրոցին մատուցած վտանգին եւ տարուելով կրթաթոշակի տարբերութենէն, կը նախընտրեն իրենց զաւակները ղրկել օտար վարժարաններ:

Ճի՛շդ է, որ դպորցը ունի նիւթական պարտաւորութիւններ՝ մանաւանդ ուսուցիչներու նկատմամբ, սակայն ինչքա՜ն աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի գտնուէինք, եթէ անոնց բոլոր ծախսերը հոգային կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները, եկեղեցին եւ պետութիւնը:

Գրեթէ ամէն կուսակցութիւն որպէս բարոյական պարտաւորութիւն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կենդանի պահելու համար իր օրկանի մամուլը, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ դպրոցը հազարապատիկ աւելի կարեւոր է քան մամուլը, որովհետեւ այդ դպրոցին ճամբով է, որ պիտի կազմուին ապագայ գրողներն ու ընթերցողները, այլպէս անիմաստ պիտի դառնայ (ինչպէս որ հիմա գրեթէ է՛) մամուլի գոյութիւնը:

Աշակերտութիւնը ազգի մը բազկերակն է եւ ամէ՛ն որոշում, ամէ՛ն քայլ պէտք է ըլլայ ի բարօրութիւն անոնց յառաջդիմութեան. սկիզբը շէնքին հիմքը կը շինեն եւ ապա միւս յարկերը, սակայն սերունդներուն միջեւ վիճակը հակառակն է. նոր սերունդը հի՛մքն է ազգութեան, առանց որուն լոկ փլուզում է ու քաոս:

Պատմութեան մէջ կը տեսնենք կրթական հաստատութիւններ (օրինակ՝ Մխիթարեաններուն վանքը), որոնք իրենց ուսումնական շրջանին ծնունդ տուին բազմատասնեակ մտաւորականներու. արդեօք պատահականութեան արդի՞ւնք է, որ մէկ կրթական հաստատութենէն ծնունդ առնեն բազմաթիւ հանճարներ ու հայ ազգի տիտաններ: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ շնորհքը ինչքան ալ ի վերուստ տրուած պարգեւ նկատուի, դպրոցը, միաջավայն ու մթնոլորտը մեծապէս կը սատարեն մարդու թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտային զարգացման:

Այսօր եթէ դպրոց մը յուսալի պատկեր չի՛ փոխանցեր, մեղաւորը աշակերտութիւնը չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, թէ պիտի հնձենք այն՝ ինչ որ կը ցանենք եւ ներկայիս անտարբերութենէն բացի ոչինչ ունինք ցանած:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -180-

Դպրեվանքի մեր աշակերտներէն մէկուն եղբայրը պիտի պսակուէր։ Հակառակ անոր որ եղբայրը հայ եկեղեցւոյ սարկաւագ էր, ստիպուած եղաւ իր եղբօր պսակադրութիւնը, մինչեւ իսկ անոր զաւակներուն մկրտութիւնը կատարել օտար յարանուանութեան պատկանող եկեղեցիէ մը ներս՝ պէտք եղած նիւթականը չունենալու պատճառով:

Ինչպէ՞ս բացատրել, որ արաբական եկեղեցին կը պսակէր անվճար, մինչ հայկականը կը պահանջէր քահանայի սակագին, լոյսերու գումար, երգչախումբի մասնակցութեան գին, ազգային տուրք եւ չես գիտեր ինչ մանրուք վճարումներ: Այս պարագային եկեղեւոյ կորսնցուցածը ո՛չ թէ այդ գումարներն էին, այլ ամբողջ սերունդ մը՝ որ հայկական ըլլալով հանդերձ օտարինին կը դիմեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023