ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏ

Մեծ պահ­քի 7-րդ Կի­րա­կին նուի­րուած է Քրիս­տո­սի Սուրբ Ե­րու­սա­ղէմ գալս­տեան յի­շա­տա­կին։ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան-պատ­մա­կան գա­լուստ մըն է այս բա­րե­պա­տեհ դէպ­քը՝ բո­լո­րո­վին տար­բեր միւս գա­լուստ­նե­րէն։ Գա­լուստ մըն է այս՝ որ ամ­բողջ քա­ղա­քը կը խո­նար­հի, ու­րա­խու­թեան ա­ղա­ղակ­նե­րով կը դի­մա­ւո­րէ։

Քրիս­տոսն է, որ քա­ղաք կը մտնէ՝ բա­ցա­ռիկ, սո­վո­րա­կա­նէ դուրս պա­րա­գա­յի մը մէջ։ Ար­դա­րեւ, Քրիս­տոս շատ ան­գամ­ներ Ե­րու­սա­ղէմ մտած էր, հրա­շա­գոր­ծած, քա­րո­զած էր նաեւ հոն, խանդա­վա­ռու­թիւն­նե­րու ա­ռար­կայ ե­ղած էր։ Բայց այս ան­գա­մուան մուտ­քը բո­լո­րո­վին տար­բեր էր՝ ան­նա­խըն­թա՛ց…։

Ար­դա­րեւ, պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ մարդ­կա­յին ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ՝ Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քին նման փա­ռա­ւոր եւ ակ­նա­պա­րար տե­սա­րան­ներ շատ հա­զուա­գիւտ են։ Եւ այս հա­զուա­դէպ տե­սա­րան­նե­րէն մէ՛կն է Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քը։ Ան­շուշտ հոս մեծ դեր կը խա­ղայ ժո­ղո­վուր­դին «ըն­կե­րա­յին-հա­ւա­քա­կան հո­գե­վի­ճակ»ը։

Ժո­ղո­վուր­դը շատ մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի նկատ­մամբ, եւ այդ պատ­ճա­ռով խան­դա­վառ էր եւ ո­գեուորուա՛ծ…։

Պատ­մու­թեան մէջ հա­զուա­դէպ պա­րա­գայ մըն էր այս ե­րե­ւոյ­թը, իսկ Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ՝ ե­զա­կա՛ն։ Քա­նի որ Ե­րու­սա­ղէմ, տե­ղեակ, գի­տակ եւ ըն­դու­նակ մայ­րա­քա­ղաք մըն էր աս­տուա­ծա­յին նո­րա­գոյն յայտ­նու­թիւն­նե­րու եւ բնա­կա­նա­բար կ՚ըմ­բոս­տա­նար, չէր ու­զեր ըմբռ­նել «Նոր» վար­դա­պե­տու­թեան մը մտայ­նու­թիւ­նը։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ կ՚ար­հա­մար­հուէր Քրիս­տո­սի ա­մէն խօս­քը, գոր­ծը։ Այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ, Յի­սու­սի ար­տա­սո­վոր մուտ­քը նա­խան­ձե­լի ցոյ­ցե­րու ա­ռար­կայ կը դառ­նար։

Մարդ­կա­յին ըմբռ­նու­մով եւ աշ­խար­հա­յին հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, Յի­սուս ճշմա­րիտ հե­րո՛ս մըն էր։

Բայց հո­գե­ւոր ըմբռ­նու­մով, երկ­նա­յին տե­սո­ղու­թեամբ այս նա­խան­ձե­լի ցոյ­ցե­րը՝ Քրիս­տո­սի աչ­քին բո­լո­րո­վին տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նէին. այս բո­լոր ցոյ­ցե­րը թէեւ իր հրա­շա­լի՜ գոր­ծու­նէու­թեան փա­ռա­ւոր­ման նուի­րուած էին ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, սա­կայն Ի՛նք ժո­ղո­վուր­դին այդ ցոյ­ցե­րը կ՚ըմբռ­նէր իբ­րեւ «դա­տա­պար­տու­թիւն»ը պաշ­տօ­նա­կան Ե­րու­սա­ղէ­մին։ Ի­րա­պէս հին­ցած էր, Հին Կտա­կա­րա­նի սխա՛լ գոր­ծադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով ա­մէն հո­գե­ւոր կեանք, եւ պէ՛տք էր նո­րո­գու­թեան, վե­րա­կեն­դա­նու­թեան։

Ե­րու­սա­ղէմ պաշ­տօ­նա­պէս «սնան­կա­ցա՛ծ» էր։

Տա­ճարն ալ պար­պուած էր ներք­նա­պէս, աս­տուա­ծու­ժէն ու սնուն­դէն եւ հա՛րկ էր, որ փո­խուէ՜ր…։

Ար­դա­րեւ, Քրիս­տոս կ՚ու­զէր վեր­ջին ճիգ մը ը­նել եւ վե­րա­կանգ­նել զայն՝ ինչ­պէս վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցած էր իր բա­րե­կա­մը, Ղա­զա­րը։ Քրիս­տոս միշտ ու­զած էր շի­նել, վե­րա­կանգ­նել՝ փո­խա­նակ բո­լո­րո­վին քան­դե­լու։ Եւ Քրիս­տո­սի այս մտադ­րու­թիւնն է, որ կը կա­րե­ւո­րէ իր մուտ­քը։ Հա՛րկ է տես­նել այս կէ­տը մա­նա­ւանդ Ծաղ­կա­զար­դի յի­շա­տա­կին մէջ։

Ո՛չ թէ ա­ւե­րել, ո՛չ թէ կոր­ծա­նել, փլցնել, այլ՝ նո­րո­գել, խար­խու­լը կամ հի­նը վե­րա­շի­նել, վերս­տին կեն­դա­նաց­նե՛լ։ Չէ՞ որ Ինք կ՚ը­սէ՝ թէ չէ՛ ե­կած հի­նը բո­լո­րո­վին կորստեան մատ­նե­լու, այլ՝ վե­րա­հաս­տա­տե՛­լու։ Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նը, Քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը լա՛ւ եւ շի­տակ հասկնա­լու հա­մար պէ՛տք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նենք այս կէ­տին՝ վե­րա­շի­նել՝ փո­խա­նակ բո­լո­րո­վին քան­դե­լու։

Եւ կար­ծեմ, Քրիս­տո­նէու­թեան ա­մե­նա­մեծ խոր­հուր­դը, վար­դա­պե­տու­թեան կեդ­րո­նը՝ Յա­րու­թեան ի­մաստն ալ հոս պէտք է փնտռել՝ վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն, վե­րա­հաս­տա­տում, որ կը նշա­նա­կէ՝ նո­րո­գո՛ւմ։

Կեան­քը հասկ­նա­լու հա­մար միշտ պէտք է նո­րո­գել ու նո­րո­գուիլ, հի­նը ա­ռանց ոչնչաց­նե­լու, նո­րով զար­դա­րել, վերս­տին կեան­քի կո­չել զայն։ Յա­րու­թիւնն ալ այս չի՞ նշա­նա­կեր, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ…։

Ու­րեմն, Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի յի­շա­տա­կին մէջ զայն նո­րո­գե­լու, սրբագ­րե­լու, վերս­տին հին վի­ճա­կին վե­րա­ծե­լու փա­փա­քը պէտք է նկա­տի առ­նուի։ Ար­դէն, ինչ­պէս ը­սինք, «Յա­րու­թեան» ի­մաստն ալ այս է եւ «Յա­րու­թեան» ճշմար­տու­թիւ­նը Քրիս­տո­նէու­թեան հի՛մն է։

Ե­րու­սա­ղէ­մի ժո­ղո­վուր­դը երբ «ով­սան­նա՜»նե­րով կը դի­մա­ւո­րէին Քրիս­տո­սը, ա­նոնք ալ պա­հանջ­քը կը զգա­յին նո­րո­գուե­լու, սրբագ­րուե­լու, վե­րա­կանգ­նե­լու եւ գի­տէին, թէ Ան կա­րող էր ը­նել այդ ա­մէ­նը։

Բե­թա­նիա­ցի Ղա­զա­րո­սին հրա­շա­գործ յա­րու­թիւ­նը ա­պաց­նոյց մըն էր Ե­րու­սա­ղէ­մի ժո­ղո­վուր­դին՝ թէ Քրիս­տոս կա­րո­ղու­թիւն ու­նի այդ պատ­մա­կան-ա­ւե­տա­րա­նա­կան նո­րո­գու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու։

«Ծաղ­կա­զարդ»ը նո­րո­գու­թեան սկի՛զբն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015