ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

«Փառասիրութիւն»ը ախտ մըն է, որ թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ վնասներու պատճառ կ՚ըլլայ, եթէ ոչ մարմնական, բայց բարոյական վնասներ՝ որոնք աւելի անդարմանելի են քան՝ մարմնականները։

«Փառասէր» կամ «փառամոլ» մարդը փառքի մոլի եւ կամ չափազանց հետամուտ անձն է, որ կարծելով թէ փառքի արժանի է, կը տանջէ թէ՛ ինքզինք, եւ կը զբաղեցնէ եւ կը պարտադրէ իր շուրջիններուն, որ փառաբանեն զինք։ Այս իմաստով կատարեալ ինքնախաբէութիւն մըն է փառասիրութիւնը, քանի որ ան միայն երեւակայութիւններու արդիւնք է։ Արդէն իրական փառքի, փառաբանուելու արժանի մէկը երբե՛ք չի սպասեր որ փառաբանեն զինք ուրիշներ, քանի որ ան արդէն ինքնաբերաբար կ՚իրականանայ՝ կը փառաւորուի։

Ուստի մարդ ուրիշներէն կը սպասէ այն՝ ինչ որ իրեն կը պակսի՝ կարօտը եւ պահանջքը ունի անոր։ Ապա ուրեմն «փառասիրութիւն»ը կերպով մը խոստովանիլ եւ յայտնել կը նշանակէ, թէ ենթական չունի որեւէ արժէք փառաբանուելու արժանի եւ փառքը կը պակսի իրմէ։ Փառամոլ մարդը կարծես կը յայտարարէ իր շուրջիններուն՝ թէ փառքի եւ պատիւի արժանի չեն, բայց կ՚ուզէ այդպէս երեւիլ, եւ ուրեմն պէտք է որ իր շուրջինները փառք եւ պատիւ ընծայեն իրեն, որպէսզի իր պակասը լրացնեն…։ Արդարեւ փառքը պահանջելով ստանալ կարելի չէ, քանի որ ան անձին նկարագրէն կը բխի, ստացական վիճակ մը չէ, այլ՝ անձին իւրայատուկ կացութիւն մը, ինքնութեան մէկ մասը։

Ճոն Հենրի Նիուման կ՚ըսէ. «Հարստութիւնը օրուան մեծ աստուածութիւնն է. անոր է որ բազմութիւնը եւ մարդոց ամբողջ զանգուածը բնազդաբար յարգանք կը մատուցանեն։ Անոնք երջանկութիւնը կը կշռեն հարստութեան համեմատ եւ հարստութեան համեմատ ալ՝ կը կշռեն յարգելիութիւնը։ Այս ամէնը առաջ կու գայ այն համոզումէն, թէ հարստութեամբ մարդ ամենակարող կը դառնայ։ Հարստութիւնը ուրեմն օրուան մէկ կուռքն է եւ հռչակը՝ երկրորդ կուռքը։ Հռչակը, ճանչցուած ըլլալու իրողութիւնը եւ աշխարհը աղմկելը (ի՛նչ որ կարելի է կոչել մամուլի համբաւը), հասած է նկատուելու իբրեւ բարիք մը ինքն իր մէջ, գերակայ բարիք մը՝ առարկայ մը իսկական մեծարանքին»։ (Discourses addressed to Mixed Congregations, Saintliness the Standard of Christian Principle, 1966)։ Ուստի երջանկութիւնը չի կայանար հարստութեան կամ բարեկեցութեան մէջ. ո՛չ մարդկային փառքին կամ հզօրութեան մէջ, ոչ ալ մարդկային որեւէ գործի մը մէջ, որքան ալ օգտակար ըլլայ ան, ոչ ալ ո՛չ մէկ արարածի մէջ, այլ միա՛յն Աստուծոյ մէջ, որ է աղբիւր ամէն բարիքի եւ ամէն սիրոյ, ամէն փառքի։ Փառասիրութիւնը ներհակ է մարդկային բնաւորութեան, արժանապատուութեան եւ մանաւանդ մարդուն սկըզբ-նական կոչումի՛ն։

Արդարեւ, Աստուած կը դատապարտէ փառասիրութիւնը. «Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէսզի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ։ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադրեցան։ Անոր համար անոնց անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք» (ԾՆՆԴ. ԺԱ 7-9)։ (Ծանօթ.- «Բաբելոն» կը նշանակէ՝ խառնակութիւն)։

Եւ դարձեալ Եսայիի մարգարէութիւններու մէջ կը կարդանք. «Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն, ագարակ ագարակի վրայ կ՚աւելցնեն։ Մինչեւ որ տեղ չմնայ ու միայն դուք բնակիք երկրի վրայ» (ԵՍ. Ե 8)։ Այս տողերը ցոյց կու տան, թէ փառասիրութիւնը կը դատապարտուի Աստուծոյ կողմէ եւ փառասէր մարդիկ կը պատժուին ի վերջոյ։

Քրիստոս ալ կը դատապարտէ փառասիրութիւնը՝ որուն կը վկայէ Մատթէոս աւետարանիչ.

«Նոյն պահուն Յիսուսի աշակերտները մօտեցան իրեն եւ հարցուցին.- Մեզմէ ո՞վ է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղ կանգնեցնելով՝ ըսաւ.- Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ Եւ ով որ այսպիսի մանուկ մը իմ անունովս կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 1-5)։

Այն մանուկը՝ զոր Յիսուս գիրկը առաւ, աւանդութիւն մը կայ, թէ ան երբ մեծցաւ՝ առաքեալներուն հետեւեցաւ, եւ ի վերջոյ Անտիոքի եպիսկոպոս եղաւ, որ Սուրբ Իգնատիոս Աստուածազգեաց անունով ճանչցուած է։ Այս ալ ապացոյց մըն է ահաւասի՛կ, թէ՝ ան որ խոնարհ է կը բարձրանայ՝ մանուկի մը նման…։

Եւ դարձեալ Մատթէոս աւետարանիչ կը վկայէ. «Յիսուս բոլորն ալ իր մօտ կանչեց եւ ըսաւ.- Գիտցէք որ ազգերու իշխանները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ։ Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՏԹ. Ի 25-28)։

Նոյն իմաստով է նաեւ Մատթէոսի հետեւեալ համարները.- «Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ո՛վ որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 11-12)։

Սուրբերուն կենցաղին ալ ներհակ է փառասիրութիւնը, ինչպէս կը վկայէ Սաղմոսերգուն. «Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ չքալեցի։ Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի եւ հանգստացուցի իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է» (ՍԱՂՄ. ՃԼԱ 1-2)։

Փարիսեցիներ օրինակ են փառասիրութեան, ուստի փառասիրութենէ պէտք է փկրուիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 26, 2019, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019