ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, առածը կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս Աստուած է»։ Անշուշտ որ ո՛չ մէկ բան կարելի է համեմատել կամ նմանցնել Աստուծոյ, բայց «չափաւորութեան» կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը շեշտելու համար, թերեւս քիչ մը «չափազանցուած» առած մը պէտք է ընդունիլ այս խօսքը։
Արդարեւ, կեանքը արդէն դժուարութիւններով, նեղութիւններով, պրկումներով լեցուն ընթացք մըն է, եւ այս բոլորին վրայ աւելցնել «չափազանցութիւն»ներ, բարդութիւններ, կեանքը աւելի կը դժուարացնէ, նեղութիւնները կ՚աւելցնէ։
Թէեւ կեանքի մէջ նեղութիւնները բնական երեւոյթներ են, քանի որ կեանքը անվերջ «պայքար» մըն է, բայց նեղութիւնները հակակշռել մարդուն պարտականութի՛ւնն է։ Արդարեւ, քաջութիւն եւ զօրութիւն կը թեթեւցնեն եւ տանելի կ՚ընեն ամէն նեղութիւն եւ դժուարութիւն։
Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին եւ օգտակարին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն դիմադրելու, տոկալու եւ արգելքներուն յաղթելու, յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։
Զօրութեան կ՚ընկերակցի քաջութիւնը, որոնք բարձր կը բռնեն մարդուս տրամադրութիւնը եւ կերպով մը կ՚ապահովեն չափաւորութիւնը։
Զօրութեան առաքինութիւնը՝ համընթաց քաջութեան հետ, մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին։ Ան մարդս կարող կը դարձնէ ճակատելու, պայքարելու նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն։ Ուստի, մարդուս ամենամեծ եւ հիմնական վախն է մահուան վախը, որուն վրայ հիմնուած են միւս բոլոր վախերը՝ որոնց ենթակայ է մարդս։ Կեանքը վախերով լեցուն ընթացք մըն է, որուն հակաթոյնն է՝ քաջութիւնը, զօրութիւնը՝ որոնց միջոցը կամ գործիքն է՝ չափաւորութի՛ւնը։ Արդարեւ, հոն ուր կայ չափաւորութիւն, հոն կա՛յ ապահովութիւն։
Քաջութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր իսկ կեանքին՝ պաշտպանելու համար արդար դատ մը. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս Տէրն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։ Եւ Յիսուսի այն խօսքը, թէ նեղութիւնները անպակաս են աշխարհի վրայ, բայց պէտք է քա՛ջ ըլլալ. «Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուստի անխուսափելի են նեղութիւններ, դժուարութիւններ, փորձութիւններ կեանքի մէջ, բայց պէտք է տոկալ, պէտք է քա՛ջ ըլլալ, պէտք է տանիլ զանոնք քաջութեամբ՝ որ կ՚ենթադրէ ամէն բանի մէջ չափաւորութի՛ւն։
Չափաւորութիւն, արդարեւ, կը նշանակէ պարզութիւն, չտարուիլ հրապուրիչ փափաքներէ, զսպե՛լ ախորժակը, թոյլ չի տալ տիրապետութեան սրտի կիրքերուն, փափաքներու սահմանը լա՛ւ որոշել…։ Եւ այս կը նշանակէ հակակշռել փափաքները, զգաստութեամբ ապրիլ, արդարութեամբ վարուիլ եւ աստուածպաշտութեամբ կեանք վարել։
Չափաւորութիւնը որքան բարոյական, նո՛յնքան մարմնական արժէք մըն է մարդուս կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Յունական առած մըն ալ կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւն ամէն բանի մէջ»։ Մարդ մը որ արդէն պրկումէ յառաջ եկած տկար սիրտ մը ունի, պարտի գիտնալ, թէ իր մարմնոյն փլուզումը շատ մօտ է։
Ուստի կեանքի տեւողութեան խնդիրը լոկ մտաւոր խնդիր մըն է, որու լուծումը նոյն ինքն ենթակայէն կախում ունի։ Ան կրնայ իր բուժումը յառաջ տանիլ որեւէ եղանակի մէջ, որեւէ տեղ, առանց ծախքի, նոյնիսկ առանց իր աշխատութիւնը, իր գործը դադրեցնելու եւ կամ այլապէս ժամանակի կորստեան։ Միայն մէկ բանի կը կարօտի ան. չափաւորութեա՛ն, ողջմտաբար, գիտակցաբար ապրելու։
Արդարեւ, բացորոշ ճշմարտութիւն է, թէ յաճախ որեւէ հիւանդութենէ, որեւէ ցաւէ տառապող «ծեր» մը, տարիքոտ մարդ մը, երբ ողջմտութեամբ՝ չափաւորութեան պարտադրած սահմանին մէջ շարժի, աւելի լաւ կ՚ապրի, եւ ինչպէս կ՚ըսեն մասնագէտներ, աւելի երկար կ՚ապրի քան երիտասարդ մը, որ ինքզինք շուայտութեան տուած անկանոն կեանք մը կ՚ապրի…։
Մարդ մը որ «չափաւորութեան կանոն»ներուն համաձայն կ՚ապրի, ո՛չ միայն աւելի առողջութիւն կը վայելէ, այլ եւ օգտակար եւ զուարթաբարոյ, աւելի համակրելի եւ սիրուն կը թուի զինք շրջապատողներուն։
Շատ ճիշդ է այն ասացուածը, թէ «մարդ մը այնքան ծեր է, ո՛րքան որ ծեր են իր երակները»։
Տեղեկագրութիւնը եւ կատարուած փորձեր ցոյց կու տան, թէ չափաւորութեան «զէնք»ը եթէ ժրաջանօրէն ի գործ չի դրուի, շատեր զոհ պիտի երթան զանազան հիւանդութիւններու, եւ այդպէս զոհ գացողներուն մեծագոյն մասը պիտի կազմեն «երիտասարդ մարդիկ»՝ որոնք անխնայ նետած են ինքզինքնին գործի աշխարհին մէջ, ամբարելու գիտութիւն, դատողութիւն եւ փորձառութիւն, որպէսզի ապահովեն իրենց համար երկարակեաց եւ արդիւնաւոր կեանք մը՝ անոր միջոցով ի հանդէս բերելու իրենց կարողութիւնները։
Անշուշտ աշխատիլ, անշուշտ գործել, բայց ինչպէս ամէն բանի մէջ, աշխատութեան մէջ ալ անհրաժեշտ է չափաւորութիւնը։ Ուստի մարդ երբեմն կը կարծէ, թէ շատ բան շահած է, բայց հաշուի չ՚առներ, թէ այդ շահած կարծուածին փոխարէն ի՜նչ բաներ կորսնցուցած է՝ որոնց ամենակարեւորն է իր առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակը, որ կրնար գործածել աւելի արդիւնաւոր կերպով, բարեկամութիւններ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ, եւ այլն։
Անկարեւոր եւ անօգուտ մանրամասնութիւններէ վախնալու ընդունակութիւն մը յառաջ կու գայ ի վերջոյ անոնց մէջ, որոնք չափաւորութեան գիտակցութիւնը կորսնցուցած կ՚ապրին իրենց կեանքը. անոնք սաստիկ դիւրագրգռութիւն մը կ՚ունենան նաեւ ո՛չինչ համարուած բաներու առթիւ։
Այն որ չափաւորութեան մէջ կ՚ապրի, իրապէ՛ս կ՚ապրի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 25, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024