ԿԱՐԴԱԼԸ ՀԱՃՈՅՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Կարդալը անշուշտ որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուս, քանի որ մարդ բնական հետաքրքրութիւն մը ունի սորվելու, գիտնալու եւ տեղեկանալու։ Մարդուս այս ընդոծին պահանջքը ամենէն ազդու կերպով կը գոհացնէ ընթերցումը։ Այս իմաստով ընթերցումը՝ գիրք կարդալը հաճո՜յք մըն է մարդուս համար։ Բայց կրնան ըլլալ մարդիկ, որոնք չեն անդրադառնար այդ ընդաբոյս զգացումին, զանազան պատճառներով։ Ահաւասիկ այդ տեսակի մարդոց կարդալու պահանջքը, հաճոյքը զգացնել, այլ խօսքով՝ ընթերցումը հաճոյքի վերածելու համար աշխատիլ, մարդասիրական եւ մարդավայել շարժում մըն է։ Կարդալը հաճոյքի վերածելու համար ամէն ջանք, ամէն աշխատանք «բարեգործական արա՛րք» մըն է։ Այո՛, մարդս մարդուս պէտք է օգնէ, մարդիկ իրարու պակասը պէ՛տք է լրացնեն, բայց ասիկա միայն նիւթական իմաստով պէտք չէ՛ առնուի, այլ մտային եւ հոգեւոր թերութիւններ եւ տկարութիւններ ալ լրացնել ու զօրացնել՝ նո՛յնքան բարեգործութիւն է։
Եւ բարձր գնահատանքի արժանի են ամէն անոնք, որ այս զգացումը կ՚աւելցնեն մարդոց՝ որոնք արդէն բնական կերպով ունին իրենց մէջ։
Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանէ, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանէ, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէ, Արթուն Սրկ. Տամատեանէ, Սարվէն Դպիր Տանէէ եւ Արիս Քարաֆիլէ բաղկացած «Պատրիարքարանի Հրատարակութեան Յանձնախումբ»ը երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ եւ կարեւոր աշխատանք մը կը տանի՝ հրատարակութեան պատրաստելով բազմաթիւ պատմական-վաւերական գիրքեր՝ որոնք կը ճոխացնեն մեր համեստ գրադարանները։ Ամէն մէկը «գա՛նձ»ի արժէք ներկայացնող այս հրատարակութիւնները կը ճոխացնեն նաեւ մեր մտաւոր աշխարհը, ոմանք կ՚ազնուացնեն մեր հոգին եւ մեծ մասամբ գոհացում կու տան մեր սորվելու, ուսումնասիրելու, հետաքրքրուելու եւ տեղեկանալու ընդաբոյս պահանջքին։
Մեր սիրելի եւ հաւատարիմ բարեկամ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ազնուութիւնը կ՚ունենայ, ամէն անգամ մեզի յանձնելու այդ հրատարակութիւններէն օրինակներ՝ որոնցմով հպարտ կը զգամ ես ինքս, քանի որ ես ալ մաս կը կազմեմ -բարոյապէս եւ հոգեպէս- հոգեւոր ու մտաւոր աշխատանքի այդ պատուական աշխատաւորներու խումբին։
Եւ վստահ եմ, անոնք շատ մեծ, թանկագին, բարձր գնահատելի ծառայութիւն մը կը մատուցանեն ժողովուրդին, եւ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն պատմութեան նկատմամբ՝ հաւատարիմ մնալով իրենց հոգեմտաւորականի պատասխանատուութեանը գիտակցութեան եւ իրենց կոչումին մանաւա՛նդ…։
Իմ շատ սիրելի ընթերցող բարեկամներուս կը յանձնարարեմ ունենալ այդ հրատարակութիւններէն՝ որոնք իսկապէ՛ս պատմական-վաւերական մեծ արժէք կը ներկայացնեն։
Վերջին անգամ ունեցայ երեք հրատարակութիւններ, զորս, ինչպէս ըսի, մեծ հաճոյքով ստացայ։
Այս հրատարակութիւններէն մին է «Պատարագամատոյց»ը՝ որ մեծ մասամբ պատասխան պիտի ըլլայ հաւատացեալներու շփոթութիւններուն՝ որոնք կը փափաքին «մասնակի՛ց ըլլալ» Ս. Պատարագին։
Երկրորդ հրատարակութիւնը՝ իրապէս պատմական-վաւերական թանկարժէք հրատարակութիւն մը՝ Տրդատ Քահանայ Ուղուրլեանի «Կիւմշեան Ընտանիք»ը։ Անցեալին արժէք ընծայողներու, անցեալը որպէս հի՛մ ընդունողներու ներկային, եւ անցեալը խմորելով ներկային հետ՝ ապագան պատրաստելու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցողներու համար առի՛թ մը…։
Եւ երրորդը՝ Ստեփան Պօղոս Փափազեանի «Կենսագրութիւն Յարութիւն Պէզճեանի Ազգային Անզուգական Բարերարին» գործը՝ զոր թրքերէն լեզուի թարգմանած է իրաւաբան Սեդրակ Սրկ. Տաւութհան։
Շնորհակալութիւն բոլորին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2015, Իսթանպուլ