ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ կիրակի առաւօտ պր. Մարտիրոս սովորականէն շատ կանուխ ոտքի ելաւ: Արթննալ հագուիլն ու պատրաստուիլը եւ ապա դէպի փողոցի դուռ հասնիլը, գրեթէ մէկ եղաւ:

-Քա մարդ, ո՞ւր կ՚երթաս… այդպէս, այս ցուրտին.- յանկարծ կնոջ ձայնը խանգարեց սենեակին լռութիւնը:

Մարդը յանկարծակիի գալով, հակառակ կնոջը կրկնումներուն, նախ «ականջ» չկախեց ու երբ կը պատրաստուէր դուրս գալ, պատասխանեց բարձրաձայն ե՛ւ արագ, ե՛ւ նոյնքան ալ ջղային:

-Ե... կ... ե... ղ... ե... ց... ի... ի...:           

-Խէ՞ր է, անմիջապէս փոխադարձեց կինը:

-Այո՛, խէր է, սիրտս ուզեց, այս ալ արգիլուա՞ծ է, ըսաւ ու փողոցի դուռը բացաւ:

Զգալի էր, որ պր. Մարտիրոսի ձայնին մէջ որոշ եւ անժամանակ շեշտ մը կար:

-Քա՛ մարդ, դո՞ւն պիտի բանաս եկեղեցւոյ դուռը, համբերէ՛, ե՛ս ալ կու գամ: Հիմա հարսդ կամ փեսադ կու գան… մեզի ալ կը տանին…:

-Ո՛չ, կ՚ուշանամ,... ուրիշ անգամ,… ահա ե՛ս գացի.- ըսաւ կտրուկ եւ գործնական:

Խորքին մէջ պր. Մարտիրոս պատասխանելու սովորութիւն չունէր: Ընդհանրապէս իր շուրջ բարձրացած աղմուկը շուտով մոռացման ծովուն մէջ կը նետէր, միայն ուսերը վեր առնելով:

Անոր համար արագ մը ինկաւ փողոց: Սովորութեան համաձայն անցաւ մայթը, կտրեց յաջորդ փողոցը եւ ահա ինքզինք բերաւ հանրային «պասի» կայանը: Այսքան:

Իրեն համար այս վայրը բոլորովին անծանօթ տեղ մը չէր: Ինք, շաբաթը մէկ կամ նոյնիսկ երկու անգամ քաղաքամէջի հայ մեծ վաճառուտուն-շուկան երթալու համար, հոսկէ «կ՚առնէր» պասը ու ոչ միայն իրենց՝ այլ իր զաւակներու ընտանիքներուն ալ ամբողջ շաբթուան գնումները ընելէ ետք նոյն ձեւով ալ ծանր տոպրակներով բեռնաւորուած կը վերադառնար:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տարիներէ ի վեր այս շուկայի ճամբան գոց ըրած էր: Անոր համար այլեւս անծանօթ չէին այդ «պասերն» ու գրեթէ բոլոր վարորդները: Ամէն անգամ որ ինք վեր, փոխադրակառք բարձրանար, նախ իր անգլերէնովը վարորդին յարգանքով մը կր բարեւէր: Յետոյ տոմսակը ցոյց կու տար: Ապա եթէ իրեն «բարեկամ» կամ ծանօթ վարորդներէն մէկը ըլլար, անոր հետ կատակ մը ընելէ ու գրպանէն պզտիկ շաքար մը հանելով հրամցնելէ ետք, պարապ աթոռ մը, տեղ մը գտնելով կը նստէր, միշտ աչքերը պատահունէն դուրս յառած, անխօս եւ անշշուկ:

Պր. Մարտիրոս մեծ հայր էր: Կը սիրէր տալ, գուրգուրալ, գնահատել, վարձատրել: Շաքարը բոլորին համար էր, մեծին ու փոքրին, ծանօթին ու անծանօթին: Այս բոլորով հանդերձ սակայն ինք երբեք Կիրակի օրով չէր փորձած «պաս» նստիլ: Ու երբ կայանին աչքի զարնող ամայութիւնը տեսաւ, շատ զարմացաւ: Հաստատ էր, թէ ինք՝ «պասերու» կիրակնօրեայ ժամանակացոյցէն անտեղեակ էր: Կայանին աղտոտ, մրոտած եւ սեւցած ապակիին վրայէն փորձեց օրուան ժամանակացոյցը կարդալ եւ անմիջապէս փոսը ինկած մեծ աչքերուն տակէն իր ձեռքի ժամացոյցին նայեցաւ:

-Է՜հ, տակաւին շատ ժամանակ կայ, կը հասնի, ըսաւ մտովի:

Այդ օր, կայանին մէջ, պր. Մարտիրոս նախընտրեց ոտքի մնալ եւ չուզեց յաճախորդներուն յատուկ նեղ քարէ նստարանին նստիլ կամ մօտենալ: Իսկապէս մտազբաղ կ՚երեւէր: Ձեռքերը ետեւ տանելով, աչքերը միշտ դէպի «պասին» գալիք ճամբան՝ համբերութեամբ սպասեց:

Զարմանալի էր, չէ՞, որ տակաւին իրմէ զատ մարդ-յաճախորդ չկար: Իսկապէս որ զարմանալի: Տասը վայրկեան ետք փոխադրակառքը հասաւ, կայանին նման պաս-պարապ: Վարորդն ալ իրեն անծանօթ մէկը կ՚երեւէր: Ուստի, անխօս եւ անաղմուկ  փոխադրակառք բարձրացաւ, արագ մը բարեւեց եւ առաջին աթոռ մը գրաւելով նստաւ: Պր. Մարտիրոս երբեք այս դրութեան մէջ չէր եղած: Իրապէս բան մը զինք կը չարչարէր: Մտքին մէջ բազմաթիւ հոսանքներ կարծես տեսակ մը անծանօթ դիմադրութեամբ մը իրար կը բախէին:

Հաստատապէս խառնաշփոթ իրավիճակ: Անհանգստացնող մտահոգութիւն: Կարծես գլխուն մէջ հրաբուխ ըլլար: Յօնքերը յաճախ վեր վար կը ցատքէին: Զգալի էր, թէ ինք, իր նստած տեղը, մինակը անձայն կը խօսէր: Ճանապարհի բոլոր կայանները գրեթէ ամայի էին: Յաճախորդ չկար եւ եթէ կար՝ միայն մէկ կամ երկու հոգի: Ո՞ր խենթը այս ժամուն քաղաքամէջ կամ շուկայ պիտի երթար:

Կիրակի էր չէ՞: Կիրակի օր նոյնիսկ Աստուած հանգիստ կ՚ընէր: Բայց որո՞ւ հոգը: Ինք եկեղեցի կ՚երթար: Երկու շաբաթէ ի վեր միտքը դրած էր: Այս մէկը անցեալ կիրակի օր ալ ծրագրած էր, բայց օրուան տեղացող սաստիկ անձրեւին պատճառով, եկեղեցի երթալը յետաձգած էր:

Եկեղեցի կ՚երթար հոգեհանգիստ կարդալ տալու իր վաղեմի սիրելի ուսուցիչի յիշատակին, որ իրեն համար պարզ մարդ մը չէր եղած: Նախակրթարանի գրասեղաններու հայերէն լեզուի դասատուն՝ պր. Կարապետը, «մեծ մարդ մըն էր», որուն մասին, յաճախ իր շրջապատի խօսակիցներուն՝ իր «միտքը կոփող մեծ վարպետ» մակդիրով կը յիշատակէր:

Ինք, ամէն տարի, նոյն այս օրերուն, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, առանց շրջապատը խանգարելու եկեղեցի կու գար ու իբրեւ սրբազան եւ մեծ պարտականութիւն պր. Կարապետի հոգոյն հոգեհանգիստ կարդալ կու տար, անաղմուկ:

Այդ օր սակայն, այս աղմկոտ մեծ ինքնաշարժին դանդաղ ընթացքը, տարբեր շունչ տուած էր իրեն: Հազիւ իր տեղը նստած, նախ աչքերը դուրսէն ներս կեդրոնացուց: Քանի մը վայրկեան ետք տարիներու հեռաւորութենէն կարօտով ու լուսաւոր զգացումով մը բաներ մը յիշեց: Իսկապէս, որ աչքերը սկսած էին փայլիլ:

Գլխուն «հրաբուխը» հաստատապէս մարած էր: Այլեւս ռունգերէն մուխ չէր ելլեր: Եզակի եւ սակայն հաստատ ինքնագոհութիւն մը, ժպիտ գծած էր պր. Մարտորոսի դէմքին վրայ եւ անոր տուած տարբեր երանգ եւ գոյն:

Տակաւին երէկ գիշեր երազին մէջ հանդիպած էր իր հին ուսուցիչին: Ինչ ուրախութիւն եւ ինչ դիպուած: Թէեւ կեանքին մէջ, իրեն համար ճակատագրի դերը մեծ եղած էր, սակայն այս օտարութիւնը, այս հսկայ երկիրը, զինք իր ճանկերուն մէջ բռնած էր կարծես եւ ամէն վայրկեան պատրաստ՝ իր յուշելը լափելու եւ կամ կուլ տալու:

Ահա անհաւասար պաքար մը: Ինք կը հաւատար, որ իր տարիքի մարդիկ յիշուղութեամբ միայն կ՚ապրէին: Յուշեր ունենալն ալ ինքնին կը նշանակէր անցեալ ունենալ: Այսպէս թելադրած էր իր այդ ուսուցիչը: Անցեալը անբաժան մասնիկ մըն էր մարդու կեանքին, ինք կ՚արդարանար: Այս յայտարար նշան մըն էր, որ պր. Մարտիրոս կոչուած մարդը ապրուած կեանք մը ունեցած էր ու այդ ապրուածը, որոշ չափով կը պարտէր հայերէնի իր վաստակաշատ ուսուցիչին՝ պր. Կարապետին:

Աղուոր անկեղծութեան մը ծնունդն էին այս բոլորը: Թէեւ պարոնին ազգանունը մոռցած էր, սակայն հոգ չէր, կարեւորը զայն յիշելն էր: Հաստատ էր, թէ հիմա, գրեթէ ամայի այդ ինքնաշարժին մէջ, ինք մտովի տեղափոխուած էր ուրիշ շրջան, ուրիշ դար, որ միայն իրեն կը պատկանէր: Ինք իր ուսուցիչին հետ էր այդ կոտրտած պատուհաններով դասարանին եւ կամ փոշիոտ ու քարքարուտ բակին մէջ:

Սկիզբը կը կարծէր, որ այս ապրումներուն փոխանցումը իր շրջապատին համար վարակիչ եւ կամ օրինակելի կրնային ըլլալ: Անոր համար շուտով մը հաւատացած էր երջանկութեան: Բայց, ի տես շրջապատի անտարբերութեան եւ անոնց իւրաքանչիւրին ամէնօրեայ վազվզուքին, մէկ խօսքով սա երկրին արագավազ ու հեւքոտ կեանքին, իր անձնական այս համոզումը անշահախնդիր կերպով սառեցուցած էր, առանց վշտացնելու եւ վշտանալու: Ապա վերջը, իբրեւ փորձառու մարդ եւ մտածող միտք, ստիպուած կեանքը փնտռած էր իր տան պատերէն անդին:

Մեծ հայր ըլլալով՝ մեծ գուրգուրանքով մը նախ փնտռած էր իր թոռներուն իր շուրջ անոնց ամէնօրեայ ներկայութիւնը: Անոնց աչքերուն մէջ ինքզինք ուզած էր տեսնել: Անոնց անմեղ մանկութեան մէջ իրը փորձած էր յիշել:

Յիշողութիւն մը, որ թէ՛ ձիրք էր եւ թէ շնորհք: Տակաւին աւելին՝ իրեն համար ժամանակը նոյնն էր: Երէկ եւ այսօր ու նոյնիսկ վաղը, նոյն արեւը ծագած էր կամ պիտի ծագէր ու նոյնպէս ալ մայր պիտի մտնէր: Ու իբրեւ իր մտքի արեւը, իր թոռներէն ետք, հայերէն լեզուի իր տարեց ուսուցիչը միայն մնացած էր: Ան էր, որ ժամանակի անեզրութեան քաջածանօթ ըլլալով կը շարունակէր իրեն հետ եւ իրեն համար ապրիլ:

Եկեղեցի կ՚երթար: Այս հսկայ երկրին մէջ, նոյնիսկ իր տունէն սկսեալ, հաւատքն ու հաւատացեալը այնքան ալ իրարու մօտ չէին: Եթէ էին, պարզապէս մակերեսային երեւոյթ էր, նոյնքան ալ ձեւական էր եւ ոչ տպաւորիչ: Իր կարծիքով՝ այս բոլորին պատճառը մարդոց իրենք զիրենք եկեղեցիէն մեկուսացումն էր: Մարդիկ, որոնք գրեթէ անմարդկային ալ դարձած էին իրենց Աստուծոյն մօտ, անոր համար եկեղեցի չէին ուզեր երթալ: Շատ քիչեր միայն ձեւով մը հաւատարիմ էին կրօնական աւանդութիւններուն:

Շատ քիչեր: Ու ինք այս վերջին խումբին կը պատկանէր: Իրեն համար այսօր առաջնահերթ ու էական էր, եկեղեցի երթար ու աղօթք մը «ըսել» տալ այն մարդուն յիշատակին՝ որ իր կեանքի պատմութեան վրայ լոյս սփռած էր:

Իր ուսուցիչը, վարժապետը, հայերէնի պարոնը: Մէկը, որ իր հոգին դէպի գիրքերը առաջնորդած էր, միաժամանակ սերունդներ դէպի հարթ ճանապարհ, դէպի լոյս առաջնորդած, անխոնջ եւ անձայն: Ինք հիմա այդ աղմկոտ ինքնաշարժին մէջ, մինակը կ՚ապրէր այդ լոյսի ուրախութիւնը: Ատոր համար հպարտ էր: Կրկին յիշեց իր կանաչ օրերը: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան լողալ: Մտածումները քանի մը անգամներ օրօրուեցան գլխուն մէջ: Այն մտածումները, որոնք սառած յուշերուն ձիւնհալը բերած էին: Յանկարծ վարորդին իր նախընտրած կայանի անուան յիշեցումը, զինք իր մտածումներէն անջատեց:

Իջաւ վար եւ աճապանաքով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ թաղը:  Պր. Մարտիրոսի հայ ուսուցիչի առաքելութեան հաւատքէն թելադրուած՝ ուսուցիչ պր. Կարապետ այս տարի եւս ալ հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի յիշատակուէր:

Հաստատապէս նոր լոյս մը սփռուած էր իր կեանքի պատմութեան էջերուն վրայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021