«ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Պայքարի ոգիով տոգորուած երիտասարդութիւնը, որոնց պիտի յանձնենք մեր ապագան ու հայրենիքը, մեր պատմութեան ու հայրենիքին մասին գրեթէ ո՛չ մէկ բան գիտեն: Այս համոզումս աւելի հաստատուեցաւ, երբ նկատեցի, թէ համալսարանաւարտ երիտասարդ մը ոչ միայն չի գիտեր «Մեր Հայրենիք»ին հեղինակին ով ըլլալը, ալ նոյնիսկ չի գիտեր, թէ «Մեր Հայրենիք ազատ անկախ» ըլլալէն առաջ եղած է «Մեր Հայրենիք թշուառ, անտէր»՝ գրուած Միքայէլ Նալպանտեանի կողմէ, «Իտալացի աղջկայ երգը» խորագրով:

Նկատի ունենալով, որ այս տարրական գիտելիքները անծանօթ են երիտասարդութեան մեծամասնութեան, այսօրուան մեր յօդուածին նիւթ կ՚ընտրենք «Մեր Հայրենիք»ն ու անոր պատմութիւնը:

Միքայէլ Նալպանտեան «Իտալացի աղջկայ երգը» բանաստեղծութիւնը գրած է 1859 թուականին, եւ առաջին անգամ հրատարակուած է «Հիւսիսափայլ» թերթին (1861, ամսատետր 11) մէջ. այս բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ որպէս երգ հնչած է 15 մարտ 1885 թուականին, Թիֆլիզի «Արծրունի» թատրոնին մէջ կայացած առաջին քառաձայն համերգի ընթացքին՝ որպէս առաջին երգ: Ետքը բանաստեղծութիւնը արժանացած է երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի մշակումին եւ այդ մէկը որպէս Հայաստանի Ազգային օրհներգ ընդունուած է 1 յուլիս 1991 թուականին: Մինչեւ այդ թուականը Հայաստանի մէջ որպէս օրհներգ ընդունուած էր բանաստեղծ Սարմէնի (Արմենակ Սարգիսեան) հեղինակած «Սովետական ազատ աշխարհ Հայաստան»ը, որուն երաժշտահանն էր յայտնի երաժիշտ Արամ Խաչատրեանը:

Միքայէլ Նալպանտեանի գրած «Իտալացի աղջկայ երգը» բանաստեղծութիւնը հիմնականին մէջ կը բաղկանայ 18 տուներէ, որմէ վերցուած են չորս տուներ: Միքայէլ Նալպանտեանի բանաստեղծութեան վրայ սակայն կատարուած են երկու հիմնական փոփոխութիւններ.-

Ա.- «Մեր Հայրենիք, թշուառ, անտէր»ը վերածուած է «Մեր Հայրենիք ազատ անկախ»ի:

Բ.- «Նայիր նրան երեք գոյնով» տունը Նալպանտեան գրած է հետեւեալ ձեւով.- «Թո՛ղ փողփողի թշնամու դէմ, Թո՛ղ կործանուի Աւստրիան»: Վերջին տողը վերածուած է «թո՛ղ միշտ պանծայ Հայաստան»ի:

***

Իրականութեան մէջ Նալպանտեանի գրած «Իտալացի աղջկայ երգը» իտալացի ժողովուրդին եւ մանաւանդ անոնց կանանց համար գրուած գովք մըն է. գովքն է, թէ ինչպէս իտալացիք իրենց թշուառ հայրենիքին տէր կը կանգնին եւ այդ զգացումը Նալպանտեան կ՚արտայայտէ հետեւեալ տողերով.- «Սորա կէսը, կէսի կէսը, Գէթ երեւէր մեր ազգում»:

Որոշ երկար ժամանակ գոյութիւն ունէր այն կարծիքը, որ Նալպանտեան այս բանաստեղծութիւնը ոչ թէ գրած, այլ թարգմանած է իտալերէնէ. այս համոզումը հաստատուած էր թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ խորագիրին վրայ, որովհետեւ իտալացի աղջկայ մը երգն էր գրուածը եւ ո՛չ հայու: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու այն իրողութիւնը, որ Միքայէլ Նալպանտեան 1861 թուականին դարմանումի համար կը գտնուէր Եւրոպա, ուր կ՚ընթերցէր ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն թերթեր:

Սակայն պէտք է ուսումնասիրել, թէ ինչո՞ւ համար Նալպանտեան այդ բանաստեղծութիւնը կը կոչէ «Իտալացի աղջկայ երգը».- օր մը Նալպանտեանի ձեռքը կ՚անցնի իտալերէն լրագիր մը, նուիրուած Իտալական ազատագրական պատերազմին եւ անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ այդտեղ գրանցուած մի քանի վկայութիւններ.- Նալպանտեան այդտեղ կը կարդայ զինուորի մը վկայութիւնը, թէ ինք սկզբնական շրջանին չէր սիրեր իր հայրենիքը եւ չէր հասկնար ազատութեան պահանջին ինչ ըլլալը, սակայն իր քոյրը ձեռագործ դրօշ մը հիւսելով կը յաջողի իր եղբօր մէջ վառել ազատութեան կրակը եւ զինք մարտի դաշտ ղրկել. կռիւներու ընթացքին երիտասարդը կը կորսնցնէ իր մէկ ոտքը, սակայն ուրախութեամբ կը տանի այդ կորուստը, որովհետեւ իր պարտքը կատարած կը համարէ հայրենիքին հանդէպ:

Զինուորէն աւելի Նալպանտեանի ուշադրութիւնը կը գրաւէ քրոջ հայրենասիրութեան ոգին եւ այդ իտալացի աղջիկը կը փորձէ համեմատել մեր կիներուն հետ եւ կը գրէ.-

«Բայց մեր կանայք - ո՜ւր Եղիշէ,
Ո՜ւր մեր տիկնայք փափկասուն»:

Հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ, թէ այստեղ ի՞նչ գործ ունի Եղիշէն. Եղիշէ պատմիչ իր պատմութեան մէջ տեղ տալով հայ կանանց կը գրէ.- «մոռացած զկանացի տկարութիւն եւ եղեն արուք առաքինի ի հոգեւոր պատերազմին». Նալպանտեան կ՚ողբայ պակասը նման կանանց: Այլ խօսքով, Նալպանտեան կը փոխանցէ այն համոզումը, որ քաջարի երիտասարդներ ունենալը բաւարար չէ՛ պայքար մը մղելու համար, այլ իտալացի աղջիկին նման աղջիկներու կարիքը կայ՝ որ վախի փոխարէն հայրենասիրութիւն սերմանեն իրենց եղբայրներուն սիրտերուն մէջ: Նալպանտեան համոզուած կը գրէ, թէ թշուառ չէ այն ազգը՝ որ իտալացի աղջկան նման զաւակներ ունի եւ ան իր բանաստեղծութիւնը կը վերջացնէ հետեւեալ տողով.-

«Չէ՛ թշուառ չէ՛ Իտալիան,
Եթէ կանայք այսպէս են»:

Եւ գուցէ այս պատճառով բանաստեղծութիւնը սկիզբ կ՚առնէ «Մեր հայրենիք թշուառ անտէր»ով, որովհետեւ մեր կանայք փաստօրէն «այդպէս չեն»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -228-

Օր մը աշակերտ մը Լիբանանի ազգային դպրոցներէն մէկուն մէջ հարց կու տայ կրօնի ուսուցիչին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Տապանակ Ուխտի»: Ուսուցիչը փոխանակ հարցումին պատասխանը պրպտելու ինքնավստահ ձեւով կը բացատրէ, թէ «Տապանակ Ուխտ»ին մեծ գիրք մըն է, որ մինչեւ օրս Իսրայէլի մէջ կը գործածուի:

Վստահ եղէք, որ մեր ուսուցիչները վերաորակաւորման լո՛ւրջ կարիքը ունին՝ մանաւանդ անոնք, որոնք տակաւին Տէր Թոդիկի մթնոլորտով կ՚ապրին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023