ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

29 Մա­յիս, Կի­րա­կի, Սուրբ Էջ­միած­նի Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօնն է։ Այ­սօր Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ Սուրբ Էջ­միած­նի Կա­թո­ղի­կէ Մայր Տա­ճա­րի հիմ­նադ­րու­թեան տօ­նը՝ որ­պէս խորհր­դա­նիշ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի փա­ռա­ւոր տե­սիլ­քին։ Ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ կող­մէ Սուրբ Լու­սա­ւոր­չին շնոր­հուած փա­ռա­ւոր տե­սիլ­քը ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ մըն է Հայ Ե­կե­ղե­ցիի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ։

Ինչ­պէս Հո­գե­գա­լուս­տը Սուրբ Հո­գիով լե­ցուց վեր­նա­տան բո­լոր ա­ռա­քեալ­նե­րու էու­թիւ­նը, ա՛յն­պէս ալ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի հրա­շա­լի՜ տե­սիլ­քը Սուրբ Հո­գիով լե­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ որ­պէս­զի այդ շնոր­հով Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին ամ­րա­պէս խարս­խուի Սուրբ Էջ­միա­ծի­նով, եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նի իբ­րեւ իր պե­տու­թեան եւ երկ­րի կրօ­նը։

Նա­խըն­թաց օր, Շա­բաթ, յի­շա­տա­կի օրն է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի՝ Խոր Վի­րա­պի բան­տէն դուրս գա­լու եւ միա­ժա­մա­նակ ա­նոր կա­տա­րած հրա՜շք բժշկու­թեան։

Եւ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ՝ այս հրա­շա­լի՜ դէպ­քը իր լրու­մին կը հաս­նի Սուրբ Լու­սա­ւոր­չի եւս հրա­շա­լի՜ տե­սիլ­քով։

Հա­յոց Տրդատ Գ թա­գա­ւո­րը իր կա­տա­րած ա­նօ­րէ­նու­թիւն­նե­րու եւ մեղ­քե­րու պատ­ճա­ռով ա­նա­սու­նի կեր­պա­րանք ստա­ցած էր։ Օր մը իր քոյ­րը՝ Խոս­րո­վա­դուխտ, տե­սիլք մը տե­սաւ՝ որ կրկնուե­ցաւ յա­ջոր­դա­բար։ Այդ տե­սիլ­քին հա­մա­ձայն՝ միա՛յն Ար­տա­շա­տի բան­տին մէջ բան­տար­կուած Գրի­գո­րը կրնար բժշկել հի­ւանդ ար­քան։ Տրդատ ար­քան, հո­գե­կան ներ­քին տուայ­տանք­նե­րէ ա­լե­կոծ՝ Ե­րասխ գե­տի ա­փե­րուն՝ հո­գեխ­ռով կը թա­ւա­լուէր ճահ­ճուտ­նե­րու մէջ։ Ուս­տի Գրի­գո­րը փնտռե­լու հա­մար Օ­տա իշ­խա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ու­ղար­կուե­ցան Ար­տա­շատ։

Ար­տա­շա­տի բան­տի բան­տա­պե­տը եւ պա­հակ­նե­րը կաս­կած յայտ­նե­ցին Գրի­գո­րի կեն­դա­նու­թեան մա­սին։ Սա­կայն ա­նոնց կաս­կա­ծը փա­րա­տուե­ցաւ երբ գու­բի մէջ ի­ջե­ցուած պա­րա­նը շար­ժուե­ցաւ։

Գրի­գոր կ՚ապ­րէր։ Ուս­տի գու­բէն հա­նե­ցին զայն, հա­գուստ­ներ հագ­ցու­ցին եւ բե­րին Վա­ղար­շա­պատ։ Շուրջ տաս­նե­րեք տա­րի, որ­պէս մա­հա­պարտ, ան մնա­ցեր էր Խոր Վի­րա­պին մէջ։ Գրա­ւոր վկա­յու­թեան մը հա­մա­ձայն, ա­մէն օր ա­նոր հաց մը կը բե­րէր եւ փարչ մը ջուր կու տար Աս­տու­ծոյ հրեշ­տա­կը՝ պա­ռաւ կնոջ կեր­պա­րան­քով։ Աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թեամբ Գրի­գո­րը ո՛ղջ էր մնա­ցած։

Ա­հա­ւա­սի՛կ, Աս­տու­ծոյ կա­տա­րած մե­ծա­գոյն հրաշք­նե­րէն մէ­կը՝ ըստ գրա­ւոր յի­շա­տա­կու­թեան։

Իսկ երկ­րորդ եւ կա­րե­ւոր հրաշ­քը՝ ա­նաս­նա­կերպ հի­ւանդ ար­քա­յի՝ Տրդա­տի բժշկո՛ւմն էր։ Գրի­գոր, իր հա­ւա՛տ­քով բժշկեց ար­քան, ա­պա Սուրբ Հո­գիով մկրտեց ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը եւ բո­լոր ի­րեն հա­ւա­տա­ցող­նե­րը։

Ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քը, ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով ար­քա­յին ա­պա­քին­ման հրաշ­քին, դար­ձի ե­կաւ հե­թա­նո­սու­թե­նէ, դար­ձաւ քրիս­տո­նեայ՝ մկրտուե­լով Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի կող­մէ։

Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ, գու­բէն ա­զա­տուե­լէն յե­տոյ, քա­րոզ­չա­կան մեծ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ա­մէ­նուր քա­րո­զու­թիւն­ներ սկսան։ Լու­սա­ւոր­չա­կան աշ­խա­տան­քը չմնաց միայն պա­լա­տի շրջա­պա­տին մէջ, այլ ընդգր­կեց ժո­ղովր­դա­կան լայն խա­ւե­րը։ Աս­տու­ծոյ նկատ­մամբ հա­ւա­տը, քրիս­տո­նէու­թեան լոյ­սը տա­րա­ծուե­ցաւ հա­յոց աշ­խար­հին մէջ եւ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս։

Սա­կայն Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մեծ ե­րազ մը ու­նէր՝ մեծ ի՛ղձ մը։

Եւ այդ իղ­ձը եւս աս­տուա­ծա­յին հրա­շա­գեղ տե­սիլ­քով շնոր­հուե­ցաւ Սուրբ Լու­սա­ւոր­չին։

Ան ա­մէն գի­շեր դուրս կու գար պա­լա­տի սահ­ման­նե­րէն եւ այ­գի­նե­րու մէջ, հնձան­նե­րու մօտ ծուն­կի կու գար եւ կ՚ա­ղօ­թէր Աս­տու­ծոյ։ Այդ ա­ղօթք­նե­րով Լու­սա­ւո­րիչ, ո՛չ միայն ե­րախ­տի­քի խօս­քեր կ՚ուղ­ղէր Աս­տու­ծոյ՝ զինք մա­հուան գու­բէն փրկած ըլ­լա­լուն հա­մար, ո՛չ միայն Հռիփ­սի­մեանց եւ Գա­յա­նեանց ան­մեղ եւ մա­քուր հո­գի­նե­րուն լու­սա­ւոր­ման թա­խան­ձան­քով կը դի­մէր, այլ նաեւ ու­րիշ խնդրանք մը կը յղէր եր­կինք։

Այդ իղ­ձը, ո­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար յա­րա­տեւ եւ ան­ձան­ձիր կ՚ա­ղօ­թէր, զԱս­տուած տես­նե­լու փա­փա­քը եւ խնդրանքն էր, տէ՛նչն էր, կա­րօտն էր սուր­բի հո­գիին, որ իր զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով եւ տա­ռա­պանք­նե­րով լե­ցուն ճա­նա­պար­հով, ան­նիւ­թա­կան, հո­գե­ւոր բնոյթ ստա­ցած էր։ Աս­տուած, ան­սա­լով սուր­բին թա­խան­ձանք­նե­րուն, ան­կեղծ ա­ղեր­սանք­նե­րուն՝ ար­ժա­նա­ցուց զայն Աս­տուա­ծոր­դիի ե­րեւ­ման փա­ռա­ւոր տե­սիլ­քին։

Եւ օր մը, ինչ­պէս կը վկա­յեն Ա­գա­թան­գե­ղոս եւ Բիւ­զանդ պատ­միչ­նե­րը, կէս գի­շե­րէն յե­տոյ, երբ աս­տե­ղը սկսած էին հետզ­հե­տէ նուա­ղիլ, ա­ղօ­տա­նալ եւ մա­րիլ, եր­կին­քի դռ­­նե­րը բա­ցուե­ցան, եւ այն­տե­ղէն «աս­տուա­ծա­յին լոյս»ը յոր­դե­ցաւ ու տա­րա­ծուե­ցաւ դէ­պի հա­յոց աշ­խարհ, դէ­պի Վա­ղար­շա­պատ քա­ղաք։ Եւ այդ «Լոյս»ին մէջ՝ Ի՛ն­քը՝ Յի­սուս Քրիս­տոս, ոս­կե­շող մուր­ճը ձեռ­քին՝ ի­ջաւ եր­կին­քէն եր­կիր՝ Ա­րա­րատ լե­րան ստո­րո­տը, ուղ­ղա­կի այն վայ­րը՝ ուր այ­սօր կը կանգ­նի Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րը։

«Սուրբ Էջ­միած­նի տօն»ը Հո­գե­գալս­տեան երկ­րորդ շա­բա­թը կը կո­չուի «Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի տօն», քա­նի որ այս շա­բաթ կը տօ­նուին հա­յոց նուի­րա­կան տօ­նե­րէն մի քա­նին՝ Եր­կու­շաբ­թի Հռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու տօ­նը, Ե­րեք­շաբ­թի՝ Գա­յա­նեանց կոյ­սե­րու, Հինգ­շաբ­թի՝ Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տի եւ Ա­թա­նա­գի­նէս Ե­պիս­կո­պո­սի տօ­նը, ո­րոնց նշխար­նե­րը Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ զե­տե­ղեց Տա­րօն գա­ւա­ռի Մուշ գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ՝ իր կա­ռու­ցած ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Կի­րա­կի՝ 29 Մա­յի­սին Սուրբ Էջ­միած­նի տօնն է։

Ուս­տի վե­րո­յի­շեալ սուր­բեր հաս­տատ հի­մե­րը ե­ղան Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիին։

Եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ա­նոնց տօ­նե­րը կը նա­խոր­դեն «Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի տօն»ին, որ կար­գած է հո­գե­կիր եւ ա­ռա­քե­լաշ­նորհ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը՝ Վի­րա­պէն ել­լե­լէն յե­տոյ։

Վեր­ջա­պէս երբ կ՚ը­սենք «Կա­թո­ղի­կէ», Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին հա­մար, հոս «կա­թո­ղի­կէ» կը նշա­նա­կէ՝ «գա­հա­նիստ կամ մայր ե­կե­ղե­ցի» եւ նաեւ «գմբէթ», այ­սինքն՝ գո­գա­ւոր ու կա­մա­րա­ձեւ տա­նիք, ինչ­պէս՝ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 24, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016