ՃԱՐՊԻԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
«Ճարպիկութիւն»ը հնարագէտ, վարժ, ճկուն ըլլալու յատկութիւն մըն է, որ արժէք կը ներկայացնէ երբ կը միանայ ամուր նկարագրի մը հետ, եթէ ոչ՝ առանց նկարագրի ճարպիկ մարդը կը դառնայ ստահակի մը՝ ըմբոստ ինքնահաւանի մը։ Ուստի ճարպիկութեան յատկութիւնը արժէք կը ստանայ, երբ ան մարդկութեան ի նպաստ, բարի գործերու համար գործածուի եւ ծառայէ մարդոց իրենց կարօտութիւններուն, թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն բարելաւման, մարդոց օգտին համար։
Ճարպիկ է այն մարդը՝ որ հոգ կը տանի իր շուրջիններուն, իր մերձաւորներուն եւ կարելի եղած չափով համայն մարդկութեան։ Արդարեւ, ի՞նչ կ՚արժէ ճարպիկ մարդ մը՝ որուն նկարագիրը տկար է՝ անվստահելի եւ փոփոխակա՛ն։ Ամուր, հաստատ նկարագիրն է որ ճարպիկութեան արժէք կու տայ եւ առաքինութեան կը վերածէ այդ յատկութիւնը։
Մարդուս կեանքին մէջ միակողմանի աճումը բարիք չէ՛, այլ՝ չարի՛ք։ Այս ուղղութեամբ, ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է «Աստուծոյ վախ»ը, խիղճը, տկարամիտ եւ տհաս կը մնան։ Ուրիշներ՝ նիւթականով, դրամով կը հարստանան եւ սակայն «հոգիով աղքատ» կը մնան։ Ուստի «արտաքին մարդ»ը եւ «ներքին մարդ»ը պէտք է համընթաց եւ համաձայն ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ մարմնաւորը ներդաշնակել հոգեւորին եւ մտաւորին հետ։ Արդէն, ընդհանրապէս առաքինի է այն մարդը՝ որ իր մէջ ներդաշնակուած են մարմինը, հոգին եւ միտքը։ Արդարեւ «մարդ» էակը ամբողջ մը կը կազմէ մարմինով, հոգիով եւ միտքով։
«Ճարպիկութիւնը առանց նկարագրի, կրնայ մարդս ստահակ մը միան ընել», ըսինք. միւս կողմէ, ան որ միայն ի՛ր հոգւոյն փրկութիւնը կը փնտռէ, առանց որեւէ պատասխանատուութեան զգացումի, առանց պատասխանատուութեան գիտակցութեան իր պատկանած ընկերութեան հանդէպ, անձնասիրութեան կատարեալ տիպա՛ր մը կը հանդիսանայ եւ ինքնակեդրոն կեանք մը կ՚ապրի, որ նողկալի է թէ՛ մարդոց եւ թէ՛ Աստուծոյ։ Աստուծոյ նողկալի է, քանի որ ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, Աստուած ստեղծեց մարդը, իրերօգնութեան կոչելով զայն իր նմաններուն հետ։ Այս իմաստով մարդ ընկերային կեանք ապրելու կոչուած է՝ ուր իւրաքանչիւր անհատ կը զօրացնէ իր նմանին տկարութիւնը եւ կը լրացնէ անոր թերութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ ընկերութեան մէջ ամէն մէկ անհատ կ՚ամբողջացնէ թերութիւնները եւ կը ծառայէ կատարելութեան իրականացման։ Ուստի մա՛րդ ինքնաբաւ չէ, ան որքան ալ զօրաւոր, անթերի եւ «ճարպիկ» կարծէ ինքզինք։
Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, «Քրիստոնեայ» ըլլալ կը նշանակէ ներդաշնակուած, հաւասարակշռուած եւ չափաւոր կեանք մը ունենալ - միայն ապրիլ, միայն «կատարեալ» եւ «բանաւոր կենդանի» մը չըլլալ, այլ՝ «աստուածային շնորհքով լեցուած էակ» մը ըլլա՛լ։ Աստուած, մարդը ստեղծեց Ի՛ր պատկերովը եւ Իրեն նմանութեամբ, այսինքն, օժտեց զայն բանականութեամբ, իմաստութեամբ, սիրով եւ բազմապիսի բարձր կարողութիւններով, որոնք պէտք է որ հետզհետէ աճին, զարգանան՝ մշակուին՝ իւրաքանչիւրը իր պահանջած չափովը, որպէսզի այդ «պատկեր»ը եւ «նմանութիւն»ը չեղծուի, այլ՝ իր հարազատութեամբը պահուի, պահպանուի։
Մարդկութեան այսօրուան քաղաքակրթութիւնը «միակողմանի» զարգացումը կը քաջալերէ. մարդուս արժէքը կը տեսնէ իր իմացականութեան մէջ, իր գիտութեան մէջ մէկ կողմէն, եւ միւս կողմէն՝ իր նիւթական ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ իր շահելու, դիզելու, աւելին ունենալու կարողութեան մէջ։ Մերօրեայ մարդը, ընդհանրապէս հոգին կ՚անտեսէ, այսօրուան «քաղաքակիրթ մարդ»ը նկատի չ՚առներ հոգին, եւ հոգիին հետ կապուած՝ ամէն տեսակ տեսական արժէք եւ ստորոգելիք։ Ան իրաւ իրաւ «շահած է աշխարհ»ը, բայց կորսնցուցած է իր «հոգի»ն, եւ Տիրոջ կշիռովը կորուստը անհունօրէն աւելի մեծ է քան շահը, եթէ նոյնիսկ շահուն կողմը «աշխարհ» ըլլայ իր ամբողջական պարունակութեամբը։ (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26)։ Եւ մարդ երբեմն կը կորսնցնէ՝ կարծելով թէ շահա՛ծ է…։
Քաղաքակիրթ աշխարհը արեւէն տոչորած, չորցած խոտերու նման՝ անշահ եւ անօգուտ «ապրիլ» կը փորձէ։
Ունեցածին առատութիւնը «աղէտ» մը եղած է իրեն, եւ դեռ անգիտակից է այդ աղէտին դժբախտաբար։
Հոգին ծարաւի է երբ միտքը գիտութեան արեւին մէջ կը լողայ։ Անշո՛ւշտ գիտութիւն պէտք է, բայց Քրիստոս եւս անհրաժեշտութի՛ւն մըն է մարդուս հոգեկան կեանքին մէջ, հոգիին աճման համար։ Եթէ մենք միայն «մարմին»ին մէջ ապրելու եւ մեռնելու «ճակատագրուած» ըլլայինք, մեր քաղաքակրթութեան դէմ բողոք կամ գանգատ պիտի չունենայինք, բայց «ճակատագիր»ը՝ որ աստուածային ստեղծագործութեան ծրագրին մէկ գործադրութիւնն է, յաւիտենականութեան կնիքը ունի, մարդ անմահութեան եւ երկնային երանութեան կոչուած է եւ այդ «ծրագիր»ին կարեւորագոյն մասն է։ Եւ երբ մարմինը հոս թողունք, «անմահ» հոգի մը ունինք յաւիտենականութեան համար։
Այդ անմահ հոգին կարելի՞ է միթէ ծարաւի ձգել եւ չորցնել եւ յաւիտենականութիւնը փոխանակել ժամանակաւորին՝ անցաւորին, այսինքն մարմնաւորին հետ։
Կ՚արժէ խորհիլ այս մասին սիրելի՜ բարեկամներ, եւ կ՚արժէ լրջօրէն խորհիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 21, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024