ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ «ԿԾՈՒ ԽՕՍՔԵՐ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՍՑԷԱՏԷՐ ՉՈՒՆԻ՞
1963-ին Դանիէլ Վարուժանի զաւակները՝ տիկին Վերոնիկ Վարուժան-Սաֆրազեանը, ինչպէս նաեւ Արմէն եւ Հայկակ Վարուժանները, իրենց հօրը բոլոր նամակները յանձնեցին Հայաստանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: Վերջինս, իր կարգին, զանոնք լոյս ընծայեց երկու տարի ետք՝ 1965-ին, աշխատասիրութեամբ Գոհար Ազնաւուրեանի:
Հոն կայ նամակ մը՝ խորագրուած «Կծու խօսքեր»՝ ուղղուած անյայտ բանաստեղծի մը, որ Վարուժանէն ներբող մը կ՚ակնկալէ իր «գլուխ գործոց» քերթուածներուն համար: Պարզ է, որ այդ «գլուխ գործոցներուն» հեղինակը բոլորովին անտաղանդ, փառասէր ու ինքնահաւան ոտանաւորչի մըն է:
Ահաւասիկ այդ նշանաւոր նամակը, որ ունեցած է մի քանի հրատարակութիւն, ըլլայ այդ տարբեր հանդէսներու կամ Վարուժանի «Ամբողջական երկեր»ուն մէջ՝
Քերթո՛ղ,
Ընդունեցայ Ձեր գրքոյկը: Շնորհակալութիւն: Յատուկ նամակով մը կ՚ըսէք. «Յուսամ՝ քանի մը ներբողներ կը հիւսէք հրատարակութեանս շուրջ Ձեր ընտրած թերթին մէջ»: Այս նորօրինակ մուրացկանութիւն մըն է, պարո՛ն: Ես դափնիի վաճառական չեմ. դափնին, երբ բոլորուի ճակատի մը շուրջ, պէտք է միշտ ուռճանայ անոր ըղեղին հոյզով: Բայց ներեցէք ըսել, թէ Ձեր ըղեղը ամէն ինչ ունի, բայց կենսաւորող հոյզ՝ ամենեւին. երկրորդ օրն իսկ դափնիին տերեւները չորցած պիտի թափթփին Ձեր ճակատն ի վար, ափսո՜ս: Ձեր գիրքը Ձեզի համար կաւէ արձան մը միայն կրնայ ապահովել. ի՞նչ կայ անոր մէջ ներբողուելու արժանի,- բառերու կուտակո՞ւմը, թէ՞ խժալուր ածականներու արշաւանքը: Կան իմաստներ, որ դաստակիս պէս տափակցած են, եւ կան պատկերներ, զոր չարշըճիներն իսկ կը գործածեն ամէն օր, երբ գետնախնձորի կամ լուբիայի սակարկութիւն մը ընեն: Բայց նշմարեցի Ձեր գրքին մէջ քանի մը գեղեցկութիւններ, որոնց կանգունը վաթսուն փարանոց պասմաներուն կը նմանին. ապահով եղէք, պարոնս, գոյներնին պիտի նետեն անոնք զօրաւոր արեգակի մը տակ, կամ եթէ երբեք գրադատութիւնը զանոնք հեղ մը վերէն վար լուայ: Դուք հնահաւաք մը կը թուիք. Ձեր գիրքը այն զամբիւղներէն է, որուն մէջ նետած էք Ալիշանի, Դուրեանի եւ Սիամանթոյի բոլոր հինցած կօշիկները. ու, ներեցէք, ըսեմ, թէ ինծի պէս աղքատիկի մը մէկ փոխնորդ շապիկն ալ կար անոր մէջ: Գթացէք, պարոն քերթող, գթացէք ի սէր բարեկամութեան, գոնէ իմ շապիկս Ձեր կռնակին վրայ իմ բերանովս [մի] ներբողել տաք:
Յետոյ կ՚ըսէք դարձեալ Ձեր մուրացկանութեան արտօնագիր-նամակին մէջ. «Ես կը զարմանամ իմ տաղանդ ունենալուս վրայ...»: Իրաւ որ ե՛ս ալ կը զարմանամ: Բայց քիչ մը ուշադրութեամբ նայինք երկուքս ալ. շատ կարելի է փոխանակ տաղանդի՝ կաղամբ ըլլայ Ձեր ունեցածը: Եւ ինչպէ՛ս կարելի է, որ, բարեկա՛մ, Դուք տաղանդ ունենաք: Ձեր ճակատը չհամբուրեց Աստուած. Դուք միմիայն ծառայեցիք Մամոնային: Ձեր կեանքը ծանօթ է ինծի: Ձեր ականջները ուղղուեցան մետաղի հունչին. բնութեան աստուածային ներդաշնակութիւնը եւ մարդկութեան մեծ Սրտին բաբախիւնը լսելու նրբութիւնը չունեցան Ձեր ականջները: Դուք չտառապեցաք բնաւ մարդկութեան եւ Ձեր անձին հոգեկան ցաւով. վիշտը սրտերնուդ մէջ կարմիր ակօսներ բացած չէ, որոնց մէջ միայն լոյսը կրնայ բեղմնաւորիլ:
Անկեղծ չէ Ձեր գիրքը, վասնզի Ձեր կեանքին մէջ անկեղծ չեղաք Դուք, եւ երբ բանաստեղծութիւնն անկեղծ չէ, բանաստեղծութիւն չէ: Դիմակաւոր մարդերուն երեսը չի լուսաւորուիր արեւէն: Ձեր տողերը Ձեր սրտէն պէտք էին ելլել, Ձեր երակներէն պէտք էին բխիլ: Արուեստի գործ մը հեղիանկին սրտէն փրթած փերթ մըն է՝ թարմ, արիւնով եւ կեանքով դեռ բաբախուն: Մայր ըլլալ եւ բանաստեղծ ըլլալ միեւնոյն բանն է. երկուքն ալ արիւնելով կը բաժնուին եւ կ՚անմահանան ուրիշ էակներու մէջ. մին կ՚ապրի տասի մէջ, իսկ միւսը կ՚ապրի միլիոններուն մէջ:
Նամակս վերջացնելէ առաջ հարցնեմ Ձեզի. «Ինչո՞ւ հատորով մը աճապարեցիք հրապարակ հանել Ձեր հնահաւաքի քուրջերը»: «Ծառայութեա՛ն մը համար»,- պիտի ըսէք. ո՛չ, փառքի՛ համար, բարեկա՛մ, Դուք ներբողի ծարաւն ունիք: Բայց խնայեցէք գոնէ հայ գրականութեան, հայ մատենադարաններուն, որոնց մէջ պիտի երթայ թառիլ Ձեր գիրքը՝ գուցէ Եղիշէի մը, Ալիշանի մը կամ Ահարոնեանի մը քովիկը: Հայ Պանթէոնի մը կտուրին վրայ մի՛ ծրտէք, քերթող: Դուք բաղձացիք, որ ըսեն. «Կը տեսնէ՞ք սա վարսագեղ պարոնը, արուեստագէտ մըն է, քերթող մը, որ աղուոր բաներ կը գրէ»: «Օ՜, իրա՞ւ կ՚ըսէք, որչափ պիտի փափաքէի, որ զիս սիրէր օրիորդ Նազուկս»: Եւ ահա այսպէս Դուք, սիրելին օրիորդաց, ժողովրդեան խնդութիւն, պիտի անցնիք Ձեր վարսագեղ գլուխով, ուր կաղամբը աւելի ու աւելի պիտի աճի: Սակայն, աւա՜ղ, պիտի տուժէ հայ գրականութիւնը եւ հայ ժողովուրդը, պիտի քաջալերուին Ձեր հարազատ արհեստակիցները: Դուք մրցումներ ալ պիտի ունենաք դէպի Պառնասի գագաթը, մինչեւ որ մուսաներուն կայծակը ջախջախէ Ձեր ոտանաւորին ոտքերը: Խմբագիրները ակնոցը քիթերնէն վար պիտի չառնեն, գրաշարները պիտի շարեն ու շարեն, մամուլները պիտի դառնան ճռնչելով հեծեծագին, եւ Ձեր հրաշալի էջերը մանանայի պէս պիտի տեղան ժողովուրդին վրայ, զոր պիտի ուտէ ու չկշտանա՜յ:
Մնամ անկեղծ՝
Դանիէլ Վարուժան
Ինչպէս կը տեսնէք, Վարուժան իր փառատենչիկ գրչընկերոջ երբեք չի դիմեր անունով, այլ «քերթող», «պարոն քերթող», «բարեկամս», «սիրելին օրիորդաց» մակդիրներով:
Ա՛րդ, յայտնի չէ իր նամակակիցին ինքնութիւնը:
Ի դէպ, այս նամակը այնքան հրատարակուած է հոս ու հոն, որ ա՛լ ձեւով մը դարձած է պարսաւագիր մը՝ ուղղուած անշնորհք, մեծամիտ ու փառամոլ գրչակներու. այլ խօսքով՝ ոչ թէ անոր, որ «կը զարմանա[յ] ի[ր] տաղանդ ունենալու[ն] վրայ»:
Ըստ իս՝ այս երեւոյթին մասամբ նպաստած է Յ. Ճ. Սիրունին: Թանգարանը, գիտնալու համար վերոյիշեալ նամակին հասցէատէրը, կը դիմէ անոր: Ան ալ իր պատասխան-նամակին մէջ կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը.
«Վարուժան այդ գրուածքը ինձ կարդացած է: Որոշ անհատի մը ուղղուած չեն անոնք: Տեսակ մը պամֆլետ է այդ գրութիւնը, որուն մէջ Վարուժան առհասարակ նկատի ունի յաւակնոտ, ամբարտաւան եւ անտաղանդ սկսնակները, որոնք սունկի պէս կը բուսնէին ատեն մը եւ զայն եւս կը ռմբակոծէին իրենց թնդանօթներով եւ նամակներով» («Դանիէլ Վարուժան. նամականի», «Հայաստան» հրատարակչութիւն», Երեւան, 1965, էջ 336):
Իմ կարծիքովս՝ Վարուժանի նամակը իսկապէս հասցէատէր մը ունի: Այս մէկը պարզ կ՚երեւի նախ իր ոճէն՝ բարկաճայթ ու յարձակողական: Ոչ ոք այսպիսի ոճով կ՚արտայայտուի, եթէ ինչ-որ տխմար մը «հագուստէն հանած չըլլայ» զինք:
Մէկ կողմ դնենք ոճը. նամակին մէջ կան բանալի բառեր, արտայայտութիւններ, որոնք կը հիմնաւորեն վերոյիշեալ հաստատումս:
Վարուժան իր նամակին մէջ մասնաւորաբար կը գրէ. «Ի՞նչ կայ անոր մէջ ներբողուելու արժանի. բառերու կուտակո՞ւմը, թէ՞ խժալուր ածականներու արշաւանքը»: Ինչո՞ւ յատկապէս այս երկուքը կը մատնանշէ որպէս թերութիւն եւ ոչ ուրիշներ: Արդեօք բոլոր գրչակները նո՞յն թերութիւնները ունին,- չեմ կարծեր: Իւրաքանչիւրը ինքնայատուկ է իր թերութիւններով, չէ՞: Ինչպէ՞ս զանոնք առնել ու միեւնոյն տուփին մէջ տեղաւորել: Կարելի չէ:
Անցնինք յառաջ:
Վարուժան «հնահաւաք» կը կոչէ այս նորելուկ բանաստեղծը, որ առատօրէն կ՚օգտուի իր նախորդներէն՝ հայր Ղեւոնդ Ալիշանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն, իսկ ժամանակակիցներէն՝ Սիամանթոյէն, անոնցմով կը համեմէ ու կը զարդարէ իր թխուածքները: Մինչեւ հոս ոչինչ կայ տարօրինակ: Սակայն այնուհետեւ Վարուժան կ՚ըսէ՝ «... ու, ներեցէ՛ք, ըսեմ, թէ ինծի պէս աղքատիկի մը մէկ փոխնորդ շապիկն ալ կար անոր մէջ»: Կարելի՞ բան է, որ Վարուժանի պէս մարդկային բարձր արժանիքներով օժտուած բանաստեղծ մը ելլէ, թէկուզ անուղղակիօրէն իր «գովաբանութիւնը» ընէ անհասցէատէր պարսաւագիրի մը մէջ: Մարդ ինչո՞ւ մէկէնիմէկ ինքն իր անձին ու գործին կ՚անդրադառնայ:
Եթէ իսկապէս հասցէատէր չունենար այս պարսաւագիր-նամակը, ապա Վարուժան ոչ մէկ անուն պիտի նշէր՝ Ալիշան, Դուրեան, Սիամանթօ, ըսել կ՚ուզեմ՝ մարնամասնութիւններու մէջ պիտի չմտնէր, այլ հարցը պիտի արծարծէր ընդհանուր դիտանկիւնէ մը:
Ըսեմ, որ Սիրունին սոյն նամակը տպագրած է իր «Դանիէլ Վարուժան» (Պուքրէշ, 1940) ուսումնասիրութեան մէջ ալ՝ անոր կցելով հետեւեալ նօթը. «Վարուժան քացր կը վարուէր սկսնակներուն հետ... գուրգուրանք ունէր սկսնակներու հանդէպ, մանաւանդ անոնց, որոնց մէջ կայծը կը նշմարէր: Բայց յաճախ չէր հանդուրժեր ամբարտաւանութիւնը նորեկներուն մէջ: Կը հեգնէր այն ոչնչութիւնները, որոնք տաճար կը մտնեն ուռած հնդկահաւերու պէս: Հետեւեալ էջը, իր գրչէն ելած, սկսնակի մըն է, որ կ՚ուղղուի» (էջ 89):
Արդեօք բացայայտ հակասութիւն չկա՞յ Գ. Ազնաւուրեանի հարցումին Յ. Ճ. Սիրունիի գրած պատասխանին եւ վերոյիշեալ բացատրութեան միջեւ:
Յ. Գ. Ամէն պարագայի, եթէ փորձենք անպայման համամիտ գտնուիլ Սիրունիին հետ՝ տուեալ նամակը համարելով պարսաւագիր մը՝ ուղղուած «ուռա՜ծ հնդկահաւերու», պէտք է ըսել, որ մեր փորձերը կարելի է յաջողութեամբ պսակել. ոչ միայն «սկսնակ հնդկահաւերու», այլ նաեւ անտաղանդ գրիչներու: Հոն կան այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք անմահ են: Օրինակ՝ «Ձեր գիրքը Ձեզի համար կաւէ արձան մը միայն կրնայ ապահովել», «Շատ կարելի է փոխանակ տաղանդի՝ կաղամբ ըլլայ Ձեր ունեցածը», «Դիմակաւոր մարդերուն երեսը չի լուսաւորուիր արեւէն», «Հայ Պանթէոնի մը կտուրին վրայ մի՛ ծրտէք, քերթող» եւ այլն, եւ այլն: Այնպէս որ, երբ պէտք ըլլայ, կրնանք անվարան դիմել Վարուժանին: Այս իմաստով Սիրունին «կը յաղթէ»:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ