ԵԶՆԻԿԻ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»ԷՆ՝ ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Բ -
Մարդկային միտքը միշտ զբաղեցուցած է սա հարցը, թէ ի՞նչու կայ «չար»ը եւ թէ քանի որ Աստուած բարի՛ է, ապա ուրեմն ի՞նչու առիթ կու տայ չարին՝ որ գործէ եւ վնասէ իր արարածները։ Այս հետեւողութեամբ կը հարցուի նաեւ, թէ՝ «բարի»ն «չար» կրնա՞յ ըլլալ, եւ քանի որ ամէն ինչ Աստուծոյ ստեղծագործութեան արդիւնքն է, ուրեմն ըստ էութեան «բարի» է եւ պէտք չէ որ «չար»ը գոյութիւն ունենայ, եւ դարձեալ, նոյն պատճառով «բարի»ն պէտք չէ՛ վերածուի «չար»ի։
Բայց ոմանք ալ կ՚ըսեն, որ պէտք է կեանքը հասկնալ եւ ապրիլ՝ ի՛նչպէս որ է, եւ քանի որ կեանքի ընթացքին գոյութիւն ունի «բարի»ն եւ՛ «չար»ը, ուրեմն այդպէս ընդունելու է կեանքը եւ շատ չզբաղեցնել միտքը եւ ապրիլ առօրեայ կեանքը՝ այնպէս, ինչպէս որ կը ներկայանայ մեզի. երբեմն «բարի» եւ երբեմն «չա՛ր»։ «Կե՛ր, խմէ՛, վայելէ. մնացեալը պարապ է այս կենքին մէջ…»։ Այսպէս կը խորհին ոմանք։ Ընդհանուր անուանումով «AGNOSTICISM», այսինքն՝ ստուգապաշտութիւն, անգիտականութիւն է այն փիլիսոփայական տեսութիւնը, որ կը խուսափի խորհելէ եւ լուծում փնտռելէ այն հարցերու մասին՝ որոնք վճռական ելք մը, բացատրութիւն մը, պատասխան մը չունին եւ գտնելու հաւանականութիւնն ալ չկա՛յ։ Բայց եթէ հետեւինք «անգիտապաշտներ»ու այս տեսութեան, ապա ուրեմն կարելի չ՚ըլլար երբեք հասնիլ ճշմարտութեան, եւ ամէն մարդ կ՚ըլլայ՝ ուտող, խմող, վայելող անհատ մը՝ որ պարապութեան մէջ՝ պարապ կ՚ապրի կեանքը։
Ահաւասիկ հակառակ այս տեսութեան, թէեւ կարգ մը ճշմարտութիւններ «խորհո՛ւրդ» են, եւ իրապէ՛ս կարելի չ՚ըլլար անոնց հասնիլ եւ ըմբռնել, բայց մենք ուզեցինք իր հմտութեամբ համբաւուած, ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրէ մը՝ Ե. դարու կարկառուն դէմքէն՝ Եզնիկէ լսել, եւ կարդալ «բարի»ի եւ «չար»ի մասին։ Ուստի կը շարունակենք հատուածներ ներկայացներ իր «Եղծ Աղանդոց»էն։
«… Իսկ եթէ հիւլէն երբեմն անզարդ էր, անձեւ ու անկերպարան եւ Աստուած զարդարեց զայն, անոր յոռութիւններէն լաւի դարձնել կամենալով,- ապա ուրեմն կար ժամանակ կը, երբ Աստուած ալ անզարդ էր, անձեւ ու անկերպարան եւ հարկ էր որ հիւլէին նման ինքն ալ խառն ի խուռն շարժէր։
«Եւ եթէ, ինչպէս կ՚ըսեն, ամբողջ հիւլէին մէջ էր Աստուած՝ երբ զայն զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր.- ինք, իրապէս, ո՞ւր պէտք էր ամփոփուիլ, զի կարելի չէր որ տեղ մը ամփոփուէր։ Մի՞թէ ինքզինքն ալ հիւլէին հետ զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր, քանի որ ամփոփուելու տեղ մը չկար։ Բան մը՝ որ վերջին ծայր ամբարշտութի՛ւն է։
«Ապա եթէ ըսեն.- Հիւլէն Աստուծոյ մէջ էր. նոյնպէս պէտք էր քննել, թէ իբրեւ անկէ անջա՞տ բան մը, նման օդի մէջ գտնուող անասուններուն՝ որոնք թէեւ օդին մէջ են՝ բայց զատուած են անկէ. թէ՛ իբրեւ տեղի մը մէջ, ինչպէս ջուրերը երկրի մէջ։
«Եւ վերջապէս, հիւլէին համար կ՚ըսեն, թէ անճահ, անզարդ, անձեւ եւ չար էր։ Եթէ այդպէս է, ինչպէս իրենք կը մտածեն, ապա ուրեմն Աստուած չարիքի պատճառ էր, զի անհեթեթներն ու անզարդները անոր մէջ էին. ի՛նչ որ անհնարին անօրէնութիւն է, կարծել թէ Աստուած երբեմն չարիքի ասպնջական էր եւ ապա արարիչ չարիքի. նաեւ անբաժանելի էր, եթէ հիւլէն իր մէջ էր՝ իբրեւ տեղի մը մէջ։
«Արդ, հարկ է գալ չարիքներու պատճառին եւ ցոյց տալ, թէ ո՛ւսկից են չարիքները, եւ թէ՝ Աստուած չէ՛ պատճառը չարիքներուն, քանի որ անոր մօտ կը դնեն հիւլէն։
«Ուստի, ո՞ր հիւլէն կը դնեն Աստուծոյ մօտ. չէ՞ որ այն՝ ուսկից Ան աշխարհն ստեղծեց եւ որ անկերպարան էր. անզարդ եւ անձեւ։
«Եւ որովհետեւ մենք կը տեսնենք աշխարհը զանազան կերպարանքներով, զարդերով ու ձեւերով, ապա ուրեմն Աստուած արարիչ է կերպարանքներու, զարդերու եւ ձեւերու, եւ ո՛չ թէ գոյացութեան։
«Իսկ եթէ Արարչին գործն է գոյացութիւնն ալ ստեղծել, եւ ո՛չ թէ մի՛այն ձեւը, զարդն ու կերպարանքը, յայտնի է, ուրեմն, թէ աւելորդ է կարծել որ Աստուած իր մօտ գտնուած նիւթէ մը ստեղծեց այս աշխարհը, եւ ո՛չ թէ ոչինչէ եւ չգոյէ։
«Կը տեսնենք, որ մարդիկ ալ չգոյէն բան մը կը շինեն. այսպէս, ճարտարապետները քաղաքներէն չեն շիներ քաղաքներ, ոչ ալ տաճարներէն՝ տաճարներ։ Բայց որովհետեւ անոնք բոլորովին ոչինչէն չեն կրնար բան մը շինել.- այն քարերը՝ որոնցմով շէնքերը կը կերտեն, այլ եւս չեն կոչուիր քար, այլ կամ քաղաքներ կամ տաճարներ, զի քաղաքները կամ տաճարները բնութեան գործ չեն, այլ գո՛րծն են բնութեան մէջ եղող արուեստին։ Եւ արուեստագէտը ոչ թէ բնութեան մէջ իր մօտ եղող բանէ մըն է որ կ՚առնէ արուեստագիտութիւնը, այլ գոյացութեան մէջ տեղի ունեցող պատահարներէն. վասնզի գոյացութիւն մը՝ ո՛չ թէ գոյացութենէ մը կարող է ցոյց տալ արուեստը, այլ՝ հանդիպող պատահարներէն. ինչպէս դարբինը՝ դարբնութենէն եւ հիւսնը՝ հիւսնութենէն. զի մարդը արուեստէն առա՛ջ է. եւ արուեստ չկա՛յ, եթէ նախ մարդը չըլլայ. ուստի հարկ է ըսել թէ՝ արուեստը մարդուն մէջ ոչինչէն տրուած յարմարութիւն մըն է։
«Եւ եթէ մարդոց համար այսպէս է, որչափ աւելի պատշաճ է հասկնալ Աստուծոյ մասին, թէ Ան ո՛չ միայն արարիչ է ձեւերու, զարդերու եւ կերպարանքներու, այլ նաեւ ոչինչէն կարող է ստեղծել գոյացութիւններ, եւ ոչ թէ ասոնք նկատել արգասիք նիւթի՝ որմէ Աստուած ընտրեց բարին՝ մէկ կողմը եւ մրրախառն չարը՝ միւս կողմը, որով եւ մրրախառնը կը ջանայ պղտորել յստակը։
«Չարիքները, որ կ՚ըլլան. ո՞ւսկից են։
«Այս հարցումը մեզ կը տանի -չարիքին սկիզբ-ին։
«Ուրեմն մենք ալ հարցնենք.- Չարիքը, որ տեղի կ՚ունենայ, գոյացութի՞ւն է, թէ գոյացութեան արգասիք։
«Կ՚ըսեն.- Պատշաճ է կարծել, թէ գոյացութեան արգասիք են չարիքները…»։
-Ծանօթագրութիւն.- Աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան։
«Եղծ» = աղաւաղում, հերքում, ժխտում, հակափաստ։
«Հիւլէ» = անբաղադիր առաջին տարր, կորիզ, մասնիկ։
«Ամբարշտութիւն» = անօրէնութիւն, անաստուածութիւն։
«Անճահ» = անյարմար, անվայել, անպատշաճ, անտեղի։
«Անհեթեթ» = իմաստազուրկ, հակասական, անտրամաբան։
«Ասպնջական» = հիւրամեծար, հիւրասէր, հրաւիրող։
«Դարբին» = երկաթագործ։
«Հիւսն» = ատաղձագործ, տան ատաղձը պատրաստող։
«Արգասիք» = արդիւնք, վաստակի պտուղ։
«Մրրախառն» = մրումով՝ հեղուկի յատակի աւելցուքով, մնացորդ՝ «դիրտ»ով խառնուած, բաղադրուած։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 11, 2016, Իսթանպուլ